Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չէզոքացնենք Յանձնուողականութիւնը, Վերանորոգուինք, Վստահինք Երիտասարդութեան, Դաշնակցականանանք Եւ Հետեւողական Գործով Շարունակենք Լիզպոնի Հինգին Ուղին

Օգոստոս 9, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Երբ թշնամին կը շարունակէ ուրացման քաղաքականութիւնը, կը մերժէ իր գործած ոճիրները, ջարդերը, երբ համաշխարհային ընտանիքը լուռ է շրջանառուող ողբերգական ու անմարդկային լուրերուն վերաբերեալ եւ միայն դիտողի ու արձանագրութիւն պահողի կարգավիճակի մէջ է, երբ քանդուած, գրաւուած ու կերպարանափոխուած եկեղեցիներուն զանգերը չեն հնչեր, եւ դարերու «Հայր Մեր»-ը կարելի չէ հազարամեայ խորաններէն բարձրաձայնել, երբ դիւանագիտական ճիգերն ու խաղաղ միջոցները չեն արդիւնաւորուիր` ներկայացնելու ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ հայրենազուրկ դարձած հաւաքականութեան իրաւունքները, ապա նշեալ հասարակութեան արդար իրաւունքն է ուժի կիրարկումով յառաջացնելու ցնցում, պայթումային վիճակ` ներկայացնելու ե՛ւ համաժողովրդային պոռթկումը ե՛ւ ազգային պահանջը, Դատը: Այո՛, այս պարագային «Մեր ժողովուրդի ինքնորոշումը ապահովող միակ միջոցը զինեալ պայքարն է»:

Հոս ռումբի ձայնը` յեղափոխական գործողութիւնը էական է: Ֆիզիքական վտանգի ենթարկուած հաւաքականութիւնը, այլընտրանքներ չունենալու պարագային, իր գոյութիւնը պահպանելու անժամանցելի իրաւունքը ունի թիրախաւորուած գործողութիւններու դիմելու` երէկ եւ մի՛շտ…

Այս շրջագիծին մէջ պէտք է բնութագրել «Հայ յեղափոխական բանակ»-ի Լիզպոնի գործողութիւնը, որ էապէս ցնցեց աշխարհը:

1 օգոստոս 1983-ին «Շարք էլ Աուսաթ» օրաթերթին մէջ Ահմետ Պահաէտտին կը գրէ. «Մարդը յուսահատութեան մղող պատմական բռնութիւններէն մէկն է հայերուն պարտադրուած պարագան: Եւ պատմութեան ընթացքը տնօրինող ուժերը մինչեւ հիմա չսորվեցան, որ բռնութեան անխուսափելիօրէն պիտի հակադարձէ այլ բռնութիւն մը, թէկուզ` բնազդօրէն… որքան ալ որ երկարի ժամանակը»:

Ա.- Լիզպոնի գործողութիւնը թշնամիին մօտ ահ ու սարսափ յառաջացնելու առումով յաջողեցաւ: Թուրքիոյ զինուորական վարչամեքենային պետ զօր. Քենան Էվրեն 31 յուլիս 1983-ի յայտարարութիւնը լաւագոյն ապացոյցն է. «Թուրքիա տեղի պիտի չտայ «հայ անջատողականներու մարտավարութեան առջեւ» ու «ոչ իսկ բթաչափ մը հող պիտի զիջի իր հողերէն»:

Բ.- Գործողութիւնը միջազգային առումով յաջողեցաւ, որովհետեւ յաջորդող տարիներուն մեծ թափ ստացան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքները, եւ միջազգային մամուլը գործողութենէն ետք սկսաւ լայնածաւալ կերպով քննարկել Ցեղասպանութեան հարցը, խորհրդարանները որդեգրեցին հայանպաստ բանաձեւեր, հակառակ անոր որ մեծ դերասանները չուզեցին տեղաշարժը արձանագրել: Այդ օրինակներէն մէկն է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռոնըլտ Ռիկըն, որ դատապարտեց Լիզպոնի դէպքը ու յայտարարեց, որ` «Հաղորդակցութեան մէջ պիտի մտնէ այլ երկիրներու պետերուն հետ` թուրք դիւանագէտներու ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար»:

Գ.- Գործողութիւնը ներհայկական առումով յաջողեցաւ, որովհետեւ հայ երիտասարդութեան մէջ պայքարելու ոգին եւ կամքը վերականգնեցան` դառնալով խորհրդանիշ եւ ներշնչման աղբիւր: Յուլիս 1984-ին Վազգէն Էթիեմեզեանի կողմէ «Կայծեր»-ին մէջ գրուած գրութիւնը լաւագոյն ապացոյցն է` հաստատելու, որ Լիզպոնէն ետք երիտասարդութեան մէջ ստեղծուած էր գործը շարունակելու ու «երթալու» գաղափարը. նոյնիսկ շատեր նեղացած էին, որ իրենց կարգ չէր տրուած: Էթիեմեզեան այսպէս կը գրէ. «Եթէ այս տղոց օրինակը խղճի խայթ կը պատճառէ ոմանց, որոնք կը մտածեն, թէ Լիզպոնի մեր տղոց փոխարէն իրե՛նք պէտք էր զոհուէին, ապա խղճի խայթը կը համարենք պարտուողական եւ համակերպումի մղող հոգեկան ախտ: Այս երկար ճամբուն վրայ անպայման որ նոր սխրանքներու առիթներ կը տրուին»:

Գործողութիւնը ապացուցեց, որ մենք միայն մեր բազուկներուն կրնանք վստահիլ: Մենք մեր ձեռքերով ու բռունցքներով կրնանք մեր Դատը լուծել եւ չենք կրնար ապաւինիլ օտարին: Այսօր պարտութիւններ կը կրենք, որովհետեւ հայ ըլլալէ աւելի` ռուսամէտ ենք, ֆրանսամէտ ենք, ամերիկամէտ ենք, օտարացած ենք, եւ նոյնիսկ շատեր թրքամէտ են ու մեր փրկութիւնը Թուրքիոյ ափերուն մէջ կը տեսնեն:

Եթէ պահ մը վերադառնանք 1983 թուական ու փորձենք վերյիշել եւ կամ ապրիլ Լիբանանի տագնապալի օրերը, երիտասարդութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ պայմանները, եւ այս բոլորին մէջ հայրենիքի հատուածի մը խորհրդայնացած եւ տեղ մըն ալ գրաւուած կարգավիճակը, եւ տակաւին, համահայկական պայքարի ու զօրաշարժի բացակայութիւնը, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմն ու երկրի ընկերատնտեսական պայմանները, ապա առաւել եւս կրնանք ընկալել, թէ այս համընդհանուր մթնոլորտին մէջ ի՛նչ դժուար է հայրենիք չտեսած` հայրենիքին համար կեանքը զոհաբերելը… Բայց ունէին հայրենիքի տեսիլքը, ինչպէս Լիզպոնի նահատակներու պանթէոնին հեղինակ լիբանանահայ քանդակագործ Զաւէն Խտըշեան ըսած է. «Այս տղաքը իրենց մէջ ունէին հոգեւոր հայրենիքի տեսլականը: Դժբախտաբար այսօր շատերու մօտ փուլ եկած է հոգեւոր հայրենիքի շէնքը…»:

Լիզպոնի հինգը Դաշնակցութեան դպրոցին ճամբով, ԼԵՄ-ին մէջ, տեսած էին Հայաստանը, ա՛յն Հայաստանը, որ մեր տեսլականն է, մեր ձգտումն է: Տեսած էին մեր ակումբներուն մէջ, տեսած էին մեր ֆետայիներու դրուագներուն եւ գործերուն ճամբով: Տեսած էին մեր ընտանիքներուն մէջ:

Մարդիկ պատերազմի կ’երթան կռուելու ու յաղթելու համար… Պատերազմին մասնակցողը չ’ուզեր մեռնիլ, այլ կ’ուզէ սահմանը փրկել, ազատագրել եւ մարտական գործողութեան նպատակները իրականացնել, իսկ Լիզպոնի տղաքը գացին մեռնելու` ֆիզիքական ինքնաոչնչացման: Այստեղ հոգեմտաւոր պատրաստուածութիւնը ամբողջովին տարբեր է: Տակաւի՛ն, երբ այդ գերագոյն զոհաբերութիւնը կ՛իրականանայ ամբողջական գիտակցութեամբ ու համոզմունքով, առաւել եւս կ’ամրապնդէ արարքին տարողութեան մեծութիւնը:

Մենք առիթներու ընթացքին կը դիտենք Լիզպոնի հինգին վկայութիւններու տեսերիզը, բայց արդեօք օր մը փորձա՞ծ ենք թափանցել խորքը: Օր մը նայա՞ծ ենք տղոց աչքերուն` տեսնելու բոցը… Որոշեցին երթալ, որոշեցին իրենց կեանքին վերջակէտ դնել եւ այս բոլորին մասին խօսեցան ինքնավստահ, համոզուած, ինքնակամ:

Որոշեցին եւ գործադրեցին: Հոս է հիմնական յատկանիշը` խօսքը գործի վերածելու արժէքը: Բան մը, որ այսօր ամէնուրեք ընդհանրապէս չենք տեսներ: Կ՛ըսենք, բայց չենք գործադրեր, կը յայտարարենք, բայց թուղթի եւ կամ ալ Ֆէյսպուքի էջերուն վրայ կը ձգենք…

Ափսոս է, որ Լիզպոնի հինգը չտեսաւ 1988-ի արցախեան ժողովրդային շարժումը եւ ազատագրումը: Արցախի մէջ մարտնչող մեր տղոց հոգիներուն մէջ կ՛ապրէր Լիզպոնի տղոց ոգին, խիզախութիւնը, նուիրումը, զոհաբերութիւնը: Հոն հայ ժողովուրդի պատմութեան պանծալի էջերը գրուեցան, հերոսական յաղթանակներ արձանագրուեցան, եւ հայու տեսակը յաղթեց: Դժբախտաբար Սեդրակը, Սիմոնը, Արան, Սագոն եւ Վաչէն չապրեցան արցախեան պանծալի օրերը:

Բայց լաւ է, որ նաեւ չապրեցան Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ողբերգական ու ամօթալի էջը` 44-օրեայ պատերազմին պարտադրուած պարտութիւնը եւ պատերազմին յաջորդող ազգակործան, այսպէս կոչուած, համաձայնութիւնները, զիջումները, խայտառակութիւնները… Եթէ Սիմոնը այսօր մեր հետ ըլլար, բարձրաձայն ոչ միայն պիտի ըսէր, որ մենք «ուրիշին խամաճիկներն ենք», այլ` թշնամիին կամակատարները, գործակալները, ազգին դաւաճանները…

40 տարիներ առաջ Արան հաստատեց, որ` «Առանց հայրենիքի, առանց մեր հողերուն` ո՛չ ապագայ կայ, ո՛չ կեանք կայ, ո՛չ ընտանիք կ’ըլլայ»: Ազգովի մտիկ չըրինք: «Ապագայ կայ» պոռացին, մեզմէ շատերը գինովցած ու անհեռատես մօտեցումներով 2018-ի չեղափոխութենէն ետք «դուխականութիւն»-ը ընդունելով` ճերմակ դրօշին ետեւէն քալեցին կուրօրէն, շատեր տակաւին մինչեւ այս պահը իրենց ուղին կը տեսնեն այդ «չապագայ»-ին մէջ` հաւատալով, որ դեռ պիտի փրկուինք: Ո՞ւր է ապագան: Ո՞ւր է փրկութիւնը: Այսօր այդ «դուխ»-ով խանդավառուողները թող ըսեն, թէ ա՞յս էր ակնկալուած ապագան… Հայրենազուրկ վիճակ, հազարաւոր նահատակներ, արժէքային համակարգը քանդելու փորձեր, համահայկական միասնականութեան բացակայութիւն, բաժանարար մթնոլորտ, նահատակներու անարգանք, հոգեւոր արժէքներու քայքայում, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ճիգեր, բարոյազրկում… Անոնք նուազագոյնը առնականութիւնը թող ունենան յայտարարելու, որ օրին սխալած են, չեն տեսած, հոսանքին հետեւած են, խաբուած են… Բայց ամէն ինչ իր գինը ունի, եւ մենք ազգովի այդ խակ քայլերուն պատճառով շա՜տ բան կորսնցուցինք:

Վաչէն ըսաւ. «Մենք ալ ազգ ենք, հին ազգ ենք, եւ մեր իրաւունքն է ուրիշ ազգերու պէս ապրիլ մեր հողերուն վրայ»: Այո՛, սակայն այսօր մենք մեր հողերը ճանաչելու խնդիր ունինք: Հայանուն էակներ իշխանութեան աթոռները զբաղեցնելով` Արցախը կը վաճառեն, արեամբ ազատագրուած հայրենիքը Ազրպէյճանին մաս կը նկատեն, Հայ դատէն կը հրաժարին… Հայրենիքը ապրանք չէ, որ առուծախի ենթակայ ըլլայ… Իսկ մենք կը դիտենք, կը դիտենք եւ կը դիտենք…

Հայաստանի աւերիչ իշխանութիւններուն չափ եւ աւելի` մենք բոլորս մեղաւոր ենք, որովհետեւ 9 նոյեմբեր 2020-ին գիշերը պատուով ու արժանապատուութեամբ չհեռացուցինք մեր նահատակներուն արիւնը շահագործած «էակներ»-ը: Միեւնոյն իշխանութիւնները անցնող փետրուար 6-ին Թուրքիոյ երկրաշարժին ցաւակցութիւն յայտնեցին, բայց Լիզպոնի սխրագործութեան դիմաց ոչ մէկ ատեն յարգանքի տուրք մատուցեցին: Հոս հիներն ու նորերը թող չհամոզեն, որ քաղաքական-դիւանագիտական յարաբերութիւններն ու Հայաստանի պետականութիւնը կը վտանգուի, եթէ այդպիսի քայլի դիմէին կամ դիմեն… Թշնամին իր սեւ գործը պիտի ընէ, եթէ նոյնիսկ ոչխարի հագուստը հագած ըլլանք…

Սարգիսը ըսաւ. «Այո՛, մենք խենթեր ենք, բայց` չակերտեալ խենթեր: Եկէ՛ք, միացէ՛ք մեզի: Կը հաւատամ, որ կը տիրանանք մեր հայրենիքին»: Ճիշդ էր` Արցախի մէջ նոր «խենթեր»-ը միացան, Արցախի ազատագրական պայքարն ու 44-օրեայ պատերազմը վկայ, մհերները, վիգէններն ու գէորգները միացան, խենթ գործը շարունակեցին, բայց «խելացիներ» չունէինք, որ գործը պահեն, արժէքը գիտնան:

Այս բոլոր իրադրութիւններուն դէմ յանդիման ու պայմաններուն մէջ` մենք այսօր ի՞նչ կ’ընենք: Որքանո՞վ հաւատարիմ ենք Լիզպոնի նահատակներու կտակին: Պատրա՞ստ ենք գործը շարունակելու, թէ՞ պարզապէս երգերով ու կենացներով կ’ուզենք «պայքար-պայքար» խաղալ: Այս բոլոր հարցադրումներուն մասին պէտք է միասին մտածենք: Մտածենք ու գործենք, որպէսզի իրապէս արժանի յոյսն ու ապագան ըլլանք Լիզպոնի հերոսներուն:

Լիզպոնի գործը շարունակել` կը նշանակէ հաւաքականը գերադասել անհատական շահերէն, ազգայինը` նիւթականէն, տեղայնականը` ընդհանրականէն: Այս բոլորը գիտէք… Մենք այդպէ՞ս ենք:

Գործը շարունակել` կը նշանակէ մերժել որեւէ բնոյթի դաւաճանութիւն, ազգադաւութիւն, փտածութիւն, դաւադրութիւն` կասեցնելու ազգակործան ընթացքը:

Գործը շարունակել` կը նշանակէ քիչ խօսիլ, չբամբասել եւ երբեմն ալ լուռ մնալ, բայց` շատ աշխատիլ, միայն աշխատիլ, անդադար աշխատիլ:

Գործը շարունակել` կը նշանակէ որեւէ վիճակի մէջ մերժել յանձնուողականութիւնը եւ չզիջիլ նոյնիսկ մէկ ափ հայրենի հողէն, սուրբ հայրենիքէն: Սակայն տուինք, ի՞նչ ըրինք: Շատեր ալ ըսին` բան մը չենք կրնար ընել, այսօրուան աշխարհը տարբեր է, պայմանները փոխուած են, պատրաստ չենք… Այս արտայայտութիւնները մեր մտածողութենէն պէտք է դուրս շպրտուին, հեռացնենք: Չենք կրնար յարմարիլ եւ հաշտուիլ այսօրուան կացութիւններուն: Իրաւունքը չունինք… Արցախը արդէն իսկ աղէտի գօտի է, եւ այսօր վերստին միջազգային ընտանիքը լուռ է, անտարբեր է… Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, եւ նոր ցեղասպանութեան սեմին ենք, եթէ չշարժինք, եւ թուղթէ շերեփներէ, քայլերթերէ, ջահերթերէ, յայտարարութիւններէ եւ խաղաղ ցոյցերէ անդին` բիրտ եւ դաշնակցականավայել քայլերու չդիմենք:

Յիշեցնելու կարիք կա՞յ, որ Դաշնակցութիւնը յեղափոխական կուսակցութիւն է: Յեղափոխութիւնը կակուղ թաթիկներու գործը չէ: Ժամանակն է, որ վերադառնանք մեր աւանդներուն: Ժամանակն է, որ առաջնորդուինք քրիստափորներու, ռուբէններու եւ զէյթլեաններու գաղափարական արժէքներով: Մեր մէջ չեն պակսիր նոր արաները, սեդրակները, սիմոնները, վիգէնները, մհերները… Կարեւորը վախի զգացումը չէզոքացնելն է: Կարեւորը կրաւորականութեան պատը քանդելն է եւ, վերջապէս, կարեւորը հաւատք ունենալն է: Այո՛, Սեդրակն ալ կը հաւատար ու կը հաստատէր, որ` «Մեզմէ աւելի լաւերն ալ պիտի գան, մեզմէ աւելի գործեր պիտի տանին»:

Գործը շարունակել` կը նշանակէ դատել-պատժել բոլոր անոնք, որոնք թշնամիին հետ գործակցեցան: ԼԵՄ-ը անցեալին պատժեց թրքերէն երգ մտիկ ընողները ու ժապաւէններ դիտողները` քասեթները այրելով, երբեմն ալ` անունները յայտարարելով… Այսօր թուրքին ու ազերիին հետ միեւնոյն սեղանին շուրջ նստած` հայրենիքը առուծախի առարկայ վերածողներուն ի՞նչ պէտք է ընել… Հակաթուրք պայքարով դաստիարակուած սերունդին ի՞նչ պիտի ըսենք:

Գործը շարունակել` կը նշանակէ սփիւռքը վերակազմակերպել եւ զօրաշարժի ենթարկել` նոր մարդուժով եւ համապատասխան վերադասաւորումով, որպէսզի կօշկակարը միայն կօշիկով զբաղի, ջութակահարը չդառնայ խմբավար, իսկ միայն իսկական ու արժանի առաջնորդը ղեկավարէ:

Գործը շարունակել` կը նշանակէ երիտասարդութեան տեղ տալ, պատասխանատուութիւն յանձնել եւ երիտասարդներու ուժականութեամբ վերաթարմանալ: Տեղ տալը չի նշանակեր անուանական պաշտօն յանձնել ու երիտասարդ ունենալու ոգեւորութեամբ հպարտանալ ու նոյնինքն ընտրանքը շահագործել, ո՛չ: Տեղ տալ` կը նշանակէ ամէնէն առաջ եւ վերջ վստահի՛լ:

Գործը շարունակել` կը նշանակէ ամուր ու կայուն պահել Լիզպոնի հինգին պաշտած կուսակցութիւնը: Սիւները ամուր պահել` կը նշանակէ հետեւիլ մէկ, միակ եւ անփոխարինելի ուղիին:

Վերջապէս, գործը շարունակել` կը նշանակէ ամէն օր առաւել եւս դաշնակցականանալ, ամէն օր աւելիով առաջնորդուիլ կուսակցութեան գաղափարախօսութեամբ եւ ծրագիրով ու կանոնագիրով, ամէն վայրկեան դառնալ առաւել եւս կարգապահ ու գաղտնապահ, ճշդապահ ու հաւաքական որոշումի պատասխանատու: Արժէքներ, որոնց փնտռտուքին մէջ ենք:

Սեդրակ, Սիմոն, Արա, Սագօ եւ Վաչէ ունեցող 50-ամեայ երիտասարդական միութիւնը իրաւունք չունի ձեռնածալ մնալու, կրաւորական ըլլալու, դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին ըսելիք չունենալու: ԼԵՄ-ը դպրոց է, առաջնորդող կառոյց, մարդուժ պատրաստող միջավայր եւ պէտք է տէր կանգնի իր ազգային-դաշնակցական առաքելութեան:

Մտածենք` հետեւելով Լիզպոնի հինգի ընկերականութեան, ընկերասիրութեան ու հաւաքական կամքի ոգիին, հաւատարմութեան եւ նուիրումին` հեռու մնալով նեղ ու աթոռի հաշիւներէ, բաժանարար աշխատանքներէ, միակամութիւնը խանգարող անհատներէ… Ժամանակն է, որ մենք զմեզ գտնենք եւ այս սրբազան տղոց շիրիմներուն դիմաց վերանորոգենք մեր ուխտը, որովհետեւ մեր մէկութիւնը համահայկական մէկութեան մեկնարկն է ու երաշխիքը:

Թո՛ղ շարունակէ կէս դար ամբողջացուցած ԼԵՄ-ը, որ քաջարի տղոց պատրաստութեան մարտական եւ գաղափարական զօրանոցն է:

Թո՛ղ Լիզպոնի հինգը հաւատայ, որ հակառակ դժուարութիւններուն եւ խոչընդոտներուն, հակառակ պարտուողական յուսախաբ մթնոլորտին` հինգին յոյսի ընկերները անպայման գործը կէս պիտի չձգեն, վերստին պիտի կանգնին եւ բռունցքներով հարուածեն…

Յարգա՛նք Սեդրակին, Սիմոնին, Արային, Սագոյին եւ Վաչէին, որոնց յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթող մը անպայման պէտք է կանգնեցնել Երեւանի մէջ, որպէսզի երիտասարդները գերագոյն զոհաբերութեան ուխտատեղի ունենան, եւ որպէսզի նոր Աբիսողոմ աղաները երբ ազգակործան քայլերու մասին մտածեն, յիշեն, որ «լաւ աւարտ» կրնան չունենալ…

Պատի՛ւ հերոսներ ծնող մայրերուն եւ հայրերուն, որոնց նկատմամբ պէտք է յառաջիկային ունենանք առաւել եւս հոգատար վերաբերմունք:

Անպայման մայրամուտին պիտի յաջորդէ արեւածագը` նոր Սարդարապատի ճակատամարտը, նոր Մուսա Լերան հերոսամարտը, նոր «Հարսանիք լեռներում» գործողութիւնը: Հաւատացէ՛ք: Կեցցէ՛ ազատ, անկախ, միացեալ եւ ամբողջական Հայաստանը:

 

* Խօսք` արտասանուած Լիզպոնի գործողութեան 40-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկին, 29 յուլիս 2023, «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոն:

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Երկաթէ Շերեփին Կարիքը

Յաջորդը

Անդրանիկ Մսըրլեան Մարդը (1945-2023) Ը.

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?