Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամլոյ բաժանմունքին փոխտնօրէն Անտրէյ Նասթասին ընդգծելով, որ Ռուսիան հանդէս կու գայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բոլոր վիճայարոյց հարցերու բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական ճամբով լուծման տեսանկիւնէն, յայտնեց, որ ատոր հասնելու համար ճամբու քարտէս կը նկատուի եռակողմ ձեւաչափի վերագործարկումը` Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն մասնակցութեամբ:
Այդ «ճամբու քարտէս»-ին` 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ համաձայնութեան վերականգնումը, սակայն, առաջին հերթին կ՛ենթադրէ երկու բան. արցախահայութեան տունդարձ եւ ռուսական ուժերու Արցախ վերադարձ:
Առաջինին պարագային, ռուս պաշտօնատարը կը նշէ, թէ որովհետեւ հայ-ազրպէյճանական տագնապը կը կրէ ձգձգուած բնոյթ, երկարամեայ դիմակայութեան պատճառով երկու կողմերէն ալ կան հազարաւոր գաղթականներ ու տեղահանուածներ, աւելցնելով. «Խօսքը միայն գաղթականներու մասին չէ, այլ նաեւ` յուշակոթողներու աւերումը թոյլ չտալու»:
Ան այդպիսով կ՛որդեգրէ հայկական կողմի արցախահայութեան տունդարձի եւ պատմամշակութային կոթողներու պաշտպանութեան վերաբերեալ օրինական պահանջին դիմաց Ազրպէյճանի բազմիցս ու բարձրագոյն մակարդակով յայտարարած պահանջը` ազրպէյճանցիներու «Արեւմտեան Ազրպէյճան» վերադարձն ու անոնց այնտեղ գտնուող պատմամշակութային կոթողներու պաշտպանութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի երկրորդին` ռուսական ուժերու Արցախ վերադարձին, ռուսական կողմը պէտք է պատասխան տայ հետեւեալ հարցումներուն. ռուսական ուժերը առաջին հերթին ինչո՞ւ հեռացան, արցախահայութիւնը ինչո՞ւ տեղահանուեցաւ, եւ ի՞նչ են այն երաշխիքները, թէ այս անգամ նախկինէն տարբեր պիտի ըլլայ: Այլ խօսքով, Մոսկուան պէտք է գիտակցի, որ գոյութիւն ունի նախադէպ մը, անոր իբրեւ հետեւանք` աղէտ մը, եւ այդ աղէտէն բխող վարկի կորուստ ու անվստահութեան մթնոլորտ մը:
Ռուս խաղաղապահ ուժերը խաղաղութիւնը չպահպանեցին, ուստի եւ արցախահայութեան անվտանգութեան երաշխաւորի իրենց պաշտօնին մէջ եւս թերացան` արտօնելով, որ արցախահայութիւնը տեղահանուի, որուն իբրեւ անմիջական հետեւանք` ռուսական ուժերու իբրեւ անվտանգութեան երաշխաւորի վարկը մեծապէս վնասուեցաւ, եւ Արցախի մէջ անոնց ներկայութիւնը առաւել եւս իմաստազրկուեցաւ, ուստի եւ անոնք հեռացան:
Եթէ Մոսկուան այսօր իր ուժերը կ՛ուզէ Արցախ վերադարձնել, այդ ցանկութիւնը չի կրնար իրագործել ազրպէյճանական թեզերու որդեգրմամբ, այլապէս Անգարա-Պաքու-Մոսկուա յարաբերութեան դառն փորձառութեան տէր արցախահայութեան եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի մօտ իր նկատմամբ նուազագոյն վստահութիւնն իսկ չի ներշնչեր ու չի նպաստեր` իբրեւ անվտանգութեան երաշխաւորի իր վարկի վերականգման, որ նախապայման է իր առաջարկած «ճամբու քարտէս»-ի վերակենդանացման:
Եթէ եռակողմ ձեւաչափի վերագործարկումը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բոլոր վիճայարոյց հարցերու բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական ճամբով լուծման ճամբու քարտէս է, ապա Ռուսիան որդեգրած է վերստին կեանքի կոչելու սխալ ու ձախողութեան դատապարտուած ճամբու քարտէս մը: