Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Ձիւնագնդակը Պէտք Չէ Հալի

September 2, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը, որ երկար սպասումէ ետք լոյս աշխարհ եկաւ օգոստոսի վերջին օրը (44-օրեայ պատերազմի պայթումի, 3 տարելիցէն մօտաւորապէս ամիս մը առաջ), հայութեան քաղաքական բեմի կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկն է պատերազմէն ասդին եւ բնականաբար դուռը լայն բացաւ մեկնաբանութիւններու եւ նախատեսութիւններու առջեւ, պատասխան տուաւ շարք մը հարցումներու, սակայն անպատասխան կը մնան մեծ ու փոքր բազմաթիւ հարցումներ: Այլ խօսքով, այս հրաժարականը տակաւին չի նշանակեր, թէ ամէն բան փոխուած է, ու հորիզոնը սկսած է պայծառանալ, սակայն կը բերէ նշոյլ մը:

Անմիջականօրէն պէտք է տեսնել, որ այս հրաժարականը արդիւնք է Արցախի մէջ քաղաքական ուժերու` իշխանական եւ ընդդիմադիր միջեւ ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ մը եւ կը փաստէ, որ այդ ուժերը տեղ մը ցատկած են ներքին տարակարծութիւններու վրայէն (թէեւ ամէն բան յստակ չէ ու երկինքն ալ պայծառ չէ): Սա համախոհութեան երկրորդ ակներեւ եւ գործնական արտայայտութիւնն է մօտաւորապէս մէկ ամսուան մէջ. առաջինը եղած էր ընդդիմադիր Դաւիթ Իշխանեանի խորհրդարանի նախագահ ընտրութիւնը:

Ակնարկութիւն ըրինք քաղաքական ուժերու համատեղ որոշումին. այսինքն, հոն` Արցախի  մէջ, կայ քաղաքական ղեկավարութիւն մը, որ կը մարմնաւորէ ժողովուրդին կամքը: Այլ խօսքով, իշխանաւորը ի վերջոյ տեսած է ու հասկցած, որ իր պաշտօնավարութեան շարունակութիւնը անընդունելի է. փաստօրէն, Ստեփանակերտի կեդրոնական հրապարակին վրայ բազմահանգրուան եւ մարդաշատ հաւաքները ի միջի այլոց այս պատգամը ուղղած էին նախագահին, որ ահա ի վերջոյ բացայայտօրէն խոստովանեցաւ, որ ինք ձախողած է (այս խօսքերու մէջ պէտք է տեսնել ձախողութեան այլ խոստովանութիւն մը եւս, ձախողութիւնը անոնց` որ ցարդ կանգնած էին Արայիկին ետին, ըլլա՛յ Հայաստանի մէջ, թէ այլ երկիրներու…): Հրաժարողը ներողութիւն խնդրեց իր ձախողութիւններուն համար, թէեւ «ամէն բան ըրած է», եւ ընդունեց, որ ժողովուրդը վստահութիւնը կորսնցուցած է իրեն` այսինքն հանրապետութեան նախագահի աթոռին հանդէպ:

Արդ, ի՞նչ ընթացք պիտի ստանայ քաղաքական խաղը, երբ հրաժարականը պաշտօնապէս հասնի խորհրդարան. Սամուէլ Շահմարանեանի իրողական յաջորդ նշանակումը գործադիր իշխանութեան մակարդակին վրայ բաղձալի բարեշրջումի մը նախաքայլը պիտի ըլլա՞յ, թէ լուռ հակամարտութիւնները, մի՛շտ ալ վնասակար ընդհանրական շահերուն եւ պահանջներուն դիտանկիւնէն` պիտի մտնեն նոր դաշտ: Ո՛չ ոք կ՛ուզէ գրաւը դնել վնասարարին վրայ:

***

Նշեցինք, որ այս հրաժարականը դուռը լայն կը բանայ մեկնաբանութիւններու եւ սպասումներու առջեւ, սակայն նաեւ կը ստեղծէ բազմաթիւ մեծ ու փոքր հարցումներ:

Փոքր հարցումներուն շարքին, արձանագրենք հետեւեալները.

–  Ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ Ա. Յարութիւնեանի եւ իր անմիջական գործակիցներուն, ուղղակի եւ անուղղակի համախոհներուն, որոնք ՄԱՍՆԱԿԻՑ եղան 44-օրեայ պատերազմին «ստեղծման», Արցախի մեծ մասին եւ բազմաթիւ կեանքերու կորստեան, բազում աւաններու հայաթափման (ցանկը երկար է, այսօր ալ կ՛երկարի):

– Անոնք հաշուետուութեան պիտի կանչուի՞ն, ստուգում պիտի կատարուի այն տեղեկութիւններուն մասին, որոնք պատերազմէն առաջ ալ կուտակուած էին այս մարդուն դէմ, թէ չարաշահումներ ըրած է եւ կասկածելի գործառութիւններ կատարած: (Չենք խօսիր օր մը այսպէս օր մը այնպէս ըսելուն մասին):

– Ա. Յարութիւնեան եւ գործակիցներ պիտի մնա՞ն Արցախ, թէ դուռ մը պիտի գտնեն հեռանալու անկէ…

***

Շատ աւելի երկար է շարքը մեծ հարցումներուն, որոնց ներքնագոյն օղակը կապ ունի նոյնինքն Արցախի հետ, իսկ մնացեալները` օղակ առ օղակ, կ՛առնչուին Արցախ-Հայաստանի, սփիւռքի հետ կապերուն եւ անշուշտ որ շրջանային ու միջազգային դէպքերու, իրադարձութիւններու եւ միջպետական յարաբերութիւններու` ոչ հայ հակառակորդներու եւ բարեկամներու միջեւ: Այս ծիրին մէջ ալ թուենք քանի մը կէտ.

– Ի՞նչ փոփոխութիւն պիտի արձանագրուի «արեւելում»-ի կալուածին մէջ: Գաղտնիք չէ, որ ռուս խաղաղապահ ուժերուն շուրջ (որոնց առաքելութեան առաջին փուլը պիտի սպառի մօտաւորապէս 2 տարիէն) լուռ կամ բացայայտ բանավէճեր կը զարգանան Ստեփանակերտի ու Երեւանի մէջ, նաեւ այլուր, այդ բանավէճերուն թելերը կ՛երկարին դէպի այնպիսի ոլորտներ, որոնք Արցախի հարցը կրնան ներկայի վիճակէն աւելի՛ լայն «միջազգայնացումի» տանիլ (իսկ միջազգայնացումի օղակին որեւէ ընդարձակում անպայման բարիք չի խոստանար): Պատերազմին եւ անկէ ետք (նաեւ նախընթաց փուլին), հիմնական կողմերն էին Հայաստանը (եւ Արցախը), Ազրպէյճանը (եւ Թուրքիան) եւ Ռուսիան: Երկար ատենէ ի վեր աճուրդի դրուած են ՄԱԿ-ի կամ այլ խաղաղարար ուժերու ապահովման ընտրանքը (հոգ չէ թէ նման փորձեր հազիւ թէ դրական արդիւնք տուած են աշխարհի այս կամ այն տաք կէտին մէջ, այնքան ատեն որ մեծ խաղացողները… խաղալիքի վերածած են ՄԱ՛Կ-ն ալ, անոր դատական թեւն ալ: Եւրոպացի դէտերու Հայաստան ներկայութիւնն ալ զերծ չմնաց խայտառակութիւններէ):

– Անմիջապէս կը հետեւի հրատապ հարցում մը. Արցախի պաշարումն ու մարդկային աղէտի կանխարգիլման քայլերը ի՞նչ ընթացք պիտի ստանան: Թէեւ Արցախի կամքը յստակ է, սակայն քաշքշուքը վերջ չէ գտած: Ազրպէյճան կը պնդէ, որ օժանդակութիւնները պէտք է հասնին Աղտամ-Ասկերան-Ստեփանակերտ ճամբով, մինչդեռ Արցախն ու որոշ չափով Հայաստանը (նաեւ կարգ մը արդարամիտ բարեկամներ) յառաջ կը մղեն Բերձորի ճամբուն անյապաղ վերաբացման պահանջը: Ծանօթ է, որ Ա. Յարութիւնեան որոշ ակնարկութիւններ ըրած էր ազերիական ընտրանքին ընդառաջ երթալու մասին, սակայն պաշտօնապէս չհասաւ վերջնական քայլի. իսկ Փաշինեան մօտ ատենէն պիտի տօնէ «պատրաստ ենք Արցախը ճանչնալու Ազրպէյճանի կազմին մէջ» յայտարարութեան տարեդարձը, յայտարարութիւն` որ հայութեան, միջնորդներու եւ բարեկամներու իսկ հաստատումով ուղղակի մէկ պատճառը դարձաւ Արցախի պաշարման եւ դեկտեմբերէն ասդին փուլ առ փուլ ծանրացող աղէտին: Արցախի եւ ազգային շահերու իրազեկ հայերու համար, ազերիական ընտրանքին ընդառաջ երթալ պիտի նշանակէ պաշտօնական յաւելեալ կնիք մը դնել Արցախի ազերիապատկան ըլլալու անհիմն վարկածին վրայ, իսկ Արցախը միաձայն կերպով մերժած է այդ ընտրանքը` գործնապէս ուղիղ ճամբայ ցոյց տալով… փաշինեանական «հնարագէտներուն»: Աւելի՛ն, այս զարգացումները կարեւոր փաստ մը կը բերեն, որ Արցախի ահաւոր տագնապը – եւ Հայաստանի` անոր կապուած զարգացումները-սոսկական մարդկային, ճամբաներու բացման, առեւտուր զարգացնելու հարցեր չեն, ինչպէս քարոզուեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին, ինչպէս կը փորձեն յառաջ քշել Ռուսիան, Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան ու անոնց համախոհ պիզնէսմէնները:

– Արցախի մէջ, ցարդ իբրեւ մրցակից-ախոյեաններ ճանչցուած քաղաքական ուժերուն միջեւ համախոհութեան փաստը համապատասխան արձագանգ պիտի գտնէ՞ Հայաստանի մէջ: Չմոռնանք, որ Արցախի խորհրդարանի նախագահի ընտրութենէն ետք խումբ մը զինուորականներ միջամտութեան փորձ մը կատարեցին, սակայն ահա այս հրաժարականը այլապէս արտայայտութիւն մըն է, որ քաղաքական ղեկավարութիւնը տէր է իր առաքելութեան: Եթէ մեր աչքերը քիչ մը հեռուները պտտցնենք, պէտք է յիշենք, որ աւելի քան երկու տարի առաջ, շատ աւելի արդարամիտ փորձ մը կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ, երբ բանակի հրամանատարութիւնը պահանջեց երկիրը պարտութեան ու պատմական կորուստներու տարած վարչապետին հրաժարականը, սակայն Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը եղան դէմ կեցողներուն առաջինը…: Վերջերս, ափրիկեան մէկէ աւելի երկիրներու մէջ զինուորականներ պետական յեղաշրջումներ կատարեցին` բարձրացնելով ազգային եւ ժողովուրդի շահերը հետապնդելու դրօշները: Անոնց` միջազգային ինչպիսի՛ հակամարտութիւններու արդիւնք ըլլալը քննարկելու պարտականութիւնը պիտի չվերցնենք հոս, սակայն պարզապէս չենք կրնար անտես թողուլ նման շարժումներու գտած արձագանգները` Ափրիկէի, Եւրոպայի եւ գերպետութիւններու մէջ: (Վստահաբար մտածող ըլլայ, թէ այդ բոլորը ի՞նչ կապ ունին Արցախի հարցին հետ):

–  Ստեփանակերտի մէջ այս զարգացումը ինչպիսի՞ արձագանգներ պիտի գտնէ մէկ կողմէ` Բերձորի միջանցքին մօտ աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր սպասման մէջ եղող` Հայաստանէն օժանդակութիւն հասցնող բեռնատարներու (որոնց վրայ աւելցան ֆրանսական ողջունելի օժանդակութիւնները) ճակատագիրին վրայ, ու միւս կողմէ` Ազրպէյճանի վրայ միջազգային ճնշումներու բարձրացման եւ արդիւնաւորման դիտանկիւնէն: Այլ խօսքով, պաշտօնական Ստեփանակերտը ինչպիսի՞ գործնական քայլեր պիտի առնէ եւ զօրակցութիւն ապահովէ իր հիմնական իրաւունքներուն վերաճանաչման ու հետապնդման ճամբուն, որպէսզի նախ` Հայաստանի իշխանաւորներուն, ապա նաեւ թշնամիին, դաշնակիցին ու բարեկամին յիշեցնէ, որ չէ հրաժարած ու չի կրնար հրաժարիլ ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ տարրական իրաւունքէն, իսկ ինքնորոշում ըսելով` կը հասկնայ, թէ Ազրպէյճանի կազմին մէջ գտնուելու որեւէ ընտրանք-ձեւ ընդունելի չէ, թէ` Արցախը Հայաստան է, հոգ չէ, թէ վերջին հարիւրամեակի, նաեւ վերջին տարիներու զարգացումներ քաղաքական այլ տարազներ պարտադրած են պատմական Հայաստանի այս անբաժան շրջանին: Սա բնականաբար կը ստեղծէ ենթահարցումներ, թէ` ի՞նչ ճակատագիր կը սպասուի ռուսական, արեւմտեան եւ ծանօթ ու անծանօթ այլ առաջարկներուն, արդեօք զանոնք վերատեսութեան ենթարկող պիտի ըլլա՞յ (օրինակ` Ռուսիա) եւ ատիկա ինչի՞ ցուցանիշ-ազդանշան պիտի ըլլայ:

– Նման հարցումներու շարք մը կը ստեղծուի` նկատի ունենալով Հայաստանի մէջ յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն նախատեսուած քաղաքական զարգացումները: Առաջին հերթին, կայ Արցախի զօրակցութեան հանրահաւաքը, կազմակերպուած` ՀՅԴ-ին եւ ընդդիմադիր այլ ուժերու կողմէ, որ կը վայելէ ընդարձակ ենթահող: Զուգահեռ գիծի վրայ կայ «Հայաքուէ»-ն, որ հասած է ընտրական յանձնաժողով ու շուտով կրնայ դրուիլ Ազգային ժողովի օրակարգին վրայ: ՔՊ-ականները պիտի շարունակե՞ն քալել Արցախի պաշտպան կանգնելու մերժումին եւ սահմանադրական հիմնական պայմաններ դրժելու յամառ եւ արդէն անվիճելիօրէն հայրենադաւութիւն կնքող ճամբէն: Մեզ այդքան ալ չի հետաքրքրեր փաշինեանապաշտներու կուրութիւնը, այլ կը նախընտրենք մեր աչքերը սեւեռած պահել Արցախի քաղաքական ուժերուն միջեւ ստեղծուած համախոհութեան վրայ: Վերջապէս, կայ Երեւանի քաղաքապետի ընտրութեան օրակարգը, որ ի սկզբանէ կը դիտուի իբրեւ իշխանափոխութեան եւ իսկական բարեշրջումի մեկնակէտ, թէեւ բազմաթիւ ցուցանիշներ կան, որ իշխանութիւնն ու անոր արբանեակները պիտի չվարանին նախորդ ընտրութիւններու խաղքութիւններուն դիմելու:

– Որոշ հարցականներ ալ կը բխին շրջանային եւ միջազգային այլ զարգացումներէ, ինչպիսիք են` Ուքրանիոյ պատերազմի վերիվայրումները, Թուրքիա-Ռուսիա բանակցութիւնները, անշուշտ նաեւ բարեկամ երկիրներու ղեկավարներու ճիգերն ու նախաձեռնութիւնները, որքան ալ որ մեկնակէտ ունենան իրենց սեփական շահերը: Գոնէ պէտք է տեղ մը տեսնել, թէ սեփական շահու հետամուտ ըլլալը չի նշանակեր թշնամիի բոլոր պահանջներուն առջեւ տեղի տալ, այլ վերականգնել բակի ուժը:

***

Արցախի մէջ տեղի ունեցած(ներ)ը պէտք է ըլլան գործնական նախաքայլեր` վերադառնալու այն արդարատենչ մեկնակէտին, որուն հայն ու աշխարհը ականատես եղան 1988-էն սկսեալ` Արցախեան Շարժումին հետ: Չմոռնանք, որ այդ փուլին ալ, սկզբնապէս հայկական կողմը ճամբայ ելաւ տկար  դիրքերէ, չունէր Ազրպէյճանի համաչափ զէնք-զինուժ, միջազգային խաղացողները – նոյնինքն  Խորհրդային Միութիւնը – դրական տրամադրութիւն չունէին Արցախի իրաւունքներուն նկատմամբ, սակայն անհաշիւ զոհաբերութեամբ եւ բազկի ու քաղաքական մտքի ճիշդ գործածութեամբ, հայկական կողմը` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, յաջողեցաւ մեծ շրջումներ կատարել սեղանին վրայ ու… տակէն: Վերջին քանի մը տարիները, մասնաւորաբար 44-օրեայ պատերազմով բացուած փուլը, շատ բան քանդեցին-խախտեցին արդարութեան հետապնդման ճամբուն մէջ (եւ հոն «ասֆալթ կը փռենք», «շէնքեր կը կառուցենք» ու նման սին յոխորտանքներ որեւէ իմաստ չունին):

Սեպտեմբերի սկիզբի հանրահաւաքներն ու սփիւռքի տարածքին արդէն ճամբայ ելած շարժումները կը դիտենք իբրեւ գործնական նախանշաններ` հայութեան ուժերու վերստին լարումին: Այս շարժումները պէտք չէր մատնուէին նախընթաց, հայրենապաշտպանութիւն մարմնաւորող շարժումներու ճակատագիրին: Հայրենադաւ եւ Արցախ վաճառող ձեռքերուն գործունէութիւնը պէտք է վերջ գտնէ: Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականն ու խոստովանութիւնները գործնական այլ նախընթաց են: Գլորուիլ սկսող այս ձիւնագնդակը` պէտք չէ թոյլ տալ, որ հալի, հակառակ տաք եղանակին: Մեր ժողովուրդը, ամբո՛ղջ ժողովուրդը, իր քաղաքական բոլոր կարելիութիւններով ու միջոցներով, պէտք է աշխատի ուռճացնել ձիւնագնդակը եւ հայրենիքի պաշտպանութիւնը վերադարձնել արդարութեան ուղիին: Ա. Յարութիւնեանի հրաժարականը պէտք է ուղեցոյց ըլլայ բուն յանցապարտներուն, եւ անոնց «մանտաթ տուած» ժողովո՛ւրդը զանոնք նստեցնէ ամբաստանեալի «գահին»:

31 օգոստոս 2023

Նախորդը

Ամուլ Հառաչանքը` «Խորապէս Մտահոգ» Արեւմուտքին Եւ «Մեծապէս Ցաւող» Արեւելքին, Եւ Լացակումաց Հայութեան Պատկերը (2 Սեպտեմբեր 1991)

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա-1». «Մերսետես» Երկարաձգեց Լուիս Հեմիլթընի Եւ Ճորճ Ռասըլի Պայմանագրութիւնները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.