Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սիմոն Սիմոնեանը, Իր «Սփիւռք»-ն Ու Տպարան «Սեւան»-ը, Իր Գուրգուրանքը` Հայաշխարհի Մատենագիրներէն Մինչեւ Ժամանակակից Գրողներուն Ու Ուսանողներուն

Օգոստոս 12, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Է՜, դուք չէք գիտեր Սիմոն Սիմոնեանի տպարան «Սեւան»-ին բոյրը-մոյրը: Կապարի հոտ, ֆելեֆիլի հոտ, սուրճ, օղի, սոտա, քրտինք, քուշէ թուղթ, խաւաքարտ, արաբական անուշեղէն, բարակ հաց եւ զաաթարով քախքէ, աշխարհի չորս ծայրերէն, ներառեալ Հայաստանէն հասած գրողներ, մտաւորականներ, նամակներ, ձեռագիրներ. տպարանին հազարաւոր գիրքերը` որոնք ապակիին ետեւէն կը դիտեն, տպուող անթիւ գիրքերը` մութ ու լոյս սրահին մէջ: Ստալինէն նոր յուշ մը, Սասունի լեռներուն բոյրը, դիմացի սրճարաններու առջեւ ծալապատիկ նստած դատարկապորտներու նարկիլէն, փողոցն ի վեր հոսած մէզը, Ում Քալսումի երգերու շոգին:

Հազիւ տպարան մտած, կը շնչես` նոր նուիրուած սնտուկ մը խնձորը, Հայաստան տպուած գիրքերու թուղթին հոտը, գրաշարին թանին հոտը, մէյ մըն ալ` տաճիկին քեպապը, քնէյֆէ պժպնիին ժպիտը, հետը զօրաւոր հէլով սուրճը: Ես ա՛յս տպարանին հոտը կարօտցայ: Այլապէս, գիրքերուն նազիկ հոտը մեղմ է: Գիրք ըսուածը ծանր է: Սփիւռքի մէջ հրատարակչատուն ըսուածը երկիր մըն է:

Սիմոն Սիմոնեանը… Ամէնէն առաջ, որպէսզի չնեղուի անդենականէն, յայտնեմ, որ սասունցի՛ էր: Ծնած էր Սասուն, 110 տարի առաջ: Սասունցիներու հանդէպ յատուկ ջերմութիւն մը իր մօտ ծաւալ ու խտութիւն կը ստանար:  Աննման էր իբրեւ մարդ, նուիրեալ` իր ազնուագոյն կնոջ` Մարիին (նոյնպէս սասունցի) ու հինգ զաւակներուն` Յովիկ, Վարդան, Մարալ, Տարօն, Սասուն:

Իր բարեկամութիւնը ցկեանս էր: Մատենագէտ էր, դաստիարակ, գրող, քաջարի ու անշահախնդիր խմբագիր: Ափսո՜ս, որ իր բարձրարժէք գործերը` պատմուածք, վէպ, թատրերգութիւն, երգիծագրութիւն, արժանի ուշադրութեան չարժանացան: Անխոնջ հրատարակիչ` բառարաններու, Հայաստանի մէջ արգիլուած գիրքերը լոյս աշխարհ բերող, սփիւռքի դասագիրքերու հեղինակ: «Համապատկեր արեւելահայ գրականութեան» հսկայակազմ, ութ հարիւր էջանոց հատորը իրագործեց. կը դասաւանդուէր երկրորդական վարժարաններու մէջ: Ամէն շաբաթ նոր ծրագիր, անհրաժեշտ ու երկար ժամանակ պահանջող: Նոյն պահուն կրնար քանի մը գործ ընել` թերթը սրբագրած պահուն կարեւոր հեռաձայնի մը պատասխանել, գործաւոր Ահմետին հրահանգ տալ եւ անկոչ այցելողներու համար առանց յետաձգելու սուրճ ապսպրել:

Սրտաբաց էր, հիւրամեծար, այնքա՜ն աղուոր կը պատմէր: Դիմացինին ուշադրութիւնը լարել գիտէր: Երգիծանքի մեծ հիւրընկալ էր: Անկեղծ, վստահութիւն ներշնչող: Իր բարկութեան մէջ անգամ տեսակ մը ժպիտ կար: Շաբաթ կէսօրէ ետքերը քաղաքին մտաւորականներէն ոմանք կը հաւաքուէին իր գրասենեակը: Սիմոնեանը ի՞նչ կ՛ընէր. կա՛մ շարուած էջերը աչքէ կ՛անցընէր, կա՛մ ալ ցուցամատը թափահարելով` ճշմարտութիւններ կը յայտնէր:

Խիզախ խմբագիրն էր համասփիւռ «Սփիւռք» շաբաթաթերթին: «Միա՛կ անկուսակցական թերթն է իմս,- կ՛ըսէր,- հաշուետու եմ ոչ ոքի»:

Թերթին շուրջ հաւաքուած էին անոնք (նաեւ` Լիբանանէն դուրս), որոնք քիչ թէ շատ իրեն պէս էին: Անշուշտ յարգանք չէր զլանար կուսակցական ոչ մոլեռանդ գրողներու: Սակայն ճշմարտութեան, ազատ մտածողութեան կեանքը «Սփիւռք»-ի մէջ ամէն նկատողութենէ վեր էր:

Իր երազանքն էր ներկայացնել արեւմտահայ գրականութիւնը, հարի՛ւր հատորներով: Նաեւ` աւարտել այն վէպը, որ` «մեռնելէս ետք պէտք է հրատարակուի»: Երբ «ինչո՞ւ» հարցնէինք,  խորհրդաւոր կը ժպտէր:

Մեզի` երիտասարդ գրողներուս («սկսնակ գրող»-ը փակաւ մեզի չորս տարի), անհունօրէն գուրգուրացող, ոգեւորող, երկու ամիսը անգամ մը «Սփիւռք»-ի ամբողջ թիւ մը մեզի յատկացնող, զգուշաւորութիւն թելադրողներուն դիմադարձող խմբագրապետն էր: Խօսուն ժպիտն ու հիւմըրը անպակաս, խանդավառ ու սրամիտ, աշխատանքի ռահվիրայ, պաշտպան փաստաբան` հալածեալներու, մէկ խօսքով` ամբողջական նուիրեալը հայութեան: Արի ու բարի եւ գործունեայ: Մեծն ու բարձրը մատուցող:

Սերունդներ հասցուցած, տասնվեց դարերու վրայ երկարող հայ գրականութեան ոգին հաւատքով ու խանդով փոխանցած առաքեալ: Իւրաքանչիւր սփիւռք-գարունականի հանդէպ`  Վարդի Դանիէլեան, Մարկօ Ճեմճեմեան,Պօղոս Քիւփէլեան, Յակոբ Չոլաքեան, Վեհանոյշ Թեքեան, Խոսրով Ասոյեան եւ Երուանդ Գոչունեան (վերջին երկուքը յաւիտենութեան անցան` առանց մեզի հարցնելու), Սիմոնեան գորով ու քաջալերանք կը տածէր, անոր համալսարանական կրթութեան համար կը միջամտէր առ որ անկ է: Այսինքն «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժնի վարիչ Վահրամ Մավեանին օձիքը չէր ձգեր:

Ուշ անդրադարձանք, որ երջանիկ էինք, պաշտպանուած էինք` զինք որպէս գրական հայր ունենալնուս: Ինծի համար հիանալի, գրեթէ կատարելապաշտ մօրմէ՛ս ետք, Սիմոն Սիմոնեանն է, որ սրտանց գնահատեց ու ճամբայ բացաւ, միշտ հետեւեցաւ ստեղծագործութիւններուս:

Հասաւ քովս իր կնոջ հետ, հոս Նիւ Ճըրզի, երբ ընտանեկան դժբախտութեան մէջ էի: Գորովագին հայեացքով գրկեց զաւակներս: Հասաւ նաեւ միւս գարունականներուն,  գօտեպնդեց: Մեր տարտերը ի՛րը ըրաւ: Ազնիւ, իմաստուն ու յարակայ: Ուր որ գնաց, ինծի նամակ ղրկեց: Օր մըն ալ այլեւս չգրե՜ց:

Յիշողութեանս մէջ այնքա՜ն կենդանի է: Երախտագիտութիւն ու յարգանք` իր աստուածատուր յետմահու կեանքին: Իր անմահութեա՛ն:

Սասուն աշխարհն ալ գիտէ: Ան ալ կը սգայ:

Օգոստոս, 2024

Նախորդը

Թուրքիոյ «Բարեպաշտական» Տնտեսութիւնը

Յաջորդը

Սփիւռքահայ Երգիչ Մանուէլ Մէնէնկիչեանին Նուիրուած Երգահանդէս

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?