Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները – ԻԳ.

Դեկտեմբեր 11, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Տէ՛ր կանգնինք մեր ծագումին, պատմութեան, լեզուին եւ մշակոյթին` փողով ու թմբուկով, որ ոչ ոք համարձակի գողնալով իւրացնել ու խեղաթիւրել մեր սեփականութիւնները: Օրինակ` իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին 27 սեպտեմբեր 2023-ի խմբագրականը կը խոստովանի, որ հրեաները` «… Ամբողջ այս ընթացքին Իսրայէլը Ազրպէյճանին պարզապէս միա՛յն զէնք չէ մատակարարած: ԱՆ ՆԱԵՒ ՕԳՆԱԾ Է ԽԵՂԱԹԻՒՐԵԼՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ…» (1):

Հինտու կրօնական ամենահին գիրքը` «Ռիկ վետա», որ հին վետական լեզուով գրուած է` նախորդողը սանսկրիտ լեզուին, գրուած է Հնդկաստանի հիւսիսարեւմտեան Փունճապ շրջանին մէջ, ՔԱ 1500-էն սկսեալ, 1028 շարականներու հաւաքածոյ է, որ նաեւ կը պարունակէ ձիերու մասին գրութիւններ, հակառակ անոր որ Հնդկաստանի մէջ տակաւին ձիեր չկային մինչեւ այդ թուականը (2):

Ցարդ 103 թամիլ, հինտու եւ անգլերէն գիրքերու հեղինակ, պատմութեան եւ գրականութեան մագիստրոսակիր Լոնտոն Սուամինաթան (London Swaminathan) 25 օգոստոս 2014-ին «Ձիարշաւի եւ մարտակառքի մրցումներուն ծագումը» (Origin of Horse Race and Chariot Race) խորագիրով ուսումնասիրութիւն մը կատարած է (3)` սերտելու թամիլ եւ վետական գրականութեան կապը, սակայն կը խօսի նաեւ միտաննի (մեր նախահայրերը*) լեզուին հետ կապին մասին: Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ հատուածներ:

1.- Հնդկաստանէն Հայկական Լեռնաշխարհ, Եգիպտոս, մինչեւ Իտալիա` ծովու ճամբով:  2.- Գոմքի` Վայոց Ձոր, ձիաւորը եւ մտրուկը մեր օրերուն:

Տարօրինակ է, որ հեղինակը սխալ հիմնաւորումով եզրակացութիւններու կը յանգի: Տեղեակ չէ՞, որ հուրրի Քիքքուլին, որուն մասին մեծ ծաւալով գրականութիւն կայ նաեւ համացանցին մէջ, ուր բոլորը կը վկայեն, որ ան` հուրրի (խուրրի-հայ) վարպետ մը, առաջին ձիավարժութեան սեպագիր ուղեցոյցը գրած է խեթ թագաւոր Սուփփիլիլիումայի պատուէրով, իր պատկանած հուրրի եւ միտաննի նաեւ, խեթ խառն լեզուներով: Ան Հնդկաստանի եւ հնդիկներու հետ որեւէ կապ չունի.

«Ռիկ վետա»-ն` աշխարհի ամենահին կրօնական գիրքը (Կիլկամէշի դիւցազներգութիւնն է ամենահինը` ՔԱ 2100*), ձիերու մասին բազմաթիւ նշումներ ունի: Բայց զարմանալին այն է, որ այն ժամանակ մենք ձիեր չունէինք Հինտուսի հովիտին մէջ: Մօտակայ (բնաւ մօտակայ չեն*) երկիրները` Միջագետք (այսինքն` Հայոց Միջագետք*) եւ Եգիպտոս միաժամանակ ունէին ձիեր եւ կառքեր (որոնք նաեւ Հայկական Լեռնաշխարհէն եկած էին*):

««Ձիերը երջանիկ պահեցէք, եւ դուք կը շահիք ձիարշաւը: Ձեր կառքը բախտի միջոցի վերածեցէք: Խմցուցէք այն աղբիւրէն, որ անմահութեան նեկտար ունի, դոյլերու փոխարէն` ջրհորէն լեցուցէք քարէ եզրով փայտեայ տաշտերը, այս այն աղբիւրն է, ուրկէ մարդիկ ալ կը խմեն» («Ռիկ վետա» 10-101-7):

«Քիքքուլիի (տես` ԺԱ., ԺԹ. եւ Ի. մասեր) ձիավարժութեան ամենահին ձեռագիրքին թիւերը սանսկրիտ լեզուով գրուած են: Միտաննիներու թագաւորներուն անունները (իրենց հուրրի անուններուն կողքին, թագաւոր ըլլալէն ետք սանսկրիտ անուններ ալ կ՛ունենային*) սանսկրիտ էին.

Պիրիտասուա = Պրհաթ Ասուա = հիանալի ձիեր ունեցող: (Ասուա, հայերէն` ասպ*):
Սաթթաուազա = Սափթա Ասուա = Եօթը ձիարշաւներու ախոյեանը:
Ուարթանա = Վարթանա = Թաւալում, դառնալ, շրջան ընել, բոլորակ:
Այքա Էքա = Մէկ թաւալում:
Թերա = Թրի = Երեք թաւալում:
Փանզա = Փանքա = Հինգ թաւալում:
Սաթթա = Սափթա = Եօթը թաւալում:
Նա (արթաննա) = Նաւա = Ինը թաւալում:

3.- Միտաննի կայսրութիւնը` ՔԱ 1500-1300: Ամենահզօր հուրրի Փարշատատարի, այլ անունով` Պարաթթարնա ժամանակ ՔԱ 1490-ին` Փոքր Հայքէն Կիլիկիա, Հայկական Լեռնաշխարհ եւ Լիբանան, մինչեւ Պարսից ծոց:  4.- Հայկական ձին Օձունի «Մենք ենք մեր սարերը» ժապաւէնին մէջ ակէն կը խմէ:

«Անոնք, որոնք թամիլ քերականութիւն սերտած են, պիտի չզարմանան, որ  թամիլ լեզուով «Սաթթա»-ն «Սափթա» կ՛ըլլայ, …«Ռաժա»-ն` «Արասան» կ՛ըլլայ, «Ռաժառաժա»-ն` «Իրասա ռասան», «Եոկա ռաժա»-ն` Եոքառասա եւ այլն: Թամիլ լեզուն «Ս», «Հ», «Ժ», «Շ» կամ «Քշա» տառերը եւ հնչիւնները չունի:

«Նոյն ձեւով` Քիքքուլին փոխեց սանսկրիտ բառերը յարմարցնելու համար խեթական կայսրութեան իր աշակերտներուն: «Մարիեաննու», որ մարտիկ կը նշանակէ սանսկրիտ «Մարեա»-ն է: Եգիպտացիները մարտակառքի մարտիկը «Մարեանա կը կոչէին ՔԱ 1470-ի Անասթազի պապիրոսին մէջ:… Սանսկրիտ ձին` «Ասվա»` «Ասփա» կը գրուի պարսկերէնի մէջ, «Վ» = «Փ»: Այլ սանսկրիտ բառեր, որոնք Միջագետքէն (Հայոց Միջագետք*) Եգիպտոս եւ պարսկերէնի մէջ կը գործածուին.
Տրավասփա = Տեւի ասվա = Ձիերու չաստուածուհի` դից:
Փուրըս ասփա = Զարաթուշթրայի հայրը = Մէկը, որ շատ ձիեր ունի, համազասպ:

Արպաթասփա = Մարտական ձիերու վարպետ:
Հուասփա = Սու ասվա = Լաւ ձիեր ունեցող»: Անշուշտ հայերէնի մասնագէտներ ծագումնաբանական աւելի լայն մեկնաբանութիւններ պիտի տային, սակայն մեր նպատակը այդ չէ:

Յաջորդ հատուածին մէջ հեղինակը ինքզինք կը հակասէ, երբ գրութեան սկիզբը կ՛ըսէ. «Բայց զարմանալին այն է, որ այն ժամանակ մենք ձիեր չունէինք Հինտուսի հովիտին մէջ»… եւ կը շարունակէ. «Համայնագիտարանները կը սխալին, երբ կ՛ըսեն, որ ձիարշաւը Յունաստանի մէջ ծագում առաւ: Շատ յստակ ապացոյց կայ, որ ձիարշաւը մեծ զբօսախաղ էր հին Հնդկաստանի մէջ, վետի ժամանակներուն: Երբ կը նայինք ձիերու մասին անթիւ նշումներուն եւ ձիարշաւներու վերաբերող եզրերուն, կարելի է եզրակացնել, որ ան ծագած է Հնդկաստանի մէջ: Ձիերը Եգիպտոսի մէջ յայտնուած են, երբ Եգիպտոսի թագաւորները կ՛ամուսնանան այժմու Թուրքիոյ-Սուրիոյ հնդկական ծագումով (միտաննի պէտք է ըսէ*) իշխանուհիներու հետ, կամ` յարաբերելով մայր ցամաքի հնդիկներու հետ: Ասիական հիքսոսները (հինտու եաքշա՞) Նեղոսի գետաբերանը գրաւեցին ՔԱ 1750-ին»…

5.- ԺԹ. մասէն «Սայենս» ամսաթերթի օգոստոս 2022-ի (4) ծինային քննութիւնները կը փաստեն, որ հնդեւրոպական ցեղերը ՔԱ 7000-5000 Հայաստանէն ծագում առին ու տարածուեցան:  6.- Մերօրեայ հայ ձիաւորը` առանց թամբի:

Ահաւասիկ 103 գիրքերու հեղինակը պարզամտութեամբ միտաննիները իբրեւ հնդիկ կը ներկայացնէ, առանց բացատրելու, որ որոշ հնդիկ ցեղախումբեր սերած են, կամ ազդուած են միտաննիներէն, եւ ո՛չ թէ` հակառակը… Իսկ ամէնէն ծիծաղելին` հիքսոսներուն հնդկական ծագումի հաւանականութեան մասին ակնարկութիւնն է… Ըստ երեւոյթին, աշխարհագրութենէ եւ պատերազմէ գաղափար չունի հեղինակը, տե՛ս քարտէս 1-ը:

Նախ` հիքսոսները, որոնց մասին լայնօրէն անդրադարձած եմ ԺԴ., ԺԵ., ԺԶ., ԺԷ. եւ Ի. մասերուն մէջ, ձիերով եւ ձիակառքերով յարձակեցան Եգիպտոսի վրայ: Եթէ Հնդկաստանէն եկան, նախ` շուրջ 5 հազար քմ պէտք է ձիավարէին եւ ճամբուն վրայ գտնուող բոլոր երկիրները, ներառեալ` Պարսկաստանը, գրաւէին եւ ետքը հասնէին Եգիպտոս ու գրաւէին զայն… Պատմութեան մէջ այսպիսի եղելութիւն չէ պատահած: Տակաւի՛ն, ուսումնասիրութիւնը այլ միամիտ եզրակացութիւններ ալ կը պարունակէ, որոնց անդրադառնալ չ՛արժեր, սակայն ան այսպէս կ՛աւարտէ. «Կեցցեն ձիերը, որոնք մեր մշակոյթը տարին Եգիպտոս եւ Յունաստան»… Այս բոլորը, երբ իր գրութեան սկիզբը կ՛ըսէր, որ` «մինչեւ ՔԱ 1500 ձիեր չկային Հնդկաստանի մէջ»… Ինչպէ՞ս անկէ 250 տարի առաջ, իր իսկ նշած` ՔԱ 1750-ին, անոնք հիքսոս դարձան եւ կամ Յունաստան հասան ու ձիարշաւը հնարեցին… Տե՛ս ԺԵ. մաս:

Պատասխանը կու տայ Պոմպէյէն այլ հնդիկ գրող մը` Շոայպ Տանիեալ, որ քաղաքական, պատմական եւ ընկերային-լեզուաբանական յօդուածներ կը գրէ: Թէեւ ինքն ալ կարգ մը անորակ եզրակացութիւններ ունի: Անկախ լրագրութեան կայքէջ «Սքրոլ.ին»-ին (Scroll.in) մէջ 30 յունիս 2015-ին կարծէք Լոնտոնին պատասխանելով` կ՛ըսէ. «Հնդկաստանը չէր առաջին վայրը, ուր սանսկրիտ գրուած էր, այլ` Սուրիա (Միտաննի երկիր*)» խորագիրով յօդուած մը գրած է համաշխարհային Սանսկրիտ լեզուի 16-րդ համագումարին առիթով, որ տեղի կ՛ունենար Պանքոքի մէջ (5): Ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ հատուածներ.

«Սանսկրիտի ամենահին ձեւը այն է, որ օգտագործուած է «Ռիկ վետա»-ի մէջ, որ կը կոչուի հին հնդկական կամ ռիկվետական սանսկրիտ: Զարմանալի է, որ ռիկվետական սանսկրիտը առաջին անգամ արձանագրուած է ոչ թէ Հնդկաստանի դաշտավայրերուն մէջ, այլ` այժմու հիւսիսային Սուրիոյ մէջ (Հայկական Լեռնաշխարհ*):

«ՔԱ 1500-էն 1350 Միտաննի կոչուող թագաւորութիւն մը կ՛իշխէր Եփրատ-Տիգրիսի վերին հովիտին մէջ (տե՛ս քարտէս 3*), որ կը համապատասխանէ այժմու Սուրիոյ, Իրաքի եւ Թուրքիոյ հողամասերուն (Հայկական Լեռնաշխարհ*): Միտաննիները հուրրիերէն կը խօսէին, որ կապ չունի սանսկրիտի հետ: Սակայն իւրաքանչիւր միտաննի թագաւոր (նաեւ*) սանսկրիտ անուն ունէր, ինչպէս նաեւ` տեղւոյն երեւելիները: Անուններուն մէջ են Փուրուսա (մարդ) Թուսրաթթա (յարձակող մարտակառք ունեցող), Սուվարտաթա (երկինքէն տրուած), Ինտրոթա (Ինտրայէն օժանդակուած) եւ Սուպանտհու, անուն մը, որ ցարդ կը գործածուի Հնդկաստանի մէջ:

«Միտաննիներուն մշակոյթը, վետական ժողովուրդին նման, կը պատուէր մարտակառքով պատերազմը: Միտաննի ձիավարժութեան ուղեցոյցը իր տեսակին մէջ աշխարհի ամենահինն է, որ կը գործածէ սանսկրիտ բառեր… Աւելի՛ն. միտաննի վերնախաւի մարտակառքի ռազմիկները «Մարիյաննա» կը կոչուէին, որ սանսկրիտի մէջ «Մարիա»` երիտասարդ տղամարդ կը նշանակէ:

«Միտաննիները «Ռիկ վետա»-ի նոյն չաստուածները կը պաշտէին, սակայն իրենցն ալ ունէին: ՔԱ. 1380-ի միտաննի-Խեթ դաշնագիրին մէջ միտաննիները կը վկայակոչեն Ինտրա, Վարունա, Միթրա եւ Նասաթեազ (Աշվինզ) չաստուածները: Մինչ արդի հինտուները այլեւս չեն պաշտեր վերոնշեալները, այս միտաննի չաստուածները ամէնէն կարեւորներն էին «Ռիկ վետա»-ի մէջ…»: Տանիեալ կ՛եզրակացնէ. «Դժբախտաբար, մինչ անոնց (սանսկրիտը Հնդկաստան բերողները*) լեզուն, կրօնը եւ մշակոյթը հռչակ շահած են, հնդեւրոպական ժողովուրդին պատմութիւնը, թէ` սանսկրիտը դուրսէն բերած են Հնդկաստան, կը փորձեն ջնջել` մշակութային ազգայնականութեան զոհասեղանին: Հնդկաստանի ազգային, ժողովրդական առասպելները սանսկրիտը սխալ կերպով կը ներկայացնեն` իբրեւ Հնդկաստանի բնիկ»:

Առանց խորանալու` նշենք նաեւ լեզուաբան Եոհան Հէյնրիխ Հուպշմանի (Johann Heinrich HՖbschmann 1848-1908) վկայութիւնը` իր «Հայագիտական ուսումնասիրութիւններ» 520 էջ գիրքէն, ուր նշած է հայերէնի եւ սանսկրիտի մէջ գործածուող 183 բառեր (6): Պարզապէս հնդեւրոպական լեզուներ եւ` վերջ:

Լայվժըրնըլ կայքէջը 19 փետրուար 2012-ին հետեւեալ հաստատումը կը կատարէ (7). «Հայկական պատմութիւնը եւ մշակոյթը կը խեղաթիւրեն ո՛չ միայն իմաստակներ եւ խաբեբաներ, այլ շատ յաճախ` ծագումով հայեր (երբեմն առանց գիտնալու, երբեմն` գիտակցաբար)»: Վկայ` այժմու Հայաստանի իշխանութիւնը, որ գիտակցաբար եւ բացայայտ կերպով` ոգի ի բռին լծուած է հայոց պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնը կեղծելու ի շահ մեր թշնամիներուն:

«Եթէ ազգ մը զրկես իր պատմութիւնէն եւ մշակոյթէն, ան կը դառնայ սովորական ոչնչութիւն մը, որուն շատ դիւրին է քշել ուզած ուղղութեամբ (սա նորութիւն չէ, բոլոր ժամանակներուն ալ պետութիւններու ղեկավարները հասկցած են պատմութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ հասկցած են ուրիշները պատմութիւնէն եւ մշակոյթէն զրկելու կարեւորութիւնը, հռոմէական կայսրերէն մինչեւ ֆաշիստ առաջնորդներ, յոյն թագաւորներէն մինչեւ ազգընտիր նախագահներ)»: Ապա գրութեան մէջ հետեւեալ հայերէն եւ սանսկրիտ բառերը կը թուէ. հայ.` Վահագն = սան.` Վրիտրահան, հայ.` շուն = սան.` շունա, հայ.` Ար, արեւ= սան.` Արունա, հայ.` կամ(ք) = սան. կամա (հայ.` կամա-ակամա), հայ.` Դիոս, Դից = սան. Դեւա. այս օրինակները անգամ մը եւս ցոյց կու տան հայերէնի եւ հնդկերէնի հին բառերու նմանութիւնները եւ կ՛ապացուցեն անոնց մէկ մայր լեզուէ ծագած ըլլալը»:

Այս նիւթը կ՛աւարտեմ ԺԲ. մասին մէջ ներկայացուած Տէյվիտ Վ. Անթոնիի 2007-ի հրատարակութենէն. «Ձին, անիւը եւ լեզուն – ինչպէ՞ս պրոնզէ դարու ձիաւորները եւրասիական տափաստաններէն եկած` կազմաւորեցին արդի աշխարհը» (8) 568 էջ գիրքէն, որ 8 անգամ վերահրատարակուեցաւ եւ 2010-ին արժանացաւ Ամերիկայի Հնագիտութեան ընկերակցութեան լաւագոյն գիրքի մրցանակին: Ան մասամբ կը համաձայնի Կամքրելիծի եւ Իվանովի (Gamkrelidze and Ivanov, «The indo-European language and the history of its speakers») 1989-ի ուսումնասիրութեան, որ նախահնդեւրոպական (proto-indo-european) լեզուն կը պարունակէր եզրեր` յովազ, առիւծ եւ փիղ, ինչպէս նաեւ` հարաւային ծառերու տեսակներ, որոնք Սեւ ծովէն հիւսիս գոյութիւն չունէին: Այսինքն կը ժխտէ այն վարկածը, որ ռուսական հիւսիսային տափաստաններն էին անոնց բնօրրանը:

«Այս յարաբերութիւնները հիմնաւորեցին, որ նախա-հնդեւրոպական լեզուն զարգացած էր վայրի մը մէջ, որ սերտ կապի մէջ էր թէ՛ սեմական եւ թէ՛ ալ Հարաւային Կովկասի լեզուներուն հետ: Անոնք Հայաստանը առաջարկեցին իբրեւ հնդեւրոպական ժողովուրդներու ամենահաւանական հայրենիքը» (էջ 97):

«Արդէն վերջին 2022-ի ծինային ուսումնասիրութիւնները (տե՛ս` ԺԹ., մաս եւ վերը` նկար 5) լեզուաբանականի եւ հնագիտականի կողքին` նաեւ փաստեցին, որ Հայաստանն է հնդեւրոպական ցեղերուն հայրենիքը, որմէ տարածուեցան դէպի աշխարհ: Կ՛արժէ վերստին կարդալ նաեւ Զ. մասը (9), (10):

Ը. մասէն կը մէջբերեմ (11). «Հայ հնագէտներուն վերջին յայտնագործութիւնները կրնան առիթ տալ, որ մօտիկ ապագային Հին աշխարհի պատմութիւնը վերաշարադրուի: Հնագոյն քաղաքակրթութիւններու ուսումնասիրութիւններու ժամանակ յաճախ Հայաստանը անտեսուած է` կարծես դուրս մնալով համընդհանուր պատմական իրադարձութիւններէն, սահմանափակուելով միայն հին Միջագետքի եւ Եգիպտոսի տարածքներու ուսումնասիրութիւններով եւ յիշատակութիւնով:

Կը տեսնենք, որ քանի մը բառերու նմանութեամբ եւ առանց հնագիտական պեղումներու հիմնաւորումներու` կը փորձուի իւրացնել մեր պատմութիւնը` աշխարհի քաղաքակրթութեան ամէնէն կարեւոր փուլերէն` ձիերու ընտելացումէն եւ մարտակառքերու եւ ձիով բեռնափոխադրութենէն, որ Հայաստանի մէջ ծնունդ առաւ:

2 սեպտեմբեր 2023
(Շար. 23/24)

haroutchekijian.wordpress.com

———-

* Լուսաբանութիւնները իմ կողմէս

  1. https://archive.ph/86yNz#selection-759.0-763.19
  2. https://en.wikipedia.org/wiki/History_of_the_horse_in_the_Indian_subcontinent
  3. https://tamilandvedas.com/tag/chariot-race/
  4. https://www.aztagdaily.com/archives/565457
  5. https://scroll.in/article/737715/fact-check-india-wasnt-the-first-place-sanskrit-was-recorded-it-was-syria
  6. https://tert.nla.am/archive/HAY%20GIRQ/Ardy/2001-2011/hyubshman_2004.pdf
  7. https://makenas.livejournal.com/3620.html
  8. «The Horse, the Wheel, and Language: How Bronze-Age Riders from the Eurasian Steppes Shaped the Modern World»,David W. Anthony,Winner of the 2010 Book Award, Society for American Archaeology, ISBN: 9780691148182, Princeton University Press, 2007 568 pages:
  1. https://haroutchekijian.wordpress.com/2019/09/28/հայաստանի-ձիերը-ձիաւոր-հերոսները-հեծ-12/
  2. https://lousavor-avedis.org/?p=19060
  3. https://haroutchekijian.wordpress.com/2019/10/25/հայաստանի-ձիերը-ձիաւոր-հերոսները-հեծ-10/

 

Նախորդը

Յիշողութենէ, Բարոյականէ Եւ Խիղճէ Մերկացած Խռով Աշխարհի Դիմաց

Յաջորդը

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?