Քաղաքականացում Եւ Յեղափոխականացում
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Վաթսունամեակի համասփիւռքեան ձեռնարկներէն առաջ էր, որ միջազգային հանրային կարծիքի եւ քաղաքական ու դիւանագիտական շրջանակներու ուշադրութիւնը գրաւեցին՝ սփիւռքի մէջ ծնած ու մեծցած երիտասարդական գաղտնի խումբեր, որոնք հայութեան իրաւունքներուն նկատմամբ թուրք յաջորդական պետութիւններու անզիջող կեցուածքէն եւ ընդհանրապէս միջազգային անտարբերութենէն ընդվզած՝ Թուրքիոյ դէմ շղթայազերծեցին ուժական պայքարի ընդյատակեայ շարժում՝ աշխարհի զանազան մասերուն մէջ: Անոնք թուրք դիւանագէտներ ու հաստատութիւններ հարուածելով՝ նետուեցան զինեալ պայքարի...



















