Համադրեց` ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Բժիշկ Հայկ Բոնապարտեան ծնած է 18 հոկտեմբեր 1880-ին, Մալաթիա: Հօր անունը` Խաչատուր:
1895-ին ծննդավայրին մէջ մասնակցած է թուրք խուժանի մը դէմ բախումի մը եւ յաղթական դուրս եկած է:
Բժշկակակ վկայական ստացած է 1908-ին:
1914-15 ծառայած է օսմանեան բանակին` իբրեւ բժիշկ:
1914-ի կիսուն, ռուս-թրքական ճակատին վրայ ծառայութեան օրերուն, ընկերներու հետ ձիերով փախուստ տուած է թրքական բանակէն, անցած է Ծանծաղ գետը եւ յանձնուած է ռուսական զօրքին: Տեղափոխուած է Կովկաս եւ միացած է զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի կամաւորական բանակին: 1914-1920 եղած է անոր անձնական բժիշկը, թարգմանիչը եւ թիկնապահը:
14 սեպտեմբեր 1915-ին Երեւանի մէջ Սիմոն Վրացեանին հետ դիմաւորած է Ամերիկայէն ժամանած հայ կամաւորներու 500 հոգինոց խումբը:
Եղած է ՀՅԴ-ի անդամ, սակայն որոշ տարակարծութիւններու պատճառով դուրս եկած է ՀՅԴ-էն եւ միացած է Զօր. Անդրանիկի կամաւորական բանակին` վաշտապետ- հարիւրապետ աստիճանով:
1917-ին անցած է Թիֆլիս եւ զօրավար Անդրանիկի նախաձեռնութեամբ հրատարակած է արեւմտահայերու «Հայաստան» թերթը:
1917-ի մայիս 2-11-ին Երեւանի մէջ կայացած է արեւմտահայերու առաջին համագումարը: Բժիշկ Հայկ Բոնապարտեան եղած է 59 պատգամաւորներէն մէկը: Ընտրուած է Ազգային խորհուրդի անդամ, մէկը` անոր 15 անդամներէն: Յաջորդ տարիներուն եւս վարած է նոյն պաշտօնը:
Բժիշկ Հայկ Բոնապարտեան մասնակցած է զօրավար Անդրանիկի բոլոր արշաւանքներուն եւ կռիւներուն:
Ան եղած է Զանգեզուրի հայկական ինքնապաշտպանական շրջաններէն մէկուն հրամանատարը:

Անդրանիկի կողքին եղած է Կարնոյ պաշտպանութեան օրերուն, 10-27 փետրուար 1918-ին:
Կարնոյ անկումէն ետք, մասնակցած է Զանգեզուրի պաշտպանական կռիւներուն:
Բժիշկ Հայկ Բոնապարտեան 1919-ին մաս կազմած է հայկական պատուիրակութեան եւ այցելած է Ֆրանսա: Այցին նպատակն էր հայ ազատագրական պայքարի շարունակումը եւ հայկական Կիլիկիոյ ազատագրումը: Ան Փարիզի մէջ հանդիպած է հայ ականաւոր գործիչներու` Պօղոս Նուպար փաշայի, Գաբրիէլ Նորատունկեանի, Վահան Փափազեանի, Աւետիս Թերզիպաշեանին եւ Ֆրանսայի նախագահին:
ՀՀ պատուիրակութիւնը 1919-ին պաշտօնական այցելութեամբ ժամանած է ԱՄՆ: Պատուիրակութեան անդամ եղած է զօրավար Անդրանիկ: Բժիշկ Հայկ Բոնապարտեան ընկերակցած է զօրավար Անդրանիկին` իբրեւ անոր անձնական բժիշկը, թիկնապահը եւ աջակիցը:

Բժիշկ Հայկ Բոնապարտեան զօրավար Անդրանիկին ընկերակցած է նաեւ անոր Անգլիա եւ Եգիպտոս այցելութիւններուն, 1920-ին:
Ան եղած է անուանի հռետոր:
Բժիշկ Հայկ Բոնապարտեան մահացած է 10 յունուար 1955-ին, Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա, եւ թաղուած է Կլենտէյլի «Ֆորեսթ Լոն Մեմորիըլ Փարք» գերեզմանատան մէջ:
Մոնրէալ, 20 ապրիլ 2023
Աղբիւրներ`
- Մինասեան, բժիշկ Յարութիւն, հայազգի բժիշկ-գործիչներ, Երեւան, 2020:
- Ուիքիփետիա, Ազատ հանրագիտարան, Բոնապարտեան Հայկ Խաչատուր: