ՆԱԶՕ ՃԷՐԷՃԵԱՆ
Երախտագիտական Խոնարհում
Գիտական ուսումնասիրութեան գործ կամ փորձ մը ըրած ըլլալու յաւակնութիւնը չունիմ, բնա՛ւ: Քա՛ւ լիցի: Իմս պարզապէս համեստ գրիչովս «շքանշան մը անցընել է» կուրծքին այն բոլոր «շապիկ հագնող» կամաւորներուն, որոնք եկեղեցիին եւ ազգին պայծառացման համար ծառայելու երջանկութիւնը կ՛ապրին` առանց դոյզն սպասելիքի: Պարզապէս` երախտագիտական տուրք մը անոնց համար, որոնք ընտրած են հոգեւոր առաքելութեան երկարատեւ ու փշոտ ճամբան: Պարզապէս` գնահատանքի ժեսթ մը Լիբանանի երաժշտական համայնապատկերին մէջ կամաւորաբար զինուորագրուած դպրաց դասերու եւ եկեղեցական երգչախումբերու շուրջ 500 առաքեալներուն: Շնորհակալական արտայայտութիւն մը` շատ անգամներ լուսարձակէ հեռու` «շուքի մէջ» մնացած այն նուիրեալներուն, որոնք գիտեն զոհել ամէն ինչ, նոյնիսկ իրենց նիւթական հանգիստը` յօգուտ եկեղեցւոյ եւ ազգի բարօրութեան: Վերջապէս` խոնարհում մը այն խումբ մը համեստ սպասաւորներուն, որոնք քաջութիւնը ունին մարտահրաւէր կարդալու օտարացման ու նօսրացման գահավիժող հոսանքին:
Ինչպէ՞ս Եւ Ինչո՞ւ
– Սոյն համառօտ ուսումնասիրութեան մէջ փորձած եմ ներկայացնել Լիբանանի մէջ գործող 15 եկեղեցիներուն դպրաց դասերը եւ 3 երգչախումբերը` տալով ամփոփ տեղեկութիւններ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ եւ անոր մէջ ծառայող սպասարկուներուն մասին:
– Քառասնօրեայ աշխատանքիս ընթացքին այցելեցի գրեթէ բոլոր եկեղեցիները եւ հանդիպումներով զրուցեցի հոգեւոր հովիւներուն, երգչախումբի ղեկավարներուն, թաղականներուն կամ դպրապետներուն հետ: Ուրախ եմ յայտնելու, որ բոլորէն ստացայ քաջալերական մաղթանքներ եւ գործնական աջակցութիւն:
– Կարճ ժամանակով պատրաստուած աշխատանքի մը մէջ բնական է սպասել ակամայ վրիպումներ, մոռացութիւններ կամ անճշդութիւններ, որքան ալ ենթարկուած ըլլայ աչալուրջ հսկողութեան: Ուստի վաղօրօք ներողամտութիւնս կը հայցեմ առ որ անկ է:
– Պատմաբան մը չեմ, սակայն այս համեստ աշխատանքը կրնայ շարունակուիլ հետագային` որպէս ատաղձ ծառայելով աւելի արհեստավարժ հետազօտողներու:
– Ուսումնասիրութեանս կորիզը այժմո՛ւ դպրաց դասերն ու երգչախումբերը ընտրելով` հնարաւորութենէ զրկուած էի վերադառնալու անոնց հիմնադրութեան եւ անցեալին: Դժբախտաբար մօտիկ կամ հեռու անցեալի բազում արժանաւորներ դուրս մնացին սոյն մշակումէն: Սակայն, առ ի գնահատանք անցեալի երախտաւորներուն, ամէն մէկ եկեղեցւոյ այժմեան լուսանկարի կողքին կը ներկայացուի նաեւ անցեալէն ալ հատ մը:
– Դժբախտաբար գրեթէ բոլոր լուսանկարներուն մէջ պատկերահանուած մարդոց թիւը պիտի չհամապատասխանէ իրական թիւերուն` տրուած ըլլալով, որ եկեղեցւոյ մէջ ծառայողները կամաւորներ են եւ երբեմն յարգելի պատճառներով կը գտնուին այլ ծառայութեան մը պարտաւորութեան մէջ:
– Ներկայացուած եկեղեցիներուն շարքը, ինչպէս նաեւ դպրաց դասերուն եւ երգչախումբերուն անուանացանկերը տրուած են այբբենական շարքով:
– Գրեթէ բոլոր եկեղեցիներուն, մատուռներուն եւ երգչախումբերուն պատմական տուեալները ապահոված եմ` օգտուելով Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի կայքէջէն:
– ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ` այն բոլոր եկեղեցւոյ սպասաւորներուն, որոնց հետ ծանօթացայ ուսումնասիրութիւնս կատարելու շրջանին: Բոլոր անոնց, որոնք համագործակցութիւն ցուցաբերեցին դիւրացնելու համար սկսած աշխատանքս: Նաեւ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ` Լիբանանի բարեջան առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին եւ նախկին բոլոր առաջնորդներուն, որոնց անմիջական հոգատարութեամբ եւս հայ եկեղեցին կը մնայ պատնէշի վրայ:
– Եւ քանի որ պրպտուներս կատարելու շրջանին` 5 դեկտեմբեր 2023-ին, վախճանեցաւ մօրեղբայրս` Հարաւային Ֆրանսայի երկարամեայ նախկին առաջնորդ Տարօն եպս. Ճէրէճեանը, սոյն համեստ աշխատասիրութիւնս կը նուիրեմ բազմավաստակ սրբազանի անմար յիշատակին:
Ն. Ճ.
1) Նոր Ատանայի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցի
Ի յիշատակ Ատանայի համանուն եկեղեցւոյ` 1929-ին կը հիմնադրուի Ս. Աստուածածին եկեղեցին: 9 սեպտեմբեր 1964-ին տեղի կ՛ունենայ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութիւնը` նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանի եւ բարերարութեամբ տէր եւ տիկին Պօղոս Նաճարեանի: Տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Ժորժէթ Գալայճեաններու բարերարութեամբ կառուցուած «Ս. Հռիփսիմեանց» մատրան մէջ ամփոփուած են Ս. Հռիփսիմէի մասունքներէն մաս մը, զոր 1987-ին Լիբանան ուղարկած է Ամենայն Հայոց վախճանեալ Վազգէն Ա. կաթողիկոս:
Եկեղեցւոյ այժմու սպասաւորները
– Հոգեւոր հովիւը` Սուրէն քհնյ. Արսլանեան:
– Թաղական խորհուրդի ատենապետը` Յակոբ Տօնիկեան:
– Դպրաց դասի ատենապետն է Ալեքսան Աշճեան:
– 2016 թուականէն եկեղեցւոյ դպրապետն է Կարօ սրկ. Քէլէշեան:
– Դպրաց դասը կը բաղկանայ մօտաւորապէս 22 անդամներէ, որոնցմէ 10-ը սարկաւագներ ու դպիրներ եւ 12-ը դպրուհիներ են, ընդհանրապէս անոնք արհեստաւորներ եւ տնային տնտեսուհիներ են:
– Երգեհոնահարը` Նեկտար Փալազեան:
– Երաժշտութիւն ուսանածները` 3 հոգի:
– Եկեղեցւոյ նախկին դպրապետերն են` Մակար եպս. Աշգարեան (այժմ` Բերիոյ թեմի առաջնորդ), Գրիգոր սրկ. Ալլոզեան:
– Եկեղեցւոյ ժամկոչն է Զարեհ սրկ. Բալուլեան:
Դպրաց դասին անուանացանկը
Կարօ սրկ. Քէլէշեան (դպրապետ եւ մենակատար)
Ալեքսան սրկ. Աշճեան
Զարեհ սրկ. Բալուլեան
Հաբէթ սրկ. Մարսուպեան
Յովհաննէս սրկ. Ապրումեան
Պետիկ սրկ. Գոզաճեան
Աւօ Պուտակեան
Համօ Մաթոյեան (մենակատար)
Ճոնի Աւագեան
Վահէ Հաճինեան
Անայիս Կետիկեան ((մենակատար)
Անի Սալխանեան
Քարոլին Ինքապապեան
Զապէլ Հաճեան
Թինա Մոթոքեան (մենակատար)
Իսկուհի Գէորգեան
Լուսի Ճանիքեան
Հուրի Մոսկոֆեան
Ճոյս Աւագեան
Մարալ Տագէսեան
Մեղրի Պապիկեան
Նեկտար Փալազեան (երգեհոնահար եւ մենակատար)
Վարդի Սալխանեան
2) Նոր Հաճնոյ Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ
«Գայիանէ» Երգչախումբ Եւ Դպրաց Դաս

Ս. Գէորգ Զօրավարին եւ 1855-ին կառուցուած պատմական Հաճնոյ երեք եկեղեցիներէն մէկուն անունը կրող Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցին իր գործունէութիւնը սկսած է 1922-ին, վրանածածկ վիճակի մէջ: 1930-ին տեղի ունեցած է տախտակաշէն եկեղեցւոյ օծումը: 1933-ին վրանաքաղաքը ամբողջովին հրոյ ճարակ դառնալով` Նոր Հաճնոյ մէջ կառուցուած է այժմու քարաշէն եկեղեցին, որուն օծումը կատարուած է 19 յունիս 1938-ին` պատմական Հաճընի վերջին առաջնորդ եւ այն ատենուան կաթողիկոսութեան ընդհանուր փոխանորդ Պետրոս արք. Սարաճեանի կողմէ, Սահակ Խապայեան կաթողիկիոսի եւ Եղիշէ արք. Կարոյեանի առաջնորդութեան օրով: 1964-ին եկեղեցին ամբողջովին վերանորոգուած է Գնել արք. Ճէրէճեանի ջանքերով:
Եկեղեցւոյ այժմու սպասաւորները
– Հոգեւոր հովիւը` Նարեկ Ա. քհնյ. Հեճինեան:
– Թաղական խորհուրդի ատենապետը` Աւագ Պարախեան:
– Եկեղեցին ունի մօտաւորապէս 19 հոգինոց երգչախումբ` «Գայիանէ» անունով. 5-ը դպիրներ են, 14-ը` դպրուհիներ, իսկ խորանին վրայ` 3 ծառայողներ:
– Երգեհոնահարի պարտականութիւնը ստանձնած է Շողեր Կրպոյեան:
– Երգչախումբը ունի թիւով 8 մենակատար:
– Ծառայող կամաւորները բաղկացած են ուսանողներէ, արհեստաւորներէ եւ տնային տնտեսուհիներէ:
– «Գայիանէ» երգչախումբը անցեալին ղեկավարած են` Ղազարոս Ալթունեան, Վազգէն Կենտիմեան, Գրիգոր Նաճարեան եւ Սահակ Խաչատուրեան:
Խորանին վրայ ծառայող սարկաւագներուն անուանացանկը
Լեւոն սրկ. Հեճինեան
Յակոբ սրկ. Կէօտելեքեան
Ժագ սրկ. Տեմիրճեան
«Գայիանէ» երգչախումբին անուանացանկը
Գրիգոր Տէրտէրեան
Իշխան Անդրանիկեան
Համբիկ Թորոսեան (մենակատար)
Ստեփան Աւագեան (մենակատար)
Ստեփան Հաշօղլեան
Անի Տագէսեան
Քլոտին Կէօտելեքեան (մենակատար)
Լուսին Խաչիկեան
Կասիա Պարախեան
Կարինէ Անդրանիկեան (մենակատար)
Մարիա Քէշիշօղլեան
Մաքրուհի Երկանեան
Մեղրի Պարախեան
Նարինէ Գասեմճեան (մենակատար)
Շողեր Կրպոյեան (երգեհոնահար)
Սալբի Ստեփանեան (մենակատար)
Սեդա Թորոսեան (մենակատար)
Սօսի Պարախեան (մենակատար)
Տիանա Օհանեան
(Շար. 1)