Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծառայասէր ՀՄԸՄ-ական Համբիկ Միսաքեանի Յիշատակին

Հոկտեմբեր 7, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչ արագ կերպով սահեցան քառասուն օրերը:

Մահուան ահաւորութիւնը կը զգանք ու դէմ յանդիման կու գանք այս դաժան իրականութեան հետ, երբ մեր մօտիկներէն ու հարազատներէն մէկը` յանկարծ անվերադարձ կը մեկնի` սուգի մատնելով իր շրջապատը:

Այսպէս ցնցիչ եղաւ նաեւ Համբիկ Միսաքեանի մահուան բօթը: Անոր անհաւատալի մեկնումով կորսնցուցինք ազնիւ հայորդի մը, ընտանիքի բարի հայր մը եւ յոգնութիւն չճանչցող միութենական մը:

Համբիկ Միսաքեան` իբրեւ խոնարհ զինուոր մը իր միութեան, հաւատաց ՀՄԸՄ-ին, դարձաւ միութենական եւ իբրեւ հաւատարիմ ծառան այդ միութեան` գործեց ՀՄԸՄ-ին համար:

Յաճախելով ՀՄԸՄ կոչուող կառոյցին բոլոր դասարանները, եղբայր Համբիկ եղած է գայլիկ, սկաուտ, պասքեթի, ֆութպոլի մարզիկ եւ մարզիչ:

Մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի «Մուրատ», «Դանիէլ Վարուժան», «Կամք» եւ «Շանթ» խումբերուն, ինչպէս նաեւ շրջան մը եղած է ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբի մարզիկ:

Եղած է ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչական, գործած է Շրջանային վարչութեան յանձնախումբերու մէջ եւ ապա ընտրուած է Շրջանային վարչութեան անդամ ու երկար տարիներ մասնակցած է Ներկայացուցչական ժողովներուն եւ 2007-ին` ՀՄԸՄ-ի բարձրագոյն` Պատգամաւորական ժողովին:

Առ ի գնահատանք իր բազմամեայ գործունէութեան, եղբ. Համբիկ ստացած է ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան»  շքանշանը:

Երկար տարիներ` 2005-էն 2017, եղած է ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչը Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէջ, բազմիցս մաս կազմած է եւ յաճախ գլխաւորած է ֆութպոլի ազգային խումբերու պատուիրակութիւններ զանազան երկիրներու մէջ, նաեւ մեծ ներդրում ունենալով Լիբանանի ֆութպոլի աղջկանց ազգային խումբի կազմութեան` դառնալով յիշեալ մարզի առաջին նախագահը:

Համբիկ Միսաքեան նաեւ ընտրուած է Պէյրութի թաղապետ եւ վերջին տարիներուն ստանձնած Հայաշէնի Ս. Յովհաննու եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետի պաշտօնը:

Քանի մը տարիներ առաջ իր կողակիցին կորուստը ծանր ազդեց շատ զգայուն Համբիկին վրան, եւ ան սկսաւ օրըստ օրէ հիւծիլ:

Աւա՜ղ:

Սիրելի՛ եղբայր Համբիկ,

Այս լուռ եւ անակնկալ մեկնումդ խոր վիշտ պատճառեց զաւակներուդ, հարազատներուդ, Հայաշէնի հայութեան, գաղափարի ընկերներուդ եւ քու սիրած միութեանդ` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ամբողջ ընտանիքին:

Դեռ շատ կանուխ էր:

Տակաւին տալիք ունէիր ընտանիքիդ, շրջապատիդ եւ միութեանդ:

Սակայն…

Սակայն մահն ու ճակատագիրը ժամ չէին ճշդած քեզի:

Դաժան են անոնք, հզօր, ահաւոր ու անխիղճ:

Սա պահուն մեր աչքին առջեւ արագ արագ կը տողանցեն պատկերներ:

Միասին ապրուած միութենական պահեր…

Ժողովական կեանք, տողանցք, մարզական մրցումներ, ֆութպոլի յաղթանակի ուրախութեան եւ պարտութեան տխրութեան պահեր, խրախճանքներ, երկրորդական խումբերու մրցաշարքեր:

Պատկերներ, որոնք արագօրէն իրարու կը յաջորդեն մեր յիշողութեան պաստառին վրան ու կը դառնան յուշ եւ անմոռանալի յիշատակներ:

Համբիկ Միսաքեանի նման հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ականներու արժանիքները թող վարակիչ ըլլան եւ օրինակելի թարմութիւն պահեն իրերայաջորդ սերունդներու մօտ:

Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի եղբայր Համբիկ:

Յարգանք յիշատակիդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Յակոբ Հերկելեանի Քառասունքին Առիթով. Դաշնակցական Մարդը

Յաջորդը

Հրաշք Տեղի Կ՛ունենա՞յ

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?