Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ Վրէժ-Արմէն «Ոստայն 18 – Աշնանային» Հատորը

September 4, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առցանց լոյս տեսաւ «Ոստայն 18 – աշնանային» հատորը, որ կը կրէ նաեւ ենթատիտղոս մը` «Դէմքեր, յիշատակներ»: Արդարեւ, ան նուիրուած է անձերու, որոնք «այս կամ այն ձեւով հետք մը ձգած են» հեղինակին վրայ ու բաժնուած այս աշխարհէն` իրմէ ալ «մաս մը տանելով իրենց հետ»:

Գիրքը կը բովանդակէ 72 յօդուածներ, որոնք «սրտի խօսքեր են, դամբանական, դրուատանք, վերյիշումներ. քիչ պարագաներու կը վերաբերին անձի մը գործին անդրադարձի մը, իսկ մէկ պարագայի միայն ուսումնասիրութիւն մըն է` նուիրուած Ուիլիըմ Սարոյեանին, «որուն խորունկ ազդեցութիւնը կրած եմ փոքր տարիքէս», ինչպէս կ՛ըսէ հեղինակը իր «Ներածական»-ին մէջ: «Գրութիւններուս կէսէն աւելին նուիրուած է ուսուցիչներու, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ` ի՛մ ուսուցիչներուս, նոյնպէս կէսէն աւելի` գրողներու, հրապարակագիրներու, որոնցմէ շատեր նաե՛ւ ուսուցիչ են եղած: Խօսած եմ  արուեստագէտներու մասին, որոնք նոյնպէս ընդհանրապէս ուսուցչութեամբ ալ զբաղած են: Չմոռնանք հարազատներս` մայրս, հայրս, մօտիկ ընկերներ եւ հասարակական դէմքեր, որոնք նաեւ գրող ալ կրնան եղած ըլլալ», կ՛աւելցնէ Վրէժ-Արմէն:

Հատորին մէջ կան նաեւ «խոհեր ու խոկումներ, որոնք մերը կ՛ըլլան հարազատներու մեկնումէն ետք»: Ահա թէ ի՛նչ կը գրէ հեղինակը յօդուածներէն մէկուն մէջ. «Կաղանդի գիշերը, երբ կը հաւաքուինք ընտանեկան սեղաններուն շուրջ եւ կը խմենք իրարու կենաց, կը յիշենք աշխարհով մէկ ցրուած մեր հարազատները, ազգականներն ու ընկերները, ուզենք կամ չուզենք, կը նկատենք նաեւ բացակաները, եւ որքան ալ որ ընտանիքի նոր անդամները` զաւակները, հարսերն ու փեսաները, ու մանաւանդ թոռնիկները նոր խինդ ու կեանք կը բերեն մեզի, մեկնողներուն տեղը կը մնայ դատարկ, եւ պահ մը կը լեցուին մեր աչքերը, կը սեղմուին մեր կոկորդները»: Ապա կ՛եզրակացնէ. «Այսպէս, ոստայնիս թելերն են, որ կը փրթին հետզհետէ, ու կ՛ափսոսամ, որ մեր հեւքոտ կեանքն ու մանաւանդ մեր այս սփռումը աշխարհով մէկ զիս կը զրկէ, զրկեր է աւելի յաճախ տեսնելու, վայելելու, վայելած ըլլալու այդ սիրելի դէմքերը եւ անգամ մը եւս շնորհակալ ըլլալու իրենց` ինծի պարգեւուած սիրոյն, գուրգուրանքին, հոգածութեան, դաստիարակութեան, հոգեկան անբա՛ւ հարստութեան համար»:

Նոյն այդ նպատակին կը ծառայէ սոյն հատորը, որ կարելի է կարդալ այստեղ` https://hayerenblog.wordpress.com / «Գիրքեր» բաժինին մէջ:

Վ. Ա.

Նախորդը

Սիլվա Կապուտիկեան (ԻԱ.). Յանձնառու Քաղաքացին

Յաջորդը

Մենք Ապրում Ենք Եւ Ապրեցնում…

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.