ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Վերջապէս 25 սեպտեմբերին յանդգնութիւնը կը գտնեմ հեռաձայնելու Դանիային:
Դանիան ստեփանակերտցի ընկերուհիս է, որուն հետ յաճախ գիշերային անձայնութեան եւ ամայութեան մէջ մեսենճըրով կը խօսակցինք: Բնականաբար զիս ամէնէն աւելի կը հետաքրքրէ Արցախի վիճակը, նաեւ` Դանիային առօրեան: Խոստացած էի իրեն այցելել` յաջորդ Հայաստան այցելութեանս, այցելել Արցախ` մօտէն ծանօթանալու իրեն, այցելել` Ամարաս, զոր տակաւին չէի տեսած: 15 տարի առաջ, Գանձասար այցիս, տակաւին տպուած գիրք չունէի: Ծնրադրած էի Գանձասարի գլխաւոր խորանին առջեւ, խնդրած եւ ստացած:
Դանիան բժշկական սպայ է, բուժքրոջ կոչումով, առանձին կ՛ապրի Ստեփանակերտի մէջ: Մայրը Ասկերանի մօտ գտնուող Աւետարանոց գիւղի բնակիչ է, ինք իր եղբօր ընտանիքին հետ կ՛ապրի: Մեր զրոյցները, մինչեւ վերջերս, ընդհանուր առմամբ լաւատեսութեամբ լեցուն էին, նոյնիսկ` ինը ամիսներու դաժան շրջափակման ընթացքին: Դանիան ժուժկալաբար կը գոհանար գիւղէն իրեն հետ բերած միրգերով: Չէր սիրեր խօսիլ դժուարութիւններուն մասին: Փոխարէնը` ան մեզմով կը մտահոգուէր, թէ` ինչպէ՞ս կ՛ապրէինք Հալէպի մէջ, մինչ իրենք մեծագոյն կարիքը ունէին գուրգուրանքի եւ ապահովութեան: Միշտ կ՛ըսէի, որ ապահովական առումով հանգիստ ենք, մի՛ մտահոգուիր: Դեռ վերջերս Հալէպի օդակայանին վրայ գործադրուած ահաբեկչական հարուածին մասին լուրեր ստանալով անմիջապէս հեռաձայնեց` սրտատրոփ շեշտով մը հարցնելով.
– Ձեր տան մօ՞տ է:
– Ո՛չ, Դանիա՛, մի՛ մտահոգուիր,- ըսի,- մեզմէ բաւական հեռու է եւ արդէն վարժ ենք այսպիսի բաներուն: Քանի մը օրէն օդակայանը կրկին կը սկսի գործել: Մեզ մտահոգողը դուք էք եւ ձեր ապագան:
Մեր գիշերային զրոյցները միշտ ալ ծիծաղով եւ բարի մաղթանքներով իրենց աւարտին կը հասնէին:
Երէկ եւ այսօր, երբ ամէն բան գլխիվայր շրջուեցաւ, տակնուվրայ եղաւ Արցախ աշխարհը` հալածանք եւ սպանութիւններ, հայերու նկատմամբ եղած անհանդուրժողութեան պատճառով ծայր առաւ տարագրութեան ճամբան:
Մարդիկ ակամայ լքեցին իրենց տուները: Ցեղասպանութի՞ւն… բնիկ ժողովուրդի մը նկատմամբ 21-րդ դարուն, քրիստոնեայ եւ զարգացած աշխարհին աչքերուն առջեւ:
Հրանդ Մաթեւոսեան պիտի ըսէր. «Գաս, խաւար վտանգներով լեցուն միջնադարով գաս, հասնես 20-րդ լուսաւոր դարի շեմին ու կոտորուե՞ս… Բա հիմա գաս, գաս հասնես երրորդ հազարամեակի շեմին ու քո երկու հազար տարուայ փորձից մի դաս չքաղե՞ս…»: Ես պիտի աւելցնէի` կրկի՞ն կոտորուես, կրկի՞ն հողդ յանձնես թշնամուն…
Ազգովին մեր պատմութեան ամէնէն չարաղէտ, ահաւոր պայթունավտանգ ժամանակներէն մին կ՛ապրինք: Կրկին ծեր, երեխայ բռնած են տարագրութեան ճամբան: Լոյս մանուկներ, Արցախի տարբեր շրջաններուն մէջ կրկին բարբարոս թուրքի գնդակին զոհը կը դառնան…
Սրտատրոփ կը փորձեմ մեսենճըրը…
Պատասխանը կ՛ուշանայ: «Աստուա՛ծ իմ, արդեօք ո՞վ պիտի պատասխանէ», կ՛ըսեմ, մի՞թէ մնացեալին հետ ճամբայ ելած է դէպի Գորիս…
Քանի մը անգամ փորձելէ ետք մէկը լատինատառ կը գրէ.
– Արցախից եմ:
– Հաստատապէս ինք չէ պատասխանողը,- կը մտածեմ:
Արիւնս գլուխս կը խուժէ, միտքէս հազար բան կ՛անցնի:
Արագ մը գրուած նախկին երկխօսութիւնները կը ջնջեմ` «Չըլլայ, թէ ազերի մըն է պատասխանողը»` մտածելով:
Շատ չանցած Դանիային աղօտ ձայնը կը լսեմ. «Ես եմ, շէնքում մենակ երկու հոգի ենք մնացել, որ չենք գնացել, ես եւ ներքեւի յարկի տարեց դրացուհիս: Սովածութիւնից հազիւ հազ ապրում ենք, մեծ կին է, փորձում եմ օգնել իրեն:
Ահաւոր էր. զոհերի թիւը աճում է…», կը նկարագրէ պատահածները, թէ ինչպէ՛ս Կարմիր Շուկային մէջ աջ ու ձախ գլխատուած պատանիներ, բռնաբարուած երիտասարդուհիներ տեսնուած են նախորդ օրերուն: Թէ ինչպէ՛ս Սառնաղբիւրի գիւղապետը ազերիներու ռմբակոծութիւններուն ժամանակ կրցած էր բոլոր երեխաները իր գիւղէն դուրս բերել, բոլորը փրկուեր էին` բացի իր զաւկէն: Թէ ինչպէ՛ս գիւղերուն մէջ ազերիները արագահարուածներով տուներուն վրայ կրակ կը բանային` աջ ու ձախ դիակներ սփռելով:
– Ի՞նչ են ասում լուրերից,- կը հարցնէ ան:
Կը փորձեմ մխիթարել զայն, քաջալերել…
Քիչ մը խօսելէն ետք կը խնդրեմ, որ անջատէ հեռաձայնը` մտածելով, որ կրնամ վնաս հասցնել, գիծը կրնայ հետապնդուիլ:
Հազիւ ժամ մը անցած` Դանիան կը զանգէ.
– Ահաւոր պայթիւն տեղի ունեցաւ պենզակայանում, հարիւրաւոր զոհեր, վիրաւորներ… քեռուս տղան էլ զոհուել է: Եկան ինձ տարան հիւանդանոց` վիրաւորների համար: Բուժքոյր չկայ, բոլորն էլ ցեղասպանուելու վախից բռնել են Գորիսի ճանապարհը: Երեւի Աստուած կամեցաւ, որ ես մնամ այստեղ` վիրաւորներին օգնելու համար:
Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհը անասելի ծանրաբեռնուած է: Այդ ճանապարհով անհնարին է վիրաւորներին Հայաստան տեղափոխել, որոնց մէջ մեծ թիւ են կազմում ծայրայեղ ծանր վիճակում գտնուողները: Անյապաղ օդային ճանապարհ է պէտք: Բազմաթիւ մոխրացած մարդիկ, ծանր վիրաւորներ` երրորդ, չորրորդ աստիճանի այրուածքներով: Տարրական դեղամիջոցներ, ցաւազերծողներ, անգամ վիրակապեր չկան:
Դանիային ձայնը դարձեալ կը սկսի դողալ: Ուժ կու տամ, ըրածը մեծ գործ է: Ինք եւս կը գիտակցի իր կատարած գործին կարեւորութեան:
Աստուա՜ծ իմ, կը մտածեմ, այս ինչ մեծ ցաւ է: Սուրիոյ պատերազմին հետ չեմ կրնար համեմատել: Եթէ մերը միայն ինչքերու եւ հոգիի կորուստ էր, այնտեղ հայրենիքի, պապենական հողի կորուստ է: Մեր դարաւոր հայրենիքի ամենագողտրիկ մէկ մասին, որուն բնակիչները բնիկներ են…
Արցախը հայրենի մարմնին մէկ մասն է, որ սառնասրտօրէն կ՛անդամահատուի: Ոչ մէկ պետութիւն իր ազնիւ խոստումը յարգեց: Բոլորն ալ հաւատացին ազերիին սուտերուն, լաւ գիտնալով հանդերձ, որ Արցախը հայկական հող է, իրենց աչքերն ու ականջները փակեցին:
Անտանելի է տեսնել ժողովուրդի մը կոտտացող վէրքերը, լսել լացն ու կոծը, մինչ ոչ մէկ բան կրնաս փոխել դառն իրականութենէն: Ամբողջ էութեամբ կ՛ուզես պոռալ` Արցախը հայկակա՛ն է, մարդի՛կ, մեր պապենակա՛ն հողն է, ձգեցէ՛ք, որ ստեղծագործ ժողովուրդը խաղաղ ապրի իր հողին վրայ…
Ոռնա՞ս, հայհոյե՞ս, թէ՞ աղօթես…
«Կայէն, ո՞ւր է Աբէլը», կը լսեմ հեռուներէն…
Նոյնիսկ եթէ կաթնկեր մայրը իր նորածինը թողու, կ՛ըսէ Աստուածաշունչը, ես քեզ չեմ թողուր…
Ուրեմն կաթնկեր մայրը իր նորածինը կը թողու եղեր… ինչպէս Արցախը լքուեցաւ…
Չար ձեռք մը արմատախիլ ըրաւ ամէն բան` արիւն ու սուգ սփռելով չորսդին…
Կը ծաղկի՞ արդեօք հողը կրկին իր բնակիչներով:
Կը յիշեմ Սուրիոյ Քեսապ հայկական աւանը, որ 2014-ին ասպատակուեցաւ կրկին թուրքին կողմէ, դատարկուեցաւ, քարուքանդ եղաւ ամէն բան: Բռնաբարուեցաւ, լլկուեցաւ զանազան թուրք ցեղախումբերու, ահաբեկիչներու կողմէ: Բայց անյայտ պատճառներով հողը կրկին վերադարձաւ իր տէրերուն:
Հրա՞շք էր… աղօթքներո՞ւ պատասխան:
Մայրերու օրէն մինչեւ հայրերու օր` մնաց բռնագրաւուած:
Աստուա՜ծ իմ, երանի հպումով մը միայն, հրաշքով կրկին, քմահաճ թագաւորներուն մէկ հրամանով Արցախը վերադարձուի իր տէրերուն: