ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մեր հայրենի բնօրրանէն տեղահան եղած, Ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ Լիբանանի հիւրընկալ ափերը հասած տարագիր հայութեան կառուցած առաջին բնակավայրը եղաւ Պուրճ Համուտը, որուն կորիզը հանդիսացաւ Նոր Մարաշ թաղը` իր Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցիով:
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին կառուցուեցաւ տարագիր հայութեան համեստ միջոցներով ու միահամուռ ջանքերով եւ իրաւամբ արժանացաւ «Ժողովուրդի եկեղեցի» կոչումին: Եկեղեցւոյ օծումը կատարուեցաւ 1930-ին:
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին եւ վարժարանը հաւատքի ու դպրութեան տաճար եւ հայեցի տոհմիկ ու քրիստոնէական դիմագիծի պահպանման միջնաբերդ հանդիսացան:
Հայաշունչ, հայաբոյր եւ խնկաբոյր այս միջավայրին մէջ հասակ առնող նորահաս սերունդին համար նախախնամական մեծ դեր ունեցաւ Կիրակնօրեայ դպրոցը, որ բացուեցաւ 1930-ին` ըլլալով Լիբանանի թեմին մէջ բացուած առաջին Կիրակնօրեայ դպրոցը:
Անոր երդիքին տակ նորահաս սերունդները ստացան քրիստոնէական կրօնական եւ սուրբգրական ընդհանուր գիտելիքներ, սորվեցան շարական ու սաղմոս, ծանօթացան հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, դաւանութեան, աւանդութիւններուն, իւրայատուկ դիմագիծին, սուրբերուն, ծէսերուն ու տօներուն, եւ կազմաւորուեցան իբրեւ տիպար ու առաքինի հայեր:
Կիրակնօրեայ դպրոցը եղաւ դարբնոց, ուր պատրաստուեցան եկեղեցւոյ նուիրեալ դպիրներ եւ դպրուհիներ, իսկ այս դպրոցի կազմակերպման մէջ նախախնամական դեր ունեցաւ ու մեծ աւանդ ներդրեց Նուպար սարկաւագ Պէրպէրեան:
Հետեւելով հայ կեանքի վերակազմակերպման Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի տեսլականին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցը յանձնառութիւն ստանձնած է իր առաքելութիւնը շարունակել վերանորոգ թափով եւ նոր ուժերով:
Կիրակնօրեայ դպրոցը ունի մանկապարտէզի, առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դասարաններու` առանձին, չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ` առանձին, եւ եօթներորդէն սկսեալ` պատանիներու յատուկ դասարաններ, նաեւ հաստատած է լսարանական առանձին բաժանմունք:
Քրիստոնէական, սուրբգրական եւ եկեղեցական ընդհանուր գիտելիքներու, սաղմոսներու ու շարականներու կողքին, մանկապարտէզին մէջ ձեռային խաղեր, իսկ միւս դասարաններուն մէջ զարգացման մրցումներ կը կազմակերպուին: Լսարանական բաժինին մէջ հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն եւ ծիսական գիտելիքներ կը դասաւանդուին, նաեւ Սուրբ գիրքի սերտողութիւն կը կատարուի:
Տիկին Արշօ Գելխաչերեանի տեսչութեամբ, ուսուցչական կազմը, վերաորակաւորման ճամբով եւ միշտ լաւագոյնին ձգտելու առաջադրանքով, ջանադիր է դպրոցը եւս առաւել որակաւոր բարձրութեան հասցնելու:
Տեսչութեան ու ուսուցչական կազմին սրտագին կոչն է մեր ծնողներուն` իրենց հոգեհատորները Կիրակնօրեայ դպրոց առաջնորդելու, որպէսզի անոնք կազմաւորուին հայ քրիստոնէական տոհմիկ դաստիարակութեամ եւ բարքերով: Իսկ լսարանական բաժինը բաց է հայ եկեղեցւոյ պատմութեամբ, ծէսերով եւ ընդհանուր առմամբ կրօնական գիտելիքներով հետաքրքրուող հանրութեան համար:
Դասաւանդութիւնները եւ դասախօսութիւնները տեղի կ՛ունենան ամէն կիրակի, ժամը 11:30-էն մինչեւ 1:00, Սրբոց Քառասնից Մանկանց նախկին վարժարանին մէջ` չորրորդ յարկ:
Մեր սուրբ հայրապետները, եռամեծ նախնիները, բանիբուն վարդապետները մեծ կարեւորութիւն տուած են հոգեւոր եւ բարոյական դաստիարակութեան: Պատմութեան ամէնէն դժնդակ պայմաններուն տակ, ամէնէն մռայլ դարերուն իսկ անոնք դաստիարակչական գործունէութիւն ծաւալեցին, հոգեւոր կրթութիւն ջամբեցին եւ հայուն հաւատքը անսասան պահեցին: Անոնց աւանդներուն հաւատարիմ, Կիրակնօրեայ դպրոցին առաքելութիւնն է հայ նորահաս սերունդը մօտեցնել եւ հաղորդակից դարձնել մեր սուրբ եկեղեցւոյ ազգային ու հոգեւոր յաւերժական արժէքներուն, դարաւոր աւանդութիւններուն ու սրբազան ժառանգութեան: