Հազիւ 20 տարեկան էր Իսրայէլ Օրին, երբ առանձին կարողացաւ շրջիլ Եւրոպայէն Ռուսիա եւ այդ ժամանակուան ղեկավարներուն հետ լեզու գտնել: Ան հիմը դրաւ հայկական ազգային-ազատագրական պայքարին` օտար լուծերէն Հայոց աշխարհը ազատագրելու համար աւելի քան 350 տարի առաջ:
Այսօր, երբ պատմութեան մեր իրագործումները սերտելով բաղդատականի դնենք հայոց ղեկավարութեան վիճակը, մենք մեզ լճացած կրնանք դասել իբրեւ ազգ: Ես կը հաւատամ, որ այս փուլը ժամանակաւոր է, եւ կարելի է զարթնիլ, երբ նոր քաղաքագէտ ղեկավար մը ծնի մեր ազգի ազգասիրութեան արգանդէն եւ թափ տայ նորանոր նուաճումներու, ինչպէս նաեւ դիւանագիտութեան եւ քաղաքականութեան անսահման կարողութեան:
Երբ հարիւրաւոր տարիներ առաջ Իսրայէլ Օրիի նման յոյսի ներշնչման տիպար մը ծնած է մեր ազգին մէջ, այսօր նոյնանման տիպար մը ունենալ անկարելի չէ: Ազգային զարթօնքի եւ զարթնումի կարիքը ունինք նաեւ նոր ազատագրական շարժումի եւ վերածնունդի կերտման համար` իբրեւ միացեալ ազգի եւ ազգային շահերու իրագործման գրաւական:
Պատմութիւնը վկայ է, որ միմիայն միասնականութեամբ կրնանք յաղթահարել բոլոր տեսակի դժուարութիւնները եւ մարտահրաւերները: Իբրեւ ազգ արգիլուած է յուսահատիլ եւ միշտ պէտք է յիշել, որ պատմութեան մէջ էնվեր փաշայի եւ Մուսթաֆա Քեմալի նման ոճրագործներ ալ վերջ գտան, այսօր Էրտողանն ու Ալիեւն ալ վերջ պիտի գտնեն, կարեւորը այն է, որ իբրեւ ազգ միասնականութեամբ կարենանք դէմ դնել թշնամիին:
Ինչպէս Հայոց առաջին ցեղասպանութեան ընթացքին, այսօր նոյնպէս Արցախի հայոց երկրորդ ցեղասպանութենէն ետքն ալ պէտք է կարողանանք գոյատեւել եւ ճեղքելով փոթորիկը հասնիլ զարթնումի ու խաղաղութեան նաւահանգիստ: