Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսական Գործօնը Հարաւային Կովկասի Մէջ

Սեպտեմբեր 16, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Ռուսիա աւանդականօրէն գլխաւոր դերակատարն է Հարաւային Կովկասի մէջ, ուր յաճախ իրարու կը բախին տարբեր պետութիւններու շահերը: Ռուսիա պատմական մեծ աւանդ ունի հարաւկովկասեան խճանկարին մէջ եւ բնաւ ցոյց չէ տուած, որ պատրաստ է Հարաւային Կովկասը զիջելու այս կամ այն պետութեան կամ պետութիւններու դաշինքներու:

Արցախեան երկրորդ պատերազմը եկաւ առաւել շեշտելու ռուսական գործօնը Հարաւային Կովկասի մէջ, երբ պատերազմին կանգնեցման, ապա արձանագրուած զարգացումներուն եւ իրադրութիւններուն մէջ կեդրոնական դերակատարութիւն ունեցաւ Ռուսիա, որուն նախագահը նաեւ արցախեան հարցի լուծման տեսլական մը ներկայացուց կողմերուն` հայկական հաւանութեան դիմաց ազրպէյճանական մերժողական կեցուածք մը ստանալով: Ապա` երկար եւ անհատնում բանակցութիւններ, տեսակցութիւններ, հանդիպումներ, աշխատանքային ժողովներ, հեռաձայնային խօսակցութիւններու եւ հաղորդակցութիւններու մարաթոնային շարք մը, որոնց նպատակն էր հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերու կեցուածքները իրարու մօտեցնել, տարակարծութիւններու նիւթ եղող խնդիրներուն լուծման պատկերացումներ տալ: Այս ընթացքին լարուածութիւնը բարձրացնող դէպքեր անպակաս չեղան, եւ ռուսական կողմը ջանաց կացութիւնը միշտ հակակշիռի տակ պահել` մէկ կողմէ ռուսական խաղաղապահ ուժերուն ներկայութեամբ, միւս կողմէ` մագոգային դիւանագիտական ճիգերու միջոցով, որուն աշխուժութիւնը վերջին օրերուն աւելի քան զգալի է:

Ռուսիա հարաւկովկասեան ռազմաքաղաքական դրուածքին մէջ ունի իր շահերը, ակնկալութիւնները եւ ծրագիրները, որոնցմէ զիջելու բնաւ պատրաստ չէ, ինչ ալ ըլլան Ուքրանիոյ պատերազմին հոլովոյթը, զարգացումները եւ արեւմտեան աշխարհին Ռուսիոյ դէմ շղթայազերծած դիւանագիտական, տնտեսական եւ այլ բնոյթի պատերազմներուն ընթացքն ու կշռոյթը: Ճիշդ է, որ ռուսերը միշտ չեն կրկներ Հարաւային Կովկասի մէջ իրենց ազդեցութեան գօտին պահպանելու քաղաքական-դիւանագիտական եւ այլ բնոյթի աշխատանքներուն վերաբերող ակնարկութիւններ եւ յայտարարութիւններ, սակայն երբ զգան, որ ժամանակը կը թելադրէ նման յայտարարութիւն եւ կեցուածք ճշդել բարձրագոյն մակարդակի վրայ, ինչպէս անցնող օրերուն պատահեցաւ, հանդէս կու գան պաշտօնական յայտարարութիւններով: Նորագոյնը այս կեցուածքներուն դրսեւորուեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբեր Տմիթրի Փեսքովի կողմէ, որ հաստատեց, թէ Ռուսիա Հարաւային Կովկասի անբաժանելի մասն է, հետեւաբար չի կրնար հեռանալ եւ լքել Հայաստանը: «Պէտք չէ մոռնալ, որ Ռուսիոյ մէջ ամէն պարագայի աւելի շատ հայ կ՛ապրի, քան` Հայաստանի մէջ, որոնց մեծամասնութիւնը բացարձակապէս օրինակելի եւ հայրենասիրական տրամադրութիւններ ունեցող Ռուսիոյ քաղաքացիներ են, որոնք իրենց արժանի ներդրումը կ՛ունենան Ռուսիոյ զարգացման մէջ», շեշտեց ան:

Ռուսիոյ նախագահին բանբերը ուղղակիօրէն կը պատասխանէր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, թէ` «Կարող է, որ օր մը արթննանք  եւ տեսնենք, որ Ռուսիա Հարաւային Կովկասի մէջ ներկայութիւն չէ»: Ան ակնարկութիւն կը կատարէր Արցախի շուրջ գտնուող ռուսական խաղաղապահ ուժերուն, որոնք վերջին շրջանին Երեւանի իշխանութիւններուն սուր քննադատութիւններուն թիրախն են` կապուած Բերձորի միջանցքին փակման:

Փեսքովի յայտարարութիւններէն առաջ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ռուս համանախագահ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովայեւ այցելութիւններ տուաւ նախ Երեւան, ուր տեսակցութիւններ ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալին, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին եւ, ըստ ռուսական «Քոմերսանթ» պարբերականին, նաեւ` Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Ղազարեանին հետ: Խովայեւ ապա անցաւ Ազրպէյճան, ուր, երբ Փեսքով Մոսկուայի մէջ իր յայտարարութիւնները կը կատարէր, ան տեսակցութիւն ունեցաւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Ըստ պաշտօնական տեղեկութիւններու, քննարկումներու առարկայ դարձած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի այն ծրագիրը, թէ Ակնա-Ստեփանակերտ ճանապարհին բացումէն քսանչորս ժամ ետք կը վերաբացուի Բերձորի միջանցքը:

Ռուսիա պիտի չլքէ Հարաւային Կովկասը, ուր ճիշդ է, որ կան խոր տարակարծութիւններ հայկական կողմին հետ, ռուսական գործօնը է ու կը մնայ գլխաւոր երաշխիքներէն մին, թէ արցախեան իրավիճակին մէջ փոփոխութիւններու հոլովոյթը կրնայ ընթացք առնել նաեւ ու մանաւանդ ռուսերուն միջնորդութեամբ: Միջնորդութիւն մը, որ ներկայիս Մոսկուայի իշխանութիւններուն ձեռքերուն մէջ հայկական կողմին վրայ ճնշումներ բանեցնելու գործիքի վերածուած են:

 

 

 

Նախորդը

Համակարգումի Պակասը Եւ Անտեղի Մրցակցութիւններ

Յաջորդը

Դաշնակցականի Ակնոցով Դիտուած. Եւրոպայի Հայկական Համայնքներու Մասին – Բ. –

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?