Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան. Յունական Կրակի Ուժը. Բիւզանդական Կայսրութեան Գաղտնի Զէնքը

Յունուար 16, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Պատկերացուցէք զէնք մը, որ այնքան հզօր էր եւ առեղծուածային, որ ան փրկեց ամբողջ կայսրութիւն մը բազմաթիւ արշաւանքներէ, վախազդու դարձաւ թշնամիներուն, եւ անոր գաղտնի բաղադրատոմսը առեղծուած մնաց մինչեւ օրս: Բարի գալուստ յունական կրակի աշխարհ` Բիւզանդական կայսրութեան գաղտնի զէնքին նուիրուած այս յօդուածին: Զէնք մը, որ փոխեց հին պատերազմները եւ դարեր շարունակ պաշտպանեց արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը:

Յունական կրակի ծագումը

Հելիոպոլիսի Կալինիկոսը` յունախօս հրեայ գաղթականը, պատմութեան մէջ ծանօթ է որպէս յունական կրակի հնարողը` 7-րդ դարուն Սուրիոյ արաբական նուաճումէն փախչելէն ետք: Անոր նպատակն էր պաշտպանել իր նոր ձեռք բերած հողը արաբական հնարաւոր ներխուժումէն: Իրական էութիւնը Յունական կրակի, որ յաճախ կը կոչուի «հեղուկ կրակ», դեռ առեղծուած կը մնայ: Կ՛ենթադրուի, որ անոր ճշգրիտ բաղադրութիւնը կազմուած է հետեւեալներուն համակցութենէն.

  • Գինձի ռետին (pine resin)
  • Նաֆթա (naphta)
  • Կրածինի օքսիտ (Calcium oxide «quicklime»)
  • Կրածինի ֆոսֆիտ (Calcium phosphide)
  • Ծծումբ (sulfur)
  • Բորակ (niter «potassium nitrate»)

Յունական կրակը խստօրէն պահպանուած գաղտնիք էր, որ յայտնի էր բացառապէս Կալինիկոսներու ընտանիքին եւ բիւզանդական կայսրերուն: Հարիւրաւոր տարիներ շարունակ այս հզօր հրկիզող զէնքը, որ բիւզանդական զէնքի վառ օրինակ էր, օգտագործուեցաւ Բիւզանդական կայսրութեան կողմէ` պաշտպանուելու համար իսլամական յարձակումներէն: Օգտագործուելով ծովային պատերազմներու եւ պաշարումներու ընթացքին` Յունական կրակը կարեւոր դեր ունեցաւ Բիւզանդական կայսրութիւնը պաշտպանելու Կոստանդնուպոլսոյ արաբական բազմաթիւ պաշարումներէ` արտացոլացնելով անոր կենսական դերը բիւզանդական մայրաքաղաքը անոր կայսրի աչալուրջ հսկողութեան տակ պահպանելու գործին մէջ:

Յունական կրակի բաղադրութեան առեղծուածը յաւելեալ գրաւչութիւն մը կը հաղորդէ անոր: Որովհետեւ բաղադրատոմսը մնաց գաղտնի, զէնքը դարձաւ բիւզանդական հնարամտութեան, թեքնաբանութեան արձանագրած յառաջացման եւ իր թշնամիները գերազանցելու կայսրութեան կարողութեան խորհրդանիշը: Յունական կրակը ո՛չ միայն զանգուածային ոչնչացման զէնք էր, այլ նաեւ Բիւզանդական կայսրութեան հնարալից իրականութեան եւ վճռակամութեան վկայութիւն` դժբախտութիւններու ժամանակ: Այսպիսով, Յունական կրակի առեղծուածը կարելի է համարել Բիւզանդական կայսրութեան գաղտնի զէնքը:

Ոչնչացման զէնք

Յունական կրակը հիմնականօրէն կ՛օգտագործուէր անվտանգ հեռաւորութենէ թշնամի նաւերը հրկիզելու համար: Ջուրի մէջ որոշակի ժամանակ վառ մնալու ունակութիւնը անոր եզակի յատկութիւնն էր: Այդ առիթ չտուաւ թշնամիին` դադրեցնելով կրակը ծովային պատերազմներու ժամանակ:

Կ՛ըսուի, որ բիւզանդական խորհրդաւոր զէնքը բարձր մռնչիւն ու շատ ծուխ կը յառաջացնէր, եւ այդ այնքան արդիւնաւէտ եղած է, որ թշնամին զայն տեսնելով` սարսափի կը մատնուէր եւ խուճապի մատնուելով` յաճախ կը փախչէր:

Պատմական արձանագրութիւններու մէջ կ՛ըսուի, որ Յունական կրակը կը փակէր որեւէ մակերեւոյթի, որուն կը դպնար: Զարմանալիօրէն զայն կարելի էր մարել միայն քացախի, աւազի եւ հին մէզի խառնուրդով:

Կը թուի, թէ Կալինիկոսի գիւտը ծառայեց իր նպատակին. Յունական կրակը արդիւնաւէտ եղաւ թշնամի նաւատորմը ետ մղելու եւ Կոստանդնուպոլսոյ առաջին արաբական պաշարումին վերջ տալու (678թ.):

Անոր օգտագործումը նոյնպէս յաջողութեամբ պսակուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ երկրորդ արաբական պաշարման ժամանակ (717-718 թուականներ)` կրկին անգամ հսկայական վնաս պատճառելով արաբական նաւատորմին:

Զանգուածային ոչնչացման նոր զէնքը իսկապէս հզօր էր:

Կալինիկոսներու ընտանիքը եւ բիւզանդական կայսրերը միակն էին, որոնք գիտէին անոր գաղտնի բաղադրատոմսը, որ կը փոխանցուէր սերունդէ սերունդ:

Բաղադրատոմսը այնքան լաւ պահպանուած էր, որ նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ կայսրութեան թշնամիները բառացիօրէն ձեռք կը ձգէին Յունական կրակը, չէին կրնար վերարտադրել զայն:

Պատմական գրառումներ կան այն մասին, որ արաբները 13-րդ դարու եօթներորդ խաչակրաց արշաւանքի ժամանակ օգտագործած են Յունական կրակի իրենց տարբերակը խաչակիրներու դէմ:

Յունական Կրակի Կործանարար Հետեւանքները

Եզակի առանձնայատկութիւնները Յունական կրակին, որ նաեւ յայտնի է «Ծովային կրակ» անունով, զայն դարձուց ահռելի ուժ մը` հնագոյն պատերազմներուն: Այդ մէկը կարելի չէր հանգեցնել ջուրով, ընդհակառակը, ջուրը կը ծառայէր միայն կրակի սաստկացման` պատճառ դառնալով, որ այն, ինչի որ դպնայ, բռնկի: Ասիկա յատկապէս արդիւնաւէտ եղաւ ռազմածովային պատերազմի պարագային, երբ թշնամիի նաւերը խոցելի էին անոր անողոք, այրող բնութեան դիմաց:

Աւելի՛ն. յունական կրակի միայն տեսարանն ու ձայնը կրնային սարսափ յառաջացնել թշնամի ուժերուն, որոնց կարգին` էր նաեւ նաւատորմը: Յունական կրակի հոգեբանական հետեւանքները նոյնքան զգալի էին, որքան` անոր հասցուցած ֆիզիքական վնասը: Թշնամի ուժերու վրայ զէնքի կործանարար ազդեցութիւնը ստիպեց անոնց յարմարեցնել իրենց մարտավարութիւնը եւ նոր ուղիներ մշակել` հակազդելու համար անոր ուժին:

Յունական կրակի անողոք ուժին դիմաց գերակայութեան համար շարունակուող պայքարը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ հնագոյն պատերազմի շաւիղին վրայ` ձգելով մնայուն ժառանգութիւն մը, որ կը շարունակէ արձագանգել պատմութեան էջերուն մէջ:

 Ծովային պատերազմ

Յունական կրակը զգալի ազդեցութիւն ունեցաւ ծովային պատերազմներուն վրայ, յատկապէս` արաբական նաւատորմի դէմ, եւ ան յեղափոխեց ծովային պատերազմը Բիւզանդական կայսրութեան դարաշրջանին: Հիմնականօրէն կ՛օգտագործուէր Կոստանդնուպոլիսը արաբական ռազմածովային ներխուժումներէն պաշտպանելու համար. Յունական կրակը կ’արձակուէր բիւզանդական նաւերուն ամրացուած խողովակներէն` թիրախաւորելով թշնամի նաւերը: Խողովակաւոր հրաձիգները յաւելեալ խորհրդաւորութիւն մը կը հաղորդէին արդէն իսկ առեղծուածային զէնքին:

Քանի մը առանցքային ռազմածովային պատերազմներուն, ինչպիսին է Կալիփոլիի ճակատամարտը 1416 թուականին, Յունական կրակը ինքզինք դրսեւորեց որպէս ահռելի ուժ` բաց ծովերու վրայ:

Յունական կրակի խոր ազդեցութիւնը ծովային պատերազմի վրայ անչափ է: Թշնամի նաւատորմերը ջախջախելու եւ անոնց յառաջխաղացումը խափանելու անոր կարողութիւնը փոխեց բազմաթիւ հակամարտութիւններու ընթացքը` ապահովելով Բիւզանդական կայսրութեան եւ անոր մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլսոյ գոյատեւումը:

 Պաշարման Պատուանդան

Յունական կրակը կը ծառայէր ո՛չ միայն որպէս սարսափազդու զէնք ծովային պատերազմներու ընթացքին, այլ նաեւ որպէս գործնական միջոց` քաղաքներն ու ամրոցները թշնամիի յարձակումներէն պաշտպանելու համար: Այդ մէկը օգտագործուած է պաշարման աշտարակները այրելու եւ ասպատակները ետ մղելու նպատակով` մեծ դեր խաղալով Կոստանդնուպոլսոյ առաջին արաբական պաշարման աւարտին (678 թուականին): Շիրոսիփոնը` ձեռքի ծծափողը, կ՛օգտագործուէր ինչպէս յարձակողական, այնպէս ալ պաշտպանական` պաշարման աշտարակները այրելու եւ հակառակորդներէ պաշտպանուելու նպատակով:

Յունական կրակի բազմակողմանիութիւնը ծովային եւ պաշարողական պատերազմներուն` զայն դարձուց անգնահատելի արժէք Բիւզանդական կայսրութեան համար: Թշնամիներու սրտերը վախ մտցնելու եւ անոնց յառաջխաղացումները ոչնչացնելու անոր կարողութիւնը, ի վերջոյ, օգնեց պահպանելու կայսրութիւնը եւ անոր կողմէ պաշտպանուած արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը:

Տեղակայման թեքնիք եւ նորարարութիւններ

Բիւզանդական զինուորականները կը կիրարկէին տարբեր մեթոտներ` յունական կրակի տեղակայման եւ ամբարման համար, որոնց կարգին` խողովակներ, շարժական հրաձիգներ եւ նռնակներ: Շրջուն լծակներ կ՛օգտագործուէին հեղուկ կրակը թշնամի նաւերուն վրայ արձակելու համար, մինչդեռ Շիրոսիփոնը` բոցարձակի (flamethrower) հնագոյն ձեւը, կարելի էր օգտագործել դաշտային բանակներու կողմէ` թշնամի կազմաւորումները խափանելու նպատակով:

Այս տեղակայման թեքնիքի զարգացումը ցոյց տուաւ Բիւզանդական կայսրութեան նորարարական ոգին եւ պատերազմի անընդհատ փոփոխուող դաշտին յարմարելու անոր կարողութիւնը: Նաւերու վրայ տեղադրուած սիփոններէ մինչեւ ձեռքի բոցավառիչներ եւ արձակուող հրկիզիչ սարքեր` Յունական կրակի արձակման մեթոտները հետզհետէ զարգացան: Անոնք զէնքը դարձուցին հզօր ուժ մը` պատերազմի դաշտին մէջ:

Խողովակային հրաձիգներ

Նաւերու վրայ կ՛օգտագործուէին խողովակային հրաձիգներ` թշնամի նաւերու վրայ Յունական կրակ արձակելու համար: Պատմական զինամթերքներով հետաքրքրուողներ Ճոն Հալտոնն ու Մորիս Պիրնը ստեղծեցին վարկածական սարք մը, որ բաղկացած էր պրոնզէ հեղահանէ` իւղը ճնշելու համար, իւղը տաքցնելու համար նախատեսուած կրակարանէ (brazier) եւ հրաձիգին ծայրը ներկայացնող ցռուկէ մը, որ պատուած էր պրոնզով: Այս սարքաւորումը օգտագործուած է թշնամի նաւերու վրայ յունական կրակ արձակելու համար` ա՛լ աւելի մեծցնելով անոր կործանարար կարողութիւնները ծովային պատերազմներուն:

Այնուամենայնիւ, զէնքի մէջ կուտակուած ճնշումը դիւրութեամբ կրնայ յանգիլ տաքցուած իւղի պայթումին, եւ այս մէկը կրնայ վտանգ ներկայացնել զէնքը կիրարկողին համար: Հակառակ այս վտանգին` խողովակային հրաձիգները բիւզանդական նաւատորմի զինանոցի կարեւոր բաղադրիչն էին: Այդ կ’երաշխաւորէր ճշգրտութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը:

Ձեռքի բոցարձակներ

Լէօ 6-րդ կայսրը ծանօթ է շարժական ձեռքի բոցարձակներ հնարելով: Այդ բոցարձակները դաշտային բանակներուն հնարաւորութիւն կու տային օգտագործելու Յունական կրակի կործանարար ուժը տեղաշարժման ընթացքին: Այս բոցարձակները, որոնք յայտնի են cheirosiphons անունով, օգտագործուած են թշնամի կազմաւորումները խափանելու եւ պաշարման աշտարակները այրելու համար:

Յունական կրակի նռնակներ

Յունական կրակը կարելի է նաեւ ներկայացնել որպէս նետուող հրկիզիչ զէնք: Յունական կրակի նռնակները կաւէ անօթներ էին, որոնք նախատեսուած էին դիւրավառ հեղուկով լեցուելու եւ թշնամիի վրայ նետուելու համար` այնուհետեւ թիրախը հարուածելու պարագային կրակ բռնկեցնելով:

Այս նռնակները կը ծառայէին ժամանակակից նռնակներու նոյն նպատակին` զինուորներուն թոյլ տալով հեռուէն աւերիչ յարձակումներ կատարել` հետագային ցոյց տալով Յունական կրակի նորարարութիւնն ու յարմարողականութիւնը հին պատերազմներուն:

Կորսուած Բաղադրատոմսը եւ Յունական Կրակը Վերստեղծելու Փորձերը

Յունական կրակի ճշգրիտ բաղադրատոմսը մինչ օրս անյայտ կը մնայ, որովհետեւ Կալինիկոսի ընտանիքը եւ բիւզանդական կայսրերը խստօրէն գաղտնի կը պահէին զայն: Առաջարկուած են նաեւ հետեւեալ բաղադրիչները.-

  • Թեթեւ քարիւղ կամ նաֆթա
  • Կուպր
  • Ծծումբ
  • Գինձի կամ մայրիի ձիւթ
  • Պիթումէն
  • Կրածինի օքսիտ

Այնուամենայնիւ, ճշգրիտ բաղադրատոմսը կորսուած է պատմութեան ընթացքին` անոր իրական էութիւնը գիտնալը ձգելով ժամանակակից գիտնականներու եւ հետազօտողներու ենթադրութեան:

Յունական կրակի նուազած օգտագործումը կրնայ կապուած ըլլալ բաղադրատոմսի կորուստի եւ այլ հասարակութիւններու մէջ աւելի բարդ զէնքերու եւ ռազմավարութիւններու աճին հետ: Հակառակ այս ուժեղ զէնքը վերստեղծելու բազմաթիւ փորձերուն` ոչ ոք կրցաւ կրկնօրինակել անոր ճշգրիտ յատկութիւններն ու արդիւնաւէտութիւնը: Այս իրականութիւնը միայն ծառայած է Յունական կրակի շուրջ առեղծուածի խորացման եւ ամրացնելու անոր կարգավիճակը` որպէս բիւզանդական հնարամտութեան եւ արհեստագիտութեան հմտութեան խորհրդանիշ:

Յունական կրակի ժառանգութիւնը եւ ունեցած
ազդեցութիւնը հին պատերազմներու վրայ

Յունական կրակի ազդեցութիւնը պատերազմի մարտավարութեան վրայ կարելի է տեսնել այն իրականութենէն, թէ ինչպէս այլ քաղաքակրթութիւններ չարաչար փորձեցին մշակել զէնքեր եւ ռազմավարութիւններ` հակազդելու անոր հզօրութեան:

Յունական կրակի ժառանգութիւնը կը շարունակէ արձագանգել պատմական էջերուն մէջ, ու անոր խոր ազդեցութիւնը պատերազմներու եւ Բիւզանդական կայսրութեան պաշտպանութեան վրայ կարելի չէ գնահատել:

Նախորդը

Յաջորդը

Կանացի Աչքերով – Դ.

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Նոր Աշխարհակարգին Ընդառաջ

Մայիս 21, 2025
Հաւաքական Յաղթանակ
Անդրադարձ

Հաւաքական Յաղթանակ

Մայիս 21, 2025
Դաշնակցութիւնը Յաղթեց
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Յաղթեց

Մայիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?