Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան Կ՛անարգէ Ամէն Բան, Որ Սրբութիւն Է Հայ Ժողովուրդին Համար

Օգոստոս 31, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Չկայ օր մը, որ անցնի առանց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կոպիտ մէկ նոր սխալին:

Ահա՛ թէ ինչ կ՛ըլլայ, երբ դեղին մամուլի լրագրողը կը յայտնուի իշխանութեան ղեկին: Հայերուն մեծ մասը, կուրցած նախկին ղեկավարներու հանդէպ ունեցած բացարձակ հակակրանքէն, սկիզբը զայն գրկաբաց ընդունեց:

Բարեբախտաբար Փաշինեանի ժողովրդականութիւնը կտրուկ անկում ապրած է` հինգ տարի առաջուան 80 տոկոսէն անցեալ ամիս նուազելով մինչեւ 13 տոկոսի: Տարիներու ընթացքին հայաստանեան տարբեր հարցախոյզեր կը վկայեն անոր վարկանիշի շարունակական անկման մասին: Այսուամենայնիւ, ան կը մնայ իշխանութեան ղեկին եւ կը մերժէ հրաժարական տալ, յատկապէս` 2020-ի պատերազմին իր աղէտալի սխալ կառավարումէն ետք, ինչ որ յանգեցուց Արցախի Հանրապետութեան մեծ մասի կորուստին  եւ  հազարաւոր  հայ զինուորներու մահուան ու վիրաւորման:

Փաշինեան այնքան սխալներ թոյլ տուած է, որ դժուար է բոլորը նշել: Անոր ամենամեծ սխալը Արցախի Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալն էր` ատով իսկ անարգելով նահատակուած եւ վիրաւոր հազարաւոր հայ զինուորներու զոհաբերութիւնը: Ան իրաւունք չունէր Արցախը Ազրպէյճանին «նուիրելու», քանի որ Արցախի Հանրապետութեան տարածքը Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւասութեան ներքոյ չէր:

Փաշինեանի բազմաթիւ այլ կոպիտ սխալներու շարքին են` 2021-ի նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին օդին մէջ մուրճ ճօճելը, քաղաքական մրցակիցներու գլուխները ջարդելու եւ զանոնք ասֆալթին փռելու սպառնալիքը: Այնուհետեւ ան արհամարհեց հայերու վաղեմի պաշտամունքը Արարատ լերան նկատմամբ եւ քննադատեց Հայաստանի երկու ամէնէն նուիրական պետական խորհրդանիշները` զինանշանը եւ օրհներգը:

Տակաւին վերջերս Փաշինեան դժգոհեցաւ 1990-ի Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրէն` սկզբնական փաստաթուղթէն, որ ճամբայ հարթած է Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման համար` եօթը տասնամեակի համայնավարական իշխանութենէն ետք: Ան սխալմամբ յայտարարեց, որ Անկախութեան հռչակագիրը հակամարտութիւններ հրահրած է ընդդէմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, ինչ որ կը հակասէ իր «խաղաղութեան օրակարգ»-ին:

Անկախութեան հռչակագիրին մէջ յղում եղած է 1989-ի վերամիաւորման մասին որոշման, որ ընդունուած է Խորհրդային Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի օրէնսդիր մարմիններու կողմէ: Հոն ամրագրուած է նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը «սատար կը կանգնի 1915-ին օսմանեան Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին»: Հետագային Հայաստանի սահմանադրութիւնը յղում կատարած է Անկախութեան հռչակագիրին:

Անցեալ շաբաթ, Անկախութեան հռչակագիրի 33-րդ տարեդարձին առիթով, Փաշինեան յայտարարեց. «Հռչակագիրի գրութեան քննական վերլուծումը ի ցոյց կը դնէ, որ մենք ի վերջոյ ընտրած ենք այնպիսի խօսոյթ եւ բովանդակութիւն, որոնց հիմքին դրուած է մեզ Խորհրդային Միութեան մաս դարձուցած բանաձեւը. խօսքը տարածաշրջանային միջավայրի հետ հակադիր խօսոյթի մասին է, որ կը միտէր մեզ անընդհատ կռիւներու մէջ պահել մեր դրացիներուն դէմ»:

Փաշինեան սխալ մեկնաբանեց Անկախութեան հռչակագիրը Խորհրդային Միութենէն` իբրեւ «մեզ Խորհրդային Միութեան մաս դարձուցած բանաձեւ»: Անոր թիւր բացատրութիւնը ճիշդ հակառակն է գրութեան մէջ իրողապէս նշուածին:

Փաշինեան շարունակեց առաջ մղել իր անիրատեսական եւ պարտուողական «խաղաղութեան օրակարգ»-ը` Հայաստանի յարաբերութիւնները Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ կարգաւորելու համար: Ան կարծես թէ չի հասկնար, որ խաղաղութիւն մուրալը խաղաղութեան չի յանգեցներ: Ասիկա աւելի շատ ուղղակի նուաստացման եւ պատերազմի բանաձեւ է: Մինչ կուրօրէն խաղաղութեան մղուելով, ան հակասեց ինքզինք` յայտարարելով, որ Ազրպէյճան ցեղասպանութիւն կ՛իրականացնէ արցախահայութեան դէմ: Ինչպէ՞ս կրնան ցեղասպանութիւնն ու խաղաղութիւնը գոյակցիլ:

Փաշինեանի բազմաթիւ քննադատութիւնները կը վկայեն այն մասին, որ ան դէմ է անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր խորհրդանիշներուն եւ արժէքներուն: Անոր  վերջնական նպատակն է բաւարարել Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան` ոչնչացնելով Արցախի մասին բոլոր յիշատակումները եւ հրաժարելով Թուրքիայէն Ցեղասպանութեան պահանջներ հետապնդելէ:

Այդ ընթացքին Փաշինեան ամբողջութեամբ  մոռցած է 2020-ի պատերազմէն ետք Պաքուի մէջ կալանաւորուած եւ խոշտանգումներու ենթարկուած տասնեակ հայ ռազմագերիները: Ան ոչ միայն որեւէ գործողութեան չի ձեռնարկեր զանոնք ազատելու համար, այլեւ նոյնիսկ չի յիշատակեր անոնց մասին: Այս անոր ձախողութեան հետեւանքն է, որովհետեւ ան չկրցաւ հասնիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բոլոր ռազմագերիները միեւնոյն ժամանակի մէջ  փոխանակման, ինչպէս նշուած էր 2020-ի անոնց համաձայնագիրին մէջ: Փոխարէնը, պատերազմէն անմիջապէս ետք, Փաշինեան ազատ արձակեց բոլոր ազրպէյճանցի գերիները` փոքրաթիւ հայ գերիներու դիմաց:

Աւելի՛ն. Ազրպէյճան Արցախի մեծ մասը բռնագրաւելէ ետք նաեւ գրաւեց Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէկ մասը: Փաշինեան որեւէ ջանք չգործադրեց հակառակորդը հոնկէ հեռացնելու համար: Հայաստանի սահմաններուն պաշտպանութիւնը վարչապետի առանցքային պարտականութիւններէն է:

Փաշինեանի ապահովութեան պաշտօնեաները կը լռեցնեն բոլոր անոնք, որոնք համաձայն չեն անոր պարտուողական «խաղաղութեան ծրագիր»-ին` անոնք ըլլան Հայաստանի, թէ սփիւռքի մէջ: Հայ դատի կողմնակից հայրենասէր հայերուն եւ ոչ հայերուն կ՛արգիլուի այցելել Հայաստան, իսկ Հայաստանի բնակիչները կը հալածուին եւ կը ձերբակալուին, եթէ կը համարձակին բողոքել Փաշինեանի դէմ կամ քննադատել զայն: Միեւնոյն ժամանակ թուրք ժխտողականները եւ ծայրայեղական Գորշ գայլերու անդամները ազատ են շրջելու Հայաստանի մէջ եւ վիրաւորելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, Երեւանի Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ:

Ասիկա ճիշդ հակառակն է այն բանին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ըլլայ ժողովրդավարական երկիր մը, ուր խօսքի ազատութիւնը ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքն է: Ցաւօք, ժողովրդավարութիւն ու ժողովրդավարական ազատութիւններ հաստատելու յաւակնութեամբ իշխանութեան եկած անձը լրիւ հակառակը ըրած է: Ամբողջ իշխանութիւնը եւ որոշումներ կայացնելու լիազօրութիւնները կեդրոնացած են մէկ մարդու ձեռքը. ան ոչ ոքի հետ կը խորհրդակցի եւ ոչ ոքի մտիկ կ՛ընէ: Փաշինեանի բռնատիրական որոշումներու հարցով ո՛չ նախարարները, ո՛չ Ազգային ժողովը, ո՛չ նախագահը, ո՛չ ալ դատարանները ըսելիք ունին:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Եռամիասնութեան Մասին

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?