Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրանիկ Մսըրլեան Մարդը (1945 – 2023) Զ.

August 7, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Անդոն Պուրճ Համուտի քաղաքապետ եղաւ 1999-ին: Տասնեօթը տարուան իր քաղաքապետութեան շրջանը եղաւ բեղուն գործունէութեան շրջան մը:

Անդոն տակաւին նոր ընտրուած էր, շատ լաւ կը յիշեմ, ղեկավար դիրքի վրայ գտնուող պատասխանատու մը Անդոյին առաջարկեց, որ իր մօտիկ ընկերներէն մէկը պաշտօնի կոչուի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան մէջ: Դժբախտաբար, տասնամեակներէ ի վեր այս մտայնութիւնը կը տիրէր մեր իրականութեան մէջ` Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան պարագային կամ այլապէս: Ասիկա լիբանանեան բարքերուն մաս կը կազմէ եւ հետզհետէ թափանցեց մեր կեանքին մէջ: Այն ատեն Անդոն կտրուկ եւ բարկացկոտ պատասխանեց.

– Ձգեցէ՛ք, որ գո՛րծ աշխատինք: Առաջին օրէն մի՛ սկսիք միջամտել:

Անդոն մերժեց նաեւ նմանօրինակ բոլոր միջամտութիւնները, որոնք կու գային ոչ հայ քաղաքական դէմքերէն, ղեկավարներէ կամ պատասխանատուներէ:

1998-ին, երբ տակաւին տնօրէնի պաշտօնի վրայ կը գտնուէի Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ, դիմեցի այդ օրերու քաղաքապետ` Ցոլակ Թիւթէլեանին, որպէսզի քաղաքապետարանին կողմէ նորոգութիւններ կատարէ դպրոցին մէջ, ինչպէս` դպրոցական շէնքը ներկել ներքին մասերով (դասարան, գրասենեակ, սրահ), տանիքին եւ դպրոցի սրահին ճեղքուածքները նորոգել եւ այլն: Քաղաքապետ Թիւթէլեան սիրով ընդառաջեց խնդրանքիս եւ քանի մը շաբաթ ետք քանի մը գործաւոր ղրկեց դպրոց` իրենց կազմածներով: Անոնք անցան գործի: Սկզբնական շրջանին լաւ աշխատեցան, բայց, հետագային, դպրոցին նորոգութեան աշխատանքները ինչ-ինչ պատճառներով դանդաղեցան: Մինչ այդ` Ցոլակ Թիւթէլեանին փոխարէն քաղաքապետ ընտրուեցաւ Անդոն: Գացի քովը եւ յայտնեցի դպրոցի նորոգութեան պարագան, որ կը կատարուէր քաղաքապետութեան կողմէ: Անդոն վայրկեան մը իսկ չմտածեց, հարցում չըրաւ եւ կտրուկ ըսաւ ինծի.

– Ասանկ բան չկայ: Նորոգութիւն-մորոգութիւն չեմ գիտեր: Ասկէ ետք քաղաքապետութիւնը դպրոցին ծախսերը պիտի չհայթայթէ: Գլխուդ ճարին նայէ:

Երեսիս ջուրովը, ինչպէս կ՛ըսէ մեր ժողովուրդը, վերադարձայ դպրոց` անտրամադիր ու մտածկոտ, որովհետեւ շատ յոյս ունէի, որ Անդոն պիտի շարունակէր իր նախորդին գործը: Անդոն իմ աներորդիս էր: Աւելի՛ն. ես, այդ օրերուն, Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ էի: Անշուշտ ես ալ կը մտածէի լիբանանեան ձեւով, որուն անդրադարձայ հետագային: Պատահեցաւ դարձեալ, որ ես դպրոցի տնօրէնութենէն հրաժարիմ 2000 թուականին: Եւ Անդոն, որ մերժած էր ինծի, յաջորդիս հայթայթեց նորոգութեան ծախսերը եւ օժանդակութիւններ ալ ըրաւ:

Ուրիշ անգամ, Անդոյին եղբայրը` Աշոտը, որ հագուստի վաճառատուն մը ունէր Պուրճ Համուտի մէջ, իր քաղաքապետ եղբօրը կը ներկայացնէ իր գանգատը.

– Քաղաքապետարանի տուրքերը բարձրացուցած ես, եւ այսպէսով խանութին ծախսերը շատցան:

Անդոն կը պատասխանէ շատ արագ.

– Եթէ գլուխ չես կրնար կոր ելլել ծախսերուն, վաճառատունդ գոցէ եւ տունդ գնա՛:

Այսպէս էր Անդոն: Գործի մէջ ո՛չ ընտանեկան պարագայ կը ճանչնամ, ո՛չ ազգական եւ ո՛չ ալ հանգամանք:

Ան եղաւ ծառայութեան եւ ծառայասիրութեան մարմնացում. անսպառ աղբիւր նուիրումի: Իբրեւ քաղաքապետ, խտրութիւն չդրաւ քաղաքացիներուն միջեւ: Իրեն կը դիմէին հնչակեանը, ռամկավարը, դաշնակցականը: Իր քով կ՛երթային աւետարանականը, կաթողիկէն եւ առաքելականը` այսինքն կամ այնինչ գործի համար: Կու գային շիին, սիւննին ու տիւրզին: Ու այս բոլորին խնդրանքներուն գոհացում կու տար ան: Նոյնիսկ ներկայ կ՛ըլլար, քաղաքապետական խորհուրդին մաս կազմող անդամի հետ, իսլամներու պահեցողութեան ամսուան (ռամատան) «իֆթար»-ներուն: Անշուշտ, նաեւ, քրիստոնեայ եկեղեցիներու արարողութիւններուն եւ միութենական կազմակերպական գրեթէ բոլոր ձեռնարկներուն:

Ինչ որ էական է`

Մա՛նաւանդ,

Անդոն եղաւ իրաւ ղեկավար մը եւ ոչ պոս մը:

Անդոն իր հանդարտաբարոյ եւ հեզահամբոյր բնաւորութեամբ եւ վարուելակերպով խոր ազդեցութիւն ձգեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ եւ անկէ դուրս: Իսկ ազդեցութիւն ունենալը առաջին յատկանիշն է ոեւէ ղեկավարի. մղիչ ուժ կը հանդիսանայ հաւաքաբար եւ կամաւոր հետապնդելու հաստատութեան մը` այս պարագային Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նպատակները: Անդոն պաշտօնեաներն ու քաղաքապետական խորհուրդի անդամները մասնակից կը դարձնէր իր տալիք որոշումներուն մէջ, բա՛ն մը, որ հիմնաքարը կը կազմէ ժողովրդավար ղեկավարի մը, ղեկավարութեան մը: Ան շահեցաւ վստահութիւնը իր գործակիցներուն, բարձրացուց անոնց կորովն ու տրամադրութիւնը եւ յաջողեցաւ գործելու առողջ մթնոլորտ ստեղծել այնտեղ:

Յայտնեցի, որ Անդոն պոս չէր: Մինչ այս վերջինը կը քաշէ-կը տանի եւ կը հրահանգէ, ղեկավարը կը վարժեցնէ եւ խորհուրդ կու տայ: Պոսը կ՛ապաւինի իր հեղինակութեան, ղեկավարը` իր վստահութեան եւ բարեացականութեան: Պոսը վախ կը սերմանէ, իսկ ղեկավարը խանդավառութիւն կը ներշնչէ: Մինչ պոսը մեղադրանքներ կը ցրուէ եւ սխալներ կը փնտռէ, ղեկավարը բարւոք լուծում կու տայ հարցերուն: Պոսը ցոյց կու տայ, որ գիտէ բոլոր հարցերուն պատասխանները, իսկ ղեկավարը կը դիմէ իր գործակիցներուն եւ խորհուրդ կ՛առնէ անոնցմէ: Պոսը կը ստրկացնէ, ղեկավարը գործի դրական մթնոլորտ կը ստեղծէ: Պոսը չ՛ախորժիր ստեղծագործ բառէն եւ սովորամոլական գործեր կը կատարէ, ղեկավարը ստեղծագործ կ՛ըլլայ եւ նոր բաներ կը ստեղծէ: Պոսը կը հաւատայ իր «ես»-ին եւ «ես»-ով կը խօսի, մինչդեռ ղեկավարը կը հաւատայ «մենք»-ին ու «դուք»-ին եւ կը խօսի «մենք»-ով:

Անդոն, այո՛, ղեկավար էր: Իրեն համար, «մենք»-ն էր հիմքը ղեկավարութեան: Մենք եւ միա՛յն մենք: Չէ եղած մէկ իսկ պարագայ, ծառայութիւն մը, գործ մը կամ օժանդակութիւն մը, որ Անդրանիկ քաղաքապետը գործածէ իր անունը: Այդ բոլորը Անդոն կատարած է քաղաքապետութեան անունով եւ մենքով:

Անդոն իրեն լծակ չդարձուց քաղաքապետարանը: Քաղաքապետի հանգմանքը չշահագործեց իր անձնական նպատակներուն համար: Վերընտրուելու աշխատանք չտարաւ, ոչ ալ մտահոգութիւնը ունեցաւ անոր: Գո՛րծն էր կարեւորը իրեն համար: Ոչ միայն չշեփորեց իր կատարած գործերը, այլեւ գրեթէ երբեք չխօսեցաւ այդ մասին: Ոչ ալ քարոզչական յանձնախումբ կազմեց բարձրախօսելու զինք եւ իր գործերը: Անդոն չէր գիտեր «ծախել» իր կատարած գործերը: Չէր ալ ուզեր, որ մարդիկ իր ներկայութեան խօսին այդ մասին: Իշխանութեան խաղէն հեռու մնաց, ինչպէս որ առհասարակ հեռու մնացած էր իր ստանձնած բոլոր պաշտօններուն մէջ` իր ամբողջ կեանքին ընթացքին: «Իշխանութիւնը միայն ծառայութեա՛ն համար պէտք է լինի, միայն սպասարկումի՛ համար` մի աւելի վսեմ նպատակի, քան ինքը իշխանութիւնն է, քան իշխանաւորի փառքն է», կը հաստատէ Վահան Նաւասարդեան:

Մեզի շատ մօտիկ բարեկամ մը հետեւեալը պատմեց Անդոյին մահուան ցաւակցութեան ատեն.

2016-ին Լիբանանը կը պատրաստուէր քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն: Անդոյին հետ նստած էինք Piano-bar սրճարան մը եւ իրարու հետ խօսակցելով` հանդարտ կը վայելէինք սուրճը եւ երաժշտութիւնը: Քովնտի սեղանին քով նստած էր իմ ոչ հայ բարեկամներէս մէկը, որ մօտենալով ինծի հարցուց.

– Սեղանակիցդ Պուրճ Համուտի քաղաքապետը չէ՞:

– Այո՛,- պատասխանեցի:

– Կարելիութիւն կա՞յ, որ ծանօթացնես զիս իրեն,- հարցուց:

Ծանօթանալէ ետք ոչ հայ բարեկամս հարցուց Անդոյին:

– Ի՞նչ վիճակի մէջ ես. պատրաստութիւն կը տեսնե՞ս յառաջիկայ ընտրութիւններուն համար:

Անդոն պատասխանեց.

– Մեր ժամանակը անցաւ այլեւս: Հիմա արհեստագիտութեան շրջան է: Մասնագէտներու ժամանակ է: Համալսարանաւարտներու ատենն է: Ես ասոնցմէ ոչ մէկն եմ:

Բարեկամս զարմանալով ըսաւ.

– Ամէն տեղ քաղաքապետերը աշխատանք կը տանին, ժողովներ կը գումարեն, համաձայնութիւններ կը կնքեն եւ ամէն ջանք կը թափեն ընտրուելու կամ վերընտրուելու համար, մինչդեռ այս մարդը կ՛ուզէ հեռանալ իր պաշտօնէն: Ասանկ բան կրնա՞յ ըլլալ Լիբանանի մէջ:

Այո՛, Անդոյին խառնուածքով մէկը կրնա՛յ ընել այսպիսի բան:

Քաղաքապետ Անդոն show-ի մարդ չէր, ոչ ալ ցուցամոլ: Քաղաքապետարանի պաշտօնեաներուն եւ ոստիկաններուն հետ կը վարուէր իբրեւ մարդ, հաւասարէ հաւասար` իրեն պէս: Երբեք իշխանութիւն չբանեցուց անոնց վրայ, չմտածեց ստրկացնել զանոնք, ինչպէս բազմաթիւ բռնատէրեր կամ պոսեր կը կատարեն: Աշխատեցաւ եւ իրեն հետ աշխատցուց զանոնք:

Անդոն որքա՜ն օգտակար եղաւ քաղաքապետարանի պաշտօնեաներուն եւ ոստիկաններուն թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս: Շատ մարդիկ դուրս հանեց ցեխէն եւ տուն-տեղ ըրաւ: Հին շրջանի (դասական) յոյն փիլիսոփաներէն մէկը կը հաստատէ. անոր, որ բարիք ըրած ես, գոհ եղիր, որ դէմդ չգործէ կամ դէմդ չխօսի: Բայց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հայ պաշտօնեաներէն ու հայ ոստիկաններէն շատեր ոչ միայն այցելութիւն մը իսկ չտուին իրեն անոր հիւանդութեան օրերուն, այլեւ հեռաձայն մը անգամ չկատարեցին: Ապերախտութիւնը եւ իշխանութեան հասկացութիւնը ստրկացուցած էին զանոնք: Հոգեկան-մտային հիւանդութիւն մըն ալ այս է մեր իրականութեան մէջ:

Տասնեօթը տարուան իր քաղաքապետութեան շրջանին Անդոն եղաւ արդարամիտ, անկողմնակալ, համեստ ու խոնարհ մարդ մը:

Արփի Մանկասարեան, որ եղած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի պաշտօնեաներէն, այժմ դադրած, հետեւեալ գրառումը կատարած է իր Դիմատետրին մէջ. «Անդրանիկ Մսըրլեանի մահուան լուրը ցնցեց զիս: Մօտաւորապէս 15 տարի աշխատեցայ իր գլխաւորութեամբ եւ իրեն հանդէպ մեծ յարգանքով ու սիրով: Անվերապահ աշխատեցաւ իր պաշտած Պուրճ Համուտին եւ պուրճհամուտցիին բարօրութեան համար:

«Ազգային դէմք, հայ մշակոյթի սիրահար, համերաշխութիւնը փնտռող ու գիտութիւնն ու անով առաջնորդուողները յարգող քաղաքապետ:

«Հին ժամանակի մարդ, որ կրցաւ նաւարկել նոր ժամանակներուն ու պայմաններուն մէջ»:

Դոկտ. Արա Սանճեան, պատմաբան, կը դրուատէ Անդրանիկ Մսըրլեանի համեստութիւնը, զոր կը ներկայացնէ պատմումով մը` տեղադրուած իր Դիմատետրին մէջ (4 յուլիս 2023). «Հայկազեան համալսարանի մէջ աշխատած տարիներուս՛ 1995-2005, ան մշտական ներկաներէն էր հայագիտական ամբիոնի կազմակերպած հրապարակային դասախօսութիւններուն եւ միշտ կը նախընտրէր նստիլ հեռու առաջին շարքէն, ուր սովորաբար բազմիլ կը պահանջեն հոգեւոր ու աշխարհիկ ազգային ջոջերը: Յաճախ դիտողութիւն ստացած եմ, որ պատշաճ յարգանքով չէի վերաբերեր իր պաշտօնական հանգամանքին հետ` չպնդելով, որ առաջին շարք անցնի: Բազմիցս փորձած եմ մտափոխել զինք` նոյնիսկ իբրեւ «շանթաժ» օգտագործելով այն փաստարկը, թէ ետեւի շարքերը մնալով զիս կը դնէր քննադատութեան թիրախին տակ: Միաժամանակ, յարգանքս իրեն հանդէպ կը վերահաստատուէր, երբ հաստատակամօրէն կը մերժէր առաջին շարք տեղափոխուիլ: Եզրակացութիւնս` ե՛ւ հայ մշակոյթով մեծապէս հետաքրքրուած ե՛ւ համեստ անձ մըն էր»:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէն մէկը, այժմ դադրած, որ գործակցած էր Անդրանիկ Մսըրլեանի հետ, հետեւեալը պատմեց, երբ եկած էր ցաւակցութիւն յայտնելու:

Անգամ մը մարդ մը եկած էր քաղաքապետարան` օժանդակութիւն խնդրելու քաղաքապետէն: Ես պատահմամբ Անդրանիկ Մսըրլեանին քովն էի: Ան ուզեց, որ ես ալ մնամ խօսակցութեան ատեն: Երբ մարդը վերջացուց իր խօսքը, Անդոն ոչ մէկ հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ: Պարզապէս մարդու կեանքին զանազան երեւոյթներուն մասին նկատողութիւններ ըրաւ, անոր պիւտճէական սխալներուն մասին խօսեցաւ եւ ապա` ղրկեց մարդը: Չկրցայ գիտնալ, թէ քաղաքապետը ուրկէ՞ այնքան տեղեակ էր մարդուն ներքին-ընտանեկան կեանքին մասին: Հարցը այն է, որ Անդոն դէմքի ոչ մէկ արտայայտութիւն ունեցաւ: Այս դէպքին յաջորդող քաղաքապետական խորհուրդի ժողովին, Անդոն, ինչպէս գրեթէ ամէն ժողովի ընթացքին, ներկայացուց որոշումի կարգ անցընելու ցանկ մը, որուն մէջ այդ մարդուն խնդրանքին լուծում մը, դիւրացում մը կամ մեղմացման առաջարկ մը դրուած էր: Այս մէկը կատարելապէս անակնկալ մըն էր ինծի համար, որովհետեւ ես կը կարծէի, թէ հակառակը պիտի պատահի այդ մարդուն հետ տեսակցութենէ ետք: Ասիկա դէպքերէն մէկն էր, որմէ հասկցայ թէ Անդոն, ինչպէս կ՛ըսեն, poker face-ի արտայայտութեամբ օժտուած մարդ մըն է: Չես կրնար գիտնալ, թէ զգացուա՞ծ է, ազդուա՞ծ է, ուրա՞խ է, տխո՞ւր է. կարծես պատ մը կայ հոն, բայց ներքուստ հոգին կը խռովի, կ՛ալեկոծի, անկարելի է, որ գիտնաս, որովհետեւ նոյն արտայայտութիւնն է դէմքին վրայ: Նոյնիսկ շատ ուրախալի լուրերու ատեն, դուն պիտի ելլես պարես ուրախութիւնդ արտայայտելու համար, մինչ իրեն կը նայիս` ինք շատ հանդարտ եւ շատ պարզ ձեւով կ՛ընդունի լուրը: Աւելի՛ն. ուրախալի լուրը բերողներուն չի զգացներ իր ներքին ապրումը, մարդիկ չեն անդրադառնար, որ ան շատ գոհ է այդ լուրէն, կարծէք սովորական եւ ընթացիկ տեղեկութեան մը պէս ստացած է լուրը: Այս դէպքով անդրադարձայ, որ պատասխանատուի մը համար շատ օգտակար է եւ կարեւոր դէմքի այս վիճակը:

Շատ անգամ կը պատահէր, կը շարունակէ պատմել քաղաքապետական խորհուրդի նախկին անդամը, որ տեսակէտներս, համոզումներս կամ պատկերացումներս ներկայացնէր իրեն քաղաքապետական որեւէ հարցի գծով, երբեմն համաձայն կ՛ըլլար, երբեմն` ոչ: Իր նախադասութիւնները ժլատ էին, միշտ ժլատ էին, բայց սխալ տեսակէտ ունենալս կամ հարցին չտեսած երեսս ուշադրութեանս կը յանձնէր քիչ նախադասութիւններով: Ամփոփ. անդոյական չափանիշերու մէջ առնել-տալ կ՛ըլլար: Միակ անդամը երբ շատ կտրուկ եւ շատ կարճ պատասխան տուաւ, եւ չուզեց հարցը երկարել, ըսաւ. «Քաղաքապետարան կոչուած հաստատութեան եւ անոր ետին կանգնող կառոյցին վարկին եւ արժանապատուութեան կը վերաբերի հարցը, բա՛ն մը, որ քննարկելի չէ»:

Այո՛, Անդոյին համար մեծ նշանակութիւն ունէր Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կառոյցին առնչուող վարկը եւ արժանապատուութիւնը:

(Շար. 6)

(Շար. 1)
(Շար. 2)
(Շար. 3)
(Շար. 4)
(Շար. 5)

Նախորդը

Այնճարի Մէջ. Լիզպոնի Հինգի Գործողութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Ոգեկոչման Ձեռնարկ

Յաջորդը

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Փիւնիկ Երեւան Միակն Ըլլալով Ապահովեց Գ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.