Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեւրի Դաշնագիրի 104-Ամեակ. Սեւրի Դաշնագիրը Հիմնաքար` Ամբողջական Հայաստանի Տեսլականին

August 10, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Սեւրի դաշնագիրը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պատմութեան ամէնէն նշանակալից իրագործումներէն էր:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը` «անձեւ քաոս»-էն ծնունդ առնելով եւ սկզբնական բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելով, սկսած էր ընդարձակուիլ եւ իր գերիշխանութիւնը ամրապնդել հայկական տարածքներուն վրայ: Թրքաբնակ ըմբոստ շրջանները` Զանգիբասար եւ Վեդի Բասար, հնազանդեցուած  էին, եւ հայկական բանակը մտած էր Շարուր-Նախիջեւան:

Միացեալ, ազատ ու անկախ Հայաստանի ճակատագրի լուծումը կը թուէր մօտալուտ: Խաղաղութեան վեհաժողովի աշխատանքները իրենց աւարտին մօտեցած էին եւ մեծ պետութիւնները արդէն ուրուագծած էին ապագայ միացեալ Հայաստանի սահմանները:

Սեւրի դաշնագիրը ստորագրուեցաւ 10 օգոստոս 1920-ին, Փարիզի Սեւր արուարձանին մէջ, Թուրքիոյ սուլթանական կառավարութեան եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին յաղթած պետութիւններուն միջեւ: Հայաստանի Հանրապետութեան անունով դաշնագիրը ստորագրեց Աւետիս Ահարոնեան:

Սեւրի դաշնագիրը բաղկացած էր 578 յօդուածներէ, որոնցմէ Հայաստանի վերաբերող բաժինները կ՛ընդգրկէին 88-էն 93-րդ յօդուածները:

Դաշնագիրը կը վերաբերէր միացեալ Հայաստանի: Թուրքիա կը ճանչնար Հայաստանը իբրեւ ազատ ու անկախ պետութիւն: Հայաստանի կը միացուէին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի վիլայէթները, որոնց վերջնական սահմանները պիտի գծէր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն: Սահմանագծումէն ետք Թուրքիա կը հրաժարէր Հայաստանի անցած տարածքներու նկատմամբ իր բոլոր իրաւունքներէն:

Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ Հայաստանի սահմանները պիտի որոշուէին այդ պետութիւններուն հետ ուղղակի բանակցութիւններու միջոցով:

Սեւրի դաշնագիրի համապատասխան յօդուածները կը թոյլատրէին բնակչութեան կամաւոր տեղաշարժեր: Անօրինական կը յայտարարուէր լքեալ գոյքի մասին օսմանեան կառավարութեան 1915-ի օրէնքը: Օսմանեան կառավարութիւնը կը պարտաւորուէր նպաստել, որ իրենց օճախները վերադառնան օսմանցի այն քաղաքացիները, որոնք գաղթած էին վախի պատճառով կամ արտաքսուած էին բռնադատման որեւէ եղանակով:

Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան լուրը Հայաստան հասաւ քանի մը օր ետք: Երեւանի մէջ օգոստոս 19-ին մեծ շուքով նշուեցաւ Սեւրի դաշնագիրին ստորագրութիւնը: Ամբողջ քաղաքը Եռագոյն դրօշակներով զարդարուած էր: Տեղի ունեցաւ զինուորական շքերթ: Վարչապետ Համօ Օհանջանեան յայտարարեց, որ շատ շուտով հայկական երազանքը վերջնականապէս իրականութիւն կը դառնայ:

Սեւրի դաշնագիրին հիմամբ Հայաստան կ՛ունենար 160 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն: Հայկական կողմը այսպիսով կը ստանար աւելի քիչ տարածք, քան կ՛ակնկալէր:

Սեւրի դաշնագիրը կրնար նպաստել Հայկական հարցի լուծման, սակայն մնաց թուղթի վրայ: Քեմալական Թուրքիա եւ բոլշեւիկեան Ռուսիա համաձայնելով` Հայաստանի Հանրապետութիւնը բաժնեցին իրենց միջեւ եւ հասան Սեւրի դաշնագիրի վերանայման եւ վերացման: 1923-ի Լոզանի դաշնագիրով դաշնակիցները ճանչցան Թուրքիոյ իրաւունքները բոլոր այն տարածքներուն նկատմամբ, որոնք Սեւրի դաշնագիրով անցած էին Հայաստանի:

Հայաստանի մէկ փոքրիկ մասը շարունակեց գոյութիւն ունենալ իբրեւ Խորհրդային Հայաստան:

Սեւրի դաշնագիրը կը մնայ յուշարար` պատմական մեր սեփականութիւնը, մեր բնօրրանը եղող հողերու վերատիրացման, Հայկական հարցի արդարացի լուծման հասնելու հայ ժողովուրդի իրաւունքի մասին:

 

Նախորդը

Ցաւալի Մեկնում Մը Եւս. Ճարտարապետ Մկրտիչ Լ. Պուլտուքեան. Հայ Մշակոյթի Պաշտպանն Ու Ջատագովը

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Այսօր Ո՛վ Կը Խօսի Սեւրի Դաշնագիրին Մասին. Ժխտե՞լ, Թէ՞ Անգիտանալ Զայն (104-Ամեակ)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.