Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համլետ Պետրոսեան. Յորդանանի Շոուբակ Ամրոցի Հայերէն Արձանագրութիւնները Կարող Են Թուագրուել 17-18-րդ Դարերով

January 15, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յորդանանի Շոուբակ (*) ամրոցին մէջ յայտնաբերուած հայերէն արձանագրութիւնները, ըստ նախնական տուեալներու, կրնան թուագրուիլ 17-18-րդ դարերով, Երեւանի պետական համալսարանի մշակութաբանութեան ամպիոնի ընդլայնուած խորհրդաժողովին յայտարարած է ամպիոնի վարիչ, հնագէտ Համլետ Պետրոսեան, որ վերջերս վերադարձած է Յորդանանէն:

Ան պատմած է, որ արձանագրութիւնները, որոնց մասին ինք նախապէս յայտնած էր նոյեմբերի 28-ին իր Դիմատետրէն, այս տարուան օգոստոսին յայտնաբերած են Ֆլորանսի համալսարանի գիտնականները: Համլետ Պետրոսեան երկար ժամանակ կը համագործակցի Ֆլորանսի համալսարանի հնագէտներուն հետ, որոնք Հայաստանի մէջ քանի մը արշաւներու կը մասնակցին: Հասկանալով, որ արձանագրութիւնները հայերէն են, արշաւախումբի ղեկավար Միկելէ Նուչոտի կապ հաստատած է Համլետ Պետրոսեանին հետ եւ հայ հնագէտներու համար ուղեւորութիւն կազմակերպած` Յորդանան, որպէսզի անոնք տեղւոյն վրայ գնահատեն եւ ուսումնասիրեն գտածոն: Համլետ Պետրոսեան պատմած է, որ Շոուբակ ամրոցը Յորդանանի ամենահզօր բերդն է, զոր կառուցած են խաչակիրները 12-րդ դարուն: Քանի մը տասնամեակ անց ամրոցը գրաւած է սուլթան Սալահէտտինը: Հայ հնագէտը յիշած է, ի դէպ, որ Սալահէտտին ծնած եւ կրթութիւն ստացած է Դուինի մէջ:

Իտալացի հնագէտները կ’ուսումնասիրեն Յորդանանի` յատկապէս խաչակիրներու շրջանի պատմութիւնը: Հակառակ այնտեղ կարճատեւ կեցութեան` խաչակիրները ստեղծած են նշանակալի ճարտարապետական կառոյցներ, որոնք հետագային երկար ժամանակ օգտագործուած են: Համլետ Պետրոսեան յիշեցուցած է Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան կապերը խաչակիրներու եւ Սալահէտտինի հետ ու` աւելցուցած, որ Յորդանանի հայ համայնքը հին պատմութիւն ունի:

Խաչակիրներու հեռացումէն ետք ամրոցը քանի մը անգամ նորոգուած է եւ` վերակառուցուած: Անոր պատերուն պահպանուած են բազմաթիւ արաբերէն արձանագրութիւններ` բերդի պատմութեան մասին. անոնք վերծանուած եւ ուսումնասիրուած են:

Անոնց մէջ հայերէնով ոչ մէկ մակագրութիւն կայ, նշած է Համլետ Պետրոսեան` աւելցնելով, որ, այնուամենայնիւ, յաջորդ արշաւի ընթացքին իրենք, անշուշտ, կրկին կ’ուսումնասիրեն բերդին պարիսպները: Խաչակիրները բերդին մէջ կառուցած են երկու եկեղեցի:

Աւելի մեծ եկեղեցիին բակը մաքրած ատեն ալ յայտնաբերուած են հայերէն արձանագրութիւններով սալաքարերը:

Սալաքարերու յայտնաբերման վայրի ուսումնասիրութիւնը ենթադրել կու տայ, որ այդտեղ թերեւս գերեզմանոց եղած է, իսկ քարերը այդ գերեզմանատան կրօնական շինութեան մը մաս կազմած են:

Համլետ Պետրոսեան ունկնդիրներուն ուշադրութեան յանձնած է սալաքարերէն մէկուն համարակալումը` 4108: Այսինքն այս տարածքին հազարաւոր նման բեկորներ կան, եւ բոլորը կը հաւաքուին, կը համարակալուին եւ մանրազնին կ’ուսումնասիրուին:

Սալերը կտրուած են աւազաքարէ, քար մը, որ նման է Հայաստանի կրաքարին, բայց` աւելի կարծր: Սալերու հաստութիւնն ու մշակման եղանակը նոյնական են, տառերը փորագրելու եղանակը, խորութիւնը` նոյնպէս, որմէ կարելի է եզրակացնել, որ արձանագրութիւնները կատարած է նոյն վարպետը, կամ գոնէ անոնք կատարուած են նոյն ժամանակահատուածին: Թէեւ կոտրուած քարերը իրարու չեն համընկնիր, անոնք կրնան պատի մը մասը ըլլալ, կ’ենթադրէ Համլետ Պետրոսեան:

Գրութիւնները վերցուած են յատուկ շրջանակի կամ պահպանակի մէջ: Ըստ հնագէտին, հայկական վիմագրութեան մէջ պահպանակը շատ հազուադէպ կը հանդիպի: Եւ, որպէս կանոն, կը հանդիպի յիշատակային արձանագրութիւններու մէջ:

Արձանագրութիւնները կատարուած են հայ բոլորագիր գիրին բնորոշ մեծատառերով, որ կը սերի հին հայկական երկաթագիր գիրէն: Առաջին սալիկին վրայ կարելի է կարդալ Յակոբ կամ Յակուբ անունը: Ըստ Համլետ Պետրոսեանի, իսլամական միջավայրի մէջ միանգամայն հնարաւոր էր հայկական դասական անուանումներու այդպիսի վերափոխումը: Երկրորդ սալիկի վրայ փորագրուած է չերքէզ անունը:

Ու թէեւ բոլորագիրը լայն տարածում գտած է 11-րդ դարէն, դատելով այլ նշաններէ` այդ արձանագրութիւնները կատարուած են 17-րդ դարէն ոչ կանուխ, կը պնդէ գիտնականը: Ան ըսած է, որ հնագիտութեան մէջ չկան քարերու վրայ արձանագրութիւններու թուագրման ճշգրիտ մեթոտներ. եթէ սալերը գտնուէին իրենց սկզբնական տեղը, ապա շինութեան տարիքը կարելի էր որոշել մշակութային շերտով:

Բայց այս պարագային պէտք է օգտագործել այլ մեթոտներ` համեմատել տարբեր արձանագրութիւններու հետ, որոնց թուագրութիւնը յայտնի է: Եւ այժմ հետազօտողները պէտք է համեմատեն այս սալաքարերը հայերէն արձանագրութիւններուն հետ, որոնք պահպանուած են, օրինակ, Երուսաղէմ, Սպահան, Հալէպ:

Ամփոփելով` Համլետ Պետրոսեան նշած է, որ թէեւ այս արձանագրութիւնները պատմականօրէն մեծ յայտնագործութիւն չեն, սակայն գտածոն կարեւոր է քանի մը առումներով.

Նախ` այդ ակադեմական համագործակցութիւնն է եւ գիտնականներու բարեվարքութիւնը, երբ իտալացի հնագէտները չեն անտեսած նոյնիսկ նման փոքրիկ գտածոն եւ կապուած են իրենց հայ գործընկերներուն հետ:

Երկրորդ` Հայաստանի մէջ կ’աշխատին բազմաթիւ միջազգային արշաւախումբեր, որոնք բոլորն ալ կ’ուսումնասիրեն հայկական յուշարձանները, սակայն հայ գիտնականները հազուադէպօրէն կ’ուսումնասիրեն այլ երկիրներու յուշարձանները: Եւ այս կրնայ նման աշխատանքի մը սկիզբը ըլլալ:

Երրորդ կարեւոր հանգամանքն այն է, որ Յորդանանի մէջ հայկական արշաւախումբը կրնայ ուսումնասիրել այլ պատմական յուշարձաններ, ինչպէս նաեւ թէկուզ փոքր, բայց հինաւուրց հայկական համայնքի մշակութային կեանքը:

(*) Ամրոցի եւրոպական անուանումը Մոնրէալ կը նշուի Սալահէտտինը:

Նախորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները – ԻԴ. Մենք Մարտական Հզօր Ու Տոկուն Ազգի Ժառանգորդներն Ենք

Յաջորդը

Ս. Ծննդեան Համերգ` Ազգային Ազատ Հոսանքին Եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Նախաձեռնութեամբ

RelatedPosts

Երկու Դիտարկումներ
Անդրադարձ

Երկու Դիտարկումներ

October 20, 2026
Ամերիկեան-Ռուսական Նաւթային Համաձայնութիւնը
Անդրադարձ

Ամերիկեան-Ռուսական Նաւթային Համաձայնութիւնը

October 20, 2026
Երկար Ապրի Փաշինեանին  «Ժողովրդավարութիւնը». Բանտերը Կը Լեցուին Դիմատետրեան Քննադատներով
Անդրադարձ

Երկար Ապրի Փաշինեանին «Ժողովրդավարութիւնը». Բանտերը Կը Լեցուին Դիմատետրեան Քննադատներով

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.