Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Ը.)

Օգոստոս 12, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ. Ք. Գ.

Զ.- Ազգ-պետութիւններ
III.- Կերպարանափոխութիւն

Ժամանակակից պետութեան ստորոգութիւնները (տարածքային յստակ սահմաններ, ինքնակառավարում, օրինականութիւն` թէ՛ ներքին հասարակութեան եւ թէ՛ արտաքին պետութիւններու, կամ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ ճանչցուած, տնօրինութիւն` տնտեսութեան, արտաքին թշնամիներէ սեփական սահմանները պաշտպանելու իրաւունք, կրթութեան եւ մշակոյթի հովանաւորութիւն եւ այլն, եւ այլն) եւրոպական ծնունդ ազգ-պետութեան ստորոգութիւններն են, կարգ մը ստորոգութիւններ ալ` անոնց հիման վրայ զարգացումներ:

Հին անցեալին մէջ տարբեր ստորոգութիւններով, տարբեր նկարագրերով պետութիւններ գոյութիւն ունեցած են: Պատմական հետաքրքրութիւն մը դիւրութեամբ կրնայ գտնել օրինակները: Անոնք սկզբնապէս փոքր էին եւ պատերազմներով հետզհետէ վերածուած էին երկիր-պետութիւններու, ու ետքն ալ` բազմ-երկիրներու, աւելի ճիշդ` բազմա-տարածք պետութիւններու կամ կայսրութիւններու: Ըսի` «բազմա-տարածք», որովհետեւ այն դարերուն սեփական սահմանները «քաջ»-երուն զէնքերով կը գծուէին, ինչպէս մեր պատմագիրը պիտի ըսէր:

Այսպէս պիտի յառաջանար մարդկային քաղաքակրթութիւնը` մինչեւ միջնադարու գրեթէ վերջաւորութիւնը, երբ Եւրոպայի մէջ պիտի խմորուէր գերիշխան պետութեան ժամանակակից հասկացողութիւնը, եւ ծնէր ազգ-պետութիւնը:

Թէօլէօլեան գրած է,  որ ազգ-պետութեան «բիւրեղացած պատկեր»-ը կազմաւորուած էր 1648-1789, այսինքն` 1618-1648 երեսնամեայ պատերազմներու վերջը նշող Վեսթֆալիայի խաղաղութեան համաձայնագրէն մինչեւ Ֆրանսական յեղափոխութիւն:

Այն ատեն հաստատուած էր պետութեան սահմանում մը, ըստ որուն, իւրաքանչիւր պետութիւն ազգի մը պետութիւնն է, որ անձեռնմխելի սահմաններու վրայ գերիշխանութիւն եւ իրաւունքներ ունի: «Բիւրեղ»-ացման այս «պատկեր»-ը իր մէջ ունէր արդի բազմազգ պետութեան սերմնահատիկները. ազգ-պետութիւններուն մեծամասնութիւնը ինքզինք միատարր կը տեսնէր, բայց այդպէս չէր: Անոնք, զարմնային ծագումներու առումով, խառն պատկերներ կը ներկայացնէին: Ազգ-պետութիւնները միատարրացման ձգտումը պահեցին, որովհետեւ կորիզային զարմ մը իր մենաշնորհը համարեց պետութիւնը եւ դեռ կը համարէ: Թէօլէօլեանի բացատրութեամբ, անոնք միշտ եւ մինչեւ այսօր իրենք զիրենք կը պատկերացնեն եւ կը ներկայացնեն միատարր, ներդաշնակ, համարկեալ: Սակայն այս ինքնապատկերացումը եւ ինքնաներկայացումը լոկ «տնային հանգստութիւն» մը տալու համար էր եւ է: Կորիզներուն ազգայնական եռանդը գրեթէ ամէնուր ցարդ կը պահպանէ ցանկութիւնը` սեփական ժառանգութեանց ենթարկելու փոքրամասնութիւնները:

«Մինչեւ 1968 ամէն լուրջ վերլուծող կը հաստատէր, որ ազգ-պետութիւնները համաշխարհային համակարգի միակ կարեւոր դերակատարներն էին` զինուորական, տնտեսական, քաղաքական, վարչական, մշակութային եւ գրեթէ բոլոր կարեւոր մարզերու մէջ (ի բաց առեալ` գիտութենէն եւ կրօնէն, որոնց սահմանները չեն համապատասխանած կամ համընկած ազգային տարածքներու սահմաններուն)», գրած է Թէօլէօլեան: Իր տեսակէտով, Հայաստանի այժմու հանրապետութիւնը, ինչպէս` այլ հանրապետութիւններ, ազգ-պետութեան «թատրոնի բեմ»-ին հասան շատ ուշ, երբ անդրազգայնացման եւ համաշխարհայնացման գործընթացը գլուխը առած կ՛երթար:

Ազգ-պետութեան ստորոգութիւնները կը բանին: Թէպէտ տկարացման փուլ մը ունեցան, սակայն այսօր կը տեսնուի զանոնք վերականգնելու գործընթացը:

Բ. Աշխարհամարտին հետեւած ապագաղութայնացման շրջանին եւրոպական ազգ-պետութեան կառուցուածքը արտածուեցաւ ամէնուր` բացի Խորհրդային Միութենէն (մինչեւ անոր կազմալուծումը, իսկ կազմալուծումէն ետք` այնտեղ եւս) եւ համայնավար Չինաստանէն: Կառուցուածքին հետ` նաեւ ստորոգութիւնները: Այս արտածման մտաւորական անդրադարձը պիտի գար երկու տասնամեակ վերջ, Պաղ պատերազմի աւարտին: Թէօլէօլեանի նշած թուականը` 1968-ը, պարզապէս մտաւորական անդրադարձի զարթնումին ժամանակը ցոյց կու տայ:

60-ականներէն սկսեալ ազգ-պետութիւնները իրենք զիրենք պիտի գտնէին մեծ տագնապներու կամ «աննախընթաց մարտահրաւէրներ»-ու առջեւ: Զանգուածային գաղթեր ու արտագաղթեր, անդրազգային հաւաքականութիւններու եւ «անպետութիւն ուժ»-երու («ստատելեսս պովերս») կազմաւորումներ, օտար մշակոյթներու եւ սովորոյթներու հեղեղումներ, դրամագլուխի պետութեան սահմաններէն դուրս անստուգելի հոսքեր, ճարտարագիտական հետզհետէ աւելի արագացող յառաջընթաց. համացանցի ու անոր «ընկերներուն» «առաջին դարպասապահներ»-ու վերածում: Ասոնք եւ այլ մարտահրաւէրներ ազգ-պետութիւններուն անձկութիւններ բերին, կը բերեն: Անշուշտ մեծ ազգ-պետութիւններ անջատաբար կամ միասնական ճիգերով յաջողած են որոշ հակակշիռ եւ հսկողութիւն վերստեղծել, բայց անձկագին պատումը կը շարունակուի, պիտի պայքարին ընդերկար:

Հորիզոնին երեւցո՞ղը:

Թէօլէօլեան գրած է, որ միատարր ազգի (կը հասկնամ նաեւ` ազգ-պետութեան) տեսլականը այսօր փոխարինուած է տեսլականով մը, որ աշխարհը կ՛ընկալէ իբրեւ «միջոց» (տարածք), ուր շարունակաբար վերաձեւաւորում տեղի կ՛ունենայ տարբեր պատճառներով, ինչպէս` մշակութային, քաղաքական, ճարտարագիտական, ժողովրդագրական եւ գլխաւորաբար` տնտեսական: Հակառակ ազգայնական շարժումներու զարթնումներուն, եւ կամ բորբոքումներուն` յետ-ազգ-պետութիւններու փուլ մը մտած է արդի ժամանակը: Համաշխարհայնացումը տուներէն ներս է, նաեւ` անհատներու կեանքերէն ալ ներս: Ուստի ազգ-պետութիւնները կերպարանափոխման մէջ են:

Կերպարանափոխութիւնը ո՞ւր պիտի հասնի:

Վարչարարական շրջանայի՞ն պետութիւններու, ինչպիսին է Եւրոպական Միութիւնը, որ երկունքի մէջ է: Իսկ հեռաւոր ապագային` վարչարարական համաշխարհայի՞ն դրոյթի: Կամ արդեօք աղէտ մը պայթեցնելով ամէն ինչ, պիտի կանխէ՞ որեւէ կերպարանափոխութիւն: Բարին Աստուծմէ:

Գ. Խաժակ, Լ. Շանթ եւ Յ. Քաջազնունի եռեակը բնականօրէն չունէր ազգ-պետութեան կերպարանափոխութեան միտքը, ատիկա մեր ժամանակին տիրող միտքն է, որովհետեւ տիրող իրականութիւնն է: Թէօլէօլեան` այդ միտքը արձանագրող մը:

 

 

 

 

Նախորդը

ՀՀ Անկախութեան Հռչակագիրը ՀՀ Սահմանադրութեան Հիմնաքարն Է

Յաջորդը

Թուրքիոյ «Բարեպաշտական» Տնտեսութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?