Յանուն Մշակոյթի… (ԼԱ.) Ըմբոստութիւն` Մեր Գիւղին Մէջ…
ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ Այնճար, 1970, ամառ Այդ օրերուն մենք` պատանիներս, բաւականին չար էինք, եւ այնքան ալ դիւրին չէր մեզի խօսք հասկցնելը: Սակայն գիւղին մէջ երէց սերունդէն կար անձնաւորութիւն մը, որ ձեւը գտած էր իրեն հանդէպ յարգանք պարտադրելու (իր ցանկութեամբ անունը չենք հրապարակեր): Եկէք` պայմանականօրէն անուանենք զինք Յովակիմ: Ան մեզի հետ կը վարուէր ընկերաբար, հաւասարէ հաւասարի (գոնէ արտաքնապէս այդպէս կը թուէր)...




















