Բռնատէրին Հրահանգները Չգործադրելու Հետեւանքները
Ա. Ա. Բռնատիրական վարչակարգ ունեցող երկիրներու իշխանութիւններուն համար յատուկ է ընդդիմութեան դէմ արշաւներ, որոնց գործադրութեան ընթացքին իշխանութիւնները միջոցներու միջեւ խտրութիւն չեն դներ, որպէսզի լռութեան մատնեն եւ չէզոքացնեն ընդդիմադիր քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, ինչպէս նաեւ` լրագրողներ եւ լրատու աղբիւրներ ու կուսակցութիւններ, որոնք կը ջանան մատնացոյց ընել եւ լուսարձակները կեդրոնացնել իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան վրայ` փտածութեան եւ կաշառակերութեան պարագաներու ծալքերը յայտնաբերելով: Բռնատէրին եւ...



















