Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիսնակ` Հոգեւոր Խոկումի Եղանակ

Դեկտեմբեր 8, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Յիսնակը Ս. Ծննդեան նախորդող քանի մը շաբաթներու խոկումի եւ հոգեւոր պատրաստութեան շրջանն է: Ասիկա սպասումի եւ յոյսի եղանակն է, երբ քրիստոնեաներ անձկութեամբ կը պատրաստուին տօնելու իրենց Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տարեդարձը:

Յիսնակի այս զուարթ եղանակին երփներանգ լոյսերով, արծաթաշող ու ոսկեփայլ զարդերով եւ արուեստական ճիւղերու կամ ծաղիկներու կամարներով նորէն պճնուած են քաղաքներու մեծ պողոտաները: Խանութներ ու վաճառատուններ իրենց ցուցափեղկերը զարդարեր են գունագեղ առարկաներու, բազմատեսակ ապրանքներու ճոխութեամբ, հրապուրելու համար անցորդները` տօնական օրերու ընթացիկ առեւտուրի:

Երբ մարդիկ կը պատրաստուին տօնախմբելու Բեթղեհեմի մսուրին մէջ խանձարուրուած Յիսուս Մանուկին ծնունդը, կը թուի, թէ Անոր անձին գալուստէն աւելի` կ՛ողջունեն այն խորհուրդը, կարօտներն ու խոստումները, որոնք մարմնաւորուած են Քրիստոսի անունին եւ հռչակած ճշմարտութեան մէջ:

Որքա՜ն դառն ու տխուր իրականութիւն է, որ գնումներու աճապարանքին մէջ մխրճուած եւ աշխարհիկ խրախճանքներով կլանուած` շատեր յաճախ կը մոռնան, թէ իրօք որո՛ւ ծննդեան տօնն է որ կը պատրաստուին ոգեկոչելու: Նոյնքան տխուր եւ ցաւալի է նկատել, որ նոյնիսկ սրտառուչ պաշտամունքներով Յիսուսի մօտալուտ Ս. Ծննդեան տօնը շեփորող բազմութիւններէն շատեր չեն ապրիր Անոր բերած նոր կեանքին վսեմ սկզբունքները:

Այս խոկումի եւ սպասումի եղանակը մեզի կը պատգամէ, որ Յիսուս Քրիստոս երկինքի փառքէն հրաժարելով` մարմնացաւ եւ մարդացաւ մեղապարտ մարդկութիւնը փրկելու համար: Բարձրեալն Աստուած խոնարհեցաւ եւ մինչեւ երկիր եկաւ, որպէսզի մարդ արարածը երկրէն մինչեւ երկինք բարձրացնէ: Ասիկա, շարականերգուին խօսքով, «Մեծ եւ սքանչելի խորհուրդ մըն է», որովհետեւ դժուար է երեւակայել եւ լիովին հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս տիեզերքի Արարիչը մարմնացաւ մարդու մէջ, որպէսզի բարձրացնէ մարդը իր մեղանչական կեանքէն դէպի աստուածային կեանքի բարձր մակարդակին: Ա՛յդ էր, որ Յիսուս ըրաւ իր հրաշափառ Ս. Ծնունդով, իր աննման կեանքով, իր մահուամբ եւ յարութեամբ: Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ընդունին զինք իբրեւ Փրկիչ, «Աստուծոյ որդիները կ՛ըլլան ո՛չ արեան ճամբով եւ ո՛չ մարմինի կամ մարդկային կամքով, այլ` Աստուծմէ ծնելով» (3ովհաննու 1.13): Ա՛յս է Յիսնակի եւ Ս.  Ծննդեան պատգամը:

Բոլոր անոնք, որոնք կը գանգատին, թէ երկու հազար տարիէ ի վեր Քրիստոս չէ կրցած մարդիկ մեղքէ ազատել, գիտնալու են, որ Ան կրցած է փրկել բոլոր անոնք, որոնք ընդունած են զինք` իբրեւ իրենց կեանքի Տէր եւ Փրկիչ: Իսկ անոնք, որոնք զինք չեն ընդունած, տակաւին իրենց մեղքի ճիրաններուն եւ խաւարին մէջ են:

Յովհաննէս առաքեալը կը վկայէ, որ Քրիստոս է «Ճշմարիտ Լոյսը, որ աշխարհ գալով կը լուսաւորէ մարդկութիւնը» (Յովհ. 1.9): Քրիստոս տակաւին կը շարունակէ աշխարհի լոյսն ու յոյսը ըլլալ բոլոր անոնց համար, որոնք պատրաստակամ են խաւարէն Լոյսին դառնալու:

Որքա՜ն երանելի պիտի ըլլար, որ Յիսնակի այս եղանակին մարդիկ ընկալուչ սրտերով պատրաստուէին դիմաւորելու մանկացեալ Յիսուս Փրկիչը:

 

 

 

 

Նախորդը

«2024 Թուականի Պիւտճէի Նախագծում Մի Տող Անգամ Չկայ Արցախահայութեան Մասին, Արցախ Բառը Չէք Գտնի Այնտեղ». Արմենուհի Կիւրեղեան

Յաջորդը

Երեւանեան Նախաձեռնութիւններ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?