ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
2015 թուականին «Ազդակ»-ի խմբագրական կազմը մտածեց եւ ծրագրեց յատուկ բացառիկ թիւ մը նուիրել ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 125-ամեակին: Այդ բացառիկին մէջ ինծի վիճակուեցաւ պատրաստել անոր գրեթէ առիւծի բաժինը զբաղեցուցած՝ 125 դէմք, դէպք եւ քաղաքական կեցուածք-յայտարարութիւն՝ 125 տարուան վրայ տարածուած: Բաւական սպառիչ եւ աշխատատար աշխատանք էր, եւ ես հիմա չեմ գիտեր, եթէ ըստ արժանւոյն կատարած եմ այդ իմ առաքելութիւնս կամ ոչ: Բայց պիտի խոստովանիմ, որ եթէ չըլլային ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով Յարութիւն Քիւրքճեանի խմբագրած «Գաղափարագրութիւն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան» եւ «Պատմագրութիւն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան» կոթողային աշխատութիւններուն հատորները, ես դժուար թէ կարենայի գլուխ հանել այդքան աշխատատար առաքելութիւն մը: Քիւրքճեանի խմբագրած այդ հատորները ուղղակի փրկութիւն էին ինծի համար՝ ՀՅԴ-ի 125-ամեայ պատմութեան սկզբնաղբիւրային նիւթերը քաղելու տեսանկիւնէն:
Իսկ 2019 թուականին համեստաբար ստանձնեցի պարտականութիւն խմբագրելու «Ազդակ»-ի գաղափարաբանական նիւթերով յաւելուած թիւ մը, որ նուիրուած էր ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան անդամ, անզուգական Ռոստոմի (Ստեփան Զօրեան) մահուան 100-ամեակին: Եւ այդ յաւելուած թիւին մէջ, շատ լաւ կը յիշեմ, կար գաղափարաբանական բնոյթի ծանրակշիռ յօդուած մը՝ Յարութիւն Քիւրքճեանէն, Ռոստոմի կեանքը եւ գաղափարական աշխարհը լուսարձակի տակ բերող՝ համաձայն փաստաթուղթերու եւ սկզբնաղբիւրներու:
Հիմա, որ այլեւս չկայ հայ յեղափոխական գրականութեան եւ Հայկական Յեղափոխութեան պատմութեան անխոնջ պրպտողը, հիմա, որ կեանքին հրաժեշտ տուած է սփիւռքահայ մտաւորականութեան կեդրոնական դէմքերէն Յարութիւն Քիւրքճեան, կը մտածեմ, թէ պիտի ըլլա՞յ իր՝ մեզի ժառանգ ձգած աշխատանքի խորութեան շարունակութիւն…