ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Կար ժամանակ, երբ Արցախի Հանրապետութեան նուիրուած անկախութեան տօնը մեծ շուքով եւ ոգեւորութեամբ կը կատարուէր: Իրերայաջորդ սերունդներ, վերջին երեսուն տարուան ընթացքին, պահ մը մոռացութեան տալով իրենց կեանքին ու կարգ ու սարքին առնչուող մտահոգութիւնն ու դժուարին պայմանները` խանդավառ եւ ինքնավստահութեամբ լեցուած, կը տողանցէին Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ` իրենց հայեացքն ու յոյսը յառած Արարատին:
Իրօք, արդար ու գօտեպնդիչ էին այդ օրերու բոլոր ձեռնարկները, որովհետեւ անոնց կիզակէտին էր հայոց յաղթանակը, որ կերտուած էր շնորհիւ անկրկնելի տղոց հզօր բազուկին ու անտեղիտալի կամքին: Յաղթանակ, որուն մկրտութեան անունն էր ազգային ազատագրական պայքար, իսկ նշանաբանը` թուրքն ու թրքութիւնը ծունկի բերելու հրաշալի հաստատակամութիւն:
Այդուհանդերձ, հերոսապաշտութեամբ յագեցած հայ ժողովուրդին համար վերեւի նշումները այդքան ալ տարօրինակ պէտք չէ թուէին` այնքան ատեն որ հայրենի հողին վերատիրանալու հայութեան դարաւոր երազը իրականութիւն կը դառնար:
Փաստօրէն, Եղեռն ապրած ու Արեւմտահայաստան կորսնցուցած հայութիւնը, մէկդի շպրտելով սեւ ճակատագիրը, պահ մը լաւապէս կշռադատելէ ետք իր ապրած կեանքի ելեւէջներն ու պարտադրուած եօթանասունամեայ իրավիճակը, յաջողեցաւ փշրել քաղաքական կապանքները եւ միահամուռ պահանջեց Արցախ աշխարհի նախ` միացումը մայր հայրենիքին, ապա` ազատ ու անկախ պետութիւն ունենալու հրամայականը:
Արցախեան ազատագրական պայքարով սնած սերունդներ արիութեամբ եւ յոյժ համբերատարութեամբ կրցան դիմակայել ամէն խոչընդոտ` յանուն Արցախի եւ արցախահայութեան պաշտպանութեան եւ նորաստեղծ պետութեան հզօրացման:
Ամբողջ հայութեան դիմաց պարզուած հոգեբորբ այս գոյավիճակը պահ մը ընկալուեցաւ իբրեւ արդի ժամանակներու մեծագոյն զարթօնքը, յոյսը, որով պիտի կարենար ստեղծել քաղաքական ինքնուրոյն միտքի ու աշխատանքի հեռանկար, նոր ժամանակներու եւ աշխարհաքաղաքական պայմաններու համահունչ ազգային մտածողութիւն եւ պետականամէտ ժիր գործունէութիւն:
Եթէ երբեք մեր մտածումին եւ վերլուծման առանցքին միշտ ալ հայութիւնն է շեշտուած, ատիկա պարզապէս որովհետեւ դժուար է պատկերացնել համազգային որեւէ գործ ու ծրագիր առանց հայ ժողովուրդի աներկբայ մասնակցութեան եւ նուիրումին: Ահա այս մտահոգութենէ թելադրուած կ՛ընդգծենք, այլապէս կը հարցադրենք, թէ ինչո՞ւ հայութիւնը իր պետականութեամբ չկրցաւ միանգամընդմիշտ հաստատագրել իր կարողականութիւնը, պաշտպանական ուժն ու կորովը` ամուր պահելու Հայաստանի սահմանները առաջին հերթին եւ Արցախ աշխարհը ընդհանրապէս:
Արդեօք հայոց մտքի շտեմարանէն ընդմիշտ վերացա՞ծ էր քաղաքական ու դիւանագիտական խորաթափանց ունակութիւնը, կամ աւելի ճիշդ` հայանպաստ քաղաքականութիւն որդեգրելու ճարտարութիւնը, որով պիտի կարենայինք ազգովին դիմակայել սադայէլական բոլոր հաշուարկները ու ոգի ի բռին մաքառիլ` պահելու եւ պահպանելու Հայաստան ու Արցախ աշխարհները:
Երեսուն տարին բաւարա՞ր չէր ամբողջ հայութիւնը համախմբելու մէկ ու միակ դրօշին ներքեւ եւ ստացուած ներուժը ի գործ դնելու Հայաստանի պետականութեան արդիականացման եւ Արցախի առաւել հզօրացման: Այլապէս ալ պառակտուած եւ բաժան-բաժան հասարակութիւն դարձած հայութիւնը ինչպէ՞ս պիտի կարենար իր ահագնագոռ ձայնը բարձրացնել մարդկութեան դէմ, պաշտպանելու համար ազգային արժանապատուութիւնն ու իրաւունքները:
Ըստ երեւոյթին, հայութեան թշնամիները, բոլորը անխտիր, իրենց թաքուն թէ բացայայտ ծրագիրներով վաղուց անտի լծուած էին նախ` ներքնապէս տկարացնելու հայութիւնը եւ ապա արտաքին ճակատի վրայ հարուածելով` պարտութեան խարանը դրոշմելու հայութեան ճակտին: Ու յաջողեցաւ թուրքը, երեսուն տարի ետք, օտար ուժերու հետ գործակցաբար, ուժգին հարուած մը հասցնելու հայութեան գլխին եւ պարտադրելու քաղաքական ու զինուորական կացութիւն մը, որ, հաւանաբար, մեր արդի պատմութեան մեծագոյն պատուհասն էր ըստ ամենայնի:
Այդուհանդերձ, ամենամեծ հարցադրումը կը մնայ այն, ի տես հայութեան այս վիճակին եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն, թէ արդեօք հայութիւնը իր պետական կարգ ու սարքով, ազգային մտածողութեամբ թէ աշխարհաքաղաքական ընկալումով ուշքի եկա՞ւ, զգաստացա՞ւ, ըմբռնե՞ց պատահածին ահաւորութիւնը, թէ կը շարունակէ, կամ պիտի շարունակէ ինքնաքանդումի ուղին եւ խայտառակութեան ընթացքը:
Հաւատացողն ենք, որ, եթէ երբեք մեր մտածումի առանցքը ամբողջ հայութիւնն է, ապա մեղադրանքը բոլորիս է ուղղուած, առանց բացառութեան, չքմեղանքի ու ինքնախաբէութեան: «Նոր»-երուն չափ «հին»-երն ալ ունին յանցանքի բաժին, ստոյգ եւ առանց խտրական բարբաջանքներու, որովհետեւ, պարզ ըսած, հայ պետական այրը, որ կոչուած էր խարսխելու հայոց պետականութիւնը իր բոլոր ստորոգելիներով, աւելի՛ն. հայ քաղաքական միտքը, որ կը յոխորտար, թէ իր շալակին է եղած հայոց պատմութեան ամբողջ դառնութիւնը, չկրցաւ, ըստ երեւոյթին չուզեց, վերահայանալ եւ սպասարկել միայն հայութեան շահերուն եւ ազգային ըմբռնումներուն:
Փա՞ստը, աւելի քան ութ ամիս է Արցախ աշխարհի մեր ժողովուրդը կը տուայտի: Գաղութի մը համրանքը ունեցող (հարիւր քսան հազար) հայորդիներ տիւ եւ գիշեր կ՛աղօթեն յանուն կտոր մը հացի եւ պճեղ մը խաղաղութեան: Պաշարուած է մեր ազգակիցը թրքութեան կողմէ, հալածուած է արցախահայութիւնը իր բնօրրանին մէջ, կը փորձեն ի գին մեծ զոհողութեան տոկալ ու դիմանալ մեր եղբայրներն ու քոյրերը, չընկրկիլ ու չյանձնուիլ, որովհետեւ այլընտրանքը` Արցախի հայաթափումն է եւ կամ ամբողջական սպանդը:
Ճիշդ է, որ միջազգային հարթակներու վրայ հայութեան դիմումները պահիկ մը կը շարժեն մարդկութեան, այսպէս ըսած, կուրացած խիղճը, սակայն, ցաւ ի սիրտ, մեծագոյն բացական հայութեան միասնականութիւն է, որ կը յամենայ եւ առաւել կը խորացնէ մեր ճգնաժամը: Անկեղծ ըսած, հայութեան աղերսներն ու աղօթքները ի՜նչ բանի կը ծառայեն, երբ գազանաբարոյ թշնամին օրն ի բուն կ՛որոճայ իրագործել երբեմնի իր երազածը` Արցախի բնաջնջումը:
Կրնայ առարկուիլ վերեւի ըսուածներուն, թէ արդեօք ժամանակը հասած չէ՞ ձերբազատելու զգացականութենէ եւ մարտական կոչեր հրամցնելէ, այնքան ատեն որ հայութիւնը ցոյց չի տար ազգային միաձոյլ եւ վաւերական տրամադրութիւն, ուժ եւ քաղաքական կամեցողութիւն: Իսկ ուրիշներ, այս պարագային, «հասուն» մարդիկը, նկատի ունենալով սեփական կեանքի եւ ինչքի ապահովութիւնը, պիտի թելադրեն ու յաճախ կ՛ըսեն, որ հայութիւնը պարտաւոր է ընդունիլ իրեն պարտադրուածը եւ նայիլ դէպի ապագայ:
Ծիծաղելին կը մնայ այն, որ միջազգային հանրութիւնն ու քաղաքական ուժեղ ամպիոններու վրայ հսկող պետական այրեր, առանց խպնանքի եւ անամօթաբար կը ցաւին արցախահայութեան վիճակուած նորովի սպանդին ի տես` խրատներու եւ ամուլ խօսքերու տարափ իջեցնելով բոլորիս գլխին, միւս կողմէ, սակայն, անոնք կը մնան անդրդուելի եւ պատեհապաշտի կերպարին կառչած, ու փոխան հառաչանքի, լացի եւ յուզմունքի, չեն յանդգնիր խոհանոցի դանակ մը իսկ ճօճել թուրք-ազերի հորդաներու երեսին:
Յայտնապէս, եթէ հայութիւնը որոշած է իր սեփական եւ ինքնուրոյն տեղն ու դերը ունենալ արդի ժամանակներու աշխարհաքաղաքական քարտէսին վրայ, աւելի քան պարտաւոր է ձերբազատիլ ստրկամտութենէ, ազգակործան բարդոյթներէ եւ օտարին ծառայելու թշուառութենէ, որպէսզի արժանի ըլլայ Մռաւ լերան ողջոյնին, արշալոյսին եւ թագուհի Շուշիի օրհնաբեր նայուածքին: