Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կատարեալ Հայը (Մակիչի Յիշատակին)

Դեկտեմբեր 9, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԵՏՐՈՍ ՔՀՆՅ. ՇԻԹԻԼԵԱՆ

«Չար մարդը չի կարող իր կեանքը վտանգել:
Ես կարծում եմ բարի մարդն է, որ պատերազմի առջեւում է գնում: Խօսքս ազատագրական պայքարի մասին է»   

ՄԱԿԻՉ

Ազգերը կ’ապրին իրենց հերոսներով: Ազգերը ունին ընտրուածներ, որոնք  այս կամ այն կողմ կ’առաջնորդեն անոնց պատմութիւնը: Որքան ալ խօսինք ժողովուրդներու մասին, որպէս հաւաքականութիւն անոնք ամբոխներ են, մեծ մասը կը նաւարկէ ըստ քամիին: Յայտնի խօսք մը կայ, որ «ազգը պիտի փնտռես իր տասը տոկոսին մէջ»:  Մանաւանդ` մեր պարագային, քանի որ մեր բնութեամբ աւելի անհատական մտածողութեան ազգ ենք եւ ոչ հաւաքական, նման տասը տոկոսին դերը աւելի կարեւորութիւն կը ստանայ: Ահա այդ տասը տոկոսին կարեւոր ներկայացուցիչներէն մէկուն մենք կորսնցուցինք վերջերս քաղցկեղի պատճառով:

Մակիչը` Մկրտիչ Մկրտիչեան յայտնի էր որպէս ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբանող, նաեւ` որպէս ազատամարտիկ: Ան 1962-ի Թալինի շրջանի ծնունդ էր` սասունցի ընտանիքէ, որուն նախնիները Հայոց ցեղասպանութենէն  վերապրածներ էին: Ան` որպէս ՀՅԴ-ի անդամ, մասնակցած էր Արցախի 1990-ական եւ 2020-ի պատերազմներուն, եւ վերջինիս ընթացքին ծանր վիրաւորուած էր` ամիսներով գամուելով անկողինին մէջ: Կ’արժէ յիշել, որ 2020-ին Մակիչը ընտանիքի տէր էր երեք անչափահաս զաւակներով եւ հակառակ այս հանգամանքին` վազեց ճակատ: Ան յաճախ հրաւիրուած էր համերգներ տալու սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ, նաեւ` Ամերիկայի Արեւմտեան կողմը, ու դիւրութեամբ մշտականապէս կրնար հաստատուիլ Ամերիկա, բայց ան այդ մէկը չըրաւ, չլքեց հայրենիքը: Արդեօ՞ք պիտի փրկուէր, եթէ մնար ու դառնալով Ամերիկայի քաղաքացի` կարելիութիւնը ունենար օգտուելու Ամերիկայի բժշկական համակարգէն: Ինչո՞ւ այս հարցադրումը կ’ընեմ: Պատճառը այն է, որ Մակիչը իր բուժման համար նիւթական օգնութեան կարիքը ունէր: Հոս արդար հարցում մը կը ծագի: Ի՞նչ ազգ է այս, որ իր հերոսներուն հոգ տանիլ չի գիտեր: Երբ հարցուցի իրեն այդ մասին, ըսաւ, որ պետութենէն թոշակ կը ստանայ առանց այլ օգնութեան մասին յիշատակելու: Արդեօ՞ք սփիւռքի մէջ չկային կառոյցներ, որոնք այդ մէկը կրնային ընել: Այս մէկը մեզի յատուկ հակասութիւններէն մէկն է:  Արդեօ՞ք նման ընթացքով փաստացիօրէն չենք ըսեր Մակիչին եւ նմաններուն, թէ աւելի լաւ է, որ հայրենիքը լքեն:

Անոր ծանօթացած եմ 1980-ականներուն Երեւանի մէջ ուսման տարիներուս, Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ: Նոյն տարիներուն միասին նաեւ Ս. Էջմիածնի մայր տաճարի երգչախումբին մէջ երգած ենք: Դարձանք ընկերներ: Կրնար նաեւ օփերային երգիչ դառնալ, բայց ո՛չ, ան ընտրեց ազգային երգերու երգիչ ըլլալու ճամբան: Գնաց ճակատ այն սկզբնական մտադրութեամբ, որ երգելով պիտի ոգեշնչէր մարտիկները, բայց շատ արագ ինքը մարտիկ դարձաւ ու եղաւ հերոս: Իրեն կը կոչէի` «Իմ հերոս ընկեր»:

Զօրաւոր էր նաեւ հոգեպէս, երբեք իր մէջը յուսահատութեան նշոյլը չկար, անգամ վերջին տարիներուն` 2020-էն ետք: Անընդհատ կ’ըսէր. «Աւելի լաւ լինելու համար պէտք է աւելի վատ լինի»: Նկատի ունէր մեր ազգային նկարագիրը.  կ’արթննանք, երբ այլեւս ուրիշ ճար չկայ, երբ «դանակը ոսկորին կը հասնի»: Փաշինեանին նկատմամբ սկիզբը դրական կարծիք ունէր, բայց ետքը փոխուեցաւ ժխտականի: Բայց նաեւ աւելի քննադատական էր հիներուն հանդէպ` միշտ զանոնք տականքներ կոչելով:

Մակիչին մասին խօսելու ժամանակ անկարելի է բաժնել անոր ազգային ու մարդկային արժանիքները: Վերը մէջբերուած իր խօսքը իր էութիւնը ցոյց կու տայ ու կարեւոր ճշմարտութիւն մը կը բացայայտէ: Շատ քիչերէն է, որոնց կրնայի կատարելապէս վստահիլ` առանց որեւէ վերապահութեան: Ոչ թէ  միայն ինծի համար, այլ բոլորին ալ դիւրութեամբ վստահութիւն կը ներշնչէր: Թափանցիկ էր ու անաչառ: Բարիին բարի կ’ըսէր ու չարին չար, ոչ թէ միայն վստահելի մարդոց ներկայութեամբ, այլ`  բարձրաձայնօրէն: Ինծի ծանօթ են քանի մը դէպքեր, երբ իրմէ բարձր դիրք ունեցող ու անոնցմէ կախում ունեցողներու հետ վիճաբանած էր ու բացայայտօրէն անոնց երեսին ըսած էր ճշմարտութիւնը:

Անցեալ տարի Հայաստան այցելեցի սեպտեմբեր 13-ի Ջերմուկի վրայ յարձակումէն անմիջապէս ետք: Հիւանդութիւնը սկզբնական փուլին մէջ էր ու կրցանք քանի մը անգամ հանդիպիլ: Ետքը, Ամերիկա վերադառնալէս ետք, մշտական կապի մէջ էի իրեն հետ ու Ս, պատարագի ընթացքին հիւանդներու աղօթքի ցանկին վրան առաջինը իր անունն էր: Մահացաւ: Բայց արդեօ՞ք նմանները կը մեռնին: Նմանները, որոնք առանց որեւէ հաշիւի ու ակնկալութեան, միայն ու միայն հայրենասիրութենէ դրդուած ու որեւէ ժամանակ կը վազեն ճակատ:  Նմաններու շնորհիւ է, որ ազգը կը գոյատեւէ ու կը փրկուի: Նմանները, Պարոյր Սեւակի արտայայտութեամբ, այն «խենթեր»-ն են, որոնք` «Երբ չի մնում ելք ու ճար, գտնում են հնար»: Նմաններուն շնորհիւ է, որ ցեղին հանդէպ յոյսը չի կորիր, ու հաւատքը կը վերականգնի ամէնէն յուսահատական պահերուն անգամ, ինչպէս որ էր 2020-ի պատերազմը: Շատ կարեւոր հանգամանք մըն է,  որ նմաններուն թիւը քիչ չէ Հայաստանի մէջ: Հակառակ մեր դժուար պատմութեան ու աշխարհագրական դիրքին ամենաանբարենպաստ պայմաններուն` նմաններուն ու մեր մշակոյթին երախտապարտներուն կը պարտինք մեր գոյութիւնը: Մակիչը վստահ էր ու փաստերով գիտէր, որ Շուշիին անկումը դաւաճանութեան հետեւանք էր ու ծրագրուած էր Ռուսիոյ կողմէ: Մէկ խօսքով, Մակիչը ԿԱՏԱՐԵԱԼ ՀԱՅն էր, մէկը, որուն կեանքին առաջնութիւնը բացարձակապէս հայրենիքն էր :

Իմ սիրելի ու հերո՛ս ընկեր, հողը թող թեթեւ ըլլայ քու վրադ, ու ինչպէս որ խոստացուած է քեզի նմաններուն, մեր հերոսներուն հետ արժանանաս երկնային արքայութեան փառքին:

Սփրինկֆիլտ – Մասաչուսեց

 

Նախորդը

Երուսաղէմի Հայ Համայնքը Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Համախմբել Է Հայկական Բոլոր Ուժերին` Մէկ Դրօշի Ներքոյ

Յաջորդը

ԼՕԽ-ական Քնար Գնտոյեանի Յիշատակին. Ծառայասէր Հայուհին

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?