ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
«Ինթըրնիուզը» ուղղերձ կը յղէ Հայաստանի զանգուածային լրատուամիջոցներու մարտահրաւէրներուն 5-ամեայ համապարփակ ծրագիրով» (Internews addresses Armenia՛s media challenges with a comprehensive 5-year media program): 20 յունիս 2023-ին Երեւանի Մամլոյ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ամերիկեան այս ծրագիրին ներկայացումը: Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ «Ինթըրնիուզի» 26 յունիս 2023-ի հաղորդագրութենէն հատուածներ (1), (2), (3).

«Հայաստանի մէջ «Ինթըրնիուզ»-ը կը համախմբէ տեղական եւ միջազգային առաջնորդող լրատուամիջոցներու հասարակական կազմակերպութիւնները` ՀԿ (NGO), հինգ տարուան լրատուական միջոցներու ծրագրի մը շուրջ, որուն նպատակն է աջակցիլ ազատ եւ անկախ լրատուամիջոցներուն եւ ամրապնդել Հայաստանի մէջ տեղեկատուական դաշտին ուղղամտութիւնը:
«Հայաստանի մէջ «Ինթըրնիուզ»-ը, Զինկ ցանցը (Zinc Network, անգլիական պետական հովանաւորութիւն վայելող*) եւ տեղական երկարամեայ ՀԿ-ներու` NGO լրատուամիջոցներու Միտիա նախաձեռնութիւններու կեդրոնը եւ Երեւանի Մամուլի ակումբը կ՛իրականացնեն ծրագիրը, որ կը տնտեսուի Ամերիկեան միջազգային զարգացման գործակալութեան` ԱՄԶԳ-ի (USAID) կողմէ, տնօրէնը` Սամանթա Փաուըր, որ 25 սեպտեմբեր 2023-ին Հայաստան այցելեց:
««Ինթըրնիուզ»-ը ոգեւորուած է Հայաստանի մէջ զանգուածային լրատուամիջոցներուն (ԶԼՄ) աջակցութեան համապարփակ ծրագիր մը սկսելու եւ աջակցելու շարք մը գործողութիւններու` աւելի կենսունակ լրատուամիջոցներու, զարգացած քննադատական մտածողութեան եւ, յառաջացեալ կանոնակարգերու համար, որոնք ուղղուած են գոհացնելու ամբողջ հասարակութիւնը», կը հաստատէ Քորինա Սեփոյի` Հայաստանի ԶԼՄ-ներու այս ծրագիրի ղեկավարը (մոլտովացի Corina Cepoi, փորձառու է լրատուամիջոցներու, հաղորդակցութեան վարժութիւններու եւ աջակցութեան` լրատուամիջոցներու զարգացման եւ ՀԿ-ներու կառավարման մէջ*):
«Հայկական լրատուամիջոցները կը դիմագրաւեն բազմաթիւ մարտահրաւէրներ տեղեկատուական միջավայրին մէջ, որ կը բնութագրուի քարոզչութեամբ, ձեռնավարութեամբ (manipulation) եւ բեւեռացումով: Երկրին լրատուամիջոցները կը պայքարին հետեւողական հիմունքներով որակեալ բովանդակութիւն արտադրելու, խմբագրական չափանիշները պահպանելու եւ լսարանի այնպիսի հատուածներուն հասնելու համար, ինչպիսիք են երիտասարդները եւ այլ նուազ սպասարկուող լսարաններ: Տնտեսապէս կենսունակ լրատուամիջոցները երկրին մէջ հազուադէպ են, բան մը, որ էական սպառնալիք է այս անկախ լրատուամիջոցներուն յարատեւ կայունութեան համար:
«Իր նորաձեւական մօտեցման միջոցով ծրագիրը կը բարձրացնէ լրագրողական չափանիշները, կը ներազդէ հանրութիւնը շահագրգռող լրատուամիջոցներուն տնտեսական կենսունակութեան եւ կը ստեղծէ ապատեղեկատուութիւնէն պաշտպանուած հասարակութեան համար բարենպաստ միջավայր:
«Այս ծրագիրը հիմնուած է Ամերիկայի ՄԶԳ-ի կողմէ տնտեսուող շարք մը նախկին նախաձեռնութիւններու վրայ, որոնք կարեւոր դեր խաղացած են ո՛չ միայն Հայաստանի մէջ անկախ լրատուամիջոցներու ամրապնդման, այլեւ միտիա գրագիտութեան կենսական հմտութիւններու ձեւաւորման գործին մէջ: Ուրախ եմ նշելու, որ ամերիկացի ժողովուրդին անունով այս ծրագիրին համար 15 միլիոն տոլար գնահատուած է: Այս ԱՄԶԳ-ի ամենամեծ ներդրումն է հայաստանեան միտիա տարածքին մէջ մինչեւ օրս», ըսաւ ԱՄԶԳ-ի հայաստանեան առաքելութեան տնօրէն Ճոն Ալելլոն ծրագիրի երթին բացման խօսքին մէջ:
«Համակարգելով աշխատանքը հնարաւոր շահագրգիռ կողմերու հետ, ծրագիրը կը ստեղծէ ԶԼՄ-ներու աջակցութեան հիմնադրամ` նպատակ ունենալով զայն վերածել անկախ, վստահելի եւ թափանցիկ կառավարուող նախաձեռնութեան:
«Մենք ուղղակիօրէն պիտի աշխատինք Հայաստանի միտիա դերակատարներու հետ` լրագրողներու, խմբագիրներու, լրատուամիջոցներու ղեկավարներու եւ այլընտրանքային բովանդակութիւն ստեղծողներու հետ: Քաղաքականութիւն մշակողներու, սեփական հատուածի եւ քաղաքացիական հասարակութեան դերակատարներու հետ համագործակցութեան շնորհիւ` մենք նպատակ ունինք հասնելու իրաւական եւ կարգաւորող շրջանակներու բարելաւման, ինչպէս նաեւ ձեւաւորելու հանրային ճկունութիւն` ապատեղեկատուութեան եւ չարամիտ տեղեկատուութեան աղբիւրներու նկատմամբ», ըսաւ Քորինա Սեփոյին:
«Երկրին միտիա եւ տեղեկատուական բնապահպանական համակարգը, միտիա սպառման սովորութիւնները եւ լրատուամիջոցներու կազմակերպչական կարողութիւնները վերլուծող հետազօտութիւններն ու ուսումնասիրութիւնները հիմք պիտի ծառայեն ծրագիրի ծիրին մէջ նախաձեռնութիւններու ծրագրումին եւ իրականացման համար: Հետազօտութեան արդիւնքները պիտի թելադրեն նաեւ հայկական լրատուամիջոցներուն աջակցութիւն տրամադրելու, ներառեալ` տնտեսական, կարողութիւններու զարգացումի եւ այլ աջակցութիւն»:
«Հրապարակ» օրաթերթին մէջ 23 յունիս 2023-ին Հայկ Գէորգեան «Միացեալ Նահանգներու ՄԶԳ-ի 15 միլիոն տոլարը ինչի՞ պիտի ծառայէ` խօսքի ազատութեա՞ն, թէ՞ ազատ խօսքի սահմանափակումներուն» (4) խորագիրով հարցազրոյց մը վարած է Երեւանի Մամուլի ակումբին երկարամեայ նախագահ Պորիս Նաւասարդեանին հետ, որ մեկնաբանութեան չի կարօտիր: Կը մէջբերեմ վերջին հատուածը.
« ՀԳ – Դուք կը նշէք, որ խօսքի ազատութիւնը ամենակարեւորն է, սակայն այս ծրագիրը իրականացնողներէն մէկը Միտիա նախաձեռնութիւններու կեդրոնն է, որուն պատկանող media.am կոչուող կայքը դրամաշնորհներ կը ստանայ եւ կ՛ընէ ճիշդ հակառակը` նպաստելով Դիմատետրի մէջ լրատուամիջոցներու նկատմամբ սահմանափակումներուն: Իշխանութիւններուն քննադատող լրատուամիջոցները 2 տարի առաջ, ընտրութիւններու ընթացքին, այս կայքին թիրախը դարձած էին, որ ինքզինքին գրաքննիչի կարգավիճակ շնորհած էր: Ըստ էութեան, նման ծրագիրները կը դառնան իշխանութեան ձեռքին գործիք` ազատ խօսքը լռեցնելու համար:
«ՊՆ-Այս ձեր անձնական տեսակէտն է: Media.am-ը չունի ազատ խօսքը լռեցնելու լիազօրութիւններ:
«ՀԳ- (Սակայն*) Դէպքեր եղած են եւ նոյնի՛սկ դատավարութիւն եղած է:
«ՊՆ – Անոնք, ինչպէս շատերը, կ՛անդրադառնան այն խնդիրներուն, որոնք կապուած են լրատուական մարզի գործունէութեան հետ: Անոնք (Media.am-ը) նաեւ կրնան սխալիլ, չեմ բացառեր»…
Ես ալ հարցում մը ունիմ Պորիս Նաւասարդեանին. Ինչո՞ւ ռուսական «Սփութնիք Արմինիա»-ի հայերէն կայքէջը շուրջ երկու տարի է հասանելի չէ, չի բացուիր սփիւռքի մէջ, նաեւ չի բացուիր օսերէնը եւ մոլտովերէնը, մինչ միւս բոլոր 25 լեզուներով էջերը կը բացուին, ներառեալ ազերի թրքերէնը… Քանի որ Ամերիկան չ՛ուզեր, որ այս լեզուներու ժողովուրդները ռուսական տեսակէտը իմանան: Այս է ամերիկեան մամուլի ու խօսքի ազատութիւնը, որ 15 միլիոն տոլարով պիտի պարտադրէ ամերիկեան տեսակէտն ու ժողովուրդին ուղեղալուացքը…
Իրականութեան մէջ այս անարժան իշխանութիւնը Դիմատետրով եւ կեղծ ու սուտ լուրերով եւ խոստումներով իշխանութեան տիրացաւ եւ բիրտ ոստիկանական ուժով կը պահէ մի՛այն թշնամիներուն ծառայող հակահայ իր իշխանութիւնը:
Պարզ տրամաբանութիւնը կը թելադրէ հետեւեալը. թշնամիին այսքա՛ն անտեղի ու անտրամաբանական զիջումներուն դիմաց տակաւին որեւէ տեսակի դոյզն օգուտ մը չտեսանք. ո՛չ գերիները վերադարձան, ո՛չ Արցախը եւ ո՛չ ալ Հայաստանը օգուտ մը քաղեց, այլ ընդհակառակը` միայն նորանոր զիջումներ… եւ Արցախի կորուստ ու Հայաստանէն հողեր գրաւուած: ԻՆՉՈ՞Ւ: Պատանի մըն ալ պիտի եզրակացնէ, որ մեզի համար այս անտեսանելի օգուտը, գերագոյն դաւաճանին` Փաշինեանին գրպանն է, որ կը լեցուի, եւ մաս մըն ալ` իր ժրաջան հետեւորդներուն:
Իսկ եթէ այդպէս չէ, ուրեմն կատարեալ խելագար կամ յիմար մըն է ան, որ առանց որեւէ փոխադարձ շահի` ազգային կամ անձնական, միայն զիջումներ կը կատարէ եւ հազարաւոր տարիներու մեր հողերը կը նուիրէ թշնամիին:
Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան մասնագիտացած, ահաւոր քարոզչական մեքենայի մը միջոցով, որ ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ նոյնի՛սկ անհաւատալիօրէն սփիւռքի մէջ շարք մը միամիտ խելահասներ, ուսեալներ, բժիշկներ եւ այլն, կրցած է խաբել: Արդեօ՞ք ամերիկեան տոլարները սփիւռք ալ հասած են… Անշո՛ւշտ հասած են, քանի որ սփիւռքի հայրենասիրական ու հայկական պահանջատիրական ոգին ցարդ կը մնայ անզիջող իր բարձրութեան վրայ, եւ մեր թշնամիները անդադար կը մատնանշեն այս իրողութիւնը` սփիւռքի տարբերութիւնը Հայաստանէն:
Ահա այս հակահայ քարոզչութեան մեքենան աւելի՛ ազդու դարձնելու համար, եւ Արցախի կորուստն եւ նորանոր զիջումներ հայ ժողովուրդին կոկորդէն վար իջեցնելու համար Միացեալ Նահանգները 15 միլիոն տոլար կը յատկացնեն լրատուամիջոցներուն: Ա՛յս յայտարարուածն է… Ասոր պիտի աւելնան 5700 արձանագրուած հասարակական կազմակերպութիւնները (NGO) նաեւ, ըստ ոչ պաշտօնական տուեալներու, 12500-է աւելի չգրանցուած, թերեւս ա՛լ աւելի, ՀԿ-ները եւ աղանդները, որոնք նմանապէս օտար դրամաշնորհներ, պատուէրներ եւ թելադրանքներ կը ստանան: Այս է Հայաստանի մէջ օտարներուն ներխուժած ու պատճառած քաոսային վիճակը, որ պատճառներէն մէկն է ստեղծուած ազգային անտարբերութեան ու քաղաքական կուրութեան:
«Կրկին պարզ հարցում մը. ո՞ւր էին այս Սորոսին, Անգլիոյ, Ամերիկայի եւ արեւմտեան հովանաւորութիւն վայելող ներսի եւ դուրսի «մարդու իրաւունքներու» եւ «ժողովրդավարական» կազմակերպութիւնները ՀԿ-ները, որոնք քար լռութեամբ ականատես եղան Արցախի 9-ամսեայ շրջափակումին ու ցեղասպանութեան եւ ոստիկանութեան կողմէ խաղաղ ցուցարարներու խոշտանգումին… Ի՞նչ է անոնց նպատակը, օգուտը, եթէ ոչ` կաշառքով լռեցնելու հազարաւոր ՀԿ-ներու ընդհանրապէս երիտասարդ փաղանգները:
Ազգային զգացումի, արժանապատուութեան ու դաստիարակութեան ամբողջակա՛ն բացակայութիւնը կը տիրապետէ, Փաշինեանէն սկսեալ, մինչեւ իրեն հետեւող Քաղաքական պայմանագիր կուսակցութեան պատգամաւորներն ու մոլորեալ ու պետական ապազգային սպառնալիքին ենթարկուող ժողովուրդին մէկ մասը:
Այս այլանդակ ու աներեւակայելի ապազգային միջավայրին դէմ պէտք է նաեւ պատերազմինք նո՛յն իրենց քարոզչական զէնքով: Եթէ անհրաժեշտ է, 15 միլիոն տոլար չէ` 100 միլիոն տոլար յատկացնենք եւ անմիջապէս հասնինք իւրաքանչիւր հայու տուն ու բջիջային հեռաձայն` մասնագիտացած քարոզչական մեքենայով` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:
5 հոկտեմբեր 2023
* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները իմ կողմէս
(2).- https://internews.org/
(3).- https://news.am/arm/news/766509.html
(4).- https://hraparak.am/post/44621365413e7f8b7615e8729e97a82f
«Իսկ եթէ այդպէս չէ, ուրեմն կատարեալ խելագար կամ յիմար մըն է ան, որ առանց որեւէ փոխադարձ շահի` ազգային կամ անձնական, միայն զիջումներ կը կատարէ եւ հազարաւոր տարիներու մեր հողերը կը նուիրէ թշնամիին:»
Երրորդ հաւանականութիւնը այն է, որ այս առանց փոխերէնի թշնամիին հողեր նուիրող դաւաճանը հայ չէ, հաւանաբար թուրք, կամ հրեայ է: