Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2024 – Մարդուժի Պատրաստութեան Տարի. Նոր Մարդուժի Պատրաստութիւն

Յունուար 17, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարդուժի կազմակերպման ու հզօրացման երկրորդ կարեւոր քայլը պէտք է ըլլայ նոր մարդուժի պատրաստութիւնը: Սա դիւրին ու հեզասահ եւ անմիջական կերպով իրագործելի ծրագիր մը չէ: Հարկ է ըլլալ իրապաշտ: Մարդուժի պատրաստութիւնը կ՛ենթադրէ` երկարաշունչ գործընթաց, ամբողջական նուիրում, լուրջ կազմակերպուածութիւն, հետեւողական աշխատանք, ու նաեւ` նիւթական լայն ներդրում: Նայեցէ՛ք ձեր շրջապատին: Պետութիւններ, կրօններ, կազմակերպութիւններ, կառոյցներ հսկայ աշխատանք կը տանին ու մեծ ներդրում կը կատարեն` նիւթական թէ այլապէս, մարդուժի պատրաստութեան ի խնդիր: Արդարեւ, առանց գիտակից, մասնագէտ ու նուիրեալ մարդուն, մեր ունեցածը` նիւթականէն սկսեալ մինչեւ հոգեւոր, կրթականէն սկսեալ մինչեւ քաղաքական, ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնէ: Մա՛րդն է, որ անոր արժէք, իմաստ, որակ, ուղղութիւն ու նպատակ կու տայ:

Արդ, ժամանակը հասած է, որ այս գիտակցութենէն ու համոզումէն մեկնած` սփիւռքի մէջ մեր ուշադրութեան սլաքը կեդրոնացնենք մարդուժի պատրաստութեան վրայ` մեր ունեցած ներուժին եւ կարելիութիւններուն ամբողջական օգտագործումով: Մարդուժի պատրաստութիւն` կը նշանակէ հայ մարդը հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով շաղախել, մեր ազգին անցեալի ու ներկայի յատկանշական դէպքերուն, դէմքերուն ու մարտահրաւէրներուն ծանօթացնել, ներկայ աշխարհին մասնագիտութիւններուն մէջ խորանալու կարելիութիւն ընծայել, այս բոլորէն վեր ու այս բոլորը իմաստաւորող` մեր ժողովուրդին ամբողջական նուիրումով ծառայելու ոգին ներարկել, հայ կեանքին բերելու իր գործօն մասնակցութիւնը:

Ինչպէ՞ս կարելի է սփիւռքը կազմակերպ մօտեցումով ու վերանորոգ թափով մղել մարդուժի պատրաստութեան: Հարկ է ի մտի ունենալ, որ մարդուժի պատրաստութիւնը սոսկ տուեալ կառոյցի մը աշխատանքը չէ, այլ հաւաքական աշխատանք է ու հետեւողական գործընթաց` զանազան փուլերէ ընթացող ու նախաձեռնութիւններ ներառող: Ամփոփ գիծերով կ՛ուզենք յիշել այն կառոյցներն ու միջոցները, որոնք կարեւոր նպաստ կրնան բերել մարդուժի պատրաստութեան առաքելութեան.

1) Մարդուժի պատրաստութեան հիմնական ու մնայուն խարիսխը ԸՆՏԱՆԻՔՆ է: Հայ մարդու կազմաւորման ամուր հիմքը կը դրուի ընտանիքէն ներս: Մեր ծնողներէն շատ բան կը սորվինք` լսելով ու տեսնելով: Մեր ծնողներէն միայն մեր ազգին առնչուած գիտելիքներ չենք ստանար, այլ նաեւ ու մանաւանդ` գիտակից ու հպարտ հայ ըլլալու ոգին եւ անսակարկ կերպով մեր ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ ծառայելու նուիրումը: Արդ, անհրաժեշտ է, որ հայ ընտանիքը վերաշեշտէ մարդուժի գծով իր եզակի դերակատարութիւնը: Այս յոյժ կարեւոր առաքելութիւնը վերանորոգ նուիրումով կատարելու համար հայ ընտանիքը կոչուած է հեռու մնալու այնպիսի երեւոյթներէ, որոնք կրնան աղարտել իր բարոյական մթնոլորտն ու հայադրոշմ նկարագիրը եւ նսեմացնել վեհ կոչումը:

2) Մարդուժի պատրաստութեան երկրորդ վայրը ԵԿԵՂԵՑԻՆ է: Եկեղեցին մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու պահպանման հնոցն է ու կենսաւորման աղբիւրը: Մեր ազգի մեծերէն շատեր եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան հետ իրենց անձը շաղախած են եւ ազգին ու` հայրենիքին ծառայելու նախանձախնդրութիւնն ու յանձնառութիւնը եկեղեցիէն ստացած: Զանազան նախաձեռնութիւններու ճամբով (կիրակնօրեայ վարժարան, Սուրբ Գրոց սերտողութիւն, ժողովրդային լսարաններ, քրիստոնէական դաստիարակութիւն եւ այլն) անհրաժեշտ է, որ մեր եկեղեցին, իր հոգեւոր առաքելութեան ու ազգային ծառայութեան առընթեր, նաեւ զարկ տայ յատկապէս իր ուսուցողական ու դաստիարակչական աշխատանքներուն:

3) Մեր Սուրբ Աթոռի ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ նպատակը կը շարունակէ մնալ հոգեմտաւոր արժէքներով թրծուած եւ ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայելու կոչումը ունեցող հոգեւորականներու, ուսուցիչներու ու մտաւորականներու կազմաւորումը: Այս ուղղութեամբ անցնող տասնամեակներուն հսկայ աշխատանք է կատարած դպրեվանքը: Արդարեւ, դպրեվանքէն անցած եւ Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ մեր ազգային կեանքի հոգեւոր, կրթական ու մշակութային բնագաւառներէն ներս կարեւոր ներդրում բերող մեծ թիւով անձերու ներկայութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է դպրեվանքին վիճակուած եզակի առաքելութեան:

4) ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ, բնականաբար, մարդուժի պատրաստութեան կարեւոր կառոյցներէն մէկն է: Ներկայ ժամանակներուն դժբախտաբար մեր ծնողներուն մէջ սկսած է որոշ անտարբերութիւն մը ի յայտ գալ հայ դպրոցին նկատմամբ: Պետական քննութիւններուն իր ձեռք ձգած յաջողութիւններով, իր ջամբած հայեցի դաստիարակութեամբ ու հայակերտ մթնոլորտով հայ դպրոցը մեծապէս կը նպաստէ մարդուժի պատրաստութեան: Հետեւաբար անհրաժեշտ է վերաշեշտել հայ դպրոցին մարդակերտումի առաքելութիւնը` զօրավիգ կանգնելով անոր նպաստող ծրագիրներուն:

5) Հայ կեանքէն ներս գործող ԲՈԼՈՐ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ` կուսակցական, բարեսիրական, մշակութային, մարզական, ընկերային եւ այլն, իրենց կարգին մարդուժի պատրաստութեան իւրայատուկ դպրոցներ են: Արդարեւ, ազգային ու մշակութային արժէքներով լեցուն իրենց ներքին մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ մեր համայնքներու կարիքներուն ծառայելու իրենց կամաւոր աշխատանքը այլապէս կը նպաստէ մարդուժի պատրաստութեան: Ունինք ազգայիններ, որոնք զանազան պատճառներով հայ դպրոց չեն յաճախած, սակայն մաս կազմելով համայնքային կազմակերպութիւններու` հայ կեանքի մասին լայն ծանօթութիւն ձեռք ձգած են, եւ իրենց մէջ արմատ նետած է ազգին ծառայելու ոգին:

6) ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐԸ մարդուժի կազմաւորման մէջ էական դեր ունին: Այսօր, փաստօրէն, սփիւռքի մէջ միակ կազմակերպուած Հայագիտական կեդրոնը կաթողիկոսարանէն ներս կը գործէ: Հարկ է նաեւ յիշել Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանին ու Հայկազեան համալսարանին հայագիտական դասընթացքները: Կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնը, վերջին 15 տարիներուն ինքնակազմաւորման փուլերէ անցնելէ ետք, այսօր իր դասանիւթերու այլազանութեամբ եւ Հայաստանէն ու սփիւռքէն հրաւիրուած փորձառու ուսուցիչներու ներկայութեամբ, կը գործէ առաւել կազմակերպ ու ինքնավստահ կերպով:

7) Կաթողիկոսարանէն ներս գործող ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ, նպատակ ունենալով մանկավարժական նոր մեթոտներով ուսուցիչներու վերաորակաւորումը, յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այս մարզէն ներս: Աւելի քան 35 տարիներու իր գործունէութիւնը եւ մասնաւորաբար պետական քննութիւններուն մէջ ձեռք ձգած յաջողութիւնները ցոյց կու տան, որ մանկավարժական կազմաւորման ծիրէն ներս իր տարած աշխատանքը կը մնայ առանցքային:

8) Մարդուժի պատրաստութեան վերոյիշեալ համայնքային կառոյցներէն անդին` ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄԸ կը նկատենք էական, ինչպէս նաեւ ամբողջացուցիչ մասը մարդուժի պատրաստութեան: Ներկայ աշխարհը մասնագիտութեան աշխարհ է: Ընկերութեան կեանքի բոլոր մարզերէն ներս հարցերուն, երեւոյթներուն, տագնապներուն ու ծրագիրներուն նկատմամբ սիրողական մօտեցում փաստօրէն այլեւս տեղ չունի: Որքան ալ նուիրումն ու պատրաստակամութիւնը անհրաժեշտ նկատուին, նոյնքան անհրաժեշտ է մասնագիտութիւնը: Ներկայ ժամանակներուն համալսարանական բարձրագոյն ուսման կեդրոններն ու կարելիութիւնները բազմապատկուած են: Արհեստագիտութեան ընձեռած լայն միջոցներու լոյսին տակ, համալսարանական ուսումը եղած է աւելի դիւրահաս եթէ ոչ նիւթական, գէթ ժամանակի ու աշխատանքի իմաստով: Հարկ է, որ մեր ուսումնատենչ երիտասարդ-երիտասարդուհիները առաւելագոյն չափով օգտուին համալսարանական բարձրագոյն ու մասնագիտական ուսման ընձեռած բարիքներէն:

Բնականաբար, տարբեր պայմաններու մէջ ապրելով, սպասելի չէ, որ նոր սերունդը մարդուժի կազմաւորման նշուած փուլերէն անցնի: Ինքնուսումը եւս կարելիութիւն կու տայ եւ իր կարեւոր ներդրումը կրնայ ունենալ մարդու կազմաւորման մէջ: Բոլոր պարագաներուն, հրամայական է, որ հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով շաղախուած եւ մասնագիտական ուսումով զինուած հայ երիտասարդ-երիտասարդուհին ինքզինք արժեւորէ հայ կեանքէն ներս` իր ուսումը ծառայութեան ճամբով ի սպաս դնելով մեր ազգին զարգացման ու հզօրացման: Սփիւռքը անյետաձգելի կարիքը ունի մարդուժի. հետեւաբար մարդուժի պատրաստութիւնը սփիւռքին համար պէտք է դառնայ առաջնահերթութիւն:

Գործնական Թելադրութիւններ

Մարդուժի պատրաստութեան գծով Մեր պարզած մտահոգութիւններուն, մատնանշած կարելիութիւններուն ու կատարած ընդգծումներուն լոյսին տակ, կ՛ուզենք հետեւեալ գործնական թելադրութիւնները կատարել.

1) Հակառակ սփիւռքի դժուար պայմաններուն ու սահմանափակ միջոցներուն` մարդուժի պատրաստութեան գծով հսկայ աշխատանք է կատարուած: Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք մարդակերտումի ու հայակերտումի սրբազան առաքելութեան լծուած բոլոր նուիրեալներուն: Ժամանակը հասած է, որ գաղութներէն ներս մարդուժի պատրաստութեան նուիրուած մեր կառոյցներուն գործունէութիւնը ըլլայ աւելի ներդաշնակ, համադրուած ու համապատասխան ներկայ իրականութիւններուն եւ սպասումներուն: Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է, որ ծրագրաւորումի յատուկ աշխատանք կատարուի կառոյցներու պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ` կրկնութիւններէ ու բացթողումներէ խուսափելու համար:

2) Գաղութներէն ներս մարդուժի համախմբումը կը նկատենք անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն: Համախմբումը կարելի է կատարել երկու փուլերով: Առաջին փուլին կը մասնակցի գաղութէն ներս գործող մարդուժը եւ երկրորդ փուլին` նաեւ գաղութէն հեռու մնացած մարդուժը:

3) Բոլոր պարագաներուն, անհրաժեշտ է, որ համախմբումները, որ կազմակերպուին յստակ օրակարգի մը հիման վրայ: Հարկ է լսել ներկաներուն տեսակէտները, մտահոգութիւններն ու առաջարկները, եւ ապա միասնաբար գաղութին հզօրացման առնչուած ընդհանուր ուղեգիծ մը ճշդել` առաջնահերթութիւններու յստակացումով ու աշխատանքի բաժանումով:

4) Հարկ է յատուկ կարեւորութիւն ընծայել երիտասարդ-երիտասարդուհիներու մասնակցութեան` ներառելով յատկապէս համալսարանականներն ու համալսարանաւարտները:

5) Անհրաժեշտ է որոշ առիթներով եւ նոյնիսկ հանգրուանային կերպով գաղութին մարդուժը համախմբող հաւաքներ կազմակերպել` քննարկելու թէ՛ գաղութին հետ աղերս ունեցող ընդհանուր ծրագիրներ եւ թէ՛ համասփիւռքեան ու համազգային մտահոգութիւններ ու մարտահրաւէրներ:

6) Գաղութի մը մարդուժին ամբողջական ցանկագրումը կը նկատենք խիստ անհրաժեշտ: Աշխատանք մը, որ ներառէ հիմնական տեղեկութիւններ, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն փոխանակել այլ գաղութներու հետ` համասփիւռքեան տարողութեամբ մարդուժի ամբողջական պատկերը ունենալու համար:

7) Թելադրելի է, որ յիշեալ յոյժ կարեւոր աշխատանքներուն իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերեն թեմական, կուսակցական, կրթական, երիտասարդական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ կառոյցներու գործադիր մարմինները:

8) Ինչպէս յայտնեցինք, մարդուժի պատրաստութիւնը նաեւ կը պահանջէ նիւթական յանձնառութիւն: Համայնական այս ճիգին մէջ մեր ունեւոր ազգայինները պարտաւոր պէտք է զգան այս ուղղութեամբ կարեւոր ներդրում կատարելու, հիմնադրամներու հաստատումով կամ տարեկան նպաստներու յատկացումով` ընդհանրապէս մարդու պատրաստութեան լծուած ծրագիրներուն եւ մասնաւորաբար այն կառոյցներուն, որոնք կը ծառայեն նոյն նպատակին համար:

9) Մեր թեմերն ու կառոյցները իրենց գործունէութեան օրակարգին վրայ կարեւոր տեղ պէտք է յատկացնեն մարդուժի պատրաստութեան հետ աղերս ունեցող նախաձեռնութիւններուն ու աշխատանքներուն:

Սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերակենսաւորման աշխատանքները յղացողը, ծրագրողը եւ գործադրողը մեր մարդուժը պիտի ըլլայ: Արդ, որքա՜ն էական է մարդուժը մեզի համար եւ հետեւաբար` որքա՜ն հրամայական եւ անյետաձգելի մարդուժի պատրաստութիւնը:

Այս մտածումներով ու սպասումով, հայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք ձեզ, եւ կը վստահեցնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ պատրաստ է զօրակից ու գործնապէս մասնակից դառնալու մարդուժի պատրաստութեան նուիրական առաքելութեան:

Հայրապետական օրհնութեամբ,
Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

1 յունուար, 2024

Անթիլիաս, Լիբանան

(Շար. 2 եւ վերջ)

Նախորդը

Ճամբու Ուրախ Եւ Տխուր Նոթեր. 6 Յունուար Յամի Տեառն 2024

Յաջորդը

Պէտք Է Շրջանցել Բանակցութիւններու Անելը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?