Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զգուշութեան Եւ Արթնութեան Դար

August 8, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ

Պետրոս առաքեալ հաւատացեալները սատանայէն կը զգուշացնէ եւ անոնց կը պատուիրէ զգաստ եւ արթուն ըլլալ` ըսելով. «Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թշնամին` սատանան, առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ» (Առաջին Պետրոս 5. 8): Որքա՜ն այժմէական է Պետրոս առաքեալին այս խօսքը: Կարծէք` առաքեալը այսօ՛ր գրած ըլլայ զայն: Կարծէք` ան մեր մէջ կ՛ապրի, կը տեսնէ մարդկութեան զազրելի վարքը, սատանային հետ ունեցած գործակցութիւնը, մարդկութիւնը իր մարդկային բնութենէն դուրս բերող արարքները եւ կը զգայ գալիք վտանգն ու անկումը:

Պետրոս առաքեալ այդ ժամանակ մարդիկը կը զգուշացնէր սատանայէն` զայն նմանցնելով առիւծի մը, որ մռնչելով կը շրջի եւ կ՛ուզէ մարդս կլլել: Եթէ առաքեալը այսօր ուզէր այդ խօսքը գրել, ան սատանային կողքին մա՛րդն ալ պիտի յիշէր: Մարդը մարդէն պիտի զգուշացնէր, որովհետեւ կար ժամանակ, երբ սատանան առանձին եւ ծածուկ կերպով կը գործէր: Սակայն այսօր սատանան բացէ ի բաց եւ մարդուն հետ գործակցելով կը գործէ: Կը գործէ ա՛յն մարդուն միջոցով, որ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին եւ նմանութեան համաձայն (Ծնունդներ 1. 26): Կը գործէ ա՛յն մարդուն միջոցով, որ բարի՛ ստեղծուած է (Ծնունդներ 1. 31):  Կը գործէ ա՛յն մարդուն միջոցով, որ ստեղծուած է Աստուծոյ խօսքը, գործը եւ սէրը տարածելու: Ստեղծուած է` Աստուծոյ դեսպանը ըլլալու (Երկրորդ Կորնթացիներուն 5. 20), Աստուծոյ գործակիցը դառնալու (Առաջին Կորնթացիներուն 3. 9, 6. 1), Աստուծոյ բարի եւ կատարեալ կամքը կատարելու:

Վերջին տասնամեակներուն բոլորս ականատես դարձանք մարդկութեան անկումին, անբարոյութեան, անաստուածութեան, սեռային բազմազանութեան եւ տակաւին ինչ-ինչ այլանդակութիւններու: Այս բոլորը մարդկային մակարդակի վրայ էին: Սակայն վերջին օրերուն մենք տեսանք, որ մարդը, այս բոլոր անճոռնի արարքներուն կողքին, անհասկնալի համարձակութեամբ սկսաւ իր Տէր Աստուածը ծաղրել: Փարիզի մէջ կայացող Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան ընթացքին Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած մարդը իր Արարիչը ծաղրեց եւ անարգեց: Անարգեց իր փրկիչին թափած արիւնը` տէրունի վերջին ընթրիքին պատկերը սրբապղծելով: Իր Տէր Աստուածը փոխարինեց ոսկեայ ցուլով: Իր Տէր Աստուածը անարգեց սատանայական նշաններ (symbols) օգտագործելով: Այս բոլորով մարդ արարածը մերժեց ապրիլ 21-րդ դարուն մէջ եւ վերադարձաւ դէպի սկզբնական դար, այսինքն` հեթանոսութեան եւ անաստուածութեան շրջան:

Անշուշտ աշխարհի այս զազրելի վիճակը մեծ ընդվզում յառաջացուց քրիստոնեայ աշխարհին մէջ: Սակայն քրիստոնեաներս հոն պէտք չէ կանգ առնենք, պէտք չէ միայն ընդվզինք: Այս մէկը բաց հրաւիր մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրին` արթնութեան եւ զգաստութեան: Այսօրուան աշխարհին մէջ շատ դժուար է քրիստոնեայ ըլլալը, որովհետեւ մեր կեանքին ամէն մէկ վայրկեանը դարձած է մարտահրաւէր մը` մեր քրիստոնէութիւնը պահելու: Մեր գրպանին մէջ գտնուող հեռախօսէն սկսեալ մինչեւ մեր համակարգիչը, հեռատեսիլը,  ունկնդրած «poadcast»-երը, լսած երգերը, ընթերցած գիրքերը, նոյնիսկ մեզի հետ զրուցող մարդիկ` բոլորը կը փորձեն մեզ դէպի անդունդ գլորել, հեռացնել մեր քրիստոնէութենէն, ինքնութենէն,  հաւատքէն եւ մարդկութենէն: Պետրոս առաքեալ այսօր եւս մեզի կ՛ըսէ. «Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թշնամին` սատանան, առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ» (Առաջին Պետրոս 5. 8): Պէտք է զգուշ ըլլալ, պէտք է արթուն, պատրաստ եւ զգաստ ըլլալ: Ծնողնե՛ր, զգուշ եղէք, թէ ձեր երեխաները համացանցի վրայ ի՛նչ կը դիտեն, ի՛նչ կը սորվին, ի՛նչ կը կարդան եւ ի՛նչ կը լսեն: Ուսուցիչնե՛ր, զգուշ եղէք, թէ ձեր աշակերտներուն ինչպիսի՛ տեսանիւթեր կը ցուցադրէք: Խանութպաննե՛ր, զգո՛ւշ եղէք, թէ ձեր խանութներուն մէջ ինչպիսի՛ նշաններով եւ ի՛նչ գրութիւններով առարկաներ կը վաճառէք: Հաւատացեալնե՛ր, զգո՛ւշ եղէք, թէ համացանցի վրայ ինչպիսի՛ քարոզիչներու, «աւետարանիչներու» եւ պատգամողներու կը հետեւիք:

Այսօրուան դարը զգուշութեան եւ արթնութեան դար է:  Քրիստոս յստակ կերպով ըսաւ. «Մարդու Որդին երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ» (Ղկ 18. 8): Աշխատինք այս հարցումին այո՛ն դառնալու, որովհետեւ այդ է մեր առաքելութիւնը:

Հինգշաբթի, 1 օգոստոս 2024
Թեհրան, Իրան

Նախորդը

Գաղութէ -Գաղութ

Յաջորդը

Համբերութենէ Ծնող Մարգարիտներ

RelatedPosts

Ապրուած Օրեր. Ը.  Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Ը. Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը

October 13, 2026
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Յաղթել Կամ Պարտուել Ժամանակին
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Յաղթել Կամ Պարտուել Ժամանակին

October 13, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Իններորդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Իններորդ Թիւը

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.