ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
«ՄԵՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐԸ» Պատմութեան Գիրքերու Չորս Հատորները (1):
«Հայաստանի ձիերը, ձիաւոր հերոսները, հեծելազօրը եւ յաղթանակները» յօդուածաշարքը սկսայ 6 փետրուար 2018-ին եւ միայն օգոստոս 2023-ին համացանցին մէջ գտայ խիստ արժէքաւոր` «Մեր յաղթանակները Ա., Բ., Գ., Դ.» քառահատոր, «Նորավանք»-ի պատմական հրատարակութիւնը` յաջորդաբար 2008, 2009, 2011 եւ 2012-ին լոյս տեսած (գիրքերը կարելի է ներբեռնել այստեղ` (2), (3), (4), (5) ), նախագիծի հեղինակ եւ ղեկավար` Գագիկ Յարութիւնեան, ընդհանուրը 1329 էջ, 118 ռազմական քարտէս, 80 ճակատամարտի յատակագիծ եւ 30 նկար, որուն Ա. հատորին նախաբանը կ՛ըսէ` արեւմտահայերէնի վերածուած (6).
«Մեր յաղթանակները» քառահատորը նուիրուած է մարտադաշտերուն մէջ հայ ժողովուրդի տարած յաղթանակներու լուսաբանման: Առաջին հատորը կ՛ընդգրկէ հայոց պատմութեան հնագոյն շրջանէն (ՔԱ 2492*) մինչեւ ՔԱ 3-րդ դարու վերջը` պատերազմներու, արշաւանքներու եւ ճակատամարտերու ընթացքին հայոց զինեալ ուժերուն տարած ռազմավարական եւ մարտավարական յաղթանակներու համառօտ նկարագրութիւնը: Գիրքը նախատեսուած է ընթերցողներու լայն շրջանակներու համար:

«… Որեւէ քաղաքակրթութեան յարատեւումը, այլ գործօններու կողքին, ուռճացուած է ռազմական միտքի բարձր մակարդակով եւ, ի հարկէ, պատերազմելու, յաղթանակելու կամքով ու կարողութեամբ: Այս նիւթով բացառութիւն չէ Հայկական քաղաքակրթութեան պատմութիւնը, որ նաեւ զարգացած ռազմարուեստի եւ յաղթանակներու շարունակական ամբողջութիւնն է: Սակայն պէտք է ընդունիլ, որ հակառակ ռազմական բնագաւառին առնչուող արժէքաւոր պատմական վկայութիւններուն եւ արդի առանձին հետազօտութիւններուն` մեր յաղթանակներուն համակարգուած վերլուծաբանական պատմութիւնը ըստ արժանւոյն լուսաբանուած չէ եւ ներկայացուած չէ հայ ու միջազգային հանրութեան:
«Այդ թերացում է ո՛չ միայն պատմագրութեան տեսանկիւնէն, հայոց ռազմարուեստի վերաբերեալ հանրութեան գիտակցութիւնը անխուսափելիօրէն պիտի նպաստէ արդի հայութեան լայնախոհ եւ յաղթանակող, հոգեբանական բարդութիւններէն զերծ ինքնութեան վերակազմութեան: Մասնաւորապէս այս հանգամանքներն ու խնդիրներն էին, որ պատճառ դարձան նախաձեռնելու «Մեր յաղթանակները» խորագիրը կրող նախագիծի իրագործումին»:

4. Տաւուշի ձիերը:
Վերջին` Դ. հատորին նախաբանը.
«Այս հատորին մէջ ընդգրկուած է 18-20-րդ դարու ժամանակաշրջանը: Հատորը կը սկսի 1720-ական թուականի Արցախի եւ Սիւնիքի ազատագրական պայքարի յաղթանակներու նկարագրութեամբ եւ կ՛աւարտի արցախեան պատերազմին արձանագրուած փայլուն եւ համոզիչ յաղթանակներով: Յատուկ տեղ յատկացուած է ինչպէս ֆետայական շարժումին, նոյնպէս նաեւ հայ ժողովուրդի մասնակցութեան` թրքական եւ պարսկական տիրապետութեան դէմ ծաւալուած պատերազմներուն ու երկու աշխարհամարտերուն:
««Մեր յաղթանակները» նախագիծը հիմնական երկու նպատակ ունի.
1.- Հայկական հանրութեան մէկ մասը այն մտայնութիւնը ունի, որ մեր պատմութիւնը պարտութիւններու շարան է, իսկ եղած յաղթանակներն ալ աւելի շատ «բարոյական» բնոյթ կը կրեն:
2.- Ունենալով բազմադարեան ռազմական պատմութիւն (սկսած Բելի դէմ Հայկ նահապետի պատերազմէն մինչեւ Շուշիի ազատագրումը)` ցարդ կը բացակային հայկական ռազմարուեստին նուիրուած համապարփակ աշխատութիւններ:
«Առաջին խնդիրը ակնյայտօրէն կ՛առնչուի տեղեկատուական-հոգեբանական անվտանգութեան վիճակին: Այդ առնչութեամբ «Մեր յաղթանակները» քառահատորի հրատարակումը կոչուած է հանրութիւնը իրազեկելու մեր տարած յաղթական ճակատամարտերուն եւ մարտերուն մասին ու այդպիսով նպաստելու անհիմն բարդոյթներէն ձերբազատելու: Տակաւին, զարմանալի չէ, որ նախագիծը իրականացուած է «Նորավանք» հիմնադրամի տեղեկատուական անվտանգութեան խնդիրներուն առնչուող ծրագրերու ծիրին մէջ:

6. Օձունի ձիերը:
«Երկրորդ հանգամանքի կապակցութեամբ, նշենք հետեւեալը: Անցեալի պատերազմական գործողութիւններու վերլուծումը եւ անկէ դասեր քաղելը որեւէ երկրի ռազմական մշակոյթի զարգացման նախապայմաններն են: Աւելորդ է մեկնաբանել, թէ այդ խնդիրը որքա՛ն հրատապ է հայկական երկու հանրապետութիւններուն` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան համար: Նկատենք, որ նման հարցադրումը հրատապ է նաեւ հայկական քաղաքական միտքի զարգացման տեսանկիւնէն: Ցաւօք պէտք է ընդունիլ, որ առայսօր սակաւ են նաեւ մեր քաղաքական մշակոյթի պատմութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնները:
«Մենք հեռու ենք այն միտքէն, որ ընթերցողին ներկայացուող քառահատորին մէջ վերոնշեալ խնդիրներուն տրուած են համապարփակ լուծումներ: Միեւնոյն ժամանակ յոյսով ենք, որ այս աշխատութիւնը կարող է հենք ծառայել հետագայ աւելի կատարեալ ուսումնասիրութիւններու համար»… 2012:
Ստորեւ` փայլուն օրինակներ հայ ռազմական արուեստին մէջ դարեր առաջ իսկ, առաջին անգամ կիրարկուած ռազմավարութիւններու: Առաջին երկուքը` շուրջ 4500 տարի առաջ, Հայկ նահապետին հայկական զինուորական հմտութիւնն էր: Առաջինը` սեպաձեւ, թշնամիին կեդրոնը յարձակումը, իսկ երկրորդը` «Գիտակցելով զօրաթեւերու հրամանատարական կազմի զոհուելու մեծ հաւանականութեան` Հայկը թէ՛ Արամանեակին եւ թէ՛ ալ Կադմոսին ոչ թէ մէկական, այլ սկիզբէն երկուքական տեղակալներ կը նշանակէ»: Այսինքն, եթէ հրամանատարը նահատակուի, բանակը չի քայքայուիր, ինչպէս պատահեցաւ թշնամիին, երբ Բելը տապալեցաւ, քանի որ նախօրօք որոշուած էր հրամանատարներուն երկուքական փոխանորդ:
«Մարտէն առաջ հրամանատարին տեղակալը եւ անոր ալ տեղակալը նշանակելու սկզբունքը եւրոպական երկրներուն մէջ սկսաւ կիրարկուիլ միայն ՔԵ 18-րդ դարուն, հրետանիի արագութեան ու կրակի հզօրութեան աճով: Հայոց բանակին մէջ հնագոյն ժամանակներէն (ՔԱ երրորդ հազարամեակ) կիրարկուող այս սկզբունքի արդիականութեան մասին կը վկայէ այն փաստը, որ նախօրօք երկրորդ եւ երրորդ տեղակալներու նշանակելու պահանջը այսօր պարտադիր է բոլոր բանակներուն մարտական կանոնագիրքերուն մէջ», Ա. հատոր, էջ 7:
Համաշխարհային ռազմական երկրորդ հայկական հնարամտութիւնն էր. «Առաջին անգամ «ԱՌԱՆՁԻՆ ՄՕՏԵՆԱԼ, ՄԻԱՍԻՆ` ԿՌՈՒԻԼ» սկզբունքի կիրառումով Բագարատ Բագրատունին այնպիսի անլուծելի մարտավարական խնդիրի առջեւ կը կանգնեցնէ թշնամի բանակին հրամանատարը, որուն լուծումը ան չէր կրնար գտնել:
«Որպէսզի հասկանալի ըլլայ, թէ ինչպիսի՛ համարձակութիւն կը պահանջուէր հայ զօրավարէն այս կարգի նորարարութիւն կիրարկելու համար, նշենք, որ «Առանձին շարժիլ, միասին կռուիլ» սկզբունքը Մուշի ճակատամարտէն ետք կիրարկուած է աւելի քան ինը դար ետք` 1768-1774 ռուս-թրքական պատերազմին ժամանակ: Յուլիս 1770-ին Լարգա գետին մօտ ռուսական 20 հազարնոց բանակը, ռազմարուեստի տաղանդաւոր բարեփոխիչ Պ. Ռումեանցեւի գլխաւորութեամբ, քանի մը ուղղութիւններէ կը յարձակի թրքական 100 հազարնոց բանակին վրայ եւ պարտութեան կը մատնէ զայն: Նոյնիսկ 18-րդ դարու պայմաններուն մէջ այս սկզբունքին կիրարկումը այնքան անսովոր էր, որ ահռելի բանակ ունենալով հանդերձ, թրքական կողմը ոչինչ կը կարենայ ձեռնարկել», Բ. հատոր, էջ 180:
Մհեր Յակոբեան հայ ռազմական նիւթը նաեւ արծարծած է «Հայ ժողովրդի ռազմական տարեգիրքը» խորագիրով, որ իւրաքանչիւրը 24-էն 44 էջ 70 ուսումնասիրութիւններ են, որոնք 2020-ի մայիսին ամփոփուած են 5 հատորներու մէջ (7), (8): Հատորները համացանցով մատչելի չեն, ու ցարդ կարելի չեղաւ աչքէ անցընել զանոնք: Հեղինակը գիրքին մասին կը գրէ. «Այս գիրքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով նշուած են հայոց բանակին եւ հայ ռազմիկներուն մասնակցութեամբ, կամ` ոչ, բոլոր կռիւներն ու պատմական Հայաստանի տարածքին ընդհանուր առմամբ տեղի ունեցած մարտերն ու պատերազմները` ՔԱ 3000-էն սկսեալ: Ընդհանուր առմամբ` 6777 մարտ, պատերազմ կամ հակամարտութիւն (ռազմական գործողութիւններ): Այս գիրքին մէջ առաջին անգամ հաւաքուած են հայկական բանակի եւ հայ ռազմիկներու մասնակցութեամբ երկրագունդի վրայ տեղի ունեցած բոլոր ճակատամարտերն ու պատերազմները, ինչպէս նաեւ` ճակատամարտերը եւ պատերազմները, որոնք տեղի ունեցած են Հայաստանի 18 նահանգներուն մէջ` առանց հայերու մասնակցութեան:
Մհեր Յակոբեանի այս աշխատանքին քանի մը անգամ անդրադարձած եմ, մանաւանդ` ««Ազդակ»-ի 5-րդ առցանց լսարանին առիթով. «Պատմագրութիւն (հայոց եւ այլոց). Գիտութի՞ւն, ինքնութի՞ւն, մեթոտաբանութի՞ւն» – Ա.» (9), եւ «Հայոց բանակի օրուան առիթով» (10) յօդուածներով, որմէ կը մէջբերեմ. «Նիկողայոս Ադոնցի (Տէր Աւետիքեան, 1871-1942) «Պատմական ուսումնասիրութիւններ» հատորին (11) մէջ նշուած հայկական այրուձիին (հայկական ձիաւոր բանակ) մասին Ադոնցի ուշագրաւ հաստատումը. էջ 19-20 Ադոնց կը գրէ. «Այսօրուան գեղջուկ Հայաստանը, կար ժամանակ, որ տասնեակ մեծ ու փոքր իշխանական տոհմեր թառած էին հայոց լեռներու կուրծքին: Ամէն մէկը ունէր իր անառիկ ամրոցը եւ իր այրուձին, որ յայտնի թիւով հեծեալ մարտիկներ էին: Այրուձին բաղկացած էր գրեթէ բացառապէս իշխանական ընտանիքներու զաւակներէն եւ մերձաւորներէն: Հայ ազատանի, որեար կամ մանկտի կոչելով` պատմագիրները կը հասկնային ազատ դասի որդիներ:

«Այրուձին միա՛կ մշտական զինուորական ուժն էր` ընդդէմ արտաքին թշնամիներուն եւ` հայ աշխատաւոր շինականներուն նեցուկը: Շնորհիւ մշտապէս սպառազինուած ազնուականութեան, Հայաստանը երբե՛ք դիաթաւալ թշնամիին առջեւ չէ փռուած, ինչպէս տեսանք անոնց անկումէն ետք: Հռոմ, պարսիկ, արաբ, Բիւզանդիոն չեն կրնար պարծենալ, որ նախարարական Հայաստանը իրենցմէ պարտուած է:
«Դարերու ընթացքին հայ աւատապետները կրցան կռուիլ եւ պահել իրենց դիրքն ու ազատութիւնը: Թշնամիները ծանր փորձերէ ետք բաւարարուեցան տարեկան տուրք գանձելով եւ զինուորական օգնութիւն ստանալով:… Նախարարները յօժար էին արքունի գանձէն սովորական տուրք վճարելու, բայց երբե՛ք` այրուձին յանձնելու օտարին: Հրաժարիլ այրուձիէն` կը նշանակէր զինաթափ ըլլալ, որ անձնասպանութեան համազօր էր»:
Ահա թէ ինչո՛ւ Մեծն Աղեքսանդրը, ՔԱ 331-ին, Կաւկամելայի պատերազմէն ետք խուսափեցաւ Հայաստանի վրայ յարձակելէ եւ երբե՛ք չյարձակեցաւ Հայաստանի վրայ. «Կը սկսին գործողութիւններ, որոնք դառնալու էին համաշխարհային ռազմարուեստի մեծագոյն բարեփոխողներէն մէկուն` Մեծն Աղեքսանդրի փառքը նսեմացնող ամենայայտնի պատահարը: Աջ թեւի զօրամասերը առաջնորդող հայոց այրուձին «արագ երթով նահանջի» հրաման կը ստանայ եւ ճակատէն հակայարձակում սկսած Փարմենիոնի զօրաթեւի հարուածները կասեցնելուն զուգընթաց, փաստօրէն, նոր գրոհի կ՛անցնի իր թիկունքին յայտնուած հեծելազօրին վրայ:
«Շրջանցող զօրաթեւի հրամանատարութիւնը ստանձնած Աղեքսանդրին այս քայլը կը դնէ դժուարին իրավիճակի մէջ, քանի որ անոր միտքէն իսկ չէր անցած, որ պարտուած զօրքին «մնացորդները» յանդգնութիւնը կ՛ունենան գրոհելու իր բանակին հարուածային խմբաւորումին վրայ:
«Իրադարձութիւններուն անսպասելի շրջադարձը կը փոխէ մարտավարական իրավիճակը, եւ նախաձեռնութիւնը կ՛անցնի հայոց այրուձիին: Մարտավարական զարգացումներուն հիմնական պարտադրողը դառնալով` հայոց այրուձին հուժկու գրոհով կը ճեղքէ իր թիկունքին յայտնուած մակեդոնական հեծելազօրը եւ դուրս կու գայ պաշարումէն: Հայոց այրուձիին զօրաշարժը (նահանջը) արդէն իսկ անուանի եւ բազմափորձ զօրավարի հռչակ վայելող Աղեքսանդրի համար կրկնակի ծանր էր, քանի որ`
1.- Չի յաջողիր ջախջախել հայոց այրուձին,
2.- Նահանջի ընթացքին հայոց քաջերը կը ճեղքեն Աղեքսանդրի գլխաւորած զօրամասը, որ ամենահզօրը կը համարուէր», Բ. հատոր, էջ 152:
Իւրաքանչիւր հայ պէտք է կարդայ «ՄԵՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐԸ» պատմութեան գիրքերուն չորս հատորները` վերապրելու համար իբրեւ հզօր ու հնարամիտ` ութհազարամեայ ծիներով օժտուած տոկուն ազգի զաւակ:
3 յունուար 2024
—————-
- https://hy.wikipedia.org/wiki/Մեր յաղթանակները
- https://hosank.net/storage/books/ Մերյաղթանակները-ՀատորԱ.pdf
- https://hosank.net/storage/books/Մերյաղթանակները-Հատոր Բ.pdf
- https://hosank.net/storage/books/Մերյաղթանակները-Հատոր Գ.pdf
- https://hosank.net/storage/books/Մերյաղթանակները-Հատոր Դ.pdf
- http://www.noravank.am/arm/articles/detail.php?ELEMENT_D=2295&sphrase_id=80394
- https://hy.wikipedia.org/wiki/ՄհերՅակոեան
- https://web.archive.org/web/20120304165324/http://www.armenian-history.com/military/historical_battles/Metod_issues_Research_armenian_military_history.htm
- https://www.aztagdaily.com/archives/476310
- https://www.aztagdaily.com/archives/497464
- «Պատմական ուսումնասիրութիւններ», Նիկողայոս Ադոնց, Ա. Ղուկասեան հրատարակութիւն, Փարիզ, 1948: