Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրայր Սողոմոնեան` Հայրենիքին Ու Հայութեան Նուիրեալ Հերոսը (Մահուան Երրորդ Տարելիցին Առիթով)

October 5, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓԱՌԷՆ Յ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Կան իւրայատուկ անձնաւորութիւններ եւ հեղինակութիւն ունեցող մարդիկ, որոնք միշ՛տ ալ իրենց շրջապատին ուշադրութեան կիզակէտը կը դառնան թէ՛ իրենց  կեանքին ընթացքին եւ թէ՛ իրենց մեկնումէն ետք: Իսկ շատ անգամ անձ մը մեկնումէն ետք աւելի եւս կը յիշուի ու կը փնտռուի, մանաւանդ երբ իր կարիքը կը զգացուի, ու երբ իր ձգած բացը փակելու հնարաւորութիւններ չեն գտնուիր եւ, այսպիսով, ինք միշտ ալ կը յամենայ մնալ ասպարէզի վրայ` որպէս ոգեղէն ներկայութիւն:

Այսպէս է պարագան Հրայրին, որ երեք տարուան բացակայութիւնն անգամ չմթագնեց անոր յիշատակը, այլ, ընդհակառակն, ան մնաց եւ կը շարունակէ մնալ իր շրջապատի մարդոց մտքերուն ու սրտերուն մէջ:

Հեղինակաւոր անձեր միշտ ալ եղած են հասարակութեանց մէջ, եւ ազգային հաւաքական առողջ կեանքը միշտ ալ առաջնորդուած է այդ տեսակի մարդոցմով, որոնք ուշադրութեամբ լսելէ ետք շրջապատի տեսակէտներն ու արտայայտութիւնները,  «վերջին խօսքը»  ըսողները եղած են, այն խօսքը, որ միշտ լսելի եւ ընդունելի եղած է բոլորին կողմէ, որովհետեւ խօսող անձը բացարձակ արժէք կը ներկայացնէ, եւ իր խօսքը ընդհանուրին   ակնկալութիւններուն յագուրդ կու տայ` որպէս որեւէ հարցի լուծում կամ որեւէ որոշումի համադրում:

Վերոնշեալ բացատրութիւնը այն տարազն է, որ կը պարփակէ Հրայրին ցայտուն կերպարը, որ իր ինքնուրոյնութեամբ չի համեմատուիր ուրիշ որեւէ կերպարի հետ, այլ իր իւրայատկութեամբ կը մնայ եզակի անձնաւորութիւն, նոյնիսկ` իր  բացակայութենէն ետք:

Ինչո՞ւ, սակայն, Հրայրին նման կերպարներ միշտ կ՛ապրին մարդոց ենթագիտակցութեան մէջ… Թէեւ` ֆիզիքապէս բացակայ, ինչո՞ւ ան միշտ ներկայ է հոն, ուր ապրած ու գործած է իր կեանքի ընթացքին:

Անոնք, որոնք տարիներով գործակցած են Հրայրին հետ, լա՛ւ գիտեն ու կը հասկնան անոր դերն ու ազդեցութիւնը` ազգային, գաղութային թէ կուսակցական տարբեր տեսակի աշխատանքներու մէջ: Ան միշտ ընդհանուրին համաձայնութեամբ  «վերջին խօսք» ըսողն էր բոլոր ժողովներուն, եւ իր խօսքը պատգամ էր բոլոր ժողովականներուն համար անխտիր:

Իսկ անոնք, որոնք օգտուած են Հրայրին բարեսիրական ծրագիրներէն (եւ քիչ չէ անոնց թիւը, մանաւանդ` Հայաստանի ու Արցախի մէջ…) ինչպէ՞ս կրնան մոռնալ այդ բոլոր բարիքներն ու անոնց  հեղինակը, մարդկային արժէքներու տէր այդ բարի սամարացին, որ սուսիկ-փուսիկ իր գործը կ՛ընէր` առանց որեւէ ակնկալութեան կամ ցուցական արտայայտութեան:

Քիչեր գիտեն Հրայրին ա՛յն  աշխատանքներուն մասին, որոնք զուտ մարդասիրական ու հայրենասիրական նպատակներ հետապնդած են:

Թուենք միայն քանի մը հատը.

1.- Հայաստանը նոր էր անկախացած: Օգտուելով ընձեռուած հնարաւորութիւններէն` սփիւռքէն շատեր սկսած էին շահաւէտ ներդրումներ ընել Հայաստանի մէջ եւ նիւթական շահ ապահովել:

Հրայրին մտահոգութիւնը, սակայն, ուրիշ բան էր: Ան իր շահէն առաջ կը մտածէր, թէ ինչպէ՞ս կրնար օգտակար դառնալ հայրենի ժողովուրդի կարիքաւոր հատուածին, որպէսզի ինքնաբաւ ապրին ու չլքեն երկիրը: Նաեւ կը մտածէր, թէ արդիւնաբերական  ի՞նչ տեսակի աշխատանքներ կրնար իրագործել, որպէսզի կարենար օժանդակել Հայաստանի տնտեսութեան աճին:

Կապանի մէջ իր ջանքերով ու միջոցներով հիմնուած  հաւաբուծարանի ծրագիրը մէկն էր այն բազմաթիւ ծրագիրներէն, որ գործի ու ապրուստի հնարաւորութիւն ստեղծեց հարիւրէ աւելի կապանցի ընտանիքներու: Այլապէս այդ ընտանիքներէն շատեր անգործութեան պատճառով պիտի լքէին իրենց հայրենի հողն ու հեռանային  այլ երկիրներ:

2.- Արցախի մէջ  կը գործէր ԱՌԻ ծրագիրը, որուն  հիմնական  նպատակն էր տնտեսապէս օժանդակել Արցախի բնակչութեան` զարգացնելով գիւղատնտեսութիւնն ու անասնաբուծութիւնը եւ կառուցել  բնակարաններ բնիկ ժողովուրդին եւ բոլոր անոնց համար, որոնք կը փափաքին վերադառնալ ու հաստատուիլ Արցախ, մասնաւորաբար` Քաշաթաղի ու Շահումեանի շրջանները:

Հրայրը բնականաբար չէր կրնար անմասն մնալ այս ծրագիրին սատար հանդիսանալու աշխատանքէն եւ իր ջանքերով 2015-ի փետրուարին ԱՌԻ ծրագիրի ներկայացուցիչներէն խմբակ մը` գլխաւորութեամբ Արցախի Հանրապետութեան այդ օրուան վարչապետ (հետագային  նախագահ) Արայիկ Յարութիւնեանի, հասան Տուպայ եւ հանդիպում ունեցան Հրայրին կողմէ ճշդուած ու հրաւիրուած մեծ թիւով յայտնի հայ գործարարներու հետ, որոնցմէ շատեր հետեւելով Հրայրին օրինակին` միացան նախաձեռնութեան ու սատարեցին անոր ծրագիրներուն:

3.- Առիթով մը Երեւանի սրճարաններէն մէկուն մէջ նստած` բարեկամի մը հետ սուրճ կը խմէինք: Երիտասարդ մը մօտեցաւ ու բարեւելէ ետք հարցուց.

– Դէմքդ շատ ծանօթ է, ես տարիներ առաջ Ապու Տապի կ՛աշխատէի, երեւի այնտեղ  տեսնուած ենք…

– Կրնայ ըլլալ,- պատասխանեցի` առանց յիշելու թէ ո՛ւր  եւ ե՛րբ  հանդիպած ենք.

– Հրայր Սողոմոնեանը կը ճանչնա՞ս,- եղաւ երկրորդ հարցումը, եւ շարունակեց` առանց սպասելու իմ պատասխանիս.

– Լիբանանահայ եմ, քառօրեայ  պատերազմին մասնակցած ազատամարտիկ: Ըսաւ ու ձախ ձեռքը գրպանէն հանելով ցոյց տուաւ պատերազմի դաժանութիւնը` ցուցամատն ու բութամատը միայն անվնաս մնացեր էին: Ձեռքը ամբողջութեամբ մինչեւ դաստակը չկար:

– Անդամահատուած ձեռքով չէի կրնար աշխատիլ, մանաւանդ հիւանդ մայր ունէի…  Հրայրը շատ օգնեց ինծի եւ շնորհիւ իր առատաձեռն նիւթական  օժանդակութիւններուն` կրցայ շրջանցել բոլոր նեղութիւնները. եթէ Հրայրը չըլլար, շատ դժուար պիտի տանէի այս ամբողջը:

Ըսելիքը ըսաւ ու անհետացաւ: Չհասցուցի նոյնիսկ անունը հարցնելու:

Ինք գնաց, եւ յանկարծ Հրայրը պատկերուեցաւ աչքիս դիմաց` իր ժպիտով ու  զուարթախառն նայուածքով:

Սիրելի՛ Հրայր, գաղտնիք չէ, եւ բոլորը շատ լաւ գիտեն ազգային  բարերարի քու  համբաւիդ մասին, գիտե՛ն, թէ քանի՜ քանի՛ ազգային հիմնարկներ, եկեղեցական կառոյցներ շինուած ու շէնացուած են տէր եւ տիկին Հրայր եւ Մակի Սողոմոնեան ամոլի իշխանական նուիրատուութիւններով, գիտեն, թէ մեր կուսակցական մարմինները, Հայ դատի գրասենեակները, ակումբները, հայրենակցական եւ ուղեկից միութիւնները, ազգային վարժարանները զանազան գաղութներու մէջ եւ տարբեր առիթներով որքա՜ն վայելած են քու բարիքներդ, բայց ոչ ոք գիտէ լիբանանահայ այս երիտասարդին մասին:

Եթէ պատահմամբ չբացայայտուէր, ե՛ս ալ պիտի չգիտնայի ու չպատմէի իր մասին:

Ով գիտէ` ուրիշ քանի՜ քանի ազատամարտիկներ խնամած ես… Ով գիտէ` քանի՛ հաշմանդամ զինուորի արհեստական ձեռք կամ ոտք տուած ես, ով գիտէ` քանի՛ կարիքաւոր հայորդիներու ձեռք երկարած ես, որբերու, այրի կիներու, անկար ծերերու որքա՜ն եւ որքա՜ն հասած ես…

Քու բացակայութեանդ ո՞վ պիտի կազմէ անոնց ցանկը, երբ ոչ ոք տեղեակ է մարդասիրական այդ տեսակի աշխատանքներուդ մասին:

Բարեգործութիւնները, սակայն, գաղտնի չեն մնար: Ժամանակը պիտի գայ անպայման ու բացայայտէ բոլորը, այնպէս` ինչպէս պատահականութիւնը բացայայտեց քառօրեայ պատերազմին մասնակից լիբանանահայ այդ երիտասարդին պատմութիւնը…

Պէտք է անպայման բացայայտել ու գրի առնել քեզի վերաբերող բոլոր եղելութիւնները, որովհետեւ ինչ որ չի գրուիր, մոռացութեան  գիրկը կը նետուի…

Իսկ մենք երբեք պիտի չուզենք մոռնալ թէ՛ քեզ եւ թէ՛ ալ քու անհամար ազգօգուտ գործերդ:

Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի՛ Հրայր:

 

 

Նախորդը

Աշխարհը Անտարբեր Կը Հետեւի, Թէ Ինչպէ՛ս Տեղի Կ՛ունենայ Հայոց Այլ Ցեղասպանութիւն Եւ Հայերու Բռնի Տեղահանութիւն

Յաջորդը

Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Հայրենի Հողի Պաշտպանութեան Համար Ինկած Նահատակներու Հոգիներուն Խաղաղութեան Համար

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.