Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զոհրապ Մարդը Եւ Պուրճ Համուտ 78»-ը

Յունուար 19, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

Պուրճ Համուտի 1978 թուականի 6-օրեայ ծանր ռմբակոծումին իբրեւ հետեւանք, մեծ վնասներու շարքին, բազմաթիւ տուներու եւ խանութներու ապակիները փշրուած էին, եւ Զոհրապ սկսաւ ապակիներ տեղադրելու գործին: Ես նոր վերադարձած էի Գահիրէէն, ուր կը պաշտօնավարէի  Գալուստեան վարժարանին մէջ, սակայն Պէյրութի մէջ տակաւին չէի սկսած ուսուցչութեան  ասպարէզս: Զոհրապ զգալով նիւթականի կարիքս` շատ փափկանկատ առաջարկեց, որ հետը աշխատիմ, հակառակ անոր որ մինչ այդ միայն գիրք եւ գրիչ բռնած էի: Զիս համոզելու համար  ըսաւ. «Ես ալ չեմ գիտեր, շուտ կը սորվինք եւ կ՛աշխատինք»:

Սորվեցանք եւ աշխատեցանք: Իմ իրաւունքիս կրկնապատիկը կը վճարէր ինծի, եւ երբ կ՛ըսէի, որ այս ձեւով հանգիստ չեմ զգար, խռպոտ ձայնովը կ՛ըսէր. «Դուն մի՛ խառնուիր, ես շատ հանգիստ եմ»:

Օր մը շէնքի մը մէջ, երբ կ՛աշխատէինք, նշմարեցինք, որ գետնայարկի ապակիներն ալ փշրուած են, դուռը զարկինք  յաճախորդ գտնելու ակնկալութեամբ: Տարեց կին մը դողդողալով յայտնուեցաւ: Վիճակէն յայտնի էր, որ լքուած, աղքատ կին մըն է: Անակնկալի եկած` պահ մը արձանի նման կեցանք, ապա   Զոհրապ ըսաւ. «Մայրի՛կ, Ամերիկայէն օգնութիւն ղրկած են, ապակիներդ պիտի շինենք»:  Ըսելը, ներս մտնելն ու չափերը առնելը մէկ եղաւ: Նոյն օրը վերջացուցինք գործը: Քանի մը անգամ այդպէս ըրաւ,  դրամ չառաւ, ոմանց զեղչ ըրաւ, շատերու ապառիկ աշխատեցաւ ու չկրցաւ գանձել, «հաշիւը չի գիտեր» բամբասեցին անոնք, որոնք իրեն պարտք ունէին:

Քիչեր իր մէջ տեսան եւ արժեւորեցին խղճամիտ, կարեկից մարդը:

Նկարագիրի յատկանշական գիծերէն մէկը ձախողութիւններու դիմաց չյուսահատիլն էր: Որեւէ անկումէ ետք անայլայլ ոտքի կ՛ելլէր` զուարթութիւնը, կորովը պահած: Այդ առումով քիփլինկեան բան մը կար մէջը. կրնար հազար ճիգերու շահը հարուածով մը կորսնցնել եւ անտրտունջ, առանց երբեք ողբալու, ամէն բան ծայրէն վերսկսիլ կրկին:

Բոլոր դժուարութիւններուն մէջ կենսուրախ կը մնար եւ ամէնէն կարեւորը` կը վարակէր շուրջինները, կ՛ուզէր, որ անոնք ուրախ ըլլան: Վան մը ունէր, Պուրճ Համուտի Համազգայինի մեր խումբը` Պետիկ, Ասատուր, Նազ, Սալբի, Նազիկ, Զարմիկ, քանի մը հատ ալ իր մօտիկներէն կը թխմէր մէջը եւ երգելով, բարձր տրամադրութեամբ ամէն շաբաթ կը տանէր հեռաւոր շրջան մը` հարաւ, Լիթանի, Պաալպեք, Ռայաք, Զահլէ, առանց հաշիւ ընելու, որ որեւէ պահու ռմբակոծում կրնար սկսիլ:

Ինչպէս  60-ականներու կէսերուն Վարուժան Խըտշեանին շուրջը հաւաքուած էին  խումբ մը երիտասարդներ, յատկապէս` Մար Մխայէլի մէջ, 1970-ականներու վերջաւորութեան Զոհրապ Պուրճ Համուտի մէջ համախմբած էր զանազան խառնուածքներ ունեցող տղաք եւ աղջիկներ, որոնք պատերազմի այդ ալեկոծումին մէջ ընկերական ապահով նաւահանգիստ մը կը փնտռէին:

Զոհրապ իր ինքնութիւնը կը գտնէր անոնց մէջ, մտածումի կաղապարներէն անդին` յուզումներու, մարդկային զգացական կապերու հանգոյցին մէջ:

Տիպար պուրճհամուտցի էր` իր խօսակցութեամբ, անմիջականութեամբ, նիստ ու կացով, կենսասիրութեամբ, ճարտարութեամբ, աշխատասիրութեամբ, ծանօթութիւններով. տենդոտ, միշտ շարժումի մէջ, մանաւանդ հայրենասիրութեամբ եւ Պուրճ Համուտին կապուածութեամբ: Իր հայկականութիւնը պուրճհամուտցիի հայկականութիւն էր` պարզ, չքաղքենիացած:

1986-ին` Լեւոն Պէրպէրեանի եւ Նենոյի սպանութեան յաջորդ օրը, հաւաքուած էինք Սարդարապատ ակումբ, ուր  տագնապահար եռուզեռ կար, մարդիկ կու գային, կ՛երթային. նոյնպէս եկաւ Զոհրապը: Ներկաներէն մէկը շատ վիրաւորական   արտայայտութեամբ մը վռնտեց Զոհրապը, որ անակնկալի եկած` այլայլած դուրս ելաւ: Անյարմար զգացի եւ բնազդական շարժումով մը ետեւէն գացի: Դուրս չելած` լսեցի նոյն անձը (որ հետագային սերտ բարեկամս եղաւ) քովիններուն  իմ մասիս ըսաւ. «Աս ալ անոնցմէ է` Գաղտնի բանակ»:

Այս վերագրումը այդ տագնապալի եւ խուճապի օրերուն հասկնալի էր եւ իր պատճառները ունէր:

«Պուրճ Համուտ 78» ներկայացման դերակատարներէն մէկը այդ օրերուն Պէյրութ գտնուող, անծանօթ ոմն Մոնթէ Մելքոնեանն էր, որ մեզի հետ շաղուած էր: Հետագայ դէպքերու զարգացումներէն եւ բացայայտումէն ետք անոնք, որոնք այդ ներկայացման մաս կազմած էին, Գաղտնի բանակի անդամներ նկատուեցան, կամ նուազագոյնը` կասկածելիներ, անվստահելիներ: Համազգայինի մէջ անշուշտ զիս եւ Պետիկը իսկապէս ճանչցողներ եւ պաշտպանողներ կային` Քնար Ֆուճուրեանը, Անդրանիկ Մըսրլեանը եւ Յովհաննէս Պէրպէրեանը: Սակայն Զոհրապ Համազգայինի մէջ չէր:

«Պուրճ Համուտ 78» ներկայացումը ոմանց առիթ տուաւ  Զոհրապը քննադատելու եւ քարկոծելու:

45 տարի ետք, երբ այժմ յետադարձ հայեացք մը կ՛ընեմ, կը խորհիմ, որ այդ ներկայացումը Զոհրապն է իր էութեան, ներաշխարհի, արեւելումի բոլոր շերտերով, երանգներով : Զոհրապ հոն իր տարերքին մէջն էր, ինքնութիւնը գտած էր այդ գործին մէջ, թատերական կաղապարներէն անդին պուրճհամուտցիի` Ամանոսէն, Նոր Սիսէն, Նոր Մարաշէն, Արագածէն, քեմփէն եկողներու յուզումներու, մարդկային զգացական կապերու, անմիջականութեան, հարազատութեան  հանգոյցին մէջ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս շուրջ 150 տարի առաջ Յակոբ Պարոնեանի պարագային` «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ» գործով, ուր Սամաթիոյ, Գում Գափուի, Սկիւտարի հայերը կը պատկերացուին իրենց խօսակցական լեզուով, նիստ ու կացով, ընդհանրապէս առօրեայով: Զոհրապ ներկայացուց պուրճհամուտցին այնպէս, ինչպէս Պարոնեան ներկայացուցած էր սամաթիացին, սկիւտարցին եւ այլն:

Սակայն, ինչպէս ժամանակին Պոլսոյ, այնպէս ալ մեր օրերու Պէյրութի «քլասներուն» շատ հաճելի չթուեցաւ այդ` նկատի ունենալով, որ իրենք Պուրճ Համուտը բառացի կոյուղի կ՛անուանէին: Մեծ մասը  ներկայացումը քննադատեց առանց տեսած ըլլալու:

Զոհրապը քարկոծելու այլ պատճառ մըն ալ կար:

«Պուրճ Համուտ 78»-ի վերջին տեսարանը վերականգնումի միջոցներու քննարկման յատկացուած կլոր սեղան մըն է, որուն կը մասնակցին զանազան խաւերէ ներկայացուցիչներ, որոնք անգործնական, ծիծաղելի առաջարկներ կ՛ընեն եւ չգաղթելու հռետորական ճառեր կ՛արտասանեն, մինչ իրենց գրպաններուն մէջ ունին կրին քարտեր եւ ճամբորդութեան տոմսեր:  Խօսքին եւ գործին հակադրութիւնը ծիծաղ կը յառաջացնէր. ճիշդ այն, որ ըրած էր Յակոբ Պարոնեան «Ազգային ջոջեր»-ուն մէջ: Անշուշտ` տարբեր տարողութեամբ:

«Պուրճ Համուտ 78»–ն ներկայացուեցաւ 44 անգամ, լեփ լեցուն սրահով: Սփիւռքի պատմութեան մէջ նշանակալից երեւոյթ մը միութեան մը չպատկանող խումբի մը համար: Մարդիկ կու գային դիտելու, որովհետեւ իրենք զիրենք կը տեսնէին բեմին վրայ` իրենց հարցերը, իրենց խօսակցութիւնները, իրենց առօրեան, ամենայն պարզութեամբ, հարազատութեամբ:

Ներկայացման մէջ չկային վերացական, մտացածին, շինծու, հոգեկան ախտերէ տառապող անձեր, այլ` կենդանի մարդիկ, որոնք մենք ենք Պուրճ Համուտի մէջ: Ուսուցիչը, սափրիչը, երգիչը, նկարիչը, արհեստաւորը, խանութպանը, Ամերիկայէն վերադարձողը, կրին քարտի համար հոգին տուողը, գողը, բամբասողը, նոյնիսկ` «Սաութ Լուպնան»-ի հաղորդավարուհին, անոր հարցումներուն հայկական արաբերէնով պատասխանողը, որուն խօսքերը, ի դէպ, ծիծաղի քողին տակ դիպուկ կ’արտայայտէին լիբանանահայութեան քաղաքական կեցուածքը` դրական չէզոքութիւն. «Հեմ մաա հայտա, հեմ մաա հայտիք, հեմ մըշ մաա հայտա հեմ մըշ մաա հայտիք»… եւ մտածուող ու չըսուող ճշմարտութիւնը` «ընաանտին հայտա ու ընաանտին հայտիք»:

Այդ ծաւալով ուրիշ ոչ ոք փորձեց ներկայացնել Պուրճ Համուտի հարուստ պատմութիւնը եւ գունագեղ կերպարները, որոնք կը կոչուէին Քաու պոյ Անդրանիկ, Քամ պեք Վարուժ, Չըրչիլ, Չեմպըրլէյն, Քէօր օփ` Ուան այտ Ճեք, Ֆոթօ Ապեատ, Պաղեստինցի Ժիրայր, Պողպատ, Քլաշին, Պալըխ, Հենց, Էշեք Գեւօ, Ձայներու թագաւոր, Արպաթաշ Յակոբ, ի դէպ, վերջինս թղթախաղի ընթացքին, երբ երկար ատեն չեն բացուիր իր ձեռքի թուղթերը, զանոնք կը փռէ սեղանին եւ ատրճանակը հանելով` մէկ առ մէկ կը կրակէ թուղթերուն վրայ:  Այսպէս` տասնեակ անձեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրին կեանքը կրնար առանձին թատերական գործի մը կամ վիպակի մը  նիւթը ըլլալ:

Ցաւ ի սիրտ Զոհրապ չխորացուց, չզարգացուց այդ բնաբանը, եւ նման բովանդակութեամբ իր յաջորդ ներկայացումները ձախող կրկնութիւններ եղան: Սակայն իր մեկնակէտը  մնաց միշտ նոյնը` պուրճհամուտցին իր սրտին հատորը, հարազատ, չքաղքենիացած հայը, Պուրճ Համուտը` հայկական ոստան:

Անշուշտ բնաւ զարմանալի չէ, որ «Պուրճ Համուտ 78»-ը տասնեակ հազարաւոր հանդիսատեսներ եւ ունկնդիրներ  ունեցաւ, ինչպէս այժմ վերջին ամիսներուն «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հովանաւորութեամբ սփռուող կարճատեւ տեսերիզները` «Պուրճ Համուտ հայկական ոստան» խորագիրով, ընկերային ցանցերուն մէջ ունեցած են աւելի քան կէս միլիոն դիտող:

«Պուրճ Համուտ 78»-ի երգի կրկներգը ներկայացման ուղերձն է, որ ամբողջ հայութեան պատկերացումն է. Պուրճ Համուտը հայկական ոստան է,  եւ այս`  մեր ենթագիտակցութեան, էութեան մէջ գտնուող գործօնը մղեց, որ այդ օրերուն տակաւին շարունակուող կռիւներուն ընթացքին, Պուրճ Համուտի մէջ հաւաքաբար կառուցենք բնակարանային համալիրներ, մշակութային կեդրոններ, ընկերային ծառայութիւններու հիմնարկներ, ազգային առաջնորդարան, եկեղեցի, սրահներ, բոլորն ալ` տնտեսական-ապահովական ամէնէն անբարենպաստ պայմաններու մէջ, եւ որոնք անբաժանելի մասն են այն իւրայատուկ հրաշալի խճանկարին, որ կը կոչուի Պուրճ Համուտ հայկական ոստան, որովհետեւ մեր ազգային նկարագիրի հիմնական գիծը կառուցել, գոյատեւելն է. Ծիծեռնակը բոյն կը շինէ: Եւ «Պուրճ Համուտ 78»-ի երգը.

«… Հեռու աշխարհէն եկար ծիծեռնակ, դուն բարով եկար գարնան կարապետ, բոյն շինողներուն ամէնէն վարպետ: Շատեր կը փախչին, շատեր կը մնան, շատեր կը գրեն, թէ պիտի դառնան, թէ՛ ձմրան պաղին, թէ՛ քնքուշ գարնան ապրիր Պուրճ Համուտ հայկական ոստան:»

45 տարի առաջուան այս ներկայացման երգը  տարիներ շարունակ Զոհրապին հետ հանդիպումներու, հաւաքներու ատեն կ՛երգէինք նոյն ոգեւորութեամբ, ինչպէս` առաջին ելոյթներուն:

Եւ հաւանաբար  Զոհրապ մահաքունին մէջ, երբ կը տեսնէր իր ամբողջ կեանքին  արագացուած շարժապատկերը, միաժամանակ կ՛երգէր.

«Ապրի՛ր, Պուրճ Համուտ հայկական ոստան»:

 

Նախորդը

Խմբագրական. Ֆրանսական Խաղաթուղթը

Յաջորդը

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի Առաքելութիւնը` Վերանորոգ Թափով Եւ Լսարանական Բաժինով

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?