ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի ընդհանուր խմբագիր
Անցեալ շաբաթներուն «Ալֆա Նիուզ» հեռատեսիլային ընկերութիւնը ինձմէ խնդրեց մեկնաբանել ԱՄՆ-ի ծերակոյտի միաձայն որոշումը (100 կողմ, 0 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ), որ երկու տարիով պիտի կասեցնէ նախագահ Ճօ Պայտընի իրաւասութիւնը` շրջանցելու համար Միացեալ Նահանգներու ազատութեան աջակցութեան աքթի 907-րդ յօդուածը, որ կ’արգիլէ օգնութիւն տրամադրել Ազրպէյճանի: Եթէ Ներկայացուցիչներու պալատը նոյնպէս հաւանութիւն տայ այս օրինագիծին, ապա անիկա կ’ուղարկուի նախագահին` ստորագրելու համար, որմէ ետք օրէնքի ուժ կը ստանայ: 1992-էն ի վեր ԱՄՆ-ի բոլոր նախագահները, ներառեալ նախագահ Պայտըն` իր պաշտօնավարման վերջին երկու տարիներուն, շրջանցած են 907-րդ յօդուածը` այսպիսով տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներու օգնութիւն տրամադրելով Ազրպէյճանի:
Ծերակոյտին որոշումը զայրացուցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որ զայն որակած է հարուած` ուղղուած հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն, եւ ջնջած է իր մասնակցութիւնը 20 նոյեմբերին նախատեսուած Ուաշինկթընի բանակցութիւններուն` երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ:
«Ալֆա Նիուզ»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ, ես յայտարարեցի, որ ոչ մէկ ամերիկացի ծերակուտական դէմ եղած է հակաազրպէյճանական օրինագիծին, թէեւ Ազրպէյճան վարձած է լոպիիստական բազմաթիւ մեծ ընկերութիւններ` Ուաշինկթընի մէջ իր շահերը պաշտպանելու համար: Ասիկա կը նշանակէ, որ վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին Ազրպէյճան վատնած է տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ` վճարելով լոպիիստական այդ անօգուտ ընկերութիւններուն: Աւելցնեմ, որ այս լոպիիստական ընկերութիւններու աշխատանքը վերահսկելու անմիջական պատասխանատուն Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Խազար Իպրահիմն է: Հետեւաբար որեւէ կառավարութիւն, որ կ’իմանայ նման հսկայական գումարներու վատնումի մասին, անմիջապէս ազատ կ’արձակէ իր դեսպանը: Եթէ նախագահ Ալիեւ ազատ չարձակէ դեսպան Իպրահիմը, ուրեմն ան նոյնքան պատասխանատու կը համարուի լոպիիստական անօգուտ ընկերութիւններու վրայ միլիոնաւոր տոլարներու վատնման համար: Յստակ է, որ անոնք չեն կրցած համոզել 100-ի վրայ գոնէ մէկ ծերակուտական, որ քուէարկէր յօգուտ Ազրպէյճանի:
«Ալֆա Նիուզ»-ին տուած հարցազրոյցէն քանի մը օր անց, Ազրպէյճանի առաջին անգլիալեզու թերթը` «Ազեր Նիուզ» հրապարակեց ծաւալուն յօդուած` «Կաշառք տալով ծերակուտականներուն` հայկական լոպիին վտանգ կը ներկայացնէ Երեւանի ապագային համար» վերնագիրով, յարձակելով անձամբ իմ վրայ` այն բանի համար, որ յայտարարած եմ` Ազրպէյճանը միլիոնաւոր տոլարներ վատնած է լոպիինկի վրայ: Ահա թէ ինչպէ՛ս կը վարուին անամօթ մարդիկ, երբ ուրիշները կը մեղադրեն այնպիսի բաներու համար, որոնց համար իրենք են մեղաւոր:
Ամբողջ աշխարհը տեղեակ է Ազրպէյճանի տխրահռչակ «խաւիարային դիւանագիտութեան» եւ ազրպէյճանական դրամներու լուացման մասին, որ միլիառաւոր տոլարներով կը կաշառէ քաղաքական գործիչները ամբողջ Եւրոպայի մէջ` յօգուտ Ազրպէյճանի քուէներ տալու համար, մարդկային իրաւունքներու ծիրէն ներս Ազրպէյճանի կոպիտ խախտումները եւ նախագահական կեղծ ընտրութիւնները արդարացնելու նպատակով:
«Ազեր Նիուզ» անամօթաբար կը յայտարարէ, որ` «Արտերկրի մէջ Հայաստանի լոպիիստական կազմակերպութիւնները միլիոններ, թերեւս ալ միլիառներ կը լեցնեն քոնկրեսականներու գրպանները, ուստի Արեւմուտքէն կը հնչեն անհիմն եւ կողմնակալ կարծիքներ` ընդդէմ Ազրպէյճանի»:
Վերոնշեալ նախադասութեան մէջ կան քանի մը լուրջ սխալներ: Նախ` Հայաստանի կառավարութիւնը ոչ մէկ ամերիկեան լոպիիստական ընկերութիւն վարձած է, պարզապէս այն պատճառով, որ չունի հսկայական այն նաւթատոլարները, զորս ունի Ազրպէյճան, եւ որ կը վատնէ զանոնք Ուաշինկթընի մէջ լոպիիստական ընկերութիւններու վրայ` իր երկրին մէջ իր աղքատ ժողովուրդին հոգ տանելու փոխարէն: Երկրորդ` ամերիկահայ կազմակերպութիւնները միլիոնաւոր, ա՛լ չըսած` միլիառաւոր տոլարներ չունին, որ «լեցնեն քոնկրեսականներու գրպանները»:
Ամերիկահայերը պէտք չունին կաշառելու ոեւէ մէկը: Երբ քու գործդ արդար է, դուն կարիք չունիս ոեւէ մէկը կաշառելու` զայն ճշմարտութեան մէջ համոզելու համար: Միայն այն պարագային, երբ դուն զանգուածային յանցագործութիւններ կը կատարես, ինչպէս բազմիցս կ’ընեն Ազրպէյճան եւ Թուրքիա, պէտք է միլիոնաւոր ու միլիառաւոր տոլարներ ծախսես յանցագործութիւններդ ծածկելու համար:

Էլնուր Էնվերօղլու
Այնուհետեւ, «Ազեր Նիուզ» մեղադրած է Ազրպէյճանը` ըսելով, որ Պաքուն «ոչ միայն հետաքրքրուած է մասնակցելու գործընկերութեան որոնման այս աճուրդին, զոր Հայաստան շռայլօրէն կ’ընէ հիմա»: Թէեւ այս նախադասութիւնը քերականօրէն սխալ կազմուած է, սակայն ազրպէյճանցի գրողը կարծես կ’ընդունի, որ Ազրպէյճան կը ձգտի կաշառել օտարերկրեայ պաշտօնեաները: Ասիկա անօգուտ յայտարարութիւն է, քանի որ Ազրպէյճան տարիներ շարունակ արդէն կը կաշառէ օտարերկրեայ պաշտօնեաներ:
Ազրպէյճան աշխարհի ամէնէն վերջին երկիրն է, որ կրնայ զրպարտել Հայաստանը, կամ որեւէ այլ երկիր, քանի որ Պաքուն կը ղեկավարէ բռնապետ մը, որ կը բանտարկէ լրագրողները եւ իրաւապաշտպանները, իսկ անոր զինուորները նողկալի ռազմական յանցագործութիւններ կը կատարեն, ինչպիսիք են բռնաբարութիւնները եւ գլխատումները: Ազրպէյճան ներխուժած է Արցախ եւ ցեղասպանութիւն իրագործած հայ բնակչութեան հանդէպ: Աւելի՛ն, ազրպէյճանցի զինուոր Ռամիլ Սաֆարով Հունգարիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի կազմակերպած ուսումնական սեմինարի մը ընթացքին կացնահարեց քնացած հայ զինուորը` գլխատելով զայն: Ալիեւ կաշառեց Հունգարիոյ կառավարութիւնը` զայն բանտէն ազատելու համար, իսկ յետոյ ներում շնորհեց անոր եւ զայն հռչակեց ազգային հերոս:
Ես շնորհակալ եմ «Ազեր Նիուզ»-ին` Կլենտէյլի մէջ (Քալիֆորնիա) իմ տուած հարցազրոյցին Պաքուէն ուշի-ուշով հետեւելու եւ անհիմն ու կեղծ պատասխաններ գրելուն համար: Յօդուածագիրը` «Ազեր Նիուզ»-ի գլխաւոր խմբագիրի տեղակալ Էլնուր Էնվերօղլու, շատ ջանքեր գործադրած է ոչ միայն հեռատեսիլային հարցազրոյցս գտնելու, այլեւ զայն հայերէնէ անգլերէն թարգմանելու համար:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ