ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Չօպանեանի Գուրգուրանքն Ու
«Դիւցազնօրէն»-ի Երեւումը

Արշակ Չօպանեանն ալ մէկն էր այն մտաւորականներէն, որոնք ստիպողաբար թողուցին Պոլիսը ու Փարիզ հաստատուեցան: Հոս` Սենի ափին, երէց ու գուրգուրոտ եղբայրը պիտի դառնար ան Եւրոպա ապաստանած հայ ուսանողներուն: Առաւել եւս` ան մենտոր մը պիտի ըլլար գրական խմոր ունեցող սկսնակ ու խոստմնալից երիտասարդներուն համար: Իր սեփական հրատարակութիւնն եղող «Անահիտ» հանդէսը` ազգային-գրական-մշակութային բովանդակութեամբ, փարոսի մը դերը պիտի կատարէր Եւրոպայի սրտին վրայ:
Սիամանթո՛ն ալ բախտաւոր եղաւ` իր առջեւ բացուած տեսնելով «Անահիտ»-ի էջերը: Եթէ թերթատենք զանոնք, պիտի նշմարենք, որ 1899-ի թիւերէն սկսեալ Ատոմ Եարճանեան սկսեր է տեղ գրաւել հոն թէ՛ բանաստեղծութիւններով, թէ՛ արձակ տպաւորապաշտ էջերով («Բարիզեան նօթեր»):

Սխալ չէ ենթադրել, որ գրողական այս աշխատանքը դադար չունեցաւ: Արդիւնքը մէջտեղն էր: Ամիսներու երկայնքին թուղթին յանձնուած բանաստեղծութիւնները հետզհետէ լեցուցին փոքրածաւալ լման տետրակ մը, որ կարծէք ինքզինք կը պարտադրէր… հրատարակութեան: Հեղինակը ինք իր ձեռքով գծած էր կողքի շապիկը ու որոշած էր գիրքին տրուելիք անունն ալ` «Ցաւերուն ցաւէն»:
Այս գրքոյկը լոյս չտեսաւ սակայն: Ատոր փոխարէն` որոշ ժամանակ մը անց «Ատոմ Եարճանեան» անունին տակ հրապարակ իջաւ ա՛յլ քերթողագիրք մը` «Դիւցազնօրէն» վերնագրով (Փարիզ, տպ. «Համալսարան», 1902):
Ա՛յս է, որ կոչուած էր դառնալ բանաստեղծին երախայրիքը:

Չօպանեան չուշացաւ իր հրապարակային գնահատանքը բերելու այս նորատիպ հատորին: «Անահիտ»-ի 1902-ի մարտի թիւին մէջ ան կողք-կողքի գրախօսեց երկու տարեկից բանաստեղծներու առաջին գործերը` Թէքէեանի «Հոգեր»-ը եւ Եարճանեանի «Դիւցազնօրէն»-ը: Վերջինին մասին ան կը գրէր.
«Քերթուածներու այս եօթնեակը պատանեկան հոգիի երգ մըն է դարձեալ, ինչպէս ալ` Թէքէեանի հատորը, բայց մինչդեռ Թէքէեան եսական ու հեշտական լարը կը հնչեցնէ, Եարճանեան հաւաքական զգացմանց թարգման կը հանդիսանայ եւ պայքարի նուագը կը թնդացնէ: Խորքին մէջ երկու բանաստեղծները եղբայր են,… [բայց] իրարմէ տարբեր են խառնուածքով ու ձեւով. Թէքէեան կանացի խանդաղատանքներուն բանաստեղծն է, եւ թէպէտ նորութեան ջերմօրէն հակամէտ` իր ձեւը դասական չափասիրութեան յստակ ձգտումով մը կը բնորոշուի: Եարճանեան առնական խիզախութեանց փողարն է, եւ իր ձեւը կը շտապէ դէպի վերջնական նորութիւնը, դէպի բացարձակ անսանձութիւնը»:
Չօպանեան մի առ մի սեւեռումի կ՛ենթարկէր «Դիւցազնօրէն»-ի եօթը գլուխները, լայն մէջբերումներ կը կատարէր անոնցմէ, մատնացոյց կ՛ընէր տեղ-տեղ նշմարելի թերութիւններ եւս եւ, ի վերջոյ, գրքոյկէն ցայտող տաք շունչին ու տպաւորիչ պատկերներուն ի տես` կը յայտնաբերէր մեծ տաղանդի մը նախադրեալները ու կ՛եզրակացնէր, որ այս գործը` «Ամէնէն հզօր տեսիլքներէն մին է, զոր հայ միտք մը յղացած ու պղնձի մէջ քանդակած ըլլայ»:
Նախաճաշակ մը տուած ըլլալու համար` ահա՛ հատուած մը («Աստուծացումը»): Բանաստեղծը խօսքը կ՛ուղղէ ըմբոստ տարրին, իմա` ֆետայիներուն.
Ո՜վ դուք որ ձեր գարուններն, ձեր արշալոյսներն ու հոգիներն անհուն`
Մեր ամէնուն փրկութեանը համար
Ա՜յնչափ դիւցազնօրէն արիւնելու շտապեցիք,
Ու անցաք Իտէալին գագաթներէն, ազատարար խոյանքներով,
Մտածումնիդ ու աչուընիդ անընկճելի Յոյսին կարկառած,
Բոլոր մեր ցաւը ու բոլոր քայքայումը մեր սեւ օրերուն
Ձեր ներսիդին մոլեգնաբար տառապելէն…
Ու ձեր նայուածքին ու հաւատքին փայլակները գերբնական,
Ազատութեան նորածին որբի մեր խեղճ աչքերը լուսաւորելէն`
Հոս, մեր ամէնուն հոգիին մէջ, ձեր պատգամները քանդակեցին…:

Անտարակոյս, «Դիւցազնօրէն»-ը (որ իբրեւ ենթախորագիր ունէր «Հայ երիտասարդութեան համար» նշումը) հրաբխային պոռթկում մըն էր, արդիւնք` համիտեան բռնապետութեան դէմ հայ ազատագրական նորօրեայ պայքարի խոյանքներուն յառաջացուցած հոգեկան ալեկոծումներուն եւ մարտական զգացումներուն: Բանաստեղծը այստեղ Երազող մըն է, որ մեզի ցոյց կու տայ ըմբոստացումի ու արեան մէջէն ընթացող «Յոյսի ճամբան» (Ա. գլուխին վերնագիրն է): Ի՛նք ալ արդէն մտովին փոխադրուած է կռուի դաշտ` հանդիպելու համար «մարմարեղէն Յոյսի հսկայաթեւ ռահվիրաներ»-ուն, մաս կազմելու անոնց երդուեալ գումարտակներուն: Քերթողը կ՛աստուածացնէ ու կը գօտեպնդէ անդուլ պայքարի ու դիմադրութեան փշոտ ճանապարհը ընտրած ամբոխները, կ՛ուզէ, որ ամէն ոք դուրս գայ իր մեղկ, ընկճուած ու թոյլ հոգեվիճակէն ու զինուի քաջութեամբ եւ անձնուրացութեամբ: Կ՛ակնկալէ, որ հայ մայրերու արգանդէն նոր հերոսներ ծնին, ու յարատեւելու յոյսը երբեք չմարի Ազգին մէջ: Երբեմն կը լսէ նահատակներու անդրաշխարհային պատգամները (նոյնիսկ կու տայ անուններ` Ժիրայր (=Պոյաճեան), Փարեան (=Բաբգէն Սիւնի), Պետօ (=Ալեքանդր Պետրոսեան), Գնունի, Սերոբ, որոնք, գիտե՛նք, իրական դէմքեր են), կ՛երգէ անոնց արծուային թռիչքները հայրենի լեռներու կատարին, կը նկարագրէ թշնամիին դէմ անոնց մղած օրհասական «Ճակատամարտը» (Դ. գլուխին վերնագիրն է): Համոզում կը յայտնէ, որ այս պայքարը պիտի հրճուեցնէ հողին ընդերքին մէջ գերեզմանուած նահատակները, որոնց կմախքները «ալ կը սկսին պայծառօրէն մսաւորուիլ»…: Դիւցազներգութիւնը ի վերջոյ կը յանգի «Յաղթանակէն յետոյ» (Ե. գլուխին վերնագիրն է) ծագող արշալոյսին ու Ազատութեան բերկրանքին… Ու տեսէ՛ք, թէ այդ ազատութիւնը ինչե՜ր կը բերէ իրեն հետ.
Ու ահա՛ւասիկ ոսկիէ որաները աւետարանական ցորեանին…
Ու հեռուներէն արգասաւոր դաշտերուն տարածումը անսահման,
Ահա՛ւասիկ գարունէն բարձրացող հողին հոտը կենսաբեր,
Ու ահա՛ւասիկ նորէն լայն շարժումները սերմնացաններուն…
Ու ահա՛ւասիկ հօտերուն տողանցումը բլուրներէն վեր,
Ու ծաղիկներու ածուներ ձեր սպիտակ վրաններուն համար…:
Եարճանեանի ոճը բարձրաթռիչ էր, հոգ չէ, թէ բառերն ու նախադասութիւնները երբեմն միայն տարտամօրէն հասկնալի ըլլային: Այո՛, առանց իմացական կամ արուեստագիտական որոշ ճաշակի, առանց մտքի որոշ ճիգի` կարելի չէր հասկնալ այս խորհրդապաշտ (սեմպոլիստ) բանաստեղծը: Իր տողերը ազատ ու արձակունակ էին, այսինքն չէին կաշկանդուած վանկային թիւերու համաչափութեամբ: Գրականութեան մէջ այս տիպի գրութիւնները սովորաբար կը կոչուին արձակ բանաստեղծութիւն կամ քերթողական արձակ: Հեղինակը զանոնք ողողած էր մակբայներու արտակարգ առատութեամբ (յոգնածօրէն, տարփօրէն, անխոնջօրէն, մոլեգնաբար, դիւցազնաբար, տենդօրէն, խելայեղօրէն, կտրիճօրէն, անձնուրացօրէն, երջանկօրէն, փոթորկոտօրէն…), որ թէեւ կը նպաստէր հատուածներուն երաժշտականութեան ու կշռոյթին, բայց կը «ծանրացնէր» ընթերցումը:
Ճիշդ այս պատճառով ալ մինչեւ այսօր ոմանք «անմատչելի» կը սեպեն այս քերթուածները: Օրին ալ նմանօրինակ գանգատներ լսուած էին աջէն-ձախէն: Օրինակ, Վառնայի «Շարժում» թերթին մէջ (12-1-1902) յօդուածագիր մը դիտել տուած էր, թէ Եարճանեանի նոր գիրքը թէեւ ունի «կորովի մտքեր», սակայն դժուար հասկնալի է, մա՛նաւանդ երիտասարդ տարրին համար: Ան պարզամտօրէն նոյնիսկ կը թելադրէր, որ Եարճանեան անցնի արձակի` աւելի հաստատապէս յաջողելու համար…
Թիֆլիսի «Մշակ» լրագիրն ալ ակնարկ մը տպեր էր «Դիւցազնօրէն»-ի մասին (30-12-1901): Յօդուածագիրը` Վահան Նալբանդեան, կ՛ըսէր, որ գիրքին հեղինակը` «Մի երազուն երիտասարդ է` թրթռուն եւ չափազանց տպաւորող հոգով, նեարդային, բայց երբեմն` անկեղծ զգացմունքով: Պարոնի լեզուն ճոխ է, արտայայտութիւնները միանգամայն պլաստիքական (հաւանաբար ըսել կ՛ուզէ` առաձգական, բազմիմաստ, Լ.), պատկերաւոր, բայց եւ այնպէս` ոչ զուրկ արհեստականութիւնից: Լեզուի այս վերջին ձեւը բնականաբար երբեմն նսեմացնում է պարոնի տրամադրութեան անմիջականութիւնը. նա դառնում է կրքոտ, ծանրաշունչ»:
Եւդոկիացի նահատակ գրականագէտ Յովհ. Գազանճեան եւս տարիներ անց հայ գրականութեան պատմութեան նուիրուած իր աշխատասիրութեան մէջ պիտի գրէր. «Սիամանթօ ունի իրեն յատուկ պատկերաւոր ոճ եւ ինքնատիպ լեզու. իսկ իր պատկերներն ու գաղափարի արտայայտութիւնները համակ խորհրդանշական են, յաճախ` նաեւ մթին, ինչ որ մերթ դժուարին կը դարձնէ տողերուն պարունակած իմաստին ճիշդ եւ յստակ հասկացողութիւնը»:
Բանաստեղծին փարիզեան տարիներէն յուշի պատառիկ մը արձանագրած է Երուանդ Օտեան, Պոլսոյ «Ճակատամարտ» օրաթերթին մէջ (24 ապրիլ 1921): Ան կը պատմէ, որ փարիզեան Ռիւ Մոնժի մայթերէն մէկուն վրայ օր մը հանդիպեցաւ Ատոմ Եարճանեանին, որ «Դիւցազնօրէն»-ի նորատիպ կապոցները երկանիւ սայլակի մը մէջ բեռցուցած` կը քաշէր զանոնք իր ետեւէն…
– Ո՞ւր այսպէս,- հարց կու տայ Օտեան:
– Ինչպէս կը տեսնես,- կը պատասխանէ Սիամանթօ,- այսօր մտածումներուս երիվարը եղայ…
* * *
«Դիւցազնօրէն»-ի գրառումէն շուրջ 120 տարի ետք, այսօր, կը կարծենք, որ այլեւս ամբողջովին փարատած են այն վերապահութիւնները, որոնք արտայայտուած են Սիամանթոյի ոճին ու գրելաձեւին նկատմամբ: Այսօր մենք պարզապէս կը շշմինք բանաստեղծին յայտնատեսութեան դիմաց, ինչ կը վերաբերի մեր ժողովուրդին վրայ գործադրուած կոտորածի ու հաւաքական սպանդներու պատկերացումին: Յետոյ, անպայման կը հիանանք հայերէնի իր բառապաշարին ի տես ու այլեւս չենք գանգատիր իր հերոսներուն շնորհուած տիտանական ձեւաչափերէն կամ գերբնական յատկանիշներէն, ո՛չ ալ կը մեղադրենք զինք իր պատկերներն ու նկարագրութիւնները ընդլայնուած, խոշորցուած համեմատութիւններով տալուն համար: Ասոնք բոլորը իր գեղարուեստական մտածողութեան հիմքը կը կազմեն:
Հալէպ
(Շար. 2)