Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համակարգումի Պակասը Եւ Անտեղի Մրցակցութիւններ

September 16, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Համասփիւռքեան մեր իրականութեան ամէնէն խոցելի կէտերէն մէկը հայկական կազմակերպութիւններու միջեւ համակարգումի պակասն է: Այս յանցանքին պատասխանատուութիւնը առաւելաբար կ’իյնայ մեր կազմակերպութիւնները ղեկավարող անձերու ուսերուն: Անտեղի մրցակցութիւններ, ծրագրումի եւ կազմակերպումի պակաս, համակարգումի բացակայութիւն… այս բոլորը իրենց ժխտական անդրադարձները կ’ունենան մեր հանրային կեանքին մէջ:

Ազգապահպանման համար տարասփիւռ հայութիւնը մտահոգութեան լուրջ պատճառներ ունի: Համահայկական կեանքի ապահովութեան սպառնացող վտանգներ կան: Ազգային գիտակցութեան եւ հաւաքական մտածողութեան խնդիր ունինք: Ապասերումի վտանգին եւ դասալքութեան հակումներուն դէմ կենաց եւ մահու պայքարի մէջ ենք: Այս պայմաններուն մէջ երբեք արդարանալի չեն նոյնատեսակ գործունէութիւններու կազմակերպումը: Որոշապէս ուժերու վատնում է միեւնոյն աշխատանքը տանիլ գրեթէ միեւնոյն վայրին մէջ` ի խնդիր միեւնոյն նպատակին: Օրինակի համար, ի՞նչ հարկ կայ հայկական երկու վարժարաններ կանգնել միեւնոյն պողոտային վրայ, երբ բազմաթիւ հայկական քաղաքներ կամ հայաշատ շրջաններ կը տառապին հայկական դպրոցի չգոյութենէն: Ի՞նչ հարկ կայ նոյն թաղին մէջ նոյն յարանուանութեան պատկանող երկու տարբեր եկեղեցիներ կառուցել, երբ շատ վայրերու մէջ հայ մարդիկ զրկուած են այդ առանձնաշնորհումէն:

Ուժերու ի՜նչ վատնում է եւ մտքերու եւ հոգիներու ի՜նչ մեծ գայթակղութիւն, երբ հայկական տարբեր եկեղեցիներ եւ տարբեր կուսակցութիւններ տարբեր վայրերու մէջ նոյն օրը Վարդանանց տօն կամ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչում կ’ընեն:

Քանի՞ հատ Հայ դատի նուիրուած տարբեր յանձնախումբեր յաջորդաբար զիրենք հիւրասիրող երկրին պետական մարմիններու դռները պիտի բախեն` Հայ դատի եւ պահանջատիրութեան առաջադրութեամբ:

Պէտք է ընդունինք բոլորս ալ, որ մեր ներկայ տկարութեանց, վէրքերուն եւ ընկրկումներուն մէկ կարեւոր մասը հետեւանքներ են` մեր գործած սխալներուն, մեր եսասիրութեան, անհատապաշտական հակումներուն, նախանձին եւ մեղքերուն:

Եթէ ազգային մտահոգութիւններու թելադրանքով շարժէինք, եթէ մեկնակէտ ունենայինք ազգային մտածողութեան պահանջներն ու ստիպողութիւնները, եթէ ընդհանրական հայութեան համազգային շահերէն առաջնորդուէինք, այն ատեն անյապաղ պիտի ձերբազատուէինք մեր հաւաքական կեանքին մէջ դերակատարութիւն ունեցող ախտերէն:

Արտասահմանի հայութեան մթագնող ապագայ հորիզոնին ի տես եւ մեր ազգապահպանման աճող դժուարութեանց դիմաց` պարտաւոր ենք ըլլալ զգաստ ու խոհեմ, եւ անոր համընթաց` լարել մեր ուժականութիւնը, որպէսզի կարենանք անկեղծ եւ անվերապահ գործակցութեան եւ ժողովրդային բաղձանքը կենդանի գործի եւ շօշափելի փաստի վերածել:

Գործակցութեան եւ համայնական ընդհանուր ներդաշնակութեան դէմ որեւէ անհարթելի արգելք պէտք չէ ըլլայ: Մեր հոգեւոր եւ աշխարհական առաջնորդութիւնը պէտք է լծուի գործնական քայլերու` ազգային ընդհանուր վարքագիծով մը վարելու համար համայնական մեր կեանքը:

 

 

Նախորդը

Ո՞ր Թուականէն Ի Վեր Գոյութիւն Ունի Պարպի Պուպրիկը

Յաջորդը

Ռուսական Գործօնը Հարաւային Կովկասի Մէջ

RelatedPosts

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Գ.)
Անդրադարձ

Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Կլոր Սեղաններու Համառօտագիրներ (Դ.)

October 8, 2026
Երբ Օրէնքը Զէնքի Կը Վերածուի
Անդրադարձ

Երբ Օրէնքը Զէնքի Կը Վերածուի

October 8, 2026
Համեստ Նուիրատուութիւն Մը` Ազգային Պարտաւորութեան Մեծ Ճամբուն
Անդրադարձ

Համեստ Նուիրատուութիւն Մը` Ազգային Պարտաւորութեան Մեծ Ճամբուն

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.