Իբրեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ, Անդրանիկ Մսըրլեանի համար հայ համայնքի կարիքներուն հասնելու առաջադրանքը կը հանդիսանար իր գործունէութեան հիմնական առանցքներէն մէկը: Միաժամանակ, ան շատ լաւ կը գիտակցէր, որ քաղաքապետութիւնը պետական հաստատութիւն է եւ, իբրեւ այդպիսին, իր բոլոր ծրագիրներուն ու նախաձեռնութիւններուն գործադաշտը պէտք է պարփակէ շրջանի ամբողջ բնակչութիւնը: Անդոն հրաշալի հաւասարակշռութեամբ մը ղեկավարեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը: Ահա թէ ինչո՛ւ մեծ տպաւորութիւն ձգեց ան մա՛նաւանդ իր համաչափ գործելակերպով:
Անդոն համալսարանական ուսում չունէր, հազիւ միջնակարգ մը աւարտած էր: Ան կը զգար ուսման կարեւորութիւնը եւ կը քաջալերէր բոլոր անոնք, որոնք ուսման կը հետեւէին: Ճառախօս չէր ան, ոչ մէկ ատեն ճառ մը կամ դասախօսութիւն մը տուած էր: Այդպիսի պարագաներու քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէն մէկը կը փոխարինէր զինք: Ոչ մէկ յօդուած ստորագրած էր մեր մամուլին մէջ: Սակայն մեծապէս օժանդակած է մամլոյ ծառայողներուն, առանց խտիր դնելու մէկուն կամ միւսին միջեւ:
Այս բոլորով հանդերձ, Անդոն օժտուած էր բացառիկ շնորհներով ունէր նախաձեռնութեան յանդուգն ոգի, լայն տեսլական, ծառայելու անսահմանափակ կարելիութիւն եւ կազմակերպական տաղանդ: Մա՛նաւանդ` ան խորապէս կը սիրէր իր ծննդավայրը` Պուրճ Համուտը, եւ կ՛ուզէր, որ շրջանը բարգաւաճի, զարգանայ եւ արդիականանայ:
«Զարթօնք» օրաթերթի աշխատակիցներուն մէկուն Գ. Տ.-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ (30 հոկտեմբեր 1999), Անդրանիկ Մսըրլեան կը հաւաստիացնէ, որ քաղաքապետութինը բոլոր մարզերու մէջ ճիգ չի խնայեր իր ծառայութիւնները մատուցելու եւ շրջանի կարիքները բաւարարելու: Առաւել, ան կը հաստատէ, որ քաղաքապետութիւնը կ՛օժանդակէ բոլորին, առանց դաւանանքային կամ գաղափարական խտրութեան: Քաղաքապետն ու խորհուրդի 21 անդամները, որոնց մէջ կան մեծ թիւով փորձառու մասնագէտներ, զանազան բնագաւառներու մէջ լուրջ եւ գործնական ծրագիրներ կը մշակեն ու գործադրութեան կը դնեն: Իրենց գործունէութեան առընթեր, անոնք միշտ կ՛աշխատին վառ եւ կենսունակ պահել Պուրճ Համուտի հայկական դիմագիծը:
Ընդարձակ է Անդօ Մսըրլեան քաղաքապետին 17-ամեայ գործունէութիւնը, որ կը բաժնուի զանազան մարզերու: Կու տամ հիմնականները` ամփոփ:
* * *
Յիսնամեակ Պուրճ Համուտի
Քաղաքապետութեան Հիմնադրութեան
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հիմնադրութեան յիսնամեակին առիթով, 11 դեկտեմբեր 2002-ին, «Մեթրոփոլիթըն Փալաս» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը, որուն ներկայ գտնուեցան պետական, դիւանագիտական, կուսակցական, կրօնական, քաղաքապետական անձնաւորութիւններ եւ այլ հրաւիրեալներ:
Նախագահ Էմիլ Լահուտը կը ներկայացնէր երեսփոխան Միշէլ Մըր, որուն յանձնուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան յիսնամեակին առիթով պատրաստուած յուշատախտակ մը: Երկրորդ մը նուիրուեցաւ հանրապետութեան նախագահին:
Յիսնամեակին առիթով պատրաստուեցաւ (արաբերէնով անշուշտ) գիրք մը` «Ոսկեայ յոբելեան Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան 1952-2002» խորագրեալ (Համազգային հրատարակչատուն, 200 էջ), որուն մէջ ներկայացուած է քաղաքապետութեան հիմնադրութեան պատմականը, իրարայաջորդ քաղաքապետերը եւ քաղաքապետութեան գործունէութիւնը` վիճակագրական տախտակներով:
Ենթակառոյցի Աշխատանքներ
Պուրճ Համուտի ենթակառոյցի վերանորոգման հարցը կ՛երկարէր տասնամեակներու վրայ: Իր քաղաքապետութեան առաջին տարիէն իսկ Անդրանիկ Մսըրլեան ձեռնարկեց ենթակառոյցի վերանորոգութեան աշխատանքին: Առաջին հերթին պէտք է նորոգուէին կոյուղիները: Այսօրուան սերունդը չի յիշեր անշուշտ, որ շատ տարիներ առաջ, ձմրան անձրեւներու ջուրերը կը յորդէին եւ Պուրճ Համուտի զանազան թաղերուն մէջ լճակներ կը կազմուէին` կոյուղիներու անկարգ վիճակին պատճառով: Ասոնց վրայ կ՛աւելնային լեռներէն (Պէյթ Մերի, Պրումմանա) դէպի վար հոսած անձրեւի ջուրերը, որոնք չէին պարփակուեր կոյուղիներուն մէջ եւ կը յորդէին` ահաւոր վնասի մատնելով յատկապէս գետնայարկի վաճառատուներն ու բնակարանները: Ահա թէ ինչո՛ւ մինչեւ այսօր կը յամենան վաճառատուներու մուտքին 30-40 սանթիմեթր բարձրութեամբ պատերը, որպէսզի անձրեւի յորդած ջուրերը չթափանցեն խանութներու մէջ: Շատ լաւ կը յիշեմ «Ազիրեան» ակումբի մուտքին կազմուած ցեխոտ լճակները, որոնք օրերով պատճառ կ՛ըլլային ժողովական կեանքի սառեցման` քանի մը օրուան համար:
Այս յոյժ կարեւոր հարցին բարւոք լուծումը քաղաքապետութեան համար կատարուեցաւ փուլերու վրայ: Քաղաքապետական խորհուրդը կապի մէջ մտաւ տեղական եւ միջազգային հաստատութիւններու հետ` ֆինանսաւորելու ենթակառոյցի վերանորոգութեան ծախսերը: Առաջին փուլը աւարտեցաւ 2001-ին: Լիբանանի Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդը վերանորոգութեան երկրորդ փուլին համար քուէարկեց չորս միլիոն տոլարի պիւտճէ մը: Աւելի՛ն. միեւնոյն նպատակին համար Միջազգային դրամական հիմնարկը (IMF) քաղաքապետութեան յատկացուց մէկուկէս միլիոն տոլարի գումար մը: 2001 մայիսէն սկսեալ մեկնարկեցին երկրորդ փուլի գործնական աշխատանքները, որոնք ընդգրկեցին Սիսի, Արագածի եւ Նապաայի շրջանները (տե՛ս «Ազդակ» օրաթերթ, «Պուրճ Համուտի շինարարական աշխատանքները, հարցազրոյց` Պուրճ Համուտի քաղաքապետին հետ», 6 փետրուար 2001): Կոյուղիներու վերանորոգութեան աշխատանքները աւարտեցան 2005-ին: Ասոր կողքին կատարուեցաւ Պուրճ Համուտի մայրուղիին մէկ կողմէն միւսը գետնին տակէն կոյուղիի շինութիւնը` դարձեալ առաջքը առնելու անձրեւներու հեղեղին:
Կոյուղիներու շինութիւնը շատ մեծ իրագործում էր: Անոր բարիքները կը վայելենք մենք այսօր: Ձմրան եղանակին, մինչ անձրեւներու ջուրերուն պատճառով լճակներ կը կազմուին օդակայանի, Անթիլիասի եւ այլ հիմնական մայրուղիներու վրայ` պատճառ ըլլալով երթեւեկի մեծածաւալ խճողումի (հակառակ միլիառաւոր տոլարներու, որոնք ծախսուեցան այս նպատակին համար 1990-էն սկսեալ եւ կուտակելով արտաքին պարտք մը), Պուրճ Համուտի փողոցները զերծ կը մնան ասկէ: Փաստօրէն, կոյուղիներու վերանորոգութենէն ետք, ամէն տարի, ձմրան եղանակի նախօրեակին, քաղաքապետութիւնը հետեւողական եւ կանոնաւորապէս կը կատարէ անոնց նորոգութիւնն ու մաքրութիւնը:
Ենթակառոյցի նորոգութեան ծիրին մէջ, քաղաքապետութիւնը նաեւ իրագործեց Պուրճ Համուտի փողոցներու կուպրապատումի աշխատանքը: Գործածուած կուպրին մէկ մասը տրամադրուեցաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին կողմէ:
Փողոցներու լուսաւորումի համար կատարուեցան նորոգութիւններ: Այսպէս, հին լամբերն ու սիւները փոխարինուեցան նորերով: Պուրճ Համուտի քառուղիներուն վրայ հաստատուեցան շրջագայութիւնը կանոնաւորող լոյսեր: Նախ` շրջանի հիմնական պողոտաներուն վրայ հաստատուեցաւ parkmeters-ի դրութիւն, Պուրճ Համուտի շուկան այցելող քաղաքացիներու ինքնաշարժներու կառատան դիւրութիւններ ստեղծելով:
2005-ին ամբողջացաւ քաղաքապետարանի ժողովրդային բնակարանները եւ «Պօղոս Արիս»-ի շէնքերը ներկելու աշխատանքը:
Քաղաքապետութիւնը յատուկ կարեւորութիւն տուաւ ծառատնկումի եւ կանաչապատման: 1999-2002 տարիներուն Պուրճ Համուտը օժտուեցաւ հազար ծառով, աշխատանք մը, որ մնայուն բնոյթ ունեցաւ: Շրջանի հրապարակները (քաղաքապետարանի հրապարակ, անկախութեան հրապարակ եւ լիբանանահայ նահատակներու հրապարակ) գեղեցկացան ծաղիկներով եւ ծառատեսակներով: Պուրճ Համուտի մարզադաշտի շրջափակին մէջ հաստատուեցաւ ծաղկոցի բաժին մը, որ տարեկան քառասուն հազար ծաղիկով կը գեղեցկացնէր պողոտաները: Ծաղկոցը ծաղիկներ (թաղարներով հանդերձ) կը տրամադրէր միութիւններու եւ հաստատութիւններու կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկներուն:
Վերջապէս, ենթակառոյցի առնչուող բոլոր աշխատանքները մնայուն եւ հետեւողական հսկողութեան տակ առնուեցան, ինչ կը վերաբերի փողոցներու լուսաւորման, կոյուղիներու ցանցի մաքրութեան, կուպրապատումի, կանաչազարդման եւ հրապարակներու գեղեցկացման:
Հրապարակներու Բացում
Անդրանիկ Մսըրլեանի քաղաքապետութեան շրջանին բացումը կատարուեցաւ կարգ մը հրապարակներու, որոնք են`
Ա) Քաղաքապետարանի հրապարակ, ճիշդ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին դիմաց: Բացումը կատարուեցաւ 24 ապրիլ 2001-ին, հովանաւորութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարար տոքթ. Սեպուհ Յովնանեանի: Կանաչապատուած հրապարակին վրայ տեղաւորուեցան երկու արձաններ, որոնք կը խորհրդանշեն Լիբանան-հայկական միութիւն, ինչպէս նաեւ հաստատուեցաւ ժամացոյց մը:
Բ) Սին էլ Ֆիլէն Էշրեֆիէ բարձրացող նորակառոյց կամուրջէն առաջ, ուր զետեղուեցաւ լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան նուիրուած յուշակոթող մը, հովանաւորութեամբ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտի:
Գ) Արամանի գործարանին մօտ, որ կոչուեցաւ «Անկախութեան հրապարակ»: Շուրջ 800 քառակուսի մեթր տարածութեան վրայ, հրապարակին կեդրոնը բարձրացուեցաւ Լիբանանի պատմութիւնը եւ մշակոյթը խորհրդանշող քանդակ մը, հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Քարամ Քարամի:
Դ) 22 մայիս 2006-ին բացումը կատարուեցաւ Ամանոսի հրապարակին, ուր շինուեցաւ Ս. Ռիթայի փոքր մատուռը: Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ` Նազարէթ Ապունայեան, «Վանայ ձայն» ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, որուն ակնարկած ենք նախապէս, կը յայտնէ հետեւեալը. «Անդոն հաւատացեալ մարդ էր, պատուոյ քաղաքացին եղած էր Ս. Ռիթայի Քաշիա քաղաքին, որուն այցելութիւն տուած էր: Վերջին անգամ Անդոյին տեսայ 22 մայիս 2023-ին, իրիկուան Ս. պատարագին, Ամանոս թաղի հրապարակին վրայ, զոր ինք շինած էր: Ամէն տարի, ան կ՛ուզէր միշտ ներկայ ըլլալ այնտեղ: Այս տարի դարձեալ եկած էր, կարծես մնաք բարով ըսելու բոլորին»:
Ե) Ծովեզերեայ շրջանի մայրուղիի սկիզբի արտաքին տեսքը բարեզարդելու նպատակով, պատերը գեղեցկացուեցան «մոզայիք»-է պատկերներով, ինչպէս նաեւ աւարտեցան բոլորակի մը շինութեան աշխատանքները, որուն վրայ զետեղուած կոթողի բացումը կատարուեցաւ 23 մարտ 2010-ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Թարէք Մըթրիի:
Մոզայիքով բարեզարդուած էր նաեւ Պուրճ Համուտէն Սին էլ Ֆիլ տանող ճամբու մուտքէն Պէյրութ գետի պատին երկար բաժին մը:
Զ) Ձեւի մտաւ նաեւ «Արմէնիա» շէնքին դիմացի բոլորակը, մէկ կողմէ «Արմէնիա» պողոտային տանող, իսկ միւս կողմէ` Սին էլ Ֆիլ տանող: Եւ այլն:
(Շար. 7)



