Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արդեօք Կա՞յ ՀՕՄ-ի Նման Նուիրեալներու Փաղանգ

Նոյեմբեր 8, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՐՈԲ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

ՀՕՄ-ին առաւելն արդեօք կա՞յ:

Անկեղծ ըսեմ` թէեւ կը հաւատամ, որ չկայ, այնուհետեւ, որովհետեւ պիտի չուզէի որեւէ այլ հայ կանացի շարժում անտեսել թէ ստորադասել, պիտի ըսեմ` թերեւս կայ:

Այսուհանդերձ, կրկին հարցումը ինքզինք պիտի պարտադրէ:

Արդեօք դուք հայ իրականութեան մէջ հանդիպա՞ծ էք այսպիսի հայրենիք-սփիւռք ծաւալ, համահայկական կանացի հայանուէր շարժման:

Արդեօք հանդիպա՞ծ էք, թէեւ հարիւրամեայ, այնուհետեւ` առոյգ թէ երիտասարդ, այսպիսին կանանցի բարեսիրական շարժման:

Արդեօք հանդիպա՞ծ էք այսպիսին կանանցի շարժման մը, որ շատ տեղեր ու շատ իմաստով հազար նեցուկ է հայ իրականութեանց շատ շատ շարժմանց ու ոչ անպայման կանացի:

Այո՛, այսպիսին է իմ տարիներէ ի վեր ճանչցած ՀՕՄ-ը:

Այսպիսին է մեծն Ակնունիի ոգեկերտ կանանցի հրաշք շարժումը:

Այսպիսին է շատ իմաստով հայութեան հպարտանք, հայու ծոցէն ծնունդ ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ:

Հայ օգնութեան միութիւնը, որ նախորդող շաբաթներուն հայրենիքի մէջ աւարտեց իր 73-րդ Պատգամաւորական ժողովը:

Սեղմ օրերու ընթացքին վերատեսութեան ենթարկեց ու վերարժեւորեց իր աշխատանքային դաշտերը:

Այս անորոշ օրերուն եկաւ արցախեան ողբերգութեան գծով վերցնելու իր ճիտին պարտքը:

Վերջապէս, թէեւ տպաւորիչ, այնուհետեւ չխաբուի՛ք, չդատէք այս շարժումը մանաւանդ այս նկարէն:

Չդատէք զանոնք փարթամ սրահներուն մէջ, ոչ ալ խանդ հաւաքներէն:

Չդատէք զանոնք իբր թէ հայ կիներ` ի Հայաստան շրջապտոյտներ կատարողներ:

Ո՛չ, այդպիսին չէ:

Այս ամբողջ շաբաթը ես այս կիները ընդհանրապէս գտայ Արցախէն գաղթականներու անմիջական կողքին:

Ընդհանրապէս գտայ զանոնք մօր եւ մանկանց կեդրոններու, որբանոցներու թէ այլ կրթական հիմնարկներու սրահներուն մէջ:

Գտայ զանոնք հոն, ուր հայ հիւանդը թէ որբը անմիջական փնտռտուքի մէջ էին իրենց բացակայ ծնողքին, յաճախ կարօտ` տաք հացին, հագուստին:

Գտայ զանոնք մառաններու, փուռերու անմիջական նրբանցքներուն մէջ:

Վերջապէս, գտայ զանոնք իրենց առաքելութեան բարձունքն ի վեր խուլ պայքարի դաշտին մէջ:

Հիմա ըսէք` այս օրերուն Հայաստանի մէջ արդեօք ունի՞նք առաւել կանանցի այլ շարժում մը, որ կ՛ապրի ու կը գործէ ի սպաս հայու ցաւին:

Չեմ գիտեր, բայց գիտեմ, որ այսպիսիներ պէտք է հազար ապրին:

 

 

Նախորդը

Վարձքդ Կատա՛ր

Յաջորդը

Լիբանանի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?