22 սեպտեմբերին Յունաստանի մէջ հողին յանձնուեցաւ Շահան Ֆարաճեան, որուն յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Նէոս Քոզմոսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ:
Շահան Ֆարաճեան իր աչքերը բացաւ հայադրոշմ ընտանիքի մը մէջ, 1940-ին, Քոքինիա: Իր դաստիարակ մայրը` Ալիս Ֆարաճեան, փոքրուց Շահանին մէջ դրոշմեց սէրը դէպի մայրենին ու ազնիւ հայկականը, իսկ հայրը` հանրածանօթ լուսանկարիչ Փոլը, սէր դէպի նրբաճաշակ արուեստը:
«Զաւարեան» վարժարանի շրջանաւարտ ըլլալէն ետք, ծնողներու մղումով ան իր երկրորդական ուսումը շարունակեց Վենետիկի Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանը` հայաշունչ միջավայր մը, ուր ան նրբացուց հայերէնի հանդէպ իր գիտելիքները` Ալիշանի ու այլ հայագէտ հայրերու ոգիի ազդեցութեան տակ: Ապա Հռոմի համալսարանին մէջ ուսանեցաւ ճարտարապետութիւն ու այդ մասնագիտութեամբ իր ասպարէզը զարգացուց Յունաստանի մէջ:
Իր ձեռք ձգած փորձառութեամբ եղաւ գլխաւոր ճարտարապետը Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի եւ Ֆիքսի մանկապարտէզի նոր շէնքերու շինութեանց` տեսակ մը իր սրտի պարտքը տալով դաստիարակ մօր, որուն շունչը ընդմիշտ ապրեցաւ Շահան Ֆարաճեանին մէջ:
Ազգային, կուսակցական, միութենական, Հայ դատի բնագաւառներուն մէջ ան իր դրոշմը ունեցաւ` գիտելիքներով, գործակցութեան ոգիով, նախաձեռնութիւններով, կամաւոր աշխատանքով: Փնտռուած բանախօս մըն էր, նոյնքան ալ կարողացաւ գրիչ շարժել «Ազատ Օր»-ի էջերուն մէջ:
Յունահայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր քարոզին մէջ թուեց անոր անձնաւորութեան եւ ծառայութեան արժանիքները, իսկ գաղափարի ընկերներուն կողմէ հետեւեալ դամբանականը արտասանեց Միհրան Քիւրտօղլեան:
***
Շա՜տ, շա՛տ դժուար է ինծի համար երկար տարիներու գործակից ընկերոջս եւ սիրելի բարեկամիս` Շահան Ֆարաճեանի դագաղին վերեւ այսպէս, դամբանական խօսքով իմ սեփական եւ հանգուցեալը ճանչցող ու անոր հետ պարզապէս ժողովական կեանք բաժնող մարդոց զգացումները արտայայտելը, նոյնպէս եւ դժուար է քանի մը բառերու մէջ խտացնելը գաղափարական ու սկզբունքային անձը եւ բարեմասնութիւնները Շահանին, որ շուրջ յիսուն տարիներ, մինչեւ իր անողոք հիւանդութիւնը, իբրեւ հանրային կամ կուսակցական գործիչ, յաճախ համատեղ ու միշտ աներեր, համեստութեամբ, այլեւ սկզբունքայնութեան մէջ միշտ խիստ ու պահանջկոտ եւ անզիջող` ծառայեց ազգային նպատակներուն եւ յունահայ գաղութին:
Եօթնանդամ ու աշխուժ եւ գործունեայ խմբակ մըն էինք, երկարամեայ գործակիցներ, գրեթէ բաց նիստով գործող մարմինի մը մէջ: Մնացինք չորս եւ դժբախտ վկաները դարձանք անդարձ մեկնողներուն: Այսօր այդ խմբակէն երրորդ մեկնողն է անվերադարձ, Շահա՛նը: Կը հասկնաք մնացող չորսին ապրումները:
Չէի ճանչնար զինք: Նոյնիսկ դէմքը չէի տեսած: Տակաւին կուսակցական չէր եղած, բայց կուսակցութեան կազմակերպած մէկ ձեռնարկին համար կեդրոնական խօսողը պիտի ըլլար «Ռեքս» սրահին մէջ: Պարտականութիւն տրուած էր ինծի կապուելու իրեն եւ խնդրելու, որ իր խօսքին մէջ ներառէ պարբերութիւն մը: Հեռախօսով կապուեցայ եւ քաղաքավարի յայտնեցի խնդրանքն ու պարբերութիւնը: Հեռախօսէն Շահանին բամբ ձայնին պատասխանը. «Եթէ կ՛ուզէիք, որ անպայման այդ մտածումը փոխանցուի հանդիսականներուն, ապա ուրեմն ինչո՞ւ ձեզմէ մէկը չէք նշանակեր իբրեւ կեդրոնական խօսող…»: Այս առաջին խօսակցութեան թողած ժխտական տպաւորութեանս հետ միաժամանակ զգացի, որ ինծի անծանօթ Շահան կոչուող խօսակիցս բառերը չծամծմող, անկեղծ եւ սկզբունքի տէր մէկն է: Հետագայ տարիներուն ենթադրութիւնս վերածուեցաւ համոզումի, եւ գործակցութեանս ամբողջ տեւողութեան չեմ յիշեր դէպք կամ պատահար, ուր ան զիջէր իր սկզբունքներէն, ինչպէս կ՛ըսեն, «գինիին ջուր խառնէր», ինչ որ յաճախ պատճառ կը դառնար մեր վէճերուն ու տարակարծութիւններուն:
Երիտասարդ Շահանը` ներկայանալի ու յաղթական տեսքով «Ռեքս»-ի բեմին վրայ իր տպաւորիչ ձայնով, խորքային մտածումներով եւ ճոխ հայերէնի խտացեալ ոճով առինքնեց հանդիսականները: Ով որ հոն էր, այդ ձեռնարկին, պիտի յիշէ, թէ բոլոր ներկաներու հպարտութիւնը եղաւ ան, որ գաղութը ունի խոստմնալից երիտասարդ մը, եռանդուն ու շնորհալի: Հոն, հանգուցեալը ինքզինք դրոշմեց արդէն, որ պիտի դառնայ յուսալից ներկայութիւն մը ազգային ու գաղութային աշխատանքներուն մէջ: Անկէ ետք սկսաւ իր մեծ արշաւը հանրային կեանքի բոլոր բնագաւառներու մէջ: Եղաւ Ազգային վարչութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի անդամ, Հայ դատի յանձնախումբի նախաձեռնող ատենապետ. յիշենք Հայ դատի զօրակցող յիսուն մտաւորականներէ, ակադեմականներէ, արուեստի ու լրագրական ասպարէզի կարկառուն դէմքերէ, քաղաքական ծանօթ անձնաւորութիւններէ ստորահաւաքը իր նախաձեռնութեամբ. մասնակցեցաւ հեռատեսիլային ու ռատիոկայաններու հարցազրոյցներու` ունկնդիրները տպաւորելով իր յունագիտութեամբ, որ, ի դէպ, ձեռք ձգած էր ինքնաշխատութեամբ: Իսկ կուսակցական կեանքի մէջ երբեք չսակարկեց աշխատանքի տեսակն ու պաշտօններու մակարդակը: Գործեց իբրեւ պարզ շարքային, եղաւ կոմիտէի անդամ, նաեւ` Կեդրոնական կոմիտէի, որուն ներկայացուցչութիւնն ալ վարեց որոշ շրջան մը: Անդամակցեցաւ Հայ դատի Կեդրոնական մարմինին, մասնակցեցաւ կուսակցական ռայոնական ժողովներու, խորհրդակցական հաւաքներու եւ ՀՅԴ-ի Ընդհ. ժողովի մը: ՀՅԴ Բիւրոյի կամ Կեդր. կոմիտէի կողմէ գործուղուեցաւ Շուէտ, Իտալիա, Կիպրոս, Հայաստան եւ այլուր` տեսակցելու համար վարչապետներու, նախարարներու եւ խորհրդարանի նախագահներու հետ:
Ծանօթ է նաեւ բոլորիս, որ հանգուցեալը կամաւոր աշխատանքով, այսինքն` անվճար, ստանձնեց եւ իրագործեց Քոքինիոյ «Զաւարեան» համալիր կեդրոնի եւ Ֆիքսի «Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի մանկապարտէզի շինութեանց ճարտարապետութիւնը, որուն շնորհիւ գաղութին խնայուեցաւ շատ լուրջ ծախսի մը ծանրաբեռնուածութիւնը:
Այս բոլոր ըսուածները հազիւ թէ ուրուագիծը կը կազմեն ողբացեալ ընկ. Շահանի ծառայութեանց մեծ ցուցակին:
Սիրելի՛ Շահան, անդարմանելի հիւանդութեանդ անտեղեակ, հեռախօսեցի` ըստ մեր սովորութեան ժամադրուելու սուրճի եւ զրոյցի: Ըսիր, թէ հանգիստ չես զգար, բայց խոստացար, որ քանի մը օրէն «յեղափոխական» որոշում մը կ՛առնենք ու կը հանդիպինք: Կը կռահեմ, թէ ինչո՛ւ «յեղափոխական» բառը գործածեցիր պարզ հանդիպումի մը համար:
Չեղաւ: Հիւանդութիւնդ թոյլ չտուաւ, որ քով-քովի գանք, խօսինք Հայաստանի, Արցախի ու մեր կուսակցութեան դիմագրաւած դժուարութիւններու մասին, իրարու յայտնենք մեր ցաւն ու մտատանջութիւնները, քիչ մը պարպուինք, զիրար մխիթարենք: Դուն յաւիտենապէս աչքերդ փակեցիր այն օրը, որ Արցախը անփառունակ պարտութեամբ մը անձնատուր եղաւ թշնամիին: Չեմ գիտեր, թէ Արցախի անձնատուութեան ողբերգութիւնը ինչե՜ր ըսել պիտի տար իրարու: Բայց հիմա, դագաղիդ վերեւ, տխուր ու հրաժեշտի այս վերջին հանդիպումին, իմ ու ընկերներուս կողմէ ըսեմ քեզի, որ ժողովներու մէջ քու յայտնած մտածումներդ ու ելոյթներդ, ինչպէս իրենց օրին, նաեւ այսուհետեւ պիտի մնան կողմնացոյց մը` սկզբունքայնութեան, ուղղամտութեան, պարկեշտութեան, անսակարկ նուիրումի:
Գաղափարապաշտ ու անկեղծ ընկերս Շահան, կեանքի պատերազմը պատուով պատերազմեցար, եւ այժմ նախախնամութեան կողմէ քեզի վիճակուած է յաւիտենական հանգիստը: Հոգիդ աստուածային լոյսերով ողողուի: Վարձքդ կատար` կամաւոր աշխատանքի ասպետ:
Յանուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան բոլոր մարմիններուն եւ ընկերներուն խորազգաց ցաւակցութիւններ հանգուցեալի ազնիւ տիկնոջ, զաւակներուն եւ բոլոր հարազատներուն: Ձեր սուգը մեր ալ սուգն է: