Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Օգնութեան Միութիւնը Կրկնակի Թափով Կը Շարունակէ Բռնի Տեղահանուած Արցախահայութեան Օժանդակութեան Ծրագիրները

December 11, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի ազատագրական պայքարի առաջին օրերէն իսկ, ՀՕՄ-ը իր աշխարհասփիւռ միաւորներով ընդմիշտ եղած է Արցախի եւ արցախահայութեան կողքին, ան Արցախի մէջ հիմնած է մանկապարտէզներ եւ իրականացուցած է բազմաթիւ բարեսիրական  ծրագիրներ: Բնականաբար, այս տագնապալի օրերուն եւս ՀՕՄ-ը իր օգնութեան ձեռքը կրկին պիտի մեկնէր արցախահայութեան:

19 սեպտեմբեր 2023-ին, ի տես եւ ի լուր արցախահայութեան դիմագրաւած արհաւիրքներուն,  ՀՕՄ-ի բոլո՛ր միաւորները անմիջապէս գործի անցան եւ, ինչպէս միշտ, շուտով արձագանգեցին Արցախի կանչին` նիւթապէս ու բարոյապէս սատար հանդիսանալու մեր հայրենակիցներուն:

Արցախահայութեան շտապ օժանդակութեան յատկացումներով կատարուեցան հետեւեալ աշխատանքները:

Առաջին փուլ

Այս փուլին բաժնուեցան աւելի քան 1500 սննդեղէնի եւ մաքրութեան իրերու արկղեր` հետեւեալ պատկերով.

– 440 արկղեր տրամադրուեցան Արցախի ներկայացուցչութեան` Աւստրալիոյ  ՀՕՄ-ի եւ գաղութի հանգանակած գումարով:

– Աւելի քան հարիւր արկղեր փոխադրուեցան Գորիս եւ բաժնուեցան այնտեղ հանգրուանած արցախահայութեան:

– Համագործակցութեամբ շրջանի ուղեկից կազմակերպութիւններուն (ՀՄԸՄ, ՀԵՄ, Համազգային, ՀՅԴ), ինչպէս նաեւ զանազան երկիրներէ  հայրենիք եկած կամաւոր հայորդիներու օգնութեամբ, ՀՕՄ-ի հովանաւորութեամբ «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ աւելի քան հազար (1000) արկղ սննդեղէն ու մաքրութեան իրեր պատրաստուեցան եւ բաժնուեցան Հայաստանի զանազան մարզերուն մէջ (Երեւան, Արագածոտն, Արարատ, Արմաւիր, Շիրակ, Գեղարքունիք, Լոռի, Տաւուշ, Սիւնիք, Կոտայք, Վայոց Ձոր) հաստատուած Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու:

Անձնազոհ բարերարներու նուիրատուութեամբ ձեռք բերուած ուտեստեղէն, հագուստներ, անկողնային եւ խոհանոցային իրեր տրամադրուեցան ՀՕՄ-ի կեդրոն դիմած բռնի տեղահանուած արցախահայութեան:

Երկրորդ փուլ

Երկար շաբաթներու արձանագրութիւններէ եւ պատրաստութիւններէ ետք, 18 նոյեմբեր 2023-ին, ՀՕՄ-ը թափ տուաւ բարեսիրական աշխատանքի 2-րդ փուլին եւ բռնի տեղահանուած արցախահայութեան տրամադրեց սննդեղէն եւ մաքրութեան անհրաժեշտ իրեր, որոնք կը բաժնուին  ՀՕՄ-ի  եւ ՀԵՄ-ի ժրաջան անդամներուն միջոցով:

Բարեսիրական այս աշխատանքին 20.000 թոն մաքարոնով իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ «Մենք ենք մեր սարերը» բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը:

Ցարդ ՀՕՄ-ը բաժնած է 7000 արկղ (ամէն մէկ արկղ կը պարունակէ 100 ամերիկեան տոլար արժողութեամբ սննդեղէն եւ մաքրութեան իրեր): Այսպիսով, աւելի քան 30.000 հայորդիներ օգտուած են ՀՕՄ-ի սոյն ծրագիրէն:

Հայ օգնութեան միութիւնը պիտի շարունակէ անաչառ եւ հետեւողական զօրակցութիւն  ցուցաբերել արցախահայութեան` որդեգրելով  այլ երկարաժամկէտ եւ մնայուն ծրագիրներ:

ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

 

Նախորդը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Մատենաշարը Ամբողջացնելու Կոչ Մեր Ընթերցողներուն

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.