«Հերկ Եւ Բերք» Գիրքի Յառաջաբան. Պարզատոմար Մը` Այս Հատորը
ՊԵՏՐՈՍ ՀԱՃԵԱՆ (*) Կարդալով Լեւոն Շառոյեանի գրադատական ու բանասիրական յօդուածներու այս ծաւալուն հաւաքածոն, յիշեցինք հայ տպագրութեան ռահվիրայ Յակոբ Մեղապարտի հրատարակած կէս տասնեակ գիրքերէն մէկը` «Պարզատոմար»-ը, ոչ թէ նմանութիւն մը փնտռելու համար երկու գիրքերուն միջեւ, այլ որովհետեւ «պարզատոմար» բառը տիպար բնորոշում մըն է եւ, ըստ էութեան, լաւապէս կը բացայայտէ Շառոյեանի այս աշխատութեան բովանդակութիւնն ու հեղինակային ուղղուածութիւնը: Արդարեւ, այս գիրքին մէջ մէկտեղուած...



















