Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դժբախտածին Ոճրագործները

Դեկտեմբեր 8, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵԹՐ ՊԱՐԳԵՒ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Իսրայէլացի պատանդներու եւ պաղեստինցի բանտարկեալներու փոխանակումը  յուզումնախառն դիտեցի հեռատեսիլէն:

Մէկ կողմէ անմեղ կիներ ու մանուկներ փոխադրակառքերով կը տարուէին Կազայէն դէպի Իսրայէլ, իսկ միւս կողմէ` ազատամարտիկ պաղեստինցի աղջիկներ բանտերէն դուրս եկած` կ՛ողջագուրուէին իրենց հարազատներուն հետ:

Յուզիչ էր տեսնել մարդկութեան նենգ ուժերու զոհ դարձած մարդոց ողբերգութիւնը, եւ լացի յուզումէս:

Պատանդները զոհն էին իրենց ցեղապաշտ պետութեան մեղադրելի քաղաքականութեան պատճառով գործուած ոճիրին, իսկ բանտարկեալներն ալ ազատամարտիկներ էին, որոնք յանդգնած էին այդ պետութեան դէմ պայքարի դրօշ բարձրացուցած ըլլալու յանցանքով «ոճրագործ» դառնալ:

Ու ես, որ ամէն տեսակ կրօնական մոլեռանդութեան դէմ եմ ու կը մերժեմ ընդունիլ «Համաս»-ի եւ «Իսլամ եղբայրներ»-ու ուրիշը մերժող անհանդուրժելի քաղաքականութիւնը եւ յետամնաց կը նկատեմ անոնց նմաններուն կողմէ պարտադրուած կնոջ գլուխը գլխաշորով ծածկելու երեւոյթը, կապ մը զգացի` գլխաշորով կիներու գիրկընդխառնումը տեսնելով:

Ճնշուածներու եւ իրաւազրկեալներու ցաւին հետ ցաւ զգացի ու անոնց բանտէն դուրս գալուն ուրախութիւնը մարդկօրէն կիսեցի:

Ու մտքով մտայ երազի աշխարհին մէջ` խորհելով, թէ որքա՜ն պիտի ուզէի տեսնել Ազրպէյճանի մէջ բանտարկեալ մեր արիւնակիցներուն ազատագրումը, նոյնիսկ եթէ անիկա ըլլար «Համաս»-եան անմարդկային կոչուած բարբարոսութեամբ գործուածի արդիւնք…

Ու մտքով պեղեցի եւ յիշեցի ֆրանսացի հռչակաւոր գրող Էմիլ Զոլայի «Ժերմինալ» գիրքը, ուր ան կը խարանէ բռնութիւնը այն գործատէրերուն, որոնք հանքագործները կը շահագործէին որպէս անարժէք «անասուններ»:

Այդ գիրքին մէջ Զոլա համոզիչ ձեւով կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս մարդս կը դառնայ գազան` ի հետեւանք այն դժոխային վիճակին, որուն մէջ զինք կը դնեն ուժի եւ դրամի տէրերը:

Այդ գիրքը գրելէն (1887) առաջ, Զոլա 1884-ին այցելած էր «Անզեն» կոչուող հանքավայրը` ի մտի ունենալով փաստագրութիւն մը ընելու կարեւորութիւնը: Այդ փաստագրութեան շնորհիւ` ան գրեց «Ժերմինալ»-ը: Ինքզինք ներկայացնելով որպէս քարտուղարը ֆրանսական խորհրդարանի անդամներէն մէկուն, ան մտաւ հանքին ստորերկրեայ վայրը` իր ֆրանսացի քաղաքացիի կերպարով` ձեռքին թուղթ ու գրիչ: Օր մը, երբ Զոլա եւ իր ուղեկցորդները կը գտնուէին 150 ոտք գետնին տակ, հանքի փոսին մէջ, կը նկատէ հսկայ ձի մը, որ հոն կը գործէր: Շուրջիններուն հարց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս այդ հսկայ ձին ներս ու դուրս կու գար գետնին տակ գտնուող այդ վայրէն: Սկիզբը հանքագործները կը կարծեն, թէ Զոլա կատակ կ՛ընէ, սակայն երբ կը տեսնեն, որ ան լուրջ է, անոնցմէ մէկը կ՛ըսէ. «Պրն. Զոլա, միթէ չե՞ս հասկնար. այդ ձին հոս մէկ անգամ ներս կը մտնէ, երբ տակաւին քուռակ է եւ կրնայ իր փոքր կազմով սեղմուիլ այն դոյլին կամ տաշտին մէջ, որ մեզ հոս կը բերէ: Այդ ձին հոս` այս խոր գետնայարկին մէջ կը մեծնայ, քանի մը տարի ետք ալ կը կուրնայ լոյսի չգոյութեան պատճառով: Ամբողջ կեանքը հոս` այս մթութեան մէջ կ՛անցընէ ածուխ փոխադրելով, մինչեւ որ այլեւս սպառին ուժերը եւ սատկի ու թաղուի այս փոսին մթութեան մէջ»:

Այս բացատրութիւն-փաստագրութիւնը Զոլա կարդացողին յայտնելով «Ժերմինալ» կոչուող իր գիրքով` կ՛ուզէ ընթերցողին ցոյց տալ, թէ այդ ձին կը խորհրդանշէ կեանքը այդ հանքագործներուն, որոնք մանուկ հասակին կ՛իջնեն երկրին յատակը` գործելու այդ հանքերուն մէջ, իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին կը փորեն եւ ածուխ կը հանեն, մինչեւ որ մաշին այդ ահաւոր գործին տակ ու հոն մեռնելով` թաղուին այդ փոսերուն մէջ:

Վերոյիշեալ գիրքի հակիրճ պատմականը ընելով ուզեցի հասկնալ ու հասկցնել, որ Կազայի փոսերուն մէջ բանտարկեալ, զրկեալ եւ միշտ տառապեալ ու անտէր այդ ժողովուրդին զաւակները, երբ դուրս եկան իրենց պարտադրուած փոսերէն եւ անմարդկային ապրելակերպէն, «գազան» կոչուեցան Զոլայի գիրքի հանքատէրերուն նմանող ուժ եւ դրամ ներկայացնող մարդոց կողմէ. անոնք, ԱՅՈ՛, ոճիր գործեցին, որովհետեւ «անասնացած» էին Զոլայի հանքագործներուն օրինակով:

Անոնք դժբախտածին ոճրագործներ էին:

Ու որպէս վերջաբան` կ՛ուզեմ հոս մէջբերել լիբանանցի հռչակաւոր գրող Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի իմաստասիրութիւն նկատուող սա նկարագրումը Մարթա պոռնիկին` իր «Կոտրուած թեւերը» կոչուող գրութեան մէջ, ուր ան կ՛ըսէ. «Դուն բորոտի պէս չես, ո՛վ Մարթա, թէեւ կեանքը քեզ դրաւ ցածոգիներու ձեռքին մէջ»:

 

 

 

Նախորդը

Երեւանեան Նախաձեռնութիւններ

Յաջորդը

Փոկպա Կրնայ 4 Տարի Կախակայուիլ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?