ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ
Յակոբ Հերկելեանի համար Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը սո՛ւրբ կուսակցութիւն էր, եւ սուրբ էին անոր նպատակներն ու որոշումները, ծրագիրներն ու աշխատանքները: Յակոբ, Մուշեղ Իշխանի նման, կը հաւատար, որ` «Դաշնակցութեան ակումբը օտարութեան մէջ կանգնած հայութեան տունն է»: Եւ աւելի՛ն. իր ըմբռնումով, «Դաշնակցութիւնը միայն տուն մը չէ, այլեւ` հայրենիք մը», ինչպէս պիտի ըսէր Շաւարշ Նարդունի: Եւ որովհետեւ Դաշնակցութիւնը իրեն համար հայութեան տունն ու հայրենիքն էր, ան ուխտած էր ըլլալ տիպա՛ր եւ ինքնազո՛հ դաշնակցական, անձանձիր կերպով աշխատո՛ղ դաշնակցական, ամբողջանուէր ծառայութիւն մատուցող դաշնակցական: Իբրեւ երդուեալ դաշնակցական` Յակոբ իր աշխատանքին մէջ անվերապահ էր, իր գործին մէջ` անխոնջ, իր համոզումներուն մէջ` անյեղլի, իր կեցուածքին մէջ` անյողդողդ եւ իր հոգեկանին մէջ` գերազանցապէս կորովի:
Հայրենասէր Մարդը
Յակոբ Հերկելեան չունէր հայրենի հողը իր ոտքին տակ, բայց ունէր հայրենի հողին սէրը իր սրտի սկիհին մէջ, իր հոգիի ալուցներուն մէջ: Ան ճշմարիտ հայրենասիրութեան ճշմարի՛տ ուսուցիչ մըն էր: Այդ ուսուցչութիւնը, սակայն, ամպիոններու ու բեմերու վրայէն չկատարեց, այլ` իր կեանքո՛վ: Հայրենասիրութիւնը իրեն համար սոսկ լոզունգ չէր, այլ` կեա՛նք ու կրա՛կ, եւ ինք ապրեցաւ այդ կեանքը եւ վառեցաւ այդ կրակով: Ան արժանաւոր եւ հաւատարիմ յետնորդն էր Արամ Մանուկեանի ու Գէորգ Չաւուշի եւ բոլոր մեր միւս հայդուկապետներուն հայրենասիրութեան, որովհետեւ անոնց սուրբ արիւնը երկնածորան միւռոնի նման կը հոսէր իր երակներուն մէջ եւ բոյր ու բուրմունք կու տար իր կեանքին: Այսօր ամէն հայ, որուն մէջ շիջած է ազգասիրութեան ու հայրենասիրութեան կրակը, պէտք է հետեւի Յակոբի օրինակին եւ աշակերտէ անոր նմաններուն:
Ուժին Հաւատացող Մարդը
Իբրեւ մուսալեռցի ճշմարիտ հայրենասէր մը` Յակոբին անխախտ համոզումն էր, որ ուժով խլուած մեր հողերը միայն ուժո՛վ կրնան վերադարձուիլ: Ան չէր հաւատար թշնամիին հետ երկխօսութեան: Ան գիտէր, որ թշնամիին հետ երկխօսութեան սեղան նստելով` կարելի չէր բռնագրաւուած մեր հողերուն վերատիրանալ: Ան յաճախ կ՛ըսէր, որ` «Պէտք է զօրաւոր ըլլալ, եթէ կ՛ուզենք, երկխօսութեան սեղան նստիլ, եւ եթէ կ՛ուզենք, որ թշնամին ականջ ու արժէք տայ մեր խօսքերուն, որովհետեւ ո՛չ ոք երկխօսութեան սեղան կը նստի տկարին ու խեղճին հետ եւ կը կատարէ անոր պահանջը»: Յակոբ, Նիկոլ Դումանի նման, համոզուած էր, որ` «Թէ՛ թշնամիին եւ թէ՛ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը … բիրտ ուժն է»:
Հողասէր Մարդը
Յակոբ հողը սիրող մարդ էր: Մտերմութիւն կար իր ու հողին միջեւ, եւ այդ մտերմութիւնը արդիւնքն էր այն անբիծ հոգիին ու անբասիր սրտին, որ ծուարած էր իր կուրծքին տակ: Քանի մը տարի առաջ, երբ Հայաստան գնաց, դիտեց արտերը, նայեցաւ հողերուն եւ սքանչացաւ անոնց գրաւիչ բերրիութեամբ: Ցաւեցաւ իր սիրտը, երբ տեսաւ արտերուն մեծ բաժինը խոպան դարձած, դատարկ, ծառազուրկ: Յակոբ կը հաւատար, որ հողը Աստուծոյ կողմէ տրուած պարգեւ է, որ իր կարգին պէտք է պարգեւներու աղբիւր դառնայ մարդոց համար: Ան մատաղ սերունդին համար մատաղատունկեր տնկող մարդ էր: Իր ձեռքին տակ անբերրի հողը կը դառնար արգաւանդ, իսկ անպտուղ ծառը` պտղալից: Իր թափած սուրբ քրտինքին դիմաց փուշը ծաղիկի կը վերափոխուէր, իսկ ծաղիկը` քաղցրահամ պտուղի: Իրեն համար կ՛ըսէին. «Կանաչ ձեռք ունէր»:
Հայր Եւ Պապուկ Մարդը
Յակոբ իր զաւակներուն եւ թոռներուն նկատմամբ յորդառատ սիրով ակաղձուն սիրտ մը ունէր: Իր խօսքերն ու խրատները խանդակաթ հոգիի մը բխումներն էին, որոնք թաթաւուն էին ջերմ սիրով ու տաքուկ շունչով: Արդարեւ, եթէ մայրը տաքուկ տունն է իր զաւակներուն, ապա այդ տան սիւնը հայրը ինքն է: Յակոբ իր տան ու ընտանիքին սիւնն էր, իր զաւակներուն ու թոռներուն կեանքի սիւնն էր: Սիւն մը, որուն կրնային յենիլ զաւակներ ու թոռներ եւ աներեր մնալ: Սիւն մը, որուն շուքին տակ կրնային մտնել եւ ապահով զգալ: Սիւն մը, որուն կրնային հետեւիլ եւ անսայթաք մնալ: Անձ մը կրնայ զաւակ ու թոռ ունենալ եւ հայր ու պապուկ կոչուիլ` առանց սակայն հայր ու պապուկ ըլլալու: Հայր մը իրողապէս հայր կ՛ըլլայ, երբ գիտէ տքնաջան կերպով աշխատիլ, գորովալից կերպով հոգատար ըլլալ, սրտի վէրք փաթթել ու հոգիի խոց բուժել: Այդպիսին էր Յակոբ հայրն ու պապուկը: Ան խնամատար դաստիարակն էր իր զաւակներուն ու թոռներուն: Իր սիրով ու ժպիտով փարատիչն էր անոնց վէրքերուն ու խոցերուն: Իր զաւակներուն ուրախութիւնն էր, եւ իր թոռներուն` հրճուանքը: Անոնց խօսակիցն ու խաղակիցն էր: Միաժամանակ կեանքով լեցուն կեանքի սքանչելի ուսուցիչ մըն էր անոնց համար:
Եղբայր Մարդը
Յակոբ իր եղբայրներուն եւ քրոջ համար ճշմարի՛տ եղբայր մըն էր, որովհետեւ անոնց համար ամուր յենարան մըն էր, որուն կրնային կռթնիլ նեղութեան ժամանակ. անդորր հոգի մըն էր, որուն հետ կրնային բաժնեկցիլ իրենց ուրախութիւններն ու տրտմութիւնները. սիրով ու գութով առլի լուրթ փոքրիկ երկինք մըն էր, որուն դուռը կրնային բախել ամէն անգամ, երբ զիրենք լսողի ու ամոքողի կարիքը ունենային: Կը գերադասէր իր եղբայրներն ու քոյրը եւ անոնց հանգիստը, բարօրութիւնը, ուրախութիւնը, քան` իր հանգիստն ու առողջութիւնը, եւ սա վեհանձն հոգի մը ըլլալու արդիւնքն էր: Ամէն զոհողութիւն յանձն կ՛առնէր իր եղբայրներուն եւ քրոջ համար, որովհետեւ իրողապէ՛ս եղբայրասէր սիրտ ունէր: Արդարեւ, ա՛ն միայն կրնայ զոհողութիւններ յանձն առնել, որ իսկապէս եղբայրասէր սիրտ ունի:
Ընկերային Մարդը
Յակոբ իր հարազատ եղբայրներուն ու քրոջ համար գուրգուրալից եղբայր մը ըլլալուն առընթեր, եղբայր մըն էր նաեւ զինք շրջապատող բոլոր մարդոց: Ընկերային եւ ընկերութիւնը սիրող մարդ էր: Բարի ու բարեգործութիւնը սիրող անհատ էր: Իր բարեգործութեան վրանը բոլո՛րը կը ներառէր: Ո՛չ միայն բարի սիրտ ունէր, այլեւ` բարեգործ ձեռքեր: Երբ կու տար, լիաբուռն կերպով կու տար: Երբ կը խօսէր, կորով ու եռանդ կը ներշնչէր: Իր ներկայութիւնը բոլորի՛ն ուրախութիւն կը բերէր եւ աւիւն կը փոխանցէր: Իր ժպիտին քաղցրութիւնը բոլո՛րը կը համակէր: Իր հոգիի սպիտակ ամպը բոլորին վրայ խանդաղատանք կ՛անձրեւէր: Իր սրտին մէջ բոլորի՛ն համար տեղ կար: Իր սէրը բոլորի՛ն համար կը հոսէր: Կը սիրէր բոլորը եւ սիրուած էր բոլորին կողմէ: Կը յարգէր բոլորը եւ յարգուած էր բոլորին կողմէ: Բոլորին արժէք կու տար եւ բոլորին համար արժէք էր: Փորձառութեան գանձարան մըն էր, որուն կրնար դիմել ոեւէ մէկը եւ անկէ կեանքի հարուստ դաս մը կամ դասեր քաղել:
Լուռ Մարդը
Յակոբ Հերկելեան լուռ մարդ էր: Քիչ կը խօսէր եւ երբեմն ալ բնաւ չէր խօսեր: Ո՛չ, սա անկարեւոր յատկանիշ մը չէր, այլ` կարեւո՛ր, շա՛տ կարեւոր, որովհետեւ հազուագիւտ առաքինութիւն է լռութիւնը, մանաւանդ` այսօրուան աշխարհին մէջ, երբ ամէն մարդ կը խօսի, ամէն մարդ խօսիլ կ’ուզէ, ամէն մարդ զինք մտիկ ընող կը փնտռէ: Սակաւաթիւ են մտիկ ընել ուզողները: Այդ սակաւաթիւներէն էր Յակոբը, որուն լռութիւնը, խորքին մէջ իր գիտութեան արդիւնքն էր: Այո՛, գիտէ՛ր: Շա՛տ բան գիտէր: Շատ բան գիտցողներն են, որ լուռ կը մնան: Շատ բան գիտցողներն են, որ մտիկ ընել գիտեն: Բայց միշտ չէ, որ լուռ կը մնար: Հոն, ուր ճշմարտութիւնը կը խեղաթիւրուէր, կը խօսէ՛ր: Հոն, ուր Հայաստանին կամ Արցախին մասին վարկաբեկիչ կամ յուսալքիչ խօսք մը կ՛ըսուէր, բո՛ւռն կ՛ըլլային իր խօսքն ու կեցուածքը: Յակոբ իր կեանքով սորվեցուց մեզի, որ լռութիւնը ոսկի է, բայց սորվեցուց նաեւ, որ լռութիւնը դաւաճանութիւն է, երբ ճշմարտութիւնը կը խեղաթիւրուի կամ հայրենիքը կ՛այպանուի, եւ մենք լուռ կը մնանք:
Խոնարհ Մարդը
Յակոբ Հերկելեանը խոնարհ մարդ էր: Երբ իր եղբօր` Վարուժան սրբազանին մօտ Այնճար երթայի, կը փնտռէի իր ներկայութիւնը, կը սիրէի իր ներկայութիւնը: Եւ ո՞վ չի փնտռեր ու չի սիրեր խոնարհ մարդուն ներկայութիւնը: Ծով մըն էր Յակոբը: Ինչպէս ծովերը կը գրաւեն, իրենց մօտ կը քաշեն ու իրենց մէջ կը լեցնեն գետերուն ջուրերը, որովհետեւ իրենց մակերեսով աւելի խոնարհ են, քան գետերը, այնպէս ալ Յակոբը իր խոնարհութեամբ եւ իր հեզահամբոյր բնաւորութեամբ իր մօտ կը քաշէր ու իրեն կը գրաւէր շուրջինները: Արդարեւ, խոնարհութիւնը գրաւիչ եւ առինքնող զօրութիւն կ՛ընդգրկէ: Իմաստունն ու գիտունը կրնան համոզել մեզ, հրաշքներ գործողները կրնան զարմացնել, բայց միայն խոնարհն է, որ կրնայ առինքնել մեզ ու գրաւել մեր սիրտը: Այդպիսի խոնարհ մըն էր Յակոբը, որ կրցած էր բոլորին սրտին մէջ իր տեղը ունենալ եւ տեղ տալ բոլորին` իր սրտին մէջ:
Խաղաղ Մարդը
Մարմնացաւի կամ նեղութեան բացակայութիւնը չէր, որ զինք խաղաղ կը պահէր, այլ` իր սրտի ամբծութիւնն ու պարզունակութիւնը: Իր կեանքի վերջին ամիսներուն Յակոբ խորապէս կը գիտակցէր, որ իր ֆիզիքական առողջութիւնը արագընթաց կերպով դէպի քայքայում կ՛երթար, եւ իր երկրաւոր կեանքը դէպի աւարտ կը փութար: Բայց ան խաղաղ էր: Ո՛չ երկիւղը զինք պատեց, եւ ո՛չ ալ մտահոգութիւնը կլանեց: Ճիշդ է, որ ան Յիսուսի նման ծովեր չխաղաղեցուց, բայց հաստատապէս կրնանք ըսել, որ Յիսուսի նման պահեց իր խաղաղութիւնը: Այո՛, ան պահե՛ց իր խաղաղութիւնը մահուան դիմաց, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Յիսուս պահեց իր խաղաղութիւնը, երբ կանգնած էր մահուան սեմին: Անարատ սիրտ ու ջինջ հոգի ունեցողնե՛րը միայն կրնան իրենց խաղաղութիւնը պահել, երբ մահուան դէմ յանդիման կը կանգնին. այդպիսին էր Յակոբ: Անվեհեր հոգի մը ունէր:
Մաքուր Մարդը
Ապրիլ մեղքով գարշահոտած աշխարհի մը մէջ եւ սակայն պահել մեր մաքրութիւնը` մեծ առաքինութիւն է. Յակոբ Հերկելեան այդ առաքինիներէն էր: Աշխարհի խաւարին մէջ պսպղացող աստղ մըն էր. խաւարը չկրցաւ զինք ծածկել, ընդհակառակը, ինքն էր, որ փարատեց խաւարը իր կեանքի լոյսով: Ինչպէս ցեխին մէջ նետուած ոսկին կը պահէ իր արժէքը, իր գինը, այնպէս ալ Յակոբ, ապրելով հանդերձ մեղքի ցեխով իր մաքրութիւնը կորսնցուցած այս աշխարհին մէջ, ան գերազանցապէս կրցաւ պահել իր սրտի մաքրութիւնը, իր հոգիի գեղեցկութիւնը, իր մտքի պայծառութիւնը, իր նկարագիրի անբծութիւնը: Բառին ամենախոր առումով մաքո՛ւր էր Յակոբը: Ես զինք իբրեւ այդպիսին ճանչցայ: Մաքո՛ւր էին անոր կեանքն ու կեանքի բոլոր երեսները: Մաքո՛ւր էին անոր միտքն ու մտքի մտածումները: Մաքո՛ւր էին անոր սիրտն ու սրտի խորհուրդները: Մաքո՛ւր էին անոր հոգին ու հոգիի ապրումները: Մաքո՛ւր էին անոր բերնի խօսքերն ու ձեռքի գործերը: Եւ որովհետեւ մաքուր էր, ան այսօր երկինքի մէջ է, մաքուրներուն հետ: Երկինքը Յակոբի նման մաքուրներուն տեղն է:
Կեցուածքի Մարդը
Յակոբ Հերկելեանի ներկայութիւնը ունէր իր կշիռքը: Ան անդրդուելի կեցուածքի եւ ուժեղ անհատականութեան մարդ էր: Անհամ եւ անտեղի կատակ չէր ըներ: Անհարկի խօսք չէր ըսեր: Չէր սիրեր երկերեսանիութիւնը եւ չէր ախորժեր երկերեսանի մարդոցմէ: Բնաւ չունէր շողոքորթութիւն: Չէ՛ր դրուատեր դրուատիքի անարժանին: Երկերեսանի եւ շողոքորթ մարդու առջեւ կանգնած ժամանակ իր խօսքը կ՛ըսէր առանց քաշուելու, երբեմն` կտրուկ եւ «բիրտ» կերպով, թէկուզ ատիկա վիրաւորական ըլլար ուրիշին համար: Կը սիրէր ճշմարտութիւնը ըսել, որովհետեւ իր կեանքին ու սրտին մէջ կեղծիքն ու սուտը բնաւ տեղ չունէին: Ջինջ եւ անյեղլի նկարագիր ունէր: Նաթանայէլ մըն էր, որուն մէջ չկար նենգութիւն: Պարզութիւնն էր, որ կ՛իշխէր անոր հոգիին մէջ: Անկեղծութիւնն էր, որ կը թագաւորէր անոր սրտին մէջ, որովհետեւ ջինջ երկինքը տեղ գտած էր անոր ներսիդին: