Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցական Աւանդներուն, Գաղափարական Հարստութեան, Արժեհամակարգին Հետ Ապրելու Համակող Պահ Մը (Սարգիս Զէյթլեանի Կիսանդրիի Բացման Առիթով)

Օգոստոս 8, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Անոնք, որոնք ուրբաթ, 3 օգոստոս 2023-ին Այնճարի մէջ ներկայ գտնուեցան հակադաշնակցական պայքարի զոհ դարձած, առեւանգուած ու ապա նահատակուած դաշնակցական խոհուն մտաւորական,  եզակի ղեկավար ու հանրային գործիչ Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրիի բացման հանդիսութեան, վստահ եմ, որ իրենք ալ անվարան պիտի հաստատեն, որ ապրեցան ներշնչումի եւ վերալիցքաւորման անզուգական պահ մը:

Պատանին, ԼԵՄ-ականը, կուսակցական ընկերը, հարազատը եւ ժողովուրդը հոն էին: Յայտագիրին ընթացքին բոլորին աչքերը սեւեռած էին դէպի կիսանդրին եւ մեծագոյն ներկան ի՛նքն էր` ընկեր Սարգիսը, որ մուտք գործած էր իր անունը կրող ժողովրդային տան բակը, համախմբած էր բոլորը եւ իր ձայնով, պատգամով ու նայուածքով մագնիսացուցած էր շրջափակին մէջ ներկայ եղող բազմութիւնը:

Արտասանուած խօսքերը` ընկեր Սարգիսին եւ անոր մեծ վաստակին մասին ըլլալով հանդերձ, Դաշնակցութեան աւանդներուն, գաղափարական արեւելումին, կազմակերպական արժեհամակարգին, յեղափոխական մարտական կերտուածքին ու վերջապէս դաշնակցական տիպարին ու անոր զոհաբերութեան, անանձնական նկարագիրին եւ բարոյական վեհ արժէքներու ու վերարմատացման ուղենշային յստակ պատգամներ էին, որոնց կենսական նշանակութիւնը մեր օրերուն խորհրդածութիւններու առիթ կը ստեղծէ անտարակոյս:

Ա.- Ընկ. Սարգիս դարձեալ կը յիշեցնէր բոլորիս:  Դաշնակցական յախուռն մտաւորականի եւ գործիչի տիպարը մեր հաւաքական կեանքին մէջ ճառագայթող ներկայութեան վերածելու եւ այդ ճամբով դաշնակցական խօսքը ամէնուրեք հասանելի դարձնելու եւ անշո՛ւշտ` գաղափարական շունչով, ոգիով, համոզումով եւ նաեւ քաջութեամբ ու անկեղծութեամբ արտայայտելու պահանջը:

Բ.- Երիտասարդութիւնը միշտ շարժման մէջ պահելու, հայութեան ներկան ու ապագան հոն երաշխաւորուած տեսնելու եւ մեր յարատեւ կռուի հաւատամքը հզօրացնելու համար Սարգիս Զէյթլեան դարձեալ եկած էր վճռակամութեամբ ու արձագանգող ձայնով ըսելու իր խօսքը ու բոլորը դնելու պատասխանատուութեան դիմաց: Այո՛, ան ներկայ էր պահանջելու, որ Դաշնակցութեան հնոցը մեր ազգին ու հայրենիքին այս բախտորոշ ժամանակահատուածին յաւելեալ թափ տայ մարդուժի պատրաստութեան ու Հայ դատի հետապնդման պայքարին:

Գ.- Տեսլապաշտութեան եւ հեռանկարային գործունէութեան ռահվիրայ, ազգային ռազմավարական տեսութիւններ յստակօրէն բանաձեւող ընկ. Սարգիս հակազդողի դիրքը մերժել ու նախաձեռնութեան ոգին կենսաւորող ու ամրագրող ուժն ու կամքն էր, որ կը փոխանցէր մեզի: Այդ կենարար ուժին մեր կեանքը խիստ կարիքը ունի այսօր, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմակալել հայրենազրկումի, այլասերումի եւ անձնատուութեան բոլոր համաճարակները, որոնք կը սպառնան հայ կեանքին ու հայրենիքի անսասանութեան:

Մեր միջավայրը հականեխելու, տեղատուութիւնը մերժելու ու նահանջը կասեցնելու, ազգային մտածողութիւն վերադարբնելու համար գաղափարի մարտիկի ծաւալած պայքարը հարկ է, որ վերընձիւղուի մեր կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ:

Դ.- 3 օգոստոսի երեկոյեան կրկին անգամ հայութեան բարեկամն ու թշնամին ականատես դարձան, որ հակադաշնակցական պայքարը ոչ մէկ ատեն յաջողած է Սարգիս Զէյթլեանի պաշտած կուսակցութիւնը շեղեցնել իր նպատակէն ու առաքելութենէն: Այլ ընդհակառակն, հայրենանուիրումի ու պայքարի ջահը մնացած է անմար, եւ այդ ջահը ահաւասիկ կը բոցավառի անոր կիսանդրիէն, անոր գաղափարներն ու համոզմունքները  կը լուսաւորեն  հայ կեանքն ու մեր գոյերթը:

Պատմութեան բոլոր փուլերուն ձախողած հակադաշնակցական պայքարը աւելի ազդու ու տիրական կը դարձնէ Սարգիս Զէյթլեանի բացած ուղին` մեր ուղին, դաշնակցական պատմական հարուստ կենսափորձ նուաճած ուղին, եւ անոր յեղափոխական կտակին ընդառաջ հարազատ տուն կը կանչէ բոլորը:

Ե.- Հայկական արեւելումի անխորտակ գաղափարախօսութիւնը այժմէական իր երանգներով իմաստաւորեց Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրին: Հայութեան եւ Հայաստանի շահը ամէն բանէ գերադասելու, ճշմարիտ ուղիին փարոս դարձած է այսօր այս կիսանդրին: Շնորհիւ այդ փարոսին ու անկէ բխող գերագոյն զոհաբերութեան վեհ իտէալին, հայ մարդը նոր յաղթանակներու ընդառաջ առաջին հերթին պարտաւոր պիտի զգայ հայկական ինքնութեան վերակերտումին ու իր կեանքի հայրենացման, աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուի:

3 օգոստոսին Սարգիս Զէյթլեանի կիսանդրին խօսեցաւ բոլորին ու պիտի շարունակէ խօսիլ մի՛շտ ու պատգամէ մեզի.

«Դեհ սեւ օրեր բողոք դարձէ՛ք,
Արիւն քրտինք երկունք մտէ՛ք,
Տանջանք, զրկանք լեզու առէ՛ք,
Դաշնակցութեան ճամբայ բացէ՛ք»:

 

 

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ Քարլոս Սէֆէրեանի Կորուստը

Յաջորդը

Պիչ Վոլիպոլ. Հայաստան-Ազրպէյճան` 2-0

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Փորձութիւն
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 31, 2025
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?