Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեռելները Հանգիստ Ձգեցէ՛ք

January 19, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Վերջին տարիներուն, մանաւանդ «Քորոնա» ժահրէն  ետք, Դիմատետրի եւ այլ ընկերային ցանցերու վրայ մահուան լուր տարածելու արշաւ մը կայ:

Գիտցող-չգիտցող, ճանչցող-չճանչցող` «լայքեր», «սրտիկներ», «արցունքներ», սրտի խօսքեր եւ ամէնէն կարեւորը` շեր ընել (անձնական էջերուն վրայ բաժնեկցիլ):

Յարգելով մեռնողներուն յիշատակը, յարգելով պայմանները, անձը, հարազատները, պարագաները` վե՛րջ տուէք այս խեղկատակութեան:

Մարդ կայ` կարծես հաճոյք կը ստանայ մահուան լուրերը տարածելէ եւ նոյնիսկ տեղ մը արտայայտուած է, որ Դիմատետրի իր էջը շատ փնտռուած է:

Մարդ կայ` կարծես գործի վերածած է ասոր անոր դրածներուն «լայք» փակցնելը: Այլ խօսքով, ինք ուշի ուշով հետեւողի դիրքին մէջ կ՛ուզէ ըլլալ, այնպէս, որ աչքէն ոչինչ կը վրիպի:

Պատահեցաւ, որ նախորդ շաբթուան ընթացքին երկու երիտասարդ մայրերու մահուան լուրը տարածուեցաւ ընկերային ցանցերու վրայ: Ցաւալի է, սակայն տրամաբանական սահմաններու մէջ պէտք է ընկալել գոյժը:

Մէկը մտածե՞ց նոյն օրերուն Հայաստանի սահմաններուն վրայ քսանամեայ զինուորի մը կորուստին մասին, ան` իր դիրքէն դէպի զօրանոց ճամբուն վրայ ձիւներուն մէջ մնացած է, եւ գիւղացները անոր դիակը գտած են:

Պարզ օրինակ մըն է ասիկա մեր շուրջ տիրող բազում դժբախտութիւններէն:

Հետաքրքրական եւ կազմակերպուած մակերեսայնութիւնը այնքա՛ն տիրական է մեր շրջապատին մէջ, որ ուղեղները տափակցած են, վերածուած ենք պատեհապաշտ էակներու, որոնք օրը օրին կ՛ապրին:

Առաջարկս է, որ մեռելները հանգիստ ձգենք` անոնց հոգւոյն համար: Յարգենք անոնց յիշատակը եւ ոչ ցուցական յարգանքի արժանացնենք զանոնք:

Ուրիշ ոչինչ:

Ամէն մարդ կը սգայ եւ ունի սուգ: Ամէն մարդ պէտք է գիտնայ իր չափը:

 

 

 

Նախորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Շիրիմիդ Լոյս, Սիրելի՛ Հրանդ (19 Յունուար 2007)

Յաջորդը

ՀՅ Դաշնակցութեան 133-Ամեակ. Յեղափոխական Կազմակերպութիւնը` Իբրեւ Հարիւր Գլխանի Վիշապ Կը Գործի Ամէն Տեղ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.