Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէտք Է Շրջանցել Բանակցութիւններու Անելը

January 17, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Յայտարարուած էր, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի ստորագրուի մինչեւ 2023 թուականի աւարտը: Պայմանագիրի բազմաթիւ բնօրինակներ փոխանցուեցան երկուստեք: Փոխանցուած նախագիծերը, երբ Հայաստանէն կը փոխանցուէին, մերժուեցան Ազրպէյճանի կողմէ, Ազրպէյճանի կողմէ փոխանցուածներն ալ` Հայաստանի կողմէ: Կ՛ըսուէր, որ այս ուղղակի, առանց միջնորդի հաղորդակցութիւնը կ՛ընթանայ դրական հունով, հիմնական խնդիրները լուծուած են, կը մնան միայն քանի մը մանրամասնութիւններ, որոնց շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենային ամբողջական գաղտնապահութեան պայմաններուն մէջ. ոչ ոք գիտէր, թէ ի՞նչ կ՛առաջարկէ Ազրպէյճան, նոյնպէս անյայտ էր, թէ ի՞նչ կ՛առաջարկէ Հայաստան: Կարգ մը սպրդած տեղեկութիւններէն կարելի էր կռահել, որ Ազրպէյճան չափազանցուած պահանջներ կը դնէ, որոնց Հայաստան կը փորձէ առարկել ու աւելի ընդունելի տարազներ գտնել:

Յունուար ամսուան սկիզբը, Ազրպէյճանի նախագահը` Իլհամ Ալիեւ, որ անակնկալօրէն նախագահական կանխահաս ընտրութիւններ հրամանագրած էր, մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը: Այդ հարցազրոյցի ընթացքին, սովորական դարձած յոխորտանքներէն ետք, Իլհամ Ալիեւ բացայայտեց Ազրպէյճանի պահանջները: Յայտնեց, որ սահմանազատման բանակցութիւնները կապ չունին խաղաղութեան պայմանագիրին հետ: Անոնք կրնան շարունակուիլ պայմանագիրի ստորագրութենէն ետք: Կը հետեւի, որ Ազրպէյճան Հայաստանէն իր գրաւած շրջաններէն հեռանալու մտադրութիւն չունի: Այս բարձունքները կը ծառայեն դիտարկելու ամբողջ Հայաստանը եւ զայն մարտականօրէն զգաստ պահելու: Աւելին. Ալիեւ կը պահանջէ ոչ միայն Հայաստանի հողերով շրջափակուած չորս գիւղերը (անքլաւները), այլեւ մեզի անծանօթ սահմանային ուրիշ չորս «ազրպէյճանական» գիւղեր: Այս վերջիններուն յանձնումը նախապայման է, մինչ շրջափակուածներուն շուրջ կարելի է բանակցիլ:

Իլհամ Ալիեւ կրկին կը յիշեցնէ Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ անխափան եւ Հայաստանի կողմէ չվերահսկուող ուղի ստեղծելու պայմանը: Այդ ուղին, կամ միջանցքը, Ազրպէյճանը պիտի կապէ Ազրպէյճանի հետ եւ պէտք է բացուի Մեղրիի շրջանին մէջ, Արաքս գետի ափին. ուրիշ խօսքով` Հայաստանի կապը Իրանի հետ պիտի վերահսկուի Ազրպէյճանի կողմէ:

Շարունակենք: Ալիեւ կը մերժէ բանակցութիւններու ատեն հիմնուիլ խորհրդային շրջանի քարտէսներուն վրայ: Պէտք է հասկնալ, որ Իլհամ Ալիեւի համար, սահմանազատման հիմք կը հանդիսանան զինուորական նուաճումները: Ան Հայաստանի Հանրապետութեան գրեթէ ողջ տարածքը կը նկատէ Արեւմտեան Ազրպէյճան. կը յայտնէ, որ 1918-ին Երեւան (Իրիւան) ազրպէյճանական քաղաքը ապօրինաբար յանձնուած է Հայաստանին: Ալիեւի համար Հայաստան առհասարակ գոյութիւն ունի՞ արդեօք:

Նիկոլ Փաշինեան այս վտանգաւոր նկրտումներուն պաշտօնական պատասխան չտուաւ: Պատասխանեց իր կուսակցութեան ժողովի ընթացքին, զգուշութեամբ քննադատելով Իլհամ Ալիեւի առաւելապաշտական յայտարարութիւնները: Այսքան լկտիաբար հրապարակուած պահանջներէն ետք, Նիկոլ Փաշինեան վերահաստատեց Հայաստանի կողմէ խաղաղութեան դարաշրջան հիմնելու առաջադրանքը. Հայաստան, ի՜նչ Հայաստան, կը նպատակադրէ դառնալ Կովկասի մէջ «խաղաղութեան» խաչմերուկ:

Դժուար չէ հասկնալ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները մատնուած են անելի: Արցախը զիջելէ, այլ զիջումներու պատրաստակամութիւն ցուցաբերելէ ետք, Ազրպէյճանի ախորժակները բացուած են եւ պահանջները համայնակուլ դարձած: Անոնք, կը թուի, որ նոյնիսկ Փաշինեանի կողմէ անընդունելի են:

Նման վիճակի մատնուած իշխանութիւն մը ի՞նչ պիտի ընէր անելէն դուրս գալու համար: Երկրորդական ու լուսանցքային հարցերո՞վ պիտի զբաղեցնէր հանրային կարծիքը, թէ՞ անկեղծօրէն բացայայտէր կացութեան անելանելի ըլլալը եւ դիմէր արտակարգ քայլի մը, քաղաքական քաջ կեցուածքի մը:

Եթէ հրաժարականով իշխանութենէն հեռանալը բացառուած է, քանի որ գռեհիկ ժողովրդավարութեան հասկացողութեամբ ժողովուրդը զայն ընտրած է հինգ տարուան համար, կարելի է յառաջացնել ազգային լայն միութիւն մը, ժողովուրդին բոլոր խաւերը մասնակից դարձնելով անելէն դուրս գալու համազգային ճիգին:

Նման համախմբումի մը նախաձեռնութիւնը տրամաբանօրէն պէտք է գայ իշխանութենէն, սակայն ամէն մեղք «նախկիններուն» վերագրելէ ետք, դժուար է, հասկնալիօրէն, նման քայլի դիմել: Քաջութիւն կ՛ուզէ սխալը ընդունելով նորը կառուցելու նախաձեռնութեամբ հանդէս գալ:

Ընդդիմութի՞ւնը պէտք է նախաձեռնէ ազգային միութեան ստեղծումը, դիւրացնելով իշխանութիւններուն գործը: Թերեւս:

Սպասենք նոր զարգացումներուն:

 

 

Նախորդը

2024 – Մարդուժի Պատրաստութեան Տարի. Նոր Մարդուժի Պատրաստութիւն

Յաջորդը

ՀՅ Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 133-Ամեակ. ՀՅ Դաշնակցութեան Հիմնադրումը 1890-ի Ամրան

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.