Նոր տարուան առթիւ լաւ նուէր մը ստացայ «Հերկ եւ բերք» գիրքի հեղինակէն, որուն հետ երկար տարիներու մտերմութիւն ունիմ: Գիրքը միշտ ալ լաւ եւ հաւատարիմ ընկեր մը նկատած եմ: Հալէպի եւ Անթիլիասի մէջ Լեւոնին հետ յաճախ կը զրուցենք այն բոլոր հարցերուն մասին, որոնք մեր հաւաքական մտահոգութիւններուն մաս կը կազմեն եւ առհասարակ այս հատորին մէջ տեղ գտած են:
Երբ Շառոյեան «Հերկ եւ բերք»-ը մակագրեց եւ ինծի` իր բնորոշումով «գիրի եւ գրականութեան ուղեւորին» տուաւ, հակառակ ակնաբուժներուն աչքերս խնայողութեամբ գործածելու թելադրութեան` անմիջապէս սկսայ նախասիրած գրութիւններս կարդալ եւ մայրավանքի սեղանատան մէջ իրեն ըսի, որ գիրքը ձեռքէս չեմ յաջողիր ձգել եւ աչքերս ցաւցնելու գնով կը կարդամ զայն: «Այս ի՛նչ փորձանք փաթթեցիր գլխուս», եզրակացուցի, որուն պատասխանեց իրեն յատուկ ժպիտով:
Հեղինակին «Երկու խօսք»-էն ետք, Պետրոս Հաճեան «Պարզատոմար մը` այս հատորը» վերնագիրով դիպուկ յառաջաբան մը ունի, որ համապարփակ գրախօսական մըն է: Ես հոս պարզապէս ընթերցողի տպաւորութիւններս թուղթին պիտի յանձնեմ` առանց սպառիչ ըլլալու յաւակնութիւնը ունենալու:
Գիրքին նիւթերուն բազմազանութիւնը ցոյց կու տայ հեղինակին պրպտումներուն լայն հորիզոնը: Հայ եկեղեցի, պատմութիւն, բանասիրութիւն, գրականութիւն, մամուլ, սուրիահայութիւն, անհետացած դէմքեր, յուշեր` թելադրական ենթախորագիրներու եւ վերնագիրներու տակ կը տողանցեն գիրքին 505 էջերուն մէջ:
Շառոյեանի լեզուն հանրամատչելի ու հեզասահ է եւ ոճը` պարզ ու դիւրահաղորդ: Սիրողական ընթերցողը չի չարչարուիր զինք հասկնալու համար: Շառոյեան բոլորին համար կը գրէ եւ ոչ թէ իր լաւ հայերէն գիտնալը ցուցադրութեան կը հանէ: Ամէն մարդ ի՛ր հետաքրքրութիւնը գոհացնող նիւթը հաճոյքով կ՛ըմբոշխնէ այս գիրկը կարդալով:
Իւրաքանչիւր գրութիւն իւրայատկութիւն մը ունի եւ նորութիւն կը բերէ: Նոր տեղեկութիւններ կը ստանանք, անծանօթ անձերու կը հանդիպինք, մեր մոռցած դէպքերն ու դէմքերը կը վերյիշենք, եւ մեր միտքին ու հոգիին մէջ մի՛շտ անջնջելի հետք մը կը մնայ այս բոլորէն:
Հատորին գրութիւններուն ուղեծիրով` կը մղուինք մեզի փոխանցուածներուն մասին (անձնանուն, տեղանուն, թուական, գիրքի անուն, թերթի անուն եւ այլն) աւելի՛ն գիտնալու, երբ մանաւանդ հեղինակը կ՛օգնէ մեզի էջատակի ծանօթութիւններով եւ այլապէս` մեր անվհատ պեղումը շարունակելու: Սակայն եթէ ժամանակ չունինք աւելի՛ն գիտնալու, սեղմ էջերով մեզի տրուածը կրնայ բաւարարել մեզ` գոնէ անհրաժեշտ տեղեկութիւնը քաղելու տուեալ նիւթին մասին:
«Հերկ եւ բերք»-ը Շառոյեանին ցանքն ու քաղը չէ միայն, այլ 1990-ականներէն մինչեւ այսօր մեր հաւաքական կեանքին ցոլացումն է` իր բազմերես իրագործումներով, ձախողութիւններով, տագնապներով, ձգտումներով եւ մասամբք նոցին. ան ժամանակակից հայոց պատմութեան քանի մը երեսակները կը հրամցնէ մեզի: Հոս միայն գրականութիւն չկայ, այլ կայ առատ եւ վաւերական տեղեկագրութիւն` պատմութեան համար եւս:
Իւրաքանչիւր գրութիւն յագեցած է լաւատեսական մօտեցումով եւ դրական շունչով: Հեղինակը իր նշմարները չէ գրած նետ արձակելու, ձաղկելու, հարթելու եւ «ես աւելին եւ աւելի լաւը գիտեմ»-ի հոգեբանութեամբ, այլ ազնիւ մատնանշումներով, շեշտակի քաղաքավարութեամբ ու տոկուն տուեալներով կը սրբագրէ վրէպները` ի շահ հայ մշակոյթին, եւ միշտ ալ գնահատական խօսքեր կ՛արձանագրէ` աշխատաւորն ու աշխատանքը ընդգծելով:
Շառոյեան մանաւանդ մեր նոր սերունդին կը թելադրէ, որ ինքնաշխատութեամբ մարդ կրնայ ինքզինք կերտել: «Հերկ եւ բերք»-ի էջ 509-ը մեզի կը բերէ հեղինակին կենսագրականը, ուր կը կարդանք. «Դեռ Ճեմարանի գրասեղաններուն վրայ` թղթակցութիւններով սկսած է աշխատակցիլ Պուէնոս Այրէսի «Արմենիա», Փարիզի «Յառաջ» եւ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթերուն», եւ բարեբախտաբար ահաւասիկ հայ մամուլին մէջ ցրուած գրութիւններ այս հատորով գիրքի կը վերածուին ու մեզի կը մատուցուին` իւրաքանչիւր գրութեան տակ նշելով լոյս տեսած տարեթիւը եւ յաճախ նաեւ` ամիսը: Երանի նաեւ արձանագրուէր տուեալ թերթին անունը:
Վերջապէս, հասնելով մինչեւ հատորին լոյս ընծայումի տարին` 2024 եւ մանաւանդ Սուրիոյ ընկերա-քաղաքական կայուն վիճակը ծանրօրէն խախտած պատերազմն ու կեանքի տարրական միջոցներու հայթայթումն իսկ դժուարացնող
յամեցող տագնապը, ուրախութեամբ կը տեսնենք, որ Շառոյեանի բաբախուն հայ կեանքին հետ հաղորդակից մնալու եւ իր քննական հայեացքը անոր վրայ սեւեռելու ճիգը կը մնայ առաձիգ: Այսօր, երբ Հալէպը ելեկտրականութեան, ջեռուցումի եւ այլ կենսամթերքներու ամէնօրեայ գրեթէ չգոյութիւնը կ՛ապրի, մեր եղբայրներն ու քոյրերը հոգեւոր ու իմացական հացով կը սնանին, հայերէն գիրքեր, ի շարս անոնց` «Հերկ եւ բերք», աշխարհ կու գան` Շառոյեանին եւ մատի վրայ համրուող իր նմաններուն պատնէշի վրայ մնալու քաջարի կեցուածքին շնորհիւ:
* * *
Այս բոլորը հաստատելու համար երկու գրութիւն աւելի մօտէն ներկայացնելը եւ անոնցմէ մէջբերումներ կատարելը աւելորդ չեմ համարեր:
Կարդացած առաջին գրութիւնս «Պետրոս (նախկին վարդապետ) Պէրպէրեան մը կար…»-ն էր, որովհետեւ յիսուն տարի ետ երթալով` վերյիշեցի, թէ հայր Պետրոս դպրեվանեցիներուս հետ վոլիպոլ կը խաղար, եւ առաւօտ մըն ալ, երբ ժամերգութեան պիտի մտնէինք, Անթիլիասի մայրավանքի դարպասին մօտ, զինք, փոխան պարեգօտի, եկեղեցականի օձիքէ շապիկով եւ աշխարհականի բաճկոնով տեսանք. ինքնաշարժ մտաւ եւ գնաց: Ըսին, որ վեհափառը զինք Ամերիկա ղրկեց հովուական ծառայութեան համար: Աւելի ուշ իմացանք, որ` «Պետրոս (նախկին վարդապետ) Պէրպէրեան մը կար…»: Սակայն երկու էջի վրայ տարածուած այս գրութիւնը հայր Պետրոսէն շատ աւելի անդին կ՛երթայ, երբ Ճեզիրէ եւ Գամիշլի, Մոնթէպէլլօ եւ Լոս Անճելըս, Հալէպ եւ Նոր Գիւղ, Լանղըր Եախուպ, Բարթըխ Միսաք եւ Թավիլ Եուսուֆ, Ազգ. Զաւարեան վարժարան, Քարէն Եփփէ ճեմարան եւ Անթիլիասի դպրեվանք անուններուն կը հանդիպինք, եւ, հեղինակին իսկ բնորոշումով, մեր դիմաց կ՛ուրուագծուի կարգաթող վարդապետը անդրանցող «Կար ու չկար»-ի հարազատ պատմութիւն մը…» (էջ 366):
Կ՛անցնիմ «Կեանքի կեռմաններով» եւ… գրականութեան անունով» (Թ. Թորանեանի «Պատմուածքներ»-ու նորատիպ ժողովածուին առթիւ, Հալէպ, 1999) գրութեան, ուր կը յայտնուի անաչառ գրաքննադատ Շառոյեանը: Ան նախ, որպէս շրջագիծ, կը գրէ. «Կեանքի կեռմաններով»-ը … մամուլի տակէն դուրս եկած է տրորուած վիճակով, յուսախաբ ընելու համար ընթերցողը` էջերու ամբողջ երկայնքին…» (էջ 309): Ապա կը հարցադրէ. «Իսկ ի՞նչ է ներկայացուածը «Կեանքի կեռմաններով» ժողովածուին մէջ» (էջ 310), եւ իր քաղած օրինակներով, «ի բերանոյ քումմէ դատեցայց»-ի սկզբունքին հաւատարմութեամբ, կը լուսաբանէ, թէ գիրքին վաստակեալ հեղինակը ո՛ւր յաջողած է եւ ո՛ւր ձախողած: Վերջապէս, չորս կէտով ուղղակի ընդգծումներ կը կատարէ ըսելէ ետք. «Կեանքի կեռմաններով»-ին գրանկարները ունին խորքի եւ ձեւի քանի մը ընդհանուր գիծեր եւս, որոնց հարկ է անդրադառնալ առանձին» (էջ 312): Կ՛եզրակացնէ, որ «Կեանքի կեռմաններով»-ին մասին գրած է, որովհետեւ հարկ զգացած է «արտայայտուիլ սրտբացօրէն» (էջ 314):
* * *
«Հերկ եւ բերք»-ը լրիւ ըմբոշխնելու գրգիռ մը համարեցէք տպաւորութիւններու այս փունջը: Ճշմարիտ վայելքը «Հերկ եւ բերք»-ը կարդալն է հեղինակին հետ հայ մշակոյթի ներաշխարհը թափանցելու եւ հայ գրականութեան անդաստանի ածուները այցելելու համար: