Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Անկրկնելի Հալէպը» (Հեղինակ` Մաթիկ Էպլիղաթեան)

Հոկտեմբեր 10, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հալէպի մէջ 2023-ին լոյս տեսաւ Մաթիկ Էպլիղաթեանի «Անկրկնելի Հալէպը» հատորը, բաղկացած` 288 էջերէ: Հեղինակը գիրքը ձօնած է հօր` Գրիգոր Էպլիղաթեանի յիշատակին:

Ներածականին մէջ Մաքրուհի Յակոբեան կ՛ըսէ, որ գիրքին բնիկ հալէպահայ հեղինակը իր այս հատորով, ընկերային, ազգային, մշակութային բոլոր երեսներով, յետին մանրամասնութեամբ մեզի կը ծանօթացնէ Հալէպի կեանքը, մեր պատմութեան յանձնելով հարուստ ատաղձ:

Մաթիկ Էպլիղաթեան կ՛ըսէ, որ Հալէպի մէջ ունինք հինգ առաքելական եկեղեցիներ: Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին, Ազգային առաջնորդարանին դիմաց, աւելի քան հինգհարիւրամեայ պատմութիւն ունի. շրջափակին մէջ կը գտնուի Ազգային Հայկազեան երկսեռ վարժարանը:

Սուրբ Գէորգ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիները յետեղեռնեան կառոյցներ են Նոր Գիւղի մէջ:

Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի օրերուն Հալէպ դարձաւ տագնապին կիզակէտը:

Հակառակ անոր որ Սալիպէի շրջանը անապահով եւ բախումներու սահման էր, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան սրբազան չլքեց իր բնակարանը, Ազգային առաջնորդարանի շէնքին մէջ, սակայն իր գրասենեակը ժամանակաւորապէս Վիլաններու շրջանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող թաղականութեան դահլիճը փոխադրեց:

Պատերազմի այդ օրերուն Հալէպ կամուրջները կտրուած կղզիի մը տեսքը ունէր:

Վարձկան ահաբեկիչներու կողմէ Քեսապի գրաւման եւ այնուհետեւ ազատագրութեան անդրադառնալէ ետք Էպլիղաթեան կ՛ըսէ, որ յետեղեռեան բարեկեցիկ ժամանակամիջոցին կը զուգադիպին, սուրիահայերու կառուցած տուներու կողքին, Քեսապի հայկական բանակավայրերն ու կազդուրման կայանները, որոնք հաստատուեցան իբրեւ հայապահպաման զօրեղ բերդեր:

Հեղինակը կը շարունակէ ըսելով, որ Բերիոյ թեմի առաջնորդներու պաշտօնական այցելութիւնները` դէպի թեմական շրջանները, ընդհանրապէս կը զուգադիպին տեղւոյն եկեղեցիներու անուանակոչութեան տօներուն: Քեսապի շրջաններ այցելութիւնը այս գծով եզակի տարողութիւն կը ստանայ, որովհետեւ Աստուածամօր անունով կը կոչուին Քեսապի եւ Գալատուրանի եկեղեցիները ու Էսկիւրանի ուխտավայրի մատուռը, ուր երեք օրերու վրայ պատարագ կը մատուցուի:

Քեսապ, իր գիւղերով, կրօնական այս տաղաւար տօնին կ՛ապրի նաեւ համասուրիահայ տօնահանդէս մը:

Էպլիղաթեան կ՛ըսէ, որ ամբողջ դար մը սուրիահայութիւնը, ի մասնաւորի հալէպահայութիւնը սփիւռքահայ լիճին կենսատու ջրահոս զուլալ գետը հանդիսացաւ. երկրագունդի վրայ տարածուող մեսրոպեան օճախներուն մշտավառ լոյսերը` կրթական մշակները մեծ մասամբ հալէպահայ երկրորդական վարժարաններու շրջանաւարտներու հոյլը կը կազմեն: Հիմա այդ ծառը կացինահարուած է:

Հեղինակը կը խօսի նաեւ հալէպցիներու պարենաւորման մասին, որ կը սկսի գարնան եւ կ՛աւարտի ձմեռնամուտին: Հալէպահայեր իրենց պարենաւորումին հետ նկատի կ՛ունենան արտասահման ապրող իրենց հարազատներուն բաժին հանել: Իսկ հալէպահայուն խոհանոցը իւրայատուկ է հայկական եւ արաբական տոհմիկ եւ այլազան տեսակի ճաշատեսակներով` Արեւմտահայաստանի գաւառներուն բոյրով համեմուած:

Էպլիղաթեան կ՛աւելցնէ ըսելով, որ հալէպահայ գաղութի թիւին նուազումը անդարմանելի երեւոյթ ըլլալով հանդերձ, հոն ապրող հայորդիք աւելի խոր գիտակցութեամբ կ՛ուզեն աշխուժ պահել հասարակական կեանքը:

Վերջաբանին մէջ Մաթիկ Էպլիղաթեան հազար փառք կու տայ սուրիական հայրենիքին ու սփիւռքի բնօրրան Հալէպ քաղաքին:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կը Նշանակէ Ոեւէ Օտար, Որ 15 Միլիոն Տոլարի Ներդրում Կը Կատարէ Երկրի Մը Զանգուածային Լրատուամիջոցներուն, Եթէ Ոչ` Նուիրատու Երկրին Քաղաքականութիւնը Ջատագովել Եւ Պատուէրները Կատարել

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Իսրայէլ Օրին Եւ Արցախը

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?