Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի Սագոն. 35 Տարիներու Հեռաւորութենէն Ողջոյն Մը

August 8, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Յուլիս, 1989: Օր մը, առաջին անգամ ըլլալով, ոտք կոխեցի «Ազդակ»-ի յարկէն ներս: Խմբագրատունը կը գտնուէր «Շաղզոյեան» մշակութային կեդրոնի կիսայարկին մէջ, որ առաջին յարկէն կէս յարկ վար գտնուող տարածք մըն էր: Ներկայացայ լուրերու խմբագիրներու սենեակը, ուր կողք կողքի շարուած էին գրասեղաններ, որոնց ետին ծանօթ դէմքեր նստած` կը գրէին: Զոյգ շարքին դիմաց առանձին գրասեղանի մը ետին նստած էր կիսաճաղատ, սեւ շրջանակով ակնոցներով մարդ մը, զոր բարեւեցի: «Նստէ», ըսաւ շատ լակոնական եւ հարցուց անունս եւ մականունս: Ըսի եւ աւելցուցի, որ կ՛ուզեմ գիշերային գործ մը աշխատիլ «Ազդակ»-ի յարկին տակ: Հարց տուաւ` «Հայերէն գիտե՞ս»: Պատասխանեցի, որ, այո՛, գիտեմ: «Փորձենք», պատասխանեց եւ ցոյց տուաւ թափուր գրասեղան մը: «Նստէ եւ Սաութ Լըպնէնի լուրերը 15 վայրկեանէն կը սկսին: Հետեւէ եւ քանի մը լուր, քու հայեցողութեամբդ, հայերէնի թարգմանէ», ըսաւ եւ դուրս ելաւ սենեակէն: Առաջին տպաւորութիւնս դրական չէր: Սակայն այդ ժամանակ չէի գիտեր, որ հետս խօսողը «Ազդակ»ի պատասխանատու խմբագիր, բոլորին սիրելի, լրագրութեան համեստ հրամանատար, սեւ գործի անզուգական անձնաւորութիւն Սագօ Մահսէրէճեանն էր:

Տարիներու ընթացքին «Ազդակ»-ի յարկէն ներս աշխատանքիս բնոյթը յաճախ փոխուեցաւ: Քանի մը տարի լիբանանեան լուրերուն սիւնակներուն մէջ Սագոյին անմիջական հսկողութեան տակ «մարզուելէ» ետք, անցայ ներքին էջերու խմբագրակազմի շարքերը: Այդ օրերուն «Ազդակ» բաժանորդագրուած էր «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան եւ ամէն օր, յօդուածի վերածուելու յարմարութիւններ ունեցող երկար տեղեկագրեր կը ստանայինք` տարբեր նիւթերու շուրջ, քաղաքականէն մինչեւ մշակութայինն ու մարզականը: Բաւական հարուստ ընտրանի մը կ՛ունենայինք, եւ ամէն առաւօտ, երբ խմբագրատուն երթայի եւ ներքին էջերու խմբագրական սենեակ մտնէի, գրասեղանիս վրայ կը գտնէի «Ռոյթըրզ»-ի մէկ տեղեկագիրը, զոր պէտք էր թարգմանէի: Յաճախ նոյն նիւթին շուրջ քանի մը տեղեկագրերու տրցակ մը դրուած կ՛ըլլար: Այս պարագային պէտք էր թարգմանէի եւ խմբագրէի` զանոնք մէկ ամբողջական յօդուածի մը վերածելու համար: Այս տարիներուն Սագոն մեծ համբերութեամբ եւ սիրով մեզի (քանի մը հոգի էինք) սորվեցուց, թէ ինչպէ՛ս կարելի է մէկ յօդուած ստեղծել` քանի մը տեղեկագրեր իրարու միացնելով: Ասիկա խմբագրական աշխատանք կ՛ենթադրէր, եւ պէտք էր ըլլալ համբերատար` հմտօրէն աշխատանքը գլուխ հանելու համար: Ամէն օր կէսօրէ ետք Սագոն զիս կը նստեցնէր դիմացը եւ կը բացատրէր, թէ թարգմանութեան ընթացքին հայերէն լեզուամտածողութեամբ ինչպէ՛ս կարելի է անգլերէնը հայերէնի վերածել, ո՞ր բաժինը առնել եւ ո՞ր բաժինը զանց ընել: Մուտքը եւ վերջաբանը ինչպէ՞ս գրել, ինչո՞ւ այդ բաժիններուն վրայ յատուկ ուշադրութիւն դարձնել, եւ` խմբագրական այն բոլոր գաղտնիքները, որոնց փոխանցման համար Սագոն ամէն օր, առանց դժգոհելու, մեզ ժամերով կ՛առնէր իր դիմացը ու կը բացատրէր եւ կը բացատրէր: Այդ ժամանակ չէինք անդրադառնար, որ լրագրութեան ձրի դասընթացք մըն էր, որ կը տրուէր մեզի: Տարիներու ընթացքին ձեռք բերուած հմտութիւնը բոլորս անխտիր կը պարտինք Սագոյին, առանց որուն համբերութեան, վստահ եմ, որ մեր խումբը հմտութիւն եւ գիտելիք ձեռք պիտի չձգէր:

Հապա՞ յօդուածագրութիւնը: Ասիկա ուրիշ մարզ մըն էր, ուր երեւան կու գար սկզբունքներու եւ գիտելիքներու անսպառ աղբիւր մը եղող Սագոն: «Ըսելիքդ ըսէ: Խուսափէ դարձդարձիկ եւ խրթին ըսելաձեւէ: Ընթերցողը խաղալիքդ չէ», կը զգուշացնէր ան եւ անմիջապէս կը նշէր յօդուածին տուեալ բաժնին համար իր տարբերակը: Արագ, հանգիստ եւ վարպետօրէն: Վարպետ Սագոն, որ մեր բոլորին աւագ եղբայրն էր: Սրամիտ, համբերատար, անզիջող եւ սիրելի: Անզիջող էր ան, երբ խնդիրը սկզբունքներու կը վերաբերէր: «Կարելի չէ ընթերցողը անտեսել եւ բարձունքներու վրայ թռչիլ` անհասկնալի բաներ գրելով», ըսաւ օր մը ինծի, երբ «Ազդակ» բացառիկին համար «Հայկական հարսանիք» խորագրեալ աշխատասիրութիւնս կարդաց: «Մուտքը լաւ է: Գլխաւոր բաժնին մէջ խարխափումներ եւ կրկնութիւններ կան: Մաքրէ՛ զանոնք», ըսաւ եւ ժպտեցաւ: Ժպիտը անպակաս էր դէմքէն, մանաւանդ երբ սրբագրութեան դիտողութիւն մը կ՛ընէր: Չըլլայ յանկարծ նեղուէինք: Մենք ալ վարժուած էինք իր տեղին դիտողութիւններուն եւ չէինք նեղուեր:

Սագօ Մահսէրէճեան լրագրութեան դպրոց մըն է: Անոր հետեւողականութիւնը եւ գրելու ոճը յոյս կը ներշնչէ: Չեմ գիտեր, եթէ յաջողութեամբ աւարտած եմ այդ դպրոցը: Սակայն հպարտ եմ, որ երկար տարիներ աշխատած եւ գործակցած եմ Սագոյին հետ: Երեսունհինգ տարիներու փուլ մըն է, որ կտրած եմ: Սագոն այդ հանգրուանին սկզբնական 15 տարիներուն կողքիս էր, ինչպէս կողքին էր բոլորին: Ասոր համար ալ հպարտ եմ:

 

 

Նախորդը

Համբերութենէ Ծնող Մարգարիտներ

Յաջորդը

Եոնաթան Թահ Կրնայ Միանալ Պայէրնին, Եթէ…

RelatedPosts

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…

October 14, 2026
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի` Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Արժանացաւ Սաւոյաց Արքայական Տան «Հոգեւոր Ապայ»-ի Բարձր Կոչումին
Անդրադարձ

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի` Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Արժանացաւ Սաւոյաց Արքայական Տան «Հոգեւոր Ապայ»-ի Բարձր Կոչումին

October 14, 2026
Ապրուած Օրեր. Ը.  Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Ը. Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.