Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անյետաձգելին, Որ Կար Երէկ

Հոկտեմբեր 6, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Արցախի վերջնական հայաթափման այս օրերուն միջազգային տարօրինակ խեղկատակութիւն մը կը բեմադրուի մեր հայրենիքին մէջ ու անոր շուրջ:

– ՄԱԿ-ի դէտեր, հայերուն օգնութիւն փութացնելու տենդով, Ստեփանակերտ հասեր են եւ բարի լուրե՜ր կու տան աշխարհին: Կ՛ըսեն, որ Արցախի մէջ նկատառելի վնասներ չեն արձանագրուած, մինչեւ իսկ անասուններ մնացած են անվնաս: Անոնք հաւանաբար կոյրերու աշխարհէն եկած են, որովհետեւ գոնէ պէտք էր տեսնէին ծանրօրէն վնասուած շէնքերն ու դատարկուած շէները… Տակաւին, անոնք նկատեր են, որ շուրջ 55 հազար հայեր կը մնան Արցախի մէջ: Սա կը նշանակէ՞, որ հայկական կողմը անցեալ դեկտեմբերէն ի վեր կը ստէր` ըսելով, որ 120 հազար պաշարեալ կայ Արցախի մէջ: 30 տարիէ ի վեր Արցախի կողմը չնայող ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներէն կարելի չէր տարբեր գնահատական սպասել, որովհետեւ ի վերջոյ Արցախի մուտքի արտօնութիւնը եկած է… Պաքուէն: Հիմա ելլեն եւ իրենց ճամբան բացո՞ղը մեղադրեն: Չէ՞ որ Եւրոպա եւ Միացեալ Նահանգներ նոյնքան կոյր աչքերով կը դիտեն ահաւոր ողբերգութիւնը, իսկ Ռուսիա անկարողութիւն կը խաղայ մինչեւ իսկ իր խաղաղապահներէն զոհեր տալէ ետք: Մէկը արդեօք «քայլ պիտի առնէ՞» եւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչները պիտի առաջնորդէ՞ այն բնակավայրերը, ուր անտանելի պայմաններու մէջ ապաստան գտած են բռնի գաղթական դարձածները: ՄԱԿ-ի պատուիրակները հարց պիտի տա՞ն, թէ արցախցիք ինչո՞ւ նախընտրեցին քանի մը օրուան մէջ լքել իրենց դարաւոր հայրենիքը` տուն, ստացուածք, յուշակոթողներ ու գերեզմաններ, որովհետեւ գիտէին, թէ ինչպիսի՛ բնոյթ ունի ազերիական «հոգածութիւնը»: Չէ՞ որ անոնք աւելի քան 65 տարի այդ հոգածութիւնը վայելած էին համայնավարներու տարիներուն, երբ Արցախը ԻՆՔՆԱՎԱՐ ՄԱՐԶ էր եւ որոշ չափով կը վայելէր ազերիական ոճիրները եւ խտրականութիւնը գէթ նուազագոյն չափով սանձող խորհրդային իշխանութիւններու օժանդակութիւնը:

– Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը Երեւան հասաւ եւ աւելի՛ յանդուգն արտայայտութիւններ ունեցաւ: Ան դատապարտանքի խօսքեր ուղղեց Ազրպէյճանին (մերսի՛, մատա՛մ), վերահաստատեց Հայաստանի կողքին կանգնելու Փարիզի կեցուածքը, սակայն ան յայտնապէս թղթապանակին մէջ չունէր Արցախի անկախութեան ճանաչման Ֆրանսայի խորհրդարանականներու բանաձեւը, որովհետեւ զինք հիւրընկալող Հայաստանի վարչապետին հետ միաբերան խօսեցաւ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ մասին, խոստացաւ 12,5 միլիոն եւրոյի օժանդակութիւն (դարձեա՛լ մերսի, մատա՛մ): Լուրեր կը հասնին, թէ Ֆրանսա պատրաստ է զինական օժանդակութիւն տրամադրելու Հայաստանին: Քանի մը օր առաջ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը յայտնած էր, որ Ֆրանսա զինուորական օժանդակութիւն պիտի չտրամադրէ Հայաստանին: Պարզ հետեւութիւնը այն է, որ Հայաստանը կը դիտուի իբրեւ մանր Ուքրանիա մը, որուն կարելի է զէնք ծախել ու շահ ապահովել: Արցախցիներու քաղաքական իրաւունքները, ինքնորոշման ճամբուն կերտած փուլերը եւ նման բաներ նետուած են յիշեալ թղթապանակին մէջ: Բնականաբար «իրապաշտ հանճարներ»-ը հարց պիտի տան. «Երբ Արցախը պարպուած է, երբ Հայաստանի պաշտօնական իշխանութի՛ւնն իսկ յայտարարած է, որ Արցախը Ազրպէյճանի կը պատկանի, ալ ի՜նչ քաղաքական իրաւունք, ի՜նչ անկախութիւն, ի՜նչ ինքնորոշում»:

– Ուաշինկթըն եւս խօսքով մտահոգ է ողբերգութեան ենթարկուածներով, սակայն պէտք ունի ստուգելու, թէ իսկապէս «ցեղային զտում» տեղի ունեցա՞ծ է Արցախի մէջ: Ամերիկացի դեսպանին եւ այլ պատուիրակներուն պէտք է աչքերը ուղղել աւելի քան 100 հազար բռնագաղթուած արցախցիներուն վրայ: Արդեօք վաղը աշխարհը, իր Արեւելքով եւ Արեւմուտքով, իր ստորագրութիւնը պիտի դնէ՞ Ալիեւի յոխորտանքներուն կողքին, թէ ինք բռնի կերպով չէ հեռացուցած արցախցիները: Բարեբախտութի՞ւն պէտք է սեպել, որ փաշինեանական կառավարութիւնը հիմա կը հաստատէ, որ եղածը ցեղասպանութիւն է, Արցախը ենթարկուած է ցեղային նկատառումներով մաքրագործման: (Այս բոլորին լոյսին տակ ինչպէ՞ս չյիշել թրքախօս հայերու մէկ խօսքը, որ թարգմանի. «Խնճոյքը աւարտելէն ետք հինան…ին քսէ»):

– Ազրպէյճան ամէն օր նոր նուաճումներ կ՛արձանագրէ հայկական կողմին դէմ իր թշնամական վարքագիծի ճամբուն: Վերջին նորութիւնը քաղաքական, զինուորական եւ պետական անձնաւորութիւններու գերեվարումն է: Ո՛չ Երեւանի իշխանութիւնները, ո՛չ ալ միջազգային ընտանիքը պատշաճ հակազդեցութիւն կը ցուցաբերեն այս հազուադէպ ոճիրներուն նկատմամբ (Իսրայէլը եւ բռնատիրական այլ երկիրներ ունին նախընթացներու ցանկ մը): Եւ ի՞նչ կը ստացուի: Ա՛յն, որ Արցախի ինքնորոշման, իրաւունքներուն եւ հայկականութեա՛ն համար գործողները «ահաբեկիչներ» են (եղեր): Այլ խօսքով, կռնակէն տրուած դաշոյնի նոր հարուած մը` իրաւատէր եւ արդարատենչ Արցախին: Եւ կը ծնի անխուսափելի հարցում մը. հիմա ազերիական կալանքի տակ քանի՞ հայ` զինուոր, քաղաքային ու պետական անձնաւորութիւն, կը գտնուի. մեր ժողովուրդը իրաւունք ունի իմանալու, հոգ չէ թէ պատասխանը ըլլայ «փլիւս-մինիւս 10-20»:

– Երեւան, Ազգային ժողով. 61 ՔՊ-ականի քուէով եւ 22 ընդդիմադիրի «Ոչ»-ով, վաւերացուեցաւ «Հռոմի սթաթիւթ» կոչուած կանոնադրութիւնը: Իշխանաւորները կը պնդեն, որ ասիկա կարեւոր գործիք մըն է, որպէսզի կարենանք Ազրպէյճանը հաշուետուութեան կանչել: Իրատեսները կը պնդեն, որ նման բանաձեւ որեւէ ուժ պիտի չունենայ, որովհետեւ Ազրպէյճան եւ Թուրքիա, նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն հինգ անդամներէն երեքը` Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա եւ Չինաստան, չեն վաւերացուցած այս կանոնադրութիւնը: Ռուսիա առանց բառերը ծամծմելու` կը պնդէ, որ սա Ռուսիոյ դէմ Հայաստանի իշխանութիւններուն առած մէկ նոր քայլն է, եւ քողարկեալ սպառնալիք կ՛ուղղէ հետեւանքներու մասին («Ո՞վ է վախցողը Վիրճինիա Վուլֆէն»): Իրատեսները քանի՛երորդ անգամ ըլլալով կը յայտարարեն, որ Հայաստան Միջազգային ատեանէն վճիռ մը ձեռք բերած էր Բերձորի ճամբուն փակումէն ետք, սակայն ո՛չ ինք, ո՛չ ալ դաշնակից ու բարեկամ գործ տեսած են այդ վճիռին պարտադրումին համար, ընդհակառակն, միաձայնութիւն կայ, որ կարելի չէ Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները վատացնել: Իրատեսները նաեւ կը շեշտեն, որ ո՛չ միայն ներկայ պայմաններուն, այլ ընդհանրապէս Հայաստանի հիմնական գործը պէտք է ըլլայ բարեկամները բազմացնել եւ ո՛չ թէ պակսեցնել դաշնակից ու բարեկամ, իրողապէս վազել դէպի համաթուրանականութեան դարաւոր ծրագիրին… երախը:

***

Կասկած չկայ, որ այս բոլորը (եւ դեռ` շատ մը ուրիշ զարգացումներ) չափազանց մտահոգիչ են եւ մութ կը պահեն մեր հայրենիքին, նա՛եւ ազգի հորիզոնները:

Կայ աւելին: Այս բոլորը կ՛արձանագրուին այն պահուն, երբ Սպանիոյ Կրանատա քաղաքին մէջ կը պատրաստուի 5 հոկտեմբերի միջազգային ծանօթ գերաստիճանը, որուն առիթով Փաշինեան եւ Ալիեւ դարձեալ հանդիպում մը պիտի ունենան արեւմուտքցի ծանօթ կնքահայրերուն հովանիին տակ: Յայտնապէս պիտի նշուի առաջին տարեդարձը Փաշինեանի այն «յաղթակա՜ն» յայտարարութեան, որ Արցախը ազերիապատկան է, Հայաստանէն մասնիկներ եւս պիտի յանձնուին Ազրպէյճանի (մանրամասնութիւնները ծանօթ են, նոյնքան ալ` հետեւանքները, ցանկագրուած նոր պատուհասները…):

Տարօրինակ միաձայնութիւն մը կ՛երեւի Երեւանի քաղաքական բեմին վրայ, թէ` Կրանատայէն նոր համաձայնագիր մը պէտք չէ սպասել: Անկէ անդին, սակայն, մտահոգութիւններու ալիքը ժամ առ ժամ կը բարձրանայ` ի լուր Ազրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն հոսող լուրերու (պահ մը ընդունինք, որ անոնք ունին նաեւ քարոզչական` ճնշում բանեցնելու յետին նպատակներ): Սակայն, եկէ՛ք, պահ մը կանգնինք իրականութիւնները բաց աչքով եւ ուղեղով դիտողներու կողքին, մոռնանք, որ Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի` կան մշուշապատ ուղեղներով ծանծաղամիտներ, որոնք կը յամառին պնդել, որ Փաշինեան հայրենասէր եւ լաւ կ՛աշխատի ի շահ Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան (չենք ուզեր վայրկեան մը իսկ մտածել, թէ ի՞նչ պիտի ըլլար մեր վիճակը, եթէ միտքը փոխէր եւ պտիկ մը այդ շահերուն դէմ աշխատէր…):

Թուրքիա կրկին ու կրկին հաստատած է, որ Հայաստան պէտք է ընթացք տայ Ազրպէյճանի ԲՈԼՈՐ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ, եթէ կը մտածէ, որ պէտք է խաղաղութեան համաձայնութեան հասնիլ անոր հետ: Իսկ Ազրպէյճանի (իմանալ նաեւ` Թուրքիոյ եւ անոր կողքին կանգնողներուն) պահանջները յստակ են, կրկին ու կրկին հրապարակուած են անծածկոյթ: Ան կը պահանջէ, որ Արցախը վերջնականապէս մոռցուի, Հայաստան ընդունի իրեն պարգեւել «Զանգեզուրի միջանցքը», որ խորքին մէջ կը նշանակէ, սկսելու համար, խլել Սիւնիքէն որոշ տարածութիւններ եւ զանոնք գումարել Փաշինեանի նուէր տուած ու խոստացած հողերուն վրայ: Ազրպէյճան կը պնդէ, որ «կը ճանչնայ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը», սակայն նոյն ատեն կը յայտարարէ, որ Սիւնիքն ու, ինչո՞ւ չէ, ամբողջ Հայաստանը «Արեւմտեան Ազրպէյճան» են: Յստակ դարձած է, որ թափանցիկ վարագոյրին ետին տարուող առ-եւ-տուրին մաս կը կազմէ «Հայաստանէն բռնագաղթուած ազերիներուն» Հայաստան վերադարձը (վերջերս առիթով մը ակնարկեր էինք, որ սա օր մը կրնայ նպաստել Փաշինեանի կամ նմաններու… ընտրական հաշիւներուն): Կարգ մը աղբիւրներ կը խօսին մինչեւ 300 շրջանի մասին, ուր կրնան վերադառնալ, սկսելու համար 120-150 հազար ազերիներ:  Կարճ ատեն ետք անոնք իրենց յաւակնած հողերը ընդարձակելու եւ հայաթափելու համար պէտք պիտի չունենան սպասելու ամառնային տաք (եւ մետաղները ընդլայնումի տանող) օրերուն, իսկ Ազրպէյճան սեղան պիտի բերէ անոնց ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար նոր միջամտութեան իր իրաւունքը…

Երեւանի իշխանութիւնները կը յայտարարեն, որ ունին կարմիր գիծեր, որոնցմէ անդին զիջում պիտի չընեն, սակայն գործնապէս, այսինքն այդ կեցուածքը պաշտպանելու համար ո՛չ ուժի, ո՛չ ալ դիւանագիտական բազուկները ամրացնելու քայլ կ՛առնեն: Կը գանգատին, որ մինակ մնացած են. իրենք իրենց հարց չեն տար, թէ մինչեւ իրենց իշխանութեան էջին բացումը Հայաստան ինչո՞ւ մինակ չէր, գէշ-աղէկ ունէր բարեկամ-պաշտպան-զօրակցող: Մէկը այսօր կը յիշէ՞, թէ Արցախի իրաւունքներն ու մինչեւ իսկ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ քանի՛ ճանչցող եղաւ: Իսկ հիմա ստեղծուած պայմաններուն մէջ ո՛չ մէկ երաշխիք կայ, որ Սիւնիքէն, Արարատէն, Տաւուշէն եւ այլ շրջաններէ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ունեցող հողեր պիտի չմատնուին Աղաւնոյի, Բերձորի, ամբողջ Արցախի եւ Սեւ լիճի ու Ջերմուկի բարձունքներու ճակատագիրին:

***

Անիմաստ յանկերգի վերածուած են այն ահազանգերը, թէ Փաշինեան պէտք չէ երթայ Կրանատա, որովհետեւ համաձայնագիր ստորագրուի թէ ո՛չ, ան մտած է այնպիսի՛ ճամբու մը մէջ, որ մեր հայրենիքը տարաւ ու կը տանի կորուստէ կորուստ (կրկնենք` կամաւոր կոյրերը կրնան չտեսնել այս բոլորը եւ ինքնաբերաբար կը դառնան մեղսակից: Իսկ չենք ուզեր անդրադառնալ ՔՊ-ականներու կողմէ Ազգ. ժողովի բեմէն ընդդիմադիրներուն դէմ արձակուած սնամէջ մեղադրանքներուն): Ան չի կրնար, պատրաստ չէ, կամ իրեն արտօնութիւն չեն տար, որ ետ կանգնի նահանջի ճամբէն (թէ ո՞րն է ճիշդը, արդէն երկրորդական է):

… Առ նուազն 3 տարիէ ի վեր (կը յիշէ՞ք, 3 տարի առաջ, այս օրերուն ամէն օր կը կերակրուէինք «Յաղթելու ենք»-ներով, իսկ աւելի ուշ «Ապագայ կայ»-երով), Հայաստանի մէջ հնչած են ու կը հնչեն, թէ այս վիճակէն դուրս գալու եւ ազգ ու հայրենք փրկութեան ճամբուն վերադարձնելու համար կայ միայն մէկ ձեւ` կարողականութիւնները մարմնաւորել իրատես «ճամբու քարտէս»-ի մը մէջ, անոր իրականացման համար միացնել բոլոր կարող ու մասնագէտ ձեռքերը: Անհատ առաջնորդներու փնտռտուքէն եւ անոնց շուրջ բիւզանդական վէճերէ աւելի` աշխատանքը բեւեռացնել հաւաքանակ պատասխանատուութեան մարմնաւորման վրայ (նման կացութիւններու մէջ պէտք չէ տարուիլ այն խօսքով, որ «Բոլորին գործը ո՛չ ոքի գործ է» – Everybody՛s business is nobody՛s business):

Դարձեալ կանգնած ենք (շատո՜նց) «երբ չի մնում խելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար» կացութեան դիմաց: Մեր անցեալն ու ներկան կը փաստագրեն, որ զուրկ չենք սրբազան խենթերէ, որոնք, դարձեալ ըսենք, կոչուած են անյապաղ գործի անցնելու եւ մեկնարկելու փրկարար աշխատանքը: Երբ կամքը կայ, առո՛ղջ կամքը վերականգնի, ձեւերը հանելուկ չեն մնար: Ու մե՛նք պիտի ըլլանք առաջին գործի լծուողները, որպէսզի վերագտնենք նաեւ բարեկամ ու դաշնակից, վերատիրանանք թշնամին նահանջի մատնելու լծակներուն:

Դժուա՞ր է: Այո՜: Անկարելի՞ է: Ոչինչ անկարելի է:   Իսկ հայրենիքի փրկութիւնը, կարելիէն անդին,  անյետաձգելի հրամայական է:

3 հոկտեմբեր 2023

Նախորդը

«Իմաքիւլէյթ Ռիֆլեքշընզ» Խորագրեալ Անհատական Ցուցահանդէսին Առիթով. «Քաղցր Ու Դառն Մարտահրաւէրներու Հետքերը Արուեստով Դրսեւորելու Փորձ Մըն Է Կատարածս», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Գարամուշ

Յաջորդը

Մայքըլ Ճորտըն` Հարուստներու Դասաւորման Առաջին Մարզիկը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?