ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ դաշնակցականի տիպարը:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Կանոնագիրի առաջին եւ չորրորդ յօդուածներո՞վ:
Աղբալեանի բանաձեւած տիպարին մօտեցումո՞վ:
Դաշնակցականը, բոլոր ժամանակներուն, ձգտած է հասնիլ այդ տիպարին, որուն գրեթէ ոչ ոք հասած է:
Բայց կա՛յ դաշնակցականի տիպարը:
Իւրայատուկ բան մը, առաքինութիւն մը, բարեմասնութիւն մը կայ ամէն իրաւ դաշնակցականի մէջ: Այդ բոլոր առաքինութիւններուն եւ բարեմասնութիւններուն համագումարն է, որ կը կազմէ դաշնակցականի տիպարը: Դաշնակցականը նաեւ սխալական է, որովհետեւ մարդ է, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը աստուածային կուսակցութիւն չէ:
Չորրորդ գունդի հրամանատար Քեռին ամուսնացաւ, ինչպէս կարգ մը այլ ֆետայիներու պարագային: Ամուսնութենէն ամիս մը ետք, ան բարձրացաւ լեռները եւ միացաւ ֆետայական խումբերուն: Քեռին իր կնոջ «այցելութեան» եկաւ աւելի քան տարիէ մը ետք, այլ ֆետայիներու հետ, «անկէ անցնելու ատեն»: Նոյնն է բոլոր պարագային ամուսնացած ֆետայիներու, որոնք «այցելութիւն» կու տային իրենց կիներուն` երբեմն չորս-հինգ տարի ետք… Արդեօք դաշնակցականներ չէի՞ն անոնք:
Բալապեխ Կարապետը արդեօք կարդացա՞ծ էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրագիրը, գաղափարաբանութիւնը: Հրայր Դժոխքը արդեօք Դաշնակցութենէն տարբեր տեսակէ՞տ չունէր հայկական յեղափոխութեան մասին, արդեօք տարբեր շկոլայի (դպրոցի) չէ՞ր պատկաներ հայկական յեղափոխութեան մարտավարութեան մէջ: Գարեգին Նժդեհը միթէ ամէն ատեն ենթարկուեցա՞ւ Դաշնակցութեան հրահանգին տարբեր-տարբեր ճակատագրական փուլերուն: Նիկոլ Դումանը արդեօք սրտանց եւ ամբողջական պատրաստականութեամբ մասնակցեցա՞ւ Պարսկական յեղափոխութեան: Արդեօք հրահանգի պարզ ենթարկուածութիւն չէ՞ր իրը:
Կարելի է շարունակել այսպէս:
Բայց Բալապեխ Կարապետներու, Հրայր Դժոխքներու, Գարեգին Նժդեհներու, Նիկոլ Դումաններու եւ այլոց համախմբումն է դաշնակցականի տիպարը: Ու հասարակաց գիծը, որ կը տիրապետէ բոլորին մէջ, յեղափոխական գործին հանդէպ անձնուիրութիւնն է, անձնազոհութեան, իրենց կեանքը տալու պատրաստականութիւնն է: Այդ բոլորին համար կեանքի իմաստը բոլորանուէր մասնակցութիւնն է ֆետայական գործունէութեան, իրենց կեանքին իսկ գնով:
Ռուբէն Տէր Մինասեան կը հաստատէ իրաւամբ. «Դաշնակցութեան համար արժէք չէ անհատի դասակարգային ծագումը, անցեալը, հարստութիւնը, տիտղոսը, մտաւոր պաշարը եւ այլն: Միայն ու միայն երեք արժէքներ նկատի կ՛առնուին – հաւատարմութիւն, զոհաբերութիւն (ներկայի համար) եւ գործելու եռանդ»:
* * *
Անդոն դաշնակցական էր իր իւրայատուկ նկարագիրով եւ անհատականութեամբ: Տիտղոսներ չունէր ան, այլ մանաւանդ կու գար համեստ ընտանիքէ, յատկանշական ուսում չունէր, բայց ոչ մէկ ատեն սակարկութեան դրաւ իր բոլորանուէր մասնակցութիւնը կռուի դաշտին վրայ կամ խաղաղ օրերուն: Ամբողջականօրէն եւ ամբողջ սիրտով զոհաբերեց ինքզինք Դաշնակցութեան, հայութեան եւ մարդկային բարօրութեան համար: Աշխատեցաւ իրեն տրուած պարտականութիւններէն ալ անդին: Եւ այս բոլորը` լռութեամբ, խոնարհութեամբ, հեզութեամբ: Ոչ մէկ ատեն անջատեց Դաշնակցութիւնը հայութենէն եւ ոչ ալ հայութիւնը` մարդկութենէն:
Անդոն կուսակցութեան շարքերը անցած էր ՀՅԴ Պատանեկան միութենէն. 1950-ական եւ 1960-ական թուականներոււն, Դաշնակցութեան շարքերը կ՛անցնէին պատանեկան միութիւններէն:
Անդոն իր ազգային-կազմակերպական գործունէութիւնը սկսած է Համազգայինի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին մէջ: Եղած է գործօն անդամ: 1968 յունիսին մաս կազմած է Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին, Լուիճի Փիրանտելլոյի «Ո՞րն է ճշմարիտը» թատերախաղին մէջ` ստանձնելով ոստիկանապետ Չենթուրիի դերը: Միայն մէկ անգամ դերասանութիւն ըրած է:
Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներու առաջին երկու տարիներուն, ինչպէս ակնարկեցինք նախապէս, Անդոն, շատ ուրիշներու նման, գործնապէս մասնակցեցաւ հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան: «Վանայ ձայն»-ին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին (5 յուլիս 2023), Պուրճ Համուտի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ` Նազարէթ Ապունայեան, կը յայտնէ, որ Անդրանիկ Մսըրլեանը պատասխանատու էր Նոր Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց նախակրթարանի շրջակայքը գտնուող թաղամասերուն` Յարութիւն Քեպապճեանի հետ: Ապունայեան կ՛ըսէ. «Ռմբակոծումներու օրերուն, Անդրանիկ Մսըրլեան ամբողջ ժողովուրդին յոյս կը յայտնէր` ըսելով. «Մի՛ վախնաք, հինգ վայրկեանէն պիտի դադրի ռմբակոծումը: Հիմա ուշադրութիւն ըրէք դուք ձեզի»: Ան միշտ կը քաջալերէր ժողովուրդը եւ լաւատեսութիւն կը յայտնէր պատերազմի ամբողջ տեւողութեան»:
Անդրանիկ Մսըրլեան դաշնակցականին մասին արտայայտուեցաւ Մարտիկ Տեմիրճեան «Վանայ ձայն»-ի նշեալ հարցազրոյցին մէջ: Ան ներկայացուց Անդոն` անոր զանազան գործերուն ընդմէջէն: Այդ հարցազրոյցէն որոշ մասեր կը բանաձեւեմ այստեղ:
Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներու առաջին քանի մը տարիներուն մեր համայնքը, այլ համայնքներու նման, քայքայուած էր: Այդ օրերու Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի տնօրէնն էր Հայկ Թիլպեան (1945-1999), որ կը ղեկավարէր Մերձաւոր Արեւելքի նոյնանուն հաստատութեան գործերը: Այսինքն, ան լաւատեղեակ անձնաւորութիւն էր շրջանի ժողովուրդներու կարիքներուն: Ինք յարաբերութիւններ ունէր զուիցերիական ընկերային հարցերով զբաղող հաստատութիւններու եւ անոնց ղեկավարներուն հետ: Այս նոյն հաստատութիւններն էին, որ պատերազմէն առաջ հիմնած էին կուրանոցը, ծերանոցը եւ այլն: Պատերազմի ընթացքին, անոնք ոչ միայն ծաւալեցին իրենց գործունէութիւնը, այլ նաեւ նոր գաղափարներ յառաջ բերին:
Անդոն, Հայկ Թիլպեանի խողովակով, լսած էր, որ զուիցերիացի գործիչները մասնագիտական մօտեցումներ ունէին եւ կրնային շատ ծրագիրներ յաջողցնել, մանաւանդ որ նիւթական հնարաւորութիւններ ալ ունէին: Անդոն հետամուտ էր նորութիւններու: Կը հաւատար նորարարութեան եւ նոր նախաձեռնութիւններու: Ան եղաւ այն մարդը, որ նշեալ մարդոց տուած գաղափարները կրցաւ կուսակցական խողովակէ անցընելով` գործնականացնել: Այդպէս է, որ հիմնուեցաւ Ազգային Խորհուրդը (1977), որ գրեթէ ընկերային հարցերու նախարարութիւն մը եղաւ (Լիբանանի կառոյցներու քայքայումին պատճառով), եւ որ շատ օգտակարութիւն ունեցաւ հայ համայնքին: Անոր պարտականութիւնն էր դրամ հաւաքել, պատերազմի պատճառով փլած տուներ նորոգել, վիրաւորներու խնամք տանիլ, նոր շէնքեր կառուցել, որպէսզի Պուրճ Համուտի ժողովուրդը շրջանին մէջ մնայ, ինչպէս նաեւ ընկերային այլ ծառայութիւններ կատարել: Ազգային խորհուրդէն ետք, ստեղծուեցան ԱՖԷՏ-ի եւ ԱՖՀԻԼ-ի կառոյցները: Ահա հո՛ս է Անդրանիկ Մսըրլեանի ներդրումը այս հաստատութիւններուն մէջ: Պատերազմի ընթացքին ստեղծուած կառոյցներուն հիմնադիրը չէր ան: Այդ բոլորը կը կատարուին հաւաքական ճիգերով: Երբեմն նաեւ հաւաքական ճիգն ալ չի բաւեր` երբ ծրագիր մը կ՛ուզես գործնականացնել: Անդոն մղիչ ուժ հանդիսացաւ, որ ասոնք աշխուժանան: Անոր հաստատակամութիւնը, հարցերու մօտենալու եղանակը, ինչպէս նաեւ անձի օրինակը մեծ դեր խաղացին այդ հաստատութիւններու զարգացման: Կան շատ գործեր, որոնք կապուած են անոր անունին:
* * *
Անդոն ընթացիկ հասկացողութեամբ դաշնակցական չէր, կը հաստատէ Մարտիկ Տեմիրճեան: Կուսակցութիւնը անոր համար միջոց էր: Շատերու համար կուսակցական գործունէութիւն ըսելով` կը հասկնան հրահանգի ենթարկուիլ, կոմիտէ կամ Կեդրոնական կոմիտէ ըլլալ եւ այլն: ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական միութեան հիմնադրութեան տարիներուն, Անդոն այդ կառոյցի Կեդրոնական վարչութեան մաս կազմած է եւ ստանձնած` պատասխանատու գործ: Յետոյ, 1989-1990 տարիներուն, Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներու ամէնէն թէժ շրջանին, Անդոն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչն էր ԼՕԽ-ի մէջ: Առտու-իրիկուն կը մնար «Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ: Փաստօրէն, ան կը կատարէր տնօրէնի պաշտօնը: Բժիշկները, հիւանդապահուհիներն ու պաշտօնեաները բոլորն ալ կը դիմէին իրեն` հարցերուն բարւոք լուծում տալու համար: Վազգէն Էթիեմեզեանի նուիրուած գրութեանս մէջ արտայայտուած եմ, որ այդ օրերուն կարելի չէր Պուրճ Համուտի գերեզմանոցը հասնիլ` թաղում մը կատարելու համար: Անդրանիկ Մսըրլեանի կարգադրութեամբ, մեռելները ժամանակաւորապէս թաղուեցան հայ Ծերանոցին դիմաց գտնուած հողամասին մէջ (այն ատեն կամուրջը չկար), ապա` «Շաղզոյեան» կեդրոնին կից ընդարձակ տարածութեան մէջ: Եզրակացնելով, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնը իր բժշկական եւ ընկերային զոյգ բաժանմունքներով, շնորհիւ Անդրանիկ Մսըրլեանի ներկայութեան, ամբողջականօրէն գործուն դերակատարութիւն ունեցաւ Լիբանանի արտակարգօրէն տագնապալի այդ շրջանին: Կեդրոնը իր գործունէութեամբ արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը:
Անդրանիկ Մսըրլեանը կազմակերպական բացառիկ շնորհներով օժտուած պատասխանատու մըն էր: Ընդհանրապէս գանձապահի պաշտօնը կ՛առնէր Կեդրոնական կոմիտէի եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան մէջ: Ապահովական եւ տնտեսական տագնապալի օրերուն դիւրին չէր գանձապահի պաշտօն ստանձնել, որովհետեւ բնական եւ խաղաղ օրերէն շատ աւելի դժուար էր պիւտճէ յառաջացնել: Այստեղ ալ կը գտնուի Անդոյին ներդրումն ու կազմակերպական շնորհները:
Շրջան մը` 1989-1991, Անդոն Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը եղաւ նաեւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան մէջ: Թատերասրահը կը պահանջէր արմատական վերանորոգում: Ինքն էր դարձեալ, որ հետապնդեց այս գործը: Նորոգութեան աշխատանքները ընդգրկեցին հետեւեալ մարզերը.
Ա) Ելեկտրականութեան եւ օդափոխիչի (AC) նորոգութիւն: Օդափոխիչի սարքաւորումը, որ գրեթէ անգործածելի վիճակի մէջ կը գտնուէր, ամբողջականօրէն նորոգուեցաւ: Ամբողջացաւ սրահի ընդհանուր լուսաւորումը: Սրահը օժտուեցաւ ելեկտրածին մեքենայով:
Բ) Ձայնի ամբողջական սարքաւորում:
Գ) Սրահի աթոռներու նորոգութիւն եւ վերադասաւորում. երկար տարիներէ ի վեր սրահին աթոռները չէին նորոգուած: Կատարուեցաւ աթոռներու երկաթէ մասի եւ երեսներու նորոգութիւն: Պեթոն սալայատակը բարձրացաւ եւ աթոռներու վերադասաւորում տեղի ունեցաւ:
Դ) Կատարուեցան ընդհանուր ներկի աշխատանքները:
Ե) Տանիքի նորոգութիւն – սրահը ենթակայ էր խոնաւութեան եւ տանիքէն հոսող ջուրի: Այս վիճակը կ՛ենթադրէր հիմնական նորոգութիւն, որովհետեւ նախապէս եղած զանազան տեսակի նորոգութիւնները շօշափելի արդիւնք չէին տուած: Այս առումով դիմուեցաւ անհրաժեշտ մասնագէտներու, եւ սրահի խոնաւութեան հարցը իր լուծումը գտաւ:
* * *
«Արին» կեդրոնի շինարարութեան ատեն, Անդոն երկու-երեք տարի զբաղեցաւ այդ աշխատանքով, որ կը պահանջէր նիւթական հսկայ միջոցներ: Անդոն, հակառակ զանազան քննադատութիւններու այդ առթիւ, վճռական էր եւ իր որոշումին տէրը: Մարդոց տպաւորութիւնները կամ քննադատութիւնները չազդեցին իր վրայ: Իրողութիւնը այն է, որ շէնքը կառուցուեցաւ:
Մարտիկ Տեմիրճեան, որ Անդոյին պաշտօնակիցը եղած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան մէջ, ներկայացնելով անոր գործուն դերակատարութիւնը, կը յայտնէ, որ վերջին շուրջ քսան տարիներուն յատկանշական եղաւ «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի տեղափոխութիւնը Պէյրութէն Մըզհեր շրջանը: Հողի գնումէն մինչեւ դպրոցի նոր շէնքին կառուցումը, նաեւ դպրոցին գոյատեւումը կը պահանջէին մեծկակ գումարներ: Տնօրէն Հրաչ Տասնապետեանի օրով, դպրոցի պահպանման հաշուոյն, Ճեմարանի բոլոր կտակներու դրամագլուխները ծախսուեցան` «հարկը օրէնքը կը լուծէ»-ի տրամաբանութեամբ: Սկզբունքով, այդ կտակները անձեռնմխելի գումարներ են, որոնք կը գործածուին յատուկ նպատակներու համար` ճշդուած կտակարարներուն կողմէ: Հաւանաբար շուրջ երեսունէ աւելի կտակներ, միլիոնաւոր տոլարներ արժէքով, պէտք է վերականգնէին: Այս շատ դժուար աշխատանքի իրագործման ճամբուն վրայ, Յակոբ Եափուճեան, Անդրանիկ Մսըրլեան եւ Կեդրոնական վարչութեան այլ անդամներ, տարիներով աշխատեցան, որ վերականգնեն կտակները, եւ յաջողեցան: «Ես մասնակցած եմ Համազգայինի Պատգամաւորական ժողովի մը», կը շարունակէ Մ. Տեմիրճեան, «երբ Համազգայինի քով մէկ սենթ անգամ չկար: Պատգամաւորական ժողովը աւարտեցաւ զերօ պիւտճէով, պիւտճէ չքուէարկուեցաւ, որովհետեւ դրամ չկար»: Անկէ ետք, «Նշան Փալանճեան» ճեմարանը վարձու տրուեցաւ, բա՛ն մը, որ որոշ չափով մեղմացուց Համազգայինի նիւթական տագնապը: Այս բոլորին մէջ պէտք է տեսնել Անդրանիկ Մսըրլեան անհատին յամառութիւնը, աշխատասիրութիւնը, հետեւողականութիւնը, հետապնդումը, նախաձեռնութեան ոգին, որոնք բարւոք լուծում տուին հարցերուն:
Յետոյ, Համազգայինի կալուածներուն, ներառեալ Դաշնակցութեան, պետական-օրինական թուղթերը կը գտնուէին տակնուվրայ վիճակի մէջ: Անդրանիկ Մսըրլեան եւ ուրիշներ տարիներով աշխատեցան օրինականացնելու այդ բոլորը: Եւ առջեւէն քալողը նորէն ի՛նքն է, Անդոն, որովհետեւ ինք գանձապահն է, եւ իրմէ պէտք է, որ անցնէր ամէն բան:
* * *
Շատ խոր էր դաշնակցական ընկերականութիւնը Անդոյին մէջ: Ամէն բանէ վեր էր յարգանքը օրուան ղեկավարութեան հանդէպ: Ինք եւ ես տարբեր ալիքներու վրայ կը գտնուէինք: Կը պատահէր, որ ես եւ շատ ուրիշներ դէմ խօսէինք Դաշնակցութեան օրուան ղեկավարութեան գործելակերպին եւ որդեգրած մարտավարութեան, ինք մեզմէ տարբեր մօտեցում ունէր` միշտ պաշտպանելով ղեկավարութիւնը: Հաւանաբար ինք ալ ներքնապէս կը բաժնէր մեր կարգ մը մտածումները, բայց երբեք չէր արտայայտուեր այդ մասին: Դիմագիծը իր ներաշխարհի մտածումներուն ցոլացումը չէր երբեք:
Նոյն մօտեցումը ունէր Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նկատմամբ: Հրաժարելէ ետք քաղաքապետի պաշտօնէն, բացարձակապէս չարտայայտուեցաւ քաղաքապետութեան մասին եւ չքննադատեց զայն: Նոյնը պատահած էր, երբ կը գտնուէր քաղաքապետի պաշտօնին վրայ: Ան երբեք չխօսեցաւ նախորդ քաղաքապետին կամ քաղաքապետերու գործելակերպին մասին: Անդոն լաւ գիտէր, որ ամէն պատասխանատու իրեն յատուկ նկարագիրով ու գործելակերպով կը ղեկավարէ իր ստանձնած գործը: Այս մօտեցումին հիմքը իր ազնիւ ընկերականութիւնն էր, որ յարգանք կը պարտադրէր շատերու:
Անդոն, տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի բանաձեւումով, դաշնակցականական դաշնակցական էր:
Դաշնակցութեան մէջ երեւոյթ մըն էր:
(Շար. 5)